Կ­րէ­տէի Ի­րաք­լիօ քա­ղա­քի Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ հնա­դա­րեան ե­կե­ղեց­ւոյ 350ա­մեա­կին առ­թիւ ծրագ­րո­ւած ե­լոյթ­նե­րուն նա­խա­գա­հե­լու հա­մար, ­Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն ­Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը ­Շա­բաթ՝ 4 ­Մա­յի­սին, ­Մոս­կո­ւա­յէն ու­ղիղ թռիչ­քով, կը ժա­մա­նէ կղզին։ ­Վե­հա­փա­ռի ե­ռօրեայ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, նա­խա­տե­սո­ւած են հայ­րա­պե­տա­կան պա­տա­րագ, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան  ե­լոյթ եւ պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պում­ներ։
Շա­բաթ՝ 4 ­Մա­յի­սի ե­րե­կո­յեան, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ մշա­կու­թա­յին ե­լոյթ՝ հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին եր­գե­րով ու պա­րե­րով, մաս­նակ­ցու­թեամբ ­Մոս­կո­ւա­յէն հրա­ւի­րո­ւած Ηayasa գե­ղա­րո­ւես­տա­կան միա­ւո­րի երգ­չա­խում­բին եւ պա­րա­խում­բին։ ­Կի­րա­կի՝ 5 ­Մա­յի­սին, Վե­հա­փա­ռը պի­տի մա­տու­ցէ հայ­րա­պե­տա­կան պա­տա­րագ, միա­ժա­մա­նակ՝ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ պի­տի ցու­ցադ­րո­ւին Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պե­տի մա­սունք­նե­րը։ ­Կէ­սօ­րին՝ նա­խա­տե­սո­ւած է պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ ի պա­տիւ Վե­հա­փա­ռին։
Իր կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին, Ա­մե­նայն ­Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը պի­տի հան­դի­պի Կ­րէ­տէի մետ­րո­պո­լիտ Ի­րի­նէո­սի եւ այլ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու հետ։ Իր շքա­խում­բին մաս կը կազ­մեն Էջ­միած­նի կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ ­Պոլ­սոյ հայոց պատ­րիար­քու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­ներ։ Կ­րէ­տէի Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ցին կը գոր­ծէ ­Պոլ­սոյ հայոց պատ­րիար­քու­թեան հո­վա­նիին տակ, ուր­կէ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ պար­բե­րա­բար կը կա­տա­րեն ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ եւ պա­տա­րագ­ներ։ Կ­րէ­տէի մէջ կ­՚ապ­րին ո­րոշ թի­ւով հա­յեր, ո­րոնք ա­ռա­ւե­լա­բար հա­սած են ­Հա­յաս­տա­նէն վեր­ջին տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին։