­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ բո­ղո­քի նա­մակ­ներ յղո­ւե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի լ­րագ­րող­նե­րու միու­թեան եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ լ­րագ­րող­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի բա­ժան­մուն­քին, բա­ցատ­րե­լով Ա­լեք­սանդր ­Լափ­շի­նի ի­րա­ւունք­նե­րու ոտ­նա­հար­ման պա­րա­գան եւ անոնց նկա­տո­ղու­թեան յանձ­նե­լով հար­ցը։ ­Յու­նաս­տա­նի լ­րագ­րող­նե­րու միու­թիւ­նը նա­մա­կը յղած է իր ­Կեդ­րո­նա­կան ­Խոր­հուր­դի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն, իսկ Եւ­րո­պա­յի Լ­րագ­րող­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը նա­մա­կի յու­նա­րէն բնա­գի­րը եւ անգ­լե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը յղած է A.E.J.ի (Association of European Journalists) կեդ­րո­նա­կան գրաս­ենեակ` խոս­տա­նա­լով տե­ղադ­րել զայն կազ­մա­կեր­պու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջին վրայ։