­Գեր­մա­նիոյ սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նը մեր­ժած է ­Պուն­տես­թա­կի` ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող ո­րոշ­ման դէմ ներ­կա­յա­ցո­ւած դի­մու­մը:
Այս մա­սին, ըստ Armenpress.am-ի, տե­ղե­կա­ցու­ցած է թրքա­կան «Dogan» լրա­տո­ւա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը:
­Ծա­գու­մով թուրք փաս­տա­բան ­Ռա­մա­զան Աք­պաշ դի­մած էր սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րան` պա­հան­ջե­լով չե­ղար­կել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող ու դա­տա­պար­տող խորհր­դա­րա­նա­կան ո­րո­շու­մը:
«Dogan»-ի հետ զրոյ­ցին ըն­թաց­քին՝ Աք­պաշ տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ ­Գեր­մա­նիոյ դա­տա­րա­նը իր ներ­կա­յա­ցու­ցած դի­մու­մը վա­րոյթ չէ ըն­դու­նած: Իբ­րեւ հիմ­նա­ւո­րում դա­տա­րա­նը նշած է, որ չկան բա­ւա­րար ա­պա­ցոյց­ներ, թէ ­Պուն­տես­թա­կի ո­րո­շու­մը կ­՝ոտ­նա­հա­րէ դի­մո­ղի հիմ­նա­րար կամ յա­րա­կից ի­րա­ւունք­նե­րը:
­Թուրք փաս­տա­բա­նը ա­ւել­ցու­ցած է, որ ի­րենք ար­դէն ստա­ցած են դա­տա­րա­նին վճի­ռը եւ յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի դի­մեն նաեւ ­Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու եւ­րո­պա­կան դա­տա­րան (Մ.Ի.Ե.Դ.): Աք­պաշ նաեւ նշած է, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը դա­տա­պար­տող բա­նա­ձե­ւին դէմ 8 տար­բեր դի­մում ներ­կա­յա­ցո­ւած է ­Գեր­մա­նիոյ սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րան:
­Յի­շեց­նենք, որ 2016 ­Յու­նիս 2ին ­Գեր­մա­նիոյ դաշ­նա­յին խորհրդա­րա­նը՝ գրե­թէ միա­ձայն (1 դէմ եւ 1 ձեռն­պահ)՝ ըն­դու­նեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող, դա­տա­պար­տող եւ ­Գեր­մա­նիոյ մեղ­սակ­ցու­թիւ­նը ըն­դու­նող բա­նա­ձեւ:
Այդ­պի­սով, ­Գեր­մա­նիան դար­ձաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցած 29-րդ­ եր­կի­րը: