ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ

­Հայ գիր­քի աշ­խար­հը շա­տոնց տժգոյն պատ­կեր­նե­րով կը ներ­կա­յա­նայ մեր գա­ղու­թէն ներս։ Եր­բեմ­նի հրա­տա­րա­կու­թեանց աժ­խոյժ թա­փը, ա­կումբ­նե­րու հետզ­հե­տէ զար­գա­ցող գրա­դա­րան­նե­րու ճո­խու­թիւ­նը, հայ­կա­կան օ­ճախ­նե­րէն ներս գիր­քե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, այ­սօր տե­ղի տո­ւած են հայ գիր­քը փո­խա­րի­նած օ­տա­րա­լե­զու հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու, ա­կումբ­նե­րու թան­գա­րա­նա­ցած գրա­դա­րան­նե­րու հնա­տիպ գիր­քե­րու գո­յու­թեան, ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան ընդ­հա­նուր նա­հան­ջին եւ տե­սակ-տե­սակ պատ­ճառ­նե­րու հե­տե­ւան­քով, ո­րոնք հայ­կա­կան գիր­քը անհ­րա­պոյր դար­ձու­ցած են հա­յու հե­տաքր­քու­թեանց բազ­մա­զա­նու­թեան մէջ։
Ո­րոշ փոր­ձեր՝ սահ­մա­նա­փակ տա­րո­ղու­թեամբ գրա­տուն մը պա­հե­լու կամ տա­րին ան­գամ մը գիր­քե­րու ցու­ցա­հան­դէս մը ը­նե­լու, կը շա­րու­նա­կեն մնալ ան­զօր՝ հայ գիր­քը մատ­չե­լի դարձ­նե­լու հե­րո­սա­կան ճի­քե­րուն մէջ։ ­Սա­կա­ւա­թիւ «սի­րա­հար­նե­րու», ըլ­լան ա­նոնք կազ­մա­կեր­պիչ կամ յա­ճա­խորդ, խմբակ մըն է, որ հայ գիր­քը կը փնտռէ վե­րոն­շեալ մի­ջա­վայր­նե­րուն մէջ, եր­բեմն ալ հա­մա­ցան­ցի ըն­ձե­ռած դիւ­րու­թեամբ՝ գիրք կը գնէ ու կը կար­դայ։
Ինք­նին խրա­խու­սե­լի են Հ.Կ.­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի ծնո­ղա­կան միու­թեան գիր­քի ցու­ցա­հան­դէս­նե­րը, ո­րոնք, բա­ւա­կան տա­րի­նե­րէ ի վեր, տօ­նա­կան օ­րե­րու նա­խօ­րեա­կին, ի­րենց դռնե­րը կը բա­նան հա­սա­րա­կու­թեան եւ ա­շա­կեր­տու­թեան առ­ջեւ։ ­Հա­կա­ռակ այն ի­րո­ղու­թեան, թէ այդ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու ըն­թաց­քին հայ­կա­կան գիր­քը ա­ղօտ ձայ­նե­րով կը փոր­ձէ ա­ղա­ղա­կել իր ներ­կա­յու­թիւ­նը, հո՛ն է, տե­ղա­ւո­րո­ւած է մեր առ­ջեւ, թէ­կուզ որ իր ձայ­նը կը խեղ­դո­ւի յու­նա­լե­զու հրա­տա­րա­կու­թեանց ճո­խու­թեան մէջ։
Ա­յո՛, հե­տաքրք­րո­ւող­ներ կան, գիր­քե­րը կարգ մը ա­շա­կերտ­նե­րու կամ ծնող­նե­րու ու­շադ­րու­թեան կ­՚ար­ժա­նա­նան, սահ­մա­նա­փակ՝ բայց ոչ ան­գոյ։
­Վեր­ջին ցու­ցա­հան­դէ­սը, ե­կաւ հիմ­նո­վին շրջե­լու յո­ռե­տես պատ­կե­րա­ցում­նե­րը՝ հայ գիր­քը մատ­չե­լի դարձ­նե­լու ա­պար­դիւն ճի­գե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ Այս ան­գամ, նո­րա­ձե­ւու­թեան մը պէս, վե­րի կար­գե­րու ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը թա­տե­րա­խառն ըն­թեր­ցա­նու­թեան եւ ներ­կա­յա­ցու­մի ըն­դմէ­ջէն կար­դա­ցին բա­ժին­ներ «­Մեր աշ­խար­հը» պատ­մո­ւած­քէն։ ­Սա­հուն ա­ռո­գա­նու­թեամբ, կար­դա­լու գու­նա­ւոր ո­ճով եւ ե­լե­ւէջ­նե­րով, ա­շա­կերտ­նե­րու շրթնե­րէն լսո­ւե­ցաւ հա­րա­զատ եւ մա­քուր հա­յե­րէն մը, մինչ այլ ա­շա­կերտ­ներ բե­մին վրայ, ծպտո­ւած՝ գոյնզ­գոյն հա­գուստ­նե­րով, բառն ու խօս­քը կը վե­րա­ծէին շար­ժու­մի, որ ինք­նին հայ­կա­կան էր ու հա­րա­զատ։
­Մեր տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը սա­հուն կեր­պով կը կար­դա­յին, ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րու հսկո­ղու­թեան եւ յա­ջող ու­սու­ցու­մի հո­վա­նիին տակ։ Ու կը մտա­ծես, ինչ­պէ՞ս ար­դեօք այս մատ­ղաշ փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար բա­նալ հայ գիր­քի աշ­խար­հին դռնե­րը։
Ի՞նչ պէտք է ը­նել, ինչ­պէ՞ս հրա­պու­րել զա­նոնք, որ­պէս­զի այլ լե­զու­նե­րով ա­նոնց ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան ծլար­ձա­կում­նե­րուն մէջ, հայ գիր­քի հա­րուստ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը մատ­չե­լի դառ­նան, փոք­րե­րու յու­զա­կան աշ­խար­հը գրա­ւե­լու հա­մար։
­Կը մտա­ծեմ, թէ որ­քա՜ն մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ, տաս­նեակ տա­րի­նե­րէ ի վեր, կը կազ­մա­կեր­պո­ւի հայ գիր­քի ցու­ցա­հան­դէ­սը ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի բա­կին մէջ՝ ­Թարգ­ման­չաց տօ­նին ա­ռի­թով։ ­Գիր­քե­րու հա­րուստ ներ­կա­յու­թիւն՝ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան, «­Հա­մազ­գա­յին»ի եւ այլ հրա­տա­րակ­չու­թիւն­նե­րու, այ­լեւս մայր հայ­րե­նի­քէն ալ հա­սած, աչքն ու հո­գին լեց­նող գիր­քե­րու հսկայ հա­ւա­քա­ծոյ մըն է, որ կը հրամ­ցո­ւի հա­յուն։ ­Հոն, այ­ցե­լող­նե­րը ա­ռի­թը ու­նին միա­տեղ հա­ւա­քո­ւած ճո­խու­թիւն մը վա­յե­լե­լու, հրա­պու­րուե­լու եւ հայ գիր­քին սի­րա­հա­րը դառ­նա­լու։
­Կա­րե­լի է՞ ար­դեօք մարդ ղրկել հոն — հա­ւա­նա­բար՝ մեր վար­ժա­րան­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րը — որ­պէս­զի խո­րա­սու­զո­ւին գիր­քե­րու այդ աշ­խար­հին մէջ եւ պատ­րաս­տեն ու ապսպ­րեն մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ըն­թեր­ցա­սէր­նե­րուն հա­մար հա­ւա­քա­ծո­ներ։
­Կա­րե­լի է՞ ար­դեօք, որ մեր վար­ժա­րան­նե­րով զբա­ղող խոր­հուրդ­ներն ու վար­չու­թիւն­նե­րը ծրագ­րո­ւած կեր­պով պիւտ­ճէ տրա­մադ­րեն թէ՛ հոն գա­ցո­ղին, թէ՛ մա­նա­ւանդ հայ գիր­քը հոս բե­րե­լու աշ­խա­տան­քին հա­մար։ ­Խո­չըն­դոտ­ներ կան. հա­շո­ւա­կան գոր­ծով զբա­ղող պա­տաս­խա­նա­տու շրթնե­րէն կը լսո­ւին՝ «անհ­րա­ժեշտ գու­մար­նե­րը չկան, փո­խադ­րա­կան ծախ­սե­րը ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լիօ­րէն բարձր են» մնա­յուն գան­գատ­նե­րը։
­Կը բա­ւէ միայն ծրագ­րել, կը բա­ւէ միայն նո­ւի­րա­տո­ւու­թեանց եւ կտակ­նե­րու ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծա­ծու­թիւ­նը կա­նո­նա­ւո­րել, որ­պէս­զի նիւ­թե­ղէն եւ քա­րե­ղէն անհ­րա­ժեշտ շի­նու­թեանց կող­քին՝ յու­նա­հայ ա­շա­կեր­տի ու հայ­րե­նա­կի­ցի հո­գեմ­տա­ւոր կա­ռու­ցո­ւած­քը հարս­տա­նայ հայ գիր­քի ու գի­րի այն­քա՜ն անհ­րա­ժեշտ պա­շար­նե­րով։
­Հայ գիր­քը մատ­չե­լի դարձ­նե­լու հա­մար յու­նա­հայ գա­ղու­թին մէջ մնա­յուն տօ­նի վե­րա­ծե­լու աշ­խա­տան­քը հե­ռա­ւոր ե­րազ չէ, կը բա­ւէ այդ ծրա­գի­րը դա­սել գա­ղու­թա­յին ա­ռաջ­նա­կարգ օ­րա­կար­գե­րու շար­քին։
­Ձե­ւե­րու եւ լու­ծում­նե­րու շար­քը բազ­մա­տե­սակ է։ ­Կը մնայ ցու­ցա­բե­րել պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն, յան­դուգն նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ առ­նե­լու տրա­մադ­րու­թիւն, վար­չա­կան եւ կրթա­կան պա­տաս­խա­նա­տու ա­մէն կա­ռոյ­ցի ներդ­րում, ծրագ­րի ի­րա­գործ­ման հա­մար ներ­դաշ­նակ գոր­ծակ­ցու­թիւն։
­Հայ գի­րին ու գրքին հա­մար ջան­քե­րը բո­լո­րիս գործն է՝ ան­կաս­կա՛ծ։