Բնապահպանութեան նախարարութիւնը կը նախատեսէ Գառնիի մէջ ճոպանուղի կառուցել: Այս մասին Փետրուար 10ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է նախարար Արծուիկ Մինասեան` նշելով, որ իրենք մօտ 180 միլիոն տոլարի ներդրումային ծրագիրներ պիտի իրականացնեն։
«Մենք մեր ներկայ քաղաքականութիւնը որդեգրած ենք շրջակայ միջավայրի պահպանութեան ուղղուող ֆինանսական աղբիւրներու համախմբման եւ նպատակային ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ»,- PanARMENIAN.Netի փոխամցմամբ՝ ըսած է Արծուիկ Մինասեան: Մանրամասնելով Գառնիի ճոպանուղիի ծրագիրը, նախարարը նշած է, որ անիկա կը ներառէ Քարերու Սիմֆոնիայի յուշարձանը ու Խոսրովի Անտառ արգելոցը: «Կ՛ուզենք իրականացնել ծրագիր, որ ուղիղ կապ պիտի ունենայ նաեւ Խոսրովի Անտառ արգելոցի հետ եւ հետաքրքրական շղթայ պիտի ապահովէ: Ընդհանուր նպատակն է ունենալ ճոպանուղի, որ կ’ապահովէ ելքը ձորի վրայէն եւ այցելուները կը տանի Քարերու Սիմֆոնիայի մօտ»,- ըսած է նախարարը` աւելցնելով՝ ծրագիրը կ’արժէ մօտ 5 միլիոն տոլար: