­Կի­րա­կի՝ 22 ­Յու­նո­ւար 2017ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։00ին, ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի ­Գո­մո­թի­նիի «Է­րե­բու­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց նոր տա­րո­ւան գա­թա­յի կտրու­մը՝ ազ­գա­յին սրա­հէն ներս։ ­Ներ­կայ էին հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան, ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Ս­տե­փան ­Մատ­թէո­սեան ու ան­դամ­ներ, Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան ան­դամ­ներ, ­Միջ-­Թա­ղա­յի­նի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պետ­րոս ­Մել­քո­նեան, քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի մշա­կու­թա­յին բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի տիկ. ­Նա­թա­շա ­Լի­վե­րիա­տու եւ խա­չու­հի­ներ։
­Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց փոխ-ա­տե­նա­պե­տու­հի՝ ե­րի­ցու­հի ­Մա­րալ ­Խա­չե­րեան։ Ան յա­նուն վար­չու­թեան նախ շնոր­հա­ւո­րեց նոր տա­րո­ւան ու Ս. Ծնն­դեան տօ­նե­րը եւ ը­սաւ.- «Ա­մէն նոր տա­րո­ւան սկիզ­բը, մար­դը կը նո­րո­գէ իր յոյ­սը դէ­պի լաւն ու բա­րին։ Իսկ Ս. Ծնն­դեան տօ­նին ա­ռի­թով, մար­դը կը վե­րա­նո­րո­գէ Աս­տու­ծոյ ու ե­կե­ղեց­ւոյ հան­դէպ իր ուխ­տը։ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չը եւս, իր կար­գին, կը վե­րա­նո­րո­գէ մար­դա­սի­րա­կան եւ ծա­ռա­յա­կան իր ուխ­տը։ Այդ ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ, սա­կայն, ի­րենց մեծ ներդ­րու­մը կը բե­րեն միու­թե­նա­կան մեր ան­դամ­ներն ու յար­գոյ ժո­ղո­վուր­դը։ Ու­րեմն ե­կէ՛ք այս նոր տա­րիին, այ­սինքն 2017ին միաս­նա­բար շա­րու­նա­կենք մեր ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քը եւ նո­րո­գենք մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ու ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յե­լու մեր ուխ­տը»։ ­Խօս­քի ա­ւար­տին ան հրա­ւի­րեց ներ­կա­նե­րը, յո­տըն­կայս լռու­թեամբ յար­գե­լու յի­շա­տա­կը միու­թեան եր­կու ան­դամ­նե­րու, ո­րոնք ան­ցեալ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին մա­հա­ցան։
Ետ­քը՝ ­Պա­րէտ ­Քա­հա­նայ օրհ­նեց ու կտրեց գա­թան՝ փո­խան­ցե­լով նաեւ իր բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը։ Իսկ օ­րո­ւան բախ­տա­ւո­րը ստա­ցաւ գե­ղե­ցիկ նո­ւէր մը։
Ա­պա՝ տիկ. ­Վարդ ­Պաս­մա­ճեան ներ­կա­նե­րուն յայ­տա­րա­րեց, թէ այս տա­րի հա­շո­ւա­պա­հա­կան ճիւ­ղէն ներս հա­մալ­սա­րա­նա­կան իր ու­սու­մը ա­ւար­տեց օրդ. Խ­րի­սա ­Քի­լին­կա­րի­տու, որ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան մէջ վար­չա­կան ան­դամ է, ինչ­պէս նաեւ՝ պա­րա­խում­բի ան­դամ։ ­Վար­չու­թիւ­նը գնա­հա­տե­լով վկա­յա­կա­նի ար­ժա­նա­ցու­մը, օրդ. ­Քի­լին­կա­րի­տո­ւին յանձ­նեց յու­շա­նո­ւէր մը։ Ետ­քը բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ տիկ. ­Նա­թա­շա ­Լի­վե­րիա­տուն, ո­րու յանձ­նո­ւե­ցաւ ան­կար ե­րե­խա­նե­րու դպրո­ցին հա­մար Գ­թու­թեան ­Խա­չի կող­մէ նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն մը։ ­Հարկ է նշել, որ տիկ. ­Լի­վե­րիա­տու միա­ժա­մա­նակ տնօ­րէ­նու­հին է ­Գո­մո­թի­նիի վե­րոնշեալ դպրո­ցին եւ կա­տա­րո­ւած նո­ւէ­րին ա­ռի­թով ան իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց միու­թեան։
­Խօս­քե­րու ա­ւար­տին, Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան երգ­չա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց ե­րեք հա­յե­րէն եր­գեր եւ կա­տա­րո­ւե­ցաւ սո­վո­րա­կան հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը։

­Գո­մո­թի­նի, 23 ­Յու­նո­ւար 2017
ԹՂԹԱԿԻՑ