Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ յունահայ երիտասարդութիւնը՝ առ ի զօրակցութիւն Մինսքի մէջ Ատրպէյճանի պահանջով ձերբակալուած լրագրող-պլոկեր Ալեքսանդր Լափշինի, բողոքի քայլերու դիմեցին անցեալ շաբթուան ընթացքին։
Ի մասնաւորի անցեալ Ուրբաթ՝ 3 Փետրուարի կէսօրին, Թեսաղոնիկէի մէջ Պելառուսիոյ հիւպատոսարանը այցելեց պատուիրակութիւն մը, բաղկացած Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբի անդամներէ, գլխաւորութեամբ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընկ. Պետրոս Հալաճեանի։
Բողոքի յուշագիրը յղուած էր Թեսաղոնիկէի մէջ Պելոռուսիոյ պատուոյ հիւպատոս Պորիս Մուզենիտիսի՝ նկատի առած, թէ Պելառուսիա Աթէնքի մէջ դեսպանատուն չունի։ Պատուիրակութիւնը պահանջեց հանդիպում ունենալ պրն. Մուզենիտիսի հետ, սակայն մերժուեցաւ եւ ստիպուեցաւ յուշագիրը նետել փոստարկղին մէջ։
Յուշագրին մէջ կը պահանջուի լրագրող Լափշինի ազատ արձակումը եւ խստօրէն կը քննադատուի մամլոյ եւ լրագրողներու ազատութիւններու սահմանափակման ու հալածանքի քաղաքականութիւնը։