­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­պան­տեան ­Թաշ­քեն­թի մէջ մաս­նակ­ցած եւ ե­լոյթ ու­նե­ցած է Ա.Պ.Հ. Ա.Գ. նա­խա­րար­նե­րու խոր­հուր­դի նիս­տին:
Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու խոր­հուր­դի նիս­տը մեկ­նար­կած է նեղ ձե­ւա­չա­փով, ա­պա՝ շա­րու­նա­կո­ւած ընդ­լայ­նո­ւած կազ­մով, պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ:
Ա.Գ.Ն. մա­մու­լի ծա­ռա­յու­թեան հա­ղորդ­մամբ` նիս­տի օ­րա­կար­գին մէջ ընդգր­կո­ւած ե­ղած են կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բարձ­րաց­ման, ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան գե­րա­տես­չու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ խորհր­դա­տո­ւու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման, ար­դի ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն կա­ռոյ­ցի ար­դիա­կա­նաց­ման հար­ցեր:
Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը յայ­տա­րա­րու­թիւն ըն­դու­նած են քրիս­տո­նեա­նե­րու, մահ­մե­դա­կան­նե­րու եւ այլ դա­ւա­նանք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու նկատ­մամբ ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան եւ խտրա­կա­նու­թեան ան­թոյ­լատ­րե­լիու­թեան մա­սին:
Ա.Պ.Հ. ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան գե­րա­տես­չու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը անդ­րա­դար­ձած են ի­րա­ւա­պահ, հա­մա­ցան­ցա­յին անվ­տան­գու­թեան, մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան ո­լորտ­նե­րու մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան սեր­տաց­ման հար­ցե­րուն: Ա.Գ. նա­խա­րար­նե­րու խոր­հուր­դը ո­րո­շած է հա­ւա­նու­թիւն տալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Գո­րիս քա­ղա­քը որ­պէս 2018ի Ա.Պ.Հ. մշա­կու­թա­յին մայ­րա­քա­ղաք հռչա­կե­լու մա­սին ո­րոշ­ման նա­խա­գի­ծին:
­Նիս­տին մաս­նա­կից­նե­րը քննար­կած եւ հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցու­ցած են 16 փաս­տա­թուղ­թե­րու նա­խա­գիծ­ներ: