­Գիր­քի մը հրա­տա­րա­կու­թեան ա­ռի­թով

«­Սո­ֆիա. ­Տա­րագ­րու­թիւն` ­Սեւ ­Ծո­վէն դէ­պի ­Հա­լէպ»

0
19445

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

­Սի­րուն ­Սի­սե­ռեան-­Հա­ժէ­թեա­նի «­Սո­ֆիա. ­Տա­րագ­րու­թիւն ­Սեւ ­Ծո­վէն դէ­պի ­Հա­լէպ» ի­րա­կան պատ­մու­թիւն մը վկա­յա­կո­չող գիր­քին անդ­րա­դար­ձող՝ «Ս­թո­խաս­թիս» յու­նա­կան հրա­տա­րակ­չա­տան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ­Սեր­գօ Ա­ղա­պա­տեա­նի կող­մէ հա­յե­րէ­նէ յու­նա­րէն թարգ­մա­նու­թեամբ գիր­քը (150 էջ), աշ­խար­հագ­րա­կա­նօ­րէն եւ աշ­խար­հա­հա­յեաց­քօ­րէն կը բնո­րո­շո­ւի իր իսկ ո­դի­սա­կան տե­ղա­հա­նու­թեան հե­տե­ւեալ պատ­մա­գի­տա­կան տե­ղա­նուն­նե­րով, ո­րոնք ինք­նա­ճա­նա­չօ­րէն կը յատ­կան­շուին գիր­քի բո­վան­դա­կու­թեան, այ­լեւ՝ յոյն (պոն­տոս­ցի) — հայ ­Մա­րիա ­Տա­սող­լիի հա­յա­ցած, հե­տա­գա­յին ալ ճա­կա­տագ­րի բե­րու­մով ­Մա­րի ­Գէոր­գեան պա­տո­ւա­նու­նին տի­րա­ցած, ըն­տա­նի­քի մը ար­կա­ծախնդրօ­րէն տա­ռա­պա­լից վկա­յագ­րու­թիւ­նը.- ­Պոն­տոս, Օր­տու (­Սեւ ­Ծով), ­Զէյ­թուն, ­Հա­լէպ, ­Լի­բա­նան, — որ­բա­նոց, աք­սոր, կեան­քի սեւ ե­րես­ներ, ո­րոնք գիր­քի է­ջե­րուն մէ­ջէն կը հան­դի­սադ­րո­ւին պատ­մագ­րա­կան եւ ազ­գագ­րա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րու կեն­դա­նի նկա­րագ­րու­թիւն­նե­րով, որ յու­զում­նա­լից զգա­ցա­կա­նու­թեամբ հինն ու նո­րը, ան­ցեալն ու ներ­կան ի­րար կը միա­խառ­նեն, ա­ւե­լին՝ ի­րար կը միա­ձու­լեն կո­րուս­տը, մղձա­ւան­ջը, բնա­կան եւ անբ­նա­կան ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ եւ հե­տե­ւող սերն­դա­փո­խու­թեան ճամ­բով պատ­մա­կան յու­շի կրա­կը տե­ւա­բար տաք պա­հե­լու ակն­կա­լու­թեամբ։
«­Սո­ֆիա» (ի­մաս­տու­թիւն). 20րդ ­դա­րու ճշմա­րիտ պատ­մու­թիւն մը, որ գրա­կա­նօ­րէն կը վե­րար­տադ­րուի 21րդ ­դա­րուն, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ճա­շա­կած եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րէ՝ հայ եւ յոյն։ Ա­ռա­ջի­նը 1915ին, երկ­րոր­դը՝ 1917ին։ Ա­ռա­ջի­նը՝ 1,5 մի­լիոն զոհ, երկ­րոր­դը՝ 650.000։
Ըն­տա­նե­կան պատ­մու­թիւն մը, որ ո­մանց կող­մէ կրնայ բնա­կան, ո­մանց կող­մէ ալ անբ­նա­կան հա­մա­րո­ւիլ, քա­նի բնա­կանն ու անբ­նա­կա­նը՝ հոս ի­րա­րու կա­պո­ղը մարդ­կա­յին բազ­մա­չար­չար կո­րուստն է, որ բո­լոր պա­տե­րազմ­նե­րու պա­րա­գա­յին անժխ­տե­լիօ­րէն ան­հաշտ կ­‘ըլ­լայ, ի՜նչ ան­տե­ղի­տա­լի պատ­մա­կան հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու կշիռ­քին մէջ յայտ­նա­բե­րո­ւին թէ քո­ղար­կո­ւին ա­նոնք։
Ինչ­պէ՞ս ա­մո­քել, ինչ­պէ՞ս բու­ժել ա­րիւ­նա­թա­թախ ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թե­նէ մը յա­ռա­ջա­ցող ե­ղե­լու­թիւն­ներ, ո­րոնք ա­րեան կար­միր հետ­քեր կ’ա­կօ­սեն ի­րենց ե­տին։
­Մայր ­Սո­ֆիան ապ­րե­ցաւ իր սե­փա­կան տա­ռա­պան­քը։
­Սի­րու­նը որ­դեգ­րեց այդ տա­ռա­պան­քը, ի՛­րը դար­ձուց ու տե­ղա­ւո­րեց զայն ծանր ժայ­ռի մը պէս իր միտ­քին ու հո­գիին մէջ։ Դ­ժո­ւար ե­ղաւ այդ ժայ­ռը տե­ղա­փո­խե­լը։ Ը­սենք՝ ան­կա­րե­լի՜։ Իր մօր կեան­քի պատ­մու­թիւ­նը ծա­նօ­թաց­նե­լու ճի­գը՝ այդ ա­նա­ռիկ ժայ­ռը իր սրտէն մաս­մաբ դուրս բե­րե­լու ազ­նո­ւա­գոյն պրկու­մի մը ար­դիւնքն է։ ­Մօ­րը՝ ինք­նու­թիւ­նը, ինք­նու­թիւն­նե­րը վե­րապ­րեց­նե­լու յու­շը ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան եւ ինք­նա­կեն­սագ­րու­թեան չվճա­րո­ւած հո­գե­կան մուր­հա­կի մը պար­տա­ւո­րու­թիւնն էր։
­Հի­մա կրնայ հան­գիստ ըլ­լալ, որ չգան­ձո­ւած այդ պարտ­քը վճա­րո­ւած է, լրիւ եւ ամ­բող­ջա­կան գի­տակ­ցու­թեամբ, ճա­նա­չու­մով, դա­տո­ղու­թեամբ, հո­գե­կան ան­հուն ազ­նը­ւու­թեամբ։

