Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նը հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը կը տե­ղե­կաց­նէ, որ Ուր­բաթ՝ 8 ­Սեպ­տեմ­բեր 2017ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց նո­րըն­տիր Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան պաշ­տօ­նա­կան ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւ­նը տո­ւաւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան: Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր կ­՛ըն­կե­րա­նա­յին ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան եւ վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը:
­Դես­պա­տա­նա­տան մուտ­քին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ըն­դու­նեց ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Ֆա­տէյ ­Չար­չօղ­լեան: Հ.Հ. դես­պա­նը ա­ռա­ջին հեր­թին շնոր­հա­ւո­րեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը՝ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց ա­ռաջ­նորդ ընտ­րու­թեան առ­թիւ եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց կա­տա­րո­ւած այ­ցե­լու­թեան հա­մար՝ յայտ­նե­լով իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը, որ ­Հա­յաս­տա­նի բա­րե­կամ եւ ա­ջա­կից ­Յու­նաս­տա­նի մէջ դես­պա­նու­թիւ­նը կը գոր­ծէ լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով՝ ի շահ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի օգ­տա­շատ ծրա­գիր­նե­րու զար­գաց­ման եւ ի­րա­գործ­ման։ Պրն. դես­պա­նը ա­ւել­ցուց, որ դի­ւա­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու կող­քին՝ Հ.Հ. դես­պա­նու­թիւ­նը մօ­տէն շա­հագրգ­ռո­ւած է եւ կը հե­տե­ւի ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան կեան­քին, կա­րե­լի ե­ղած ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ըն­ձե­ռե­լով հա­մայն­քին:
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը իր կար­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց պրն. դես­պա­նին այս սի­րա­լիր ըն­դու­նե­լու­թեան եւ սրտա­մօտ ու հա­րա­զատ խօս­քե­րուն հա­մար՝ յայտ­նե­լով իր ու­րա­խու­թիւ­նը, որ ա­ռաջ­նոր­դա­կան ընտ­րու­թե­նէն ետք ա­ռա­ջին պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը կը կա­տա­րէ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հայն­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թիւն՝ նշե­լով, որ ­Հա­յաս­տա­նէն դուրս գտնո­ւող աշ­խար­հա­տա­րած հայ­կա­կան բո­լոր հա­մայնք­նե­րը, ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին րո­պէէն սկսեալ, ի­րենց ան­նո­ւազ եւ պատ­րաս­տա­կամ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կեն բե­րել եւ զայն կը նկա­տեն հայ­րե­նա­շի­նու­թեան ազ­գա­յին նո­ւի­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն։ Իր խօս­քի ա­ւար­տին, Սր­բա­զան ­Հայ­րը յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց պրն. դես­պա­նին:
Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան իր կար­գին դես­պան ­Չար­չօղ­լեա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցուց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան նո­րըն­տիր կազ­մին ան­դամ­նե­րը՝ յայտ­նե­լով, որ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը իր բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով միշտ տրա­մա­դիր եւ պատ­րաստ է ա­ջակ­ցե­լու յօ­գուտ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց տա­րո­ւե­լիք բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ծրա­գիր­նե­րուն: