Սուրիոյ խորհրդարանը 13 Փետրուարին միաձայնութեամբ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւը: Հալէպի «Գանձասար»ը աւելի կանուխ տեղեկացուցած էր, որ խորհրդարանի նիստի օրակարգը պիտի ներառէ Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբին կողմէ ներկայացուած՝ 20րդ դարու Օսմանեան կայսրութեան թուրք իշխանաւորներուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Սուրիոյ ժողովուրդի այլ ներկայացուցիչներու ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը հաստատող բանաձեւը։
Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Նորա Արիսեան նշած է, որ աւելի քան 30 երկիրներու խորհրդարանները ճանչցան են Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ Սուրիոյ խորհրդարանը յատուկ նիստով յարգանքի տուրք մատուցած է 20րդ դարու մեծագոյն ոճիրի զոհերու յիշատակին: Սուրիոյ խորհրդարանի քարտուղար Ռամի Սալեհ նշած էր, որ թէեւ Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, սակայն անհրաժեշտ էր ունենալ նման բանաձեւ: Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Մոհամմէտ Հաճ Իպրահիմ կարեւորած է Սուրիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը՝ նշելով, որ անիկա իրագործողներու ժառանգները այսօր ալ նոյն ոճիրը կ՚իրագործեն Սուրիոյ ժողովուրդին վրայ՝ ահաբեկիչներու ձեռամբ: «Ճանաչումը կարեւոր է, քանի որ արաբական երկիրներէն միայն Լիբանանը մինչեւ այսօր ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը», ըսած է ան: Խորհրդարանի արաբական եւ արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Պութրոս Մրճենէ շեշտած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է, որուն յաջորդած է նաեւ Սուրիոյ հիւսիսային սահմաններուն ասորիներու եւ սիրիանիներու սպանդը։ «Ժամանակն է ճանչնալու եւ դատապարտելու այս անմարդկային արարքներն ու կանխելու անոնց կրկնութիւնը, յատկապէս երբ մեծ թիւով երկիրներ արդէն ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը», յայտնած է Մրճենէ։
Սուրիոյ խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը
Սուրիոյ խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը