ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս օրերուն դպրոցական եւ կամ ուսումնական նոր տարեշրջանի մը սկիզբն է: Մէկ խօսքով՝ վերամուտ, որուն իբրեւ հարազատ արդիւնք, քանի մը ամիսներու վրայ երկարող արձակուրդէ մը ետք, հազարաւոր աշակերտներու դիմաց միօրեայ եւ ամէնօրեայ բոլոր վարժարանները իրենց դռները կը վերաբանան:
Այս մէկը արդէն ինքնին կը պարզէ, թէ ըլլանք աշակերտ, ուսանող կամ ծնողք, մեր դէմ նոր հոգերով լի ժամանակաշրջան մըն է, որ կը բացուի: Սակայն իբրեւ հայ անհատ մեր մտքին մէջ զանազան հարցականներ ծնունդ կ՚առնեն: Ինքնածին՝ կը յայտնուին:
Այսպէս.- Ի՞նչ պիտի ըլլար սփիւռքեան մեր կեանքը՝ առանց հայ դպրոցի: Արդեօ՞ք պիտի կարենայինք մեր ազգային ու մշակութային դարաւոր ինքնութիւնը պահելով՝ գոյատեւել:
Հայ դպրոցի ներկայութեան էականութիւնը շեշտող նման մտածումները վերանայումի կ՚ենթարկեն հայեցի դաստիարակութեան մեր մօտեցումները, ըմբռնումներն ու մեթոտները:
Դպրոց ըսի: Հայ վարժարան:
Կասկած չկայ, որ հայու ինքնութիւնը կը սկսի հայ վարժարանէն: Եւ ապա, ասոր կողքին, անպայմանօրէն պէտք է, որ յիշէի զայն իմաստաւորողը՝ հայ ուսուցիչը:
Հայ դպրոցի եւ հայ ուսուցիչի իւրայատուկ դիրքին, առաքելութեան, յանձնառութիւններու մասին կատարուած մատնանշումներս չեմ կարծեր, որ նորութիւններ ըլլան: Անկեղծօրէն վերամուտի խորհուրդի թելադրանքն է, որ կ՚առաջնորդէ նման մէջբերումներ եւ յիշեցումներ կրկնութեան գնով կատարել, արժեւորել եւ գնահատականներ դրսեւորել: Վերջին հաշուով բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք, թէ հայ դպրոցէն ներսն է, որ հայերէնը ապրումի կը վերածուի, հայ ոգիի հետ միասին եւ համազօր, շնորհիւ հայ ուսուցիչին անսակարկ եւ գիտակից ներդրումին:
Ապա՝ մտքիս մէջ կը պայծառանայ նաեւ հետեւեալ պատկերը, որ պատիւ իրենց, շնորհիւ մեր ծնողներու գերագոյն զոհողութեան եւ ընտրանքին, հայ աշակերտներու խուռներամ ներկայութիւնը հայ վարժարաններէն ներս ինծի եւ բոլորիս կը պարգեւէ սրտի գոհունակութիւն եւ մեծ ուրախութիւն:
Միւս կողմէ՝ չմոռնանք նաեւ, որ ներկայիս ժամանակները փոխուած են։ Փոխուած են նաեւ մեր աշակերտներուն մտայնութիւնները, հետաքրքրութիւններն ու ճաշակը: Գիտենք: Կը զգանք: Կը տեսնենք: Ուստի՝ թելադրելի է, որ հայեցի դաստիարակութիւն
«ըսուած» հասկացողութիւնը վերանայուի, փոփոխութեան ենթարկուի, որովհետեւ այս մէկը այսօր այն չէ, ինչ որ էր ասկէ քսան, երեսուն կամ աւելի տարիներ առաջ: Ակնարկութիւնը մայրենի լեզուի եւ հայու ոգիի մասին է:
Ճիշդ է, որ մեր ժողովուրդին չափ դարերու կեանք ունի մեր լեզուն, որովհետեւ ան ծնունդ առած է նոյնինքն մեր ժողովուրդին կողմէ:
Ճիշդ է, որ մայրենի մեր լեզուն մեր ժողովուրդին համար եղած է ոչ միայն արթուն պահակը, այլեւ մօտէն հսկած է, որ մենք չկորսուինք, չձուլուինք:
Ու նաեւ ճիշդ է, որ դարերէ ի վեր մեր լեզուն մեր ազգային գոյութեան երաշխիքն ու փաստը եղած է, սակայն այս օրերուն զգալիօրէն նահանջի մէջ է: Տեսանելի է: Մեր մայրենին, թէեւ սուրբ է, մեր հայրենիքին չափ, եւ որ կը միացնէ մեզ բոլորս, բայց աշխարհի տարածքին, շատ մը գաղութներէ ներս մոռացութեան ենթարկուած է:
Անոր համար է, որ հայեցի դաստիարակութեան մեր ըմբռնումը պէտք է պատշաճեցնենք՝ արդի մօտեցումներով, եղանակներով ու մեթոտներով, միաժամանակ չմոռնալով, որ այս մէկը միայն հայերէն դասագիրքով չի կատարուիր։ Դասագիրքէն առաջ եւ անդին՝ անհրաժեշտ եւ էական է հայու ոգին։ Հայկականութիւն եւ պատշաճ մթնոլորտ, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր այդ ամուր եւ հաստատ ոգին փոխանցել մեր մատղաշ սերունդին: Եւ տակաւին կարելի է շարքը երկարել:
Ու իբրեւ ընթերցող, միութենական, ուսուցիչ եւ կամ ազգային գործիչ, ղեկավար, մշակութասէր եւ կամ ալ պարզ հայ անհատ, եթէ օր մը մենք մեզի հարց տանք, թէ այս օրերուն ո՞ւր է հայ լեզուն մեր կեանքին մէջ, իսկապէս որ յուսախաբ պատասխաններ պիտի ստանանք: Ահա հոսկէ է, որ կը սկսի ախտաճանաչումը եւ որ մեզ պիտի տանի մինչեւ մեր ինքնագիտակցութեան դռները:
Ճիշդ է ըսի եւ անկասկած, որ այս եւ նման բոլոր մտահոգութիւնները կը պատկանին բոլորիս: Անխտի՛ր: Որովհետեւ զուտ համազգային մտահոգութիւններ են եւ ոչ թէ միութենականներուն, հայ վարժարաններու պատասխանատուներուն եւ կամ հայ տնօրէններուն, ուսուցիչներուն ու գրողներուն հասցէագրուած:
Եթէ կ՛ընդունինք, որ լեզուն այն գեղեցիկ օղակն է, որ կը ծառայէ մեր հաւաքական գոյատեւման, ուստի պէտք է ստեղծենք համապատասխան առողջ ու կենսունակ միջավայր մը, սոյն օղակը հաստատ, ամուր ու անքակտելի պահելու համար: Ու այդ մէկը մեր տուներէն սկսելով, հասնելու համար մեր ակումբներուն եւ միութենական մթնոլորտին:
Բայց կը կարծէ՞ք, որ միայն լեզուն բաւարար է: Ո՛չ: Անպայմանօրէ՛ն իրեն լծակից պէտք է, որ ունենայ հայու ոգին: Այս մէկը կրկնելու գնով կ՚ըսենք:
Տողերուս սկիզբին մատնանշեցի հայ աշակերտ, հայ դպրոց եւ հայ ուսուցիչ անուններն ու անոնց դերերը: Սակայն եւ այնպէս վերամուտի այս մթնոլորտին մէջ կ՚ուզեմ նաեւ աւելցնել հետեւեալ տխուր իրականութիւնն ալ:
Այսօր բազմահազար հայ աշակերտներ հայկական վարժարաններու մէջ չեն, կամայ թէ ակամայ: Զրկուած են հայ դպրոցի հարազատ ջերմութենէն, գուրգուրանքէն ու շունչէն եւ կը խարխափեն օտար ու անապահով ուղիներու վրայ: Ահա նաեւ տագնապեցնող հարց մը:
Ուստի հարկ է այս մասին առաւել լուրջ ու դրական մօտեցում ցուցաբերել: Մտածել: Բոլորիս համար էական է օտար կամ ոչ-հայկական վարժարան յաճախող հայ աշակերտը չունենայ այն տպաւորութիւնը, թէ իր յաճախած օտար վարժարանէն ներս հայեցի դաստիարակութեան բացակայութիւնը զինք պիտի հեռացնէ մեզմէ, հայութենէն, մեր միջավայրէն: Ուստի՝ զիրենք անտէր չձգենք: Ներգրաւելու միջոցներ որոնենք: Միութիւններ, կազմակերպութիւններ այս մասին պէտք է ծրագրեն, այլապէս՝ պարտութեան կը մատնուինք ու ձուլումը կը յաղթանակէ:
Անոր համար է, որ միշտ կը շեփորուի, որ այս օրերուն ուրիշ շատ մը «բաներու» կառուցումներէն առաջ, հայկական նոր վարժարաններ կառուցելու մասին պէտք է մտածել, ու ասոր կողքին՝ չմոռնալ թեւ ու թիկունք կանգնելու ներկայ վարժարաններուն եւ նպաստելու անոնց յարատեւման եւ բարգաւաճման՝ նիւթապէս զօրավիգ կանգնելով:
Այս բոլորը, եթէ կ՚ուզէք, յատուկ մարտահրաւէրներ են, միաժամանակ առաջնակարգ պարտականութիւններ՝ ներկայ մեր գաղութներու կեանքի իրականութիւններուն հետ ամրօրէն շաղախուած:
Արդ, իբրեւ վերջաբան, վերամուտի յատուկ այս տողերս կ՚ուզեմ ուղղել քեզի սիրելի հայ աշակերտ: Եթէ այս տողերը չկրցար կարդալ կամ չես կրնար հասկնալ, դիմէ՛ ծնողներուդ, մեծ ծնողներուդ, խմբապետիդ, վարիչիդ, ուսուցիչիդ եւ կամ դրացիներուդ օգնութեան: Անոնք կը բացատրեն: Պէտք է, որ բացատրեն: Պէտք է, որ հասկնաս: Գիտեմ, շնորհիւ ծնողքիդ մեծ զոհողութիւններուն, դո՛ւն հպարտօրէն մուտք գործեցիր քու անփոխարինելի երկրորդ հայկական տունդ՝ հայ դպրոցդ: Այս մէկը արդէն մեծ հրճուանք ու հպարտանք պատճառեց մեզի, մեր գաղութին եւ հայութեան:
Քու այս վերադարձդ կ՚ողջունենք անսահման ուրախութեամբ:
Դուն կրկին անգամ եկար հայ դպրոց, որովհետեւ ան նաեւ սրբավայր մըն է քեզի նման հայ աշակերտներուն: Հոս է, որ կը կոփուի քու հայ միտքդ ու հոգիդ, ոչ միայն գիտութեան լոյսով, այլեւ՝ ազգային, մարդկային եւ բարոյական այն վեհ արժէքներով, որոնք քու մէջդ վաղուան գիտակից հայը, առաքինի մարդը եւ տիպար քաղաքացին պիտի կերտեն։
Ուստի յարգը գիտցիր հայ դպրոցիդ: Հոն միայն դաս չէ, որ կը սորվիս կամ կը ստանաս: Այլ՝ նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն:
Տէրը դարձի՛ր մեր լեզուին: Զայն միշտ պահէ շրթներուդ վրայ: Մի՛ ձգեր, որ հայ լեզուն նահանջէ: Եղի՛ր օրինակելի։ Մօտէն ծանօթացի՛ր մեր մշակոյթին, եւ պատմութեան:
Որովհետեւ ասոնք քուկդ են, նաեւ թող քու հպարտութիւնդ ալ ըլլան:
Մինչ այդ՝ բարի վերամուտ եւ բարի երթ։