­Կի­րա­կի՝ 29 ­Յու­նո­ւար 2017ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Գա­ւա­լա­յի Ս. ­Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հեր­թա­կան ­Պա­տա­րագ եւ, միա­ժա­մա­նակ, կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ս. Ծ­նուն­դի տօ­նը։ ­Պա­տա­րա­գեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ ա­ւան­դա­կան ջրօրհ­նէ­քը։
­Պա­տա­րա­գէն ետք, ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի «­Սե­ւան» մաս­նա­ճիւ­ղի նոր տա­րո­ւան ­Գա­թա­յի կտրու­մը։ ­Ներ­կայ էին հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Աբ­րա­համ Աշրեան եւ ան­դամ­ներ ու հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը։ ­Բաց­ման ու բա­րի գալս­տեան խօս­քով հան­դէս ե­կաւ վար­չու­թեան ան­դամ տիկ. Ա­նուշ ­Դա­ւի­թա­ւեան։ Ա­պա միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին ­Կա­ղան­դի տօ­նին նուի­րո­ւած եր­գեր ու ար­տա­սա­նու­թիւն­ներ։ Ետ­քը ա­շա­կերտ­նե­րուն բաժ­նո­ւե­ցան ման­կա­գիր տիկ. ­Ռո­զա ­Վար­դա­նեա­նի կող­մէ նո­ւէր յղո­ւած «­Հայ­րե­նի­քիս բառն ա­նուշ» գիր­քէն օ­րի­նակ­ներ։ Ինչ­պէս նաեւ՝ յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ, որ ­Գիւմ­րիէն բա­նաս­տեղ­ծու­հի տիկ. Էմ­մա Գ­րի­գո­րեան ­Գա­ւա­լա­յի միօ­րեայ վար­ժա­րա­նին նո­ւէր յղած էր իր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րէն հա­ւա­քա­ծոյ մը։ Ա­ւար­տին ­Պա­րէտ ­Քա­հա­նայ գնա­հա­տեց ա­շա­կերտ­նե­րը, ներ­կա­նե­րուն փո­խան­ցեց տօ­նա­կան օ­րե­րու իր բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը եւ օրհ­նեց գա­թան։ Օ­րո­ւան բախ­տա­ւո­րը ստա­ցաւ գե­ղե­ցիկ նո­ւէր մը։ ­Միւս կող­մէ՝ Գ­թու­թեան ­Խա­չի վար­չու­թիւ­նը ա­շա­կերտ­նե­րուն յանձ­նեց նաեւ իր նո­ւէր­նե­րը։

ԹՂԹԱԿԻՑ
­Գա­ւա­լա, 1 ­Փետ­րո­ւար 2017