***

­Մար­դու ապ­րե­լու եւ վե­րապ­րե­լու տեն­չը անս­պառ է։ Այս պա­րա­գա­յին ալ կեանքն ու մա­հը ա­ռանց ժա­մադրո­ւած ըլ­լա­լու ի­րա­րու հետ, դար­ձեալ կը հան­դի­պին պատ­մու­թեան մէկ խաչ­մե­րու­կին ան­կիւ­նը։
­Մայր ­Սո­ֆիա­յի ար­մատ­նե­րու յօ­ժա­րա­բա­րոյ ո­րո­նու­մը՝ դար մը վերջ 20րդը 21րդի վե­րա­ծեց, բայց յու­շը չթօշ­նե­ցաւ, ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ եր­կու դա­րե­րը միեւ­նոյն շղթա­յի եր­կու ի­րա­րու միա­ձու­լո­ւած օ­ղակ­նե­րու վե­րա­ծեց, փրկե­լով պատ­մու­թիւ­նը, այ­լեւ ա­նոր յու­շը, պատ­գա­մե­լով ­Սի­րու­հիին՝ կեան­քը շա­րու­նա­կե­լու գո­յա­պաշ­տա­կան պայ­քա­րի սկզբուն­քէն ծնունդ առ­նող հեն­քով մը, եւ իր կեան­քը ամ­բող­ջաց­նե­լու ե՛ւ հայ, ե՛ւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու միաս­նա­կան ար­ժէք­նե­րու ճա­նա­չո­ղու­թեամբ։
Ա­հա՛, այս փնտռտու­քը հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զու­նե­րով, միեւ­նոյն մար­դու կող­մէ, որ ե՛ւ հայ է, ե՛ւ յոյն, իր զոյգ ազ­գու­թիւն­նե­րու պատ­կա­նե­լիու­թեան ա­նա­ռար­կե­լի ի­րա­ւուն­քով զինք կը վե­րա­ծէ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեամբ օրհ­նո­ւած ան­ձի մը՝ տար­բեր ու միա­ժա­մա­նակ նման ի­րա­րու, իր ա­րեան գոյ­նով եւ ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ի­րա­ւա­կար­գով ու ի­րա­ւա­դա­տու­թեամբ։
­Պոն­տո­սի բնա­կիչ­նե­րը ­Պոն­տո­սի մար­դիկն են, ի­րենց հպարտ ու ան­յող­դողդ լեռ­նե­րով, ի­րենց ան­հան­դարտ ծո­վե­րու ա­լիք­նե­րով, ի­րենց յե­ղա­փո­խա­շունչ պայ­քար­նե­րու ե­րախ­տա­մոռ նկա­րագ­րով։
Ե­րէկ ա­մէն ինչ տար­բեր էր։ Այ­սօր՝ ա­ւե­լի՛։ ­Տար­բեր ըլ­լա­լու եւ տար­բեր չըլ­լա­լու հա­տուց­ման յոյ­սը կը փնտռենք ­Պոն­տո­սի լեռ­նե­րու, ­Լի­բա­նա­նի լեռ­նե­րու, ­Հա­յաս­տա­նի լեռ­նե­րու վրայ։
­Յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան միա­կեր­պու­թեան մէջ կը փնտռենք ու կը գտնենք միեւ­նոյն խի­զախ, չսա­սա­նող ու ար­դար խիղ­ճին խոս­տու­մը։
Օրհ­նեալ ըլ­լան բո­լո­րը։

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածըԳի­տա­ժո­ղո­վ
Յաջորդ յօդուածը22 ­Մարտ 1920