Ճատրակի աշխարհի 13րդ ախոյեան Կերի Գասպարով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Միացեալ Նահանգներու Սէյնթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի «Կրենտ Չես» մրցաշարքին:
Արագ եւ կայծակնային մրցումներու այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոսին:
54 տարեկան Գասպարով, որուն մայրը հայ է, հայրը՝ հրեայ, ընդունած է կազմակերպիչներուն յատուկ հրաւէրը:
«Շատ յուզիչ է վերադառնալը 12 տարուան դադարէ մը ետք»,- ըսած է Գասպարով, որ ճատրակէն հեռանալէ ետք, քաղաքական աշխարհ մուտք գործեց եւ այժմ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ընդդիմադիրներէն է։
Մրցաշարքին, Գասպարովի մրցակիցները պիտի ըլլան Նորվեկիայէն Մանկուս Քարլսըն, Հայաստանէն Լեւոն Արոնեան, ամերիկացիներ՝ Հիքարու Նաքամուրա, Ֆապիանօ Քարաուանա, ռուսեր՝ Սերկէյ Քարժաքին, Եան Նեպոմնիաչքի, հնդիկ Վիշուանաթան Անանտ, չեխ Տաւիտ Նաւարա, քուպացի Լենիէր Տոմինկեզ եւ վիեթնամցի Լէ Կուան Լիէմ:
Գասպարով կը վերադառնայ ճատրակի աշխարհ
Գասպարով կը վերադառնայ ճատրակի աշխարհ