Եր­կու­շաբ­թի՝ ­Յու­նո­ւար 22ին, ­Գո­քի­նիոյ «­Սուրբ ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւին, ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դին եւ ­Տիկ­նանց ­Մար­մի­նի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն, ա­պա՝ ա­մա­նո­րեայ ա­ւան­դա­կան գա­թա­յի կտրում, նա­խա­գա­հու­թեամբ՝ թե­միս բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի:
­Ներ­կայ էին Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն ­Պօ­ղոս ­Չօ­լա­քեան, ա­տե­նադ­պիր պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան եւ տիկ. Ա­րաք­սի ­Գո­լա­նեան: Կր­նանք ա­կա­նա­տե­սի վկա­յու­թեամբ յայտ­նել, որ ա­ւե­լի քան 100 հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, բո­լո­րո­ւած ե­կե­ղե­ցիէն ներս, ունկնդ­րե­ցին ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թեան քաղցր ա­րա­րո­ղա­կար­գը եւ ան­կէ բխող մե­ղա­շունչ բայց խօ­սուն շա­րա­կան­ներն ու սաղ­մոս­նե­րը:
­Ժա­մեր­գու­թեան ա­ւար­տին, Սր­բա­զան ­Հայ­րը իր քա­րո­զա­խօ­սու­թեամբ ներշնչեց ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ա­ռա­ւել աշ­խու­ժու­թիւն ցոյց տա­լու՝ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ, եւ ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քը լեց­նե­լու գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թեամբ մեր ազ­գա­յին կամ ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քէն ներս:
Ա­ւար­տին, բո­լոր ներ­կա­նե­րը հրա­ւի­րո­ւե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հէն ներս, ուր ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նոյ կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած էին հիւ­րա­սի­րու­թիւն­ներ:
Ըն­թաց­քին Սր­բա­զան ­Հայ­րը օրհ­նեց ա­մա­նո­րեայ գա­թան, ա­պա՝ մթնո­լոր­տը ճո­խաց­նող փոք­րիկ­նե­րու կող­մէ հրամ­ցո­ւե­ցան փունջ մը եր­գեր, ո­րոնց հետ եր­կու շա­բաթ­ներ շա­րու­նակ փոր­ձեր կը կա­տա­րէր ­Վահ­րիճ Վրդ. ­Ղա­րա­խա­նեան:
­Հեր­թա­բար խօսք ա­ռին ե­կե­ղեց­ւոյս ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւը, որ իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը յայտ­նեց ազ­գա­յին բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն, ո­րոնք կրցան մաս­նա­կի­ցը դառ­նալ սոյն հա­ւա­քոյ­թին, ա­պա՝ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը իր փոր­ձա­ռու­թեան լոյ­սին տակ լայն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց ներ­կա­նե­րուն եւ, ա­ւար­տին, Սր­բա­զան ­Հօր «­Պահ­պա­նի­չով» ե­րե­կոն ու­րա­խու­թեամբ եզ­րա­փա­կո­ւե­ցաւ:

­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդ եւ ­Տիկ­նանց
­Մար­մին ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