­­Մարտ 8ին՝ ­­Կա­նանց մի­ջազ­գա­յին օ­րո­ւան ա­ռի­թով, ­­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ կա­յա­ցան ե­լոյթ­ներ, ո­րոնք ընդ­հան­րա­պէս ուղ­ղուած էին ­­Թուր­քիոյ մէջ կի­նե­րու դէմ շա­րու­նա­կո­ւող բռնա­րարք­նե­րուն եւ ճնշում­նե­րուն։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ նաեւ ընդ­դի­մա­դիր ­­Հան­րա­պե­տա­կան ժո­ղովր­դա­յին կու­սակ­ցու­թե­նէն հայ ե­րես­փո­խան ­­Սե­լի­նա ­­Տո­ղան, որ տպա­ւո­րիչ կեր­պով յի­շե­ցուց կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար պայ­քա­րած հա­յու­հի­նե­րը եւ այ­սօր հան­րու­թեան կող­մէ ան­տե­սո­ւող ա­նոնց տա­րած աշ­խա­տան­քը։ ­­Տո­ղան ը­սաւ, որ ան­շուշտ ար­դար հպար­տու­թեամբ կը յի­շո­ւի ­­Հա­լի­տէ Է­տի­պը, բայց ան­գոյ կը նկա­տո­ւի ­­Զա­պէլ Ե­սա­յեան մը, ո­րուն հետ կը թղթակ­ցէր նոյն ­­Հա­լի­տէ Է­տի­պը։ ­­Նաեւ, «­­Յար­գան­քով կը յի­շո­ւի ­­Սա­պի­հա ­­Սեր­թե­լը, բայց կը մոռ­ցո­ւի Էլ­պիս ­­Կե­սա­րա­ցեա­նը։ ­­Բո­լորս ալ կը յար­գենք ­­Նե­զի­հէ ­­Մու­հիտ­տի­նը, բայց կը մոռ­ցո­ւի ­­Հայ­կա­նոյշ ­­Մար­քը, որ 14 տա­րի, հայ կի­նե­րու ա­նու­նով պար­բե­րա­թերթ հրա­տա­րա­կեց», ը­սաւ ­­Տո­ղան, ներ­կա­նե­րուն ցոյց տա­լով կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար պայ­քա­րած հա­յու­հի­նե­րու մա­սին հրա­տա­րա­կո­ւած գիր­քը, որ կը կո­չո­ւի «Ար­դա­րու­թեան ­­Ճիչ ­­Մը»։ ­­Տո­ղան յի­շեց նաեւ Սրբու­հի ­­Տիւ­սա­փի, ­­Զա­պէլ Ա­սա­տու­րի ու այլ հա­յու­հի­նե­րու բե­րած նպաստ­նե­րը։ Անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ­­Թուր­քիոյ կա­նանց դէմ գոր­ծո­ւած բռնու­թիւն­նե­րուն ու ը­սաւ, թէ բո­լոր այս կէ­տե­րը նկա­տի առ­նե­լով՝ «ո՛չ» պէ­տք է ը­սել Ապ­րիլ 16ի հան­րա­քո­ւէին։