­­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեան (1882-1968)

­­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեան (1882-1968). ­Հայ քա­ղա­քա­կան մտքի դե­գե­րում­նե­րուն հա­մար­ձա­կա­խօս պատ­գա­մա­բե­րը Ն.

0
1311

Այս տա­րի կը լրա­նայ ծննդեան 135ա­մեա­կը հայ քա­ղա­քա­կան մտքի մե­ծա­վաս­տակ մշակ­նե­րէն ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեա­նի, որ ­Յու­նիս 14ի այս օ­րը, 49 տա­րի ա­ռաջ, 86 տա­րե­կան ծե­րու­նա­զարդ հա­սա­կին, ­Պոս­թը­նի մէջ վախ­ճա­նե­ցաւ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր գան­ձա­րա­նին կտա­կե­լով հայ մա­մու­լի կո­թո­ղա­կան փառ­քե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցող «­Հայ­րե­նիք Ամ­սա­գիր»ի ան­մա­հա­կան հարս­տու­թիւ­նը։
­Նոյ­նինքն ­Պոս­թը­նի «­Հայ­րե­նիք» օ­րա­թեր­թին ա­մէ­նէն եր­կա­րա­կեաց խմբագ­րա­պե­տը ե­ղաւ ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեան։ 1922էն 1968, մին­չեւ իր վեր­ջին շուն­չը, Ռ. ­Դար­բի­նեան տէր կանգ­նե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի Կ. ­Կո­մի­տէու­թեան «­Հայ­րե­նիք» հաս­տա­տու­թեան եւ իր բո­լոր ու­ժե­րը ան­սա­կարկ նո­ւի­րա­բե­րեց «­Հայ­րե­նիք»ի ճա­ռա­գայ­թու­մին։
Իր ան­խոնջ աշ­խա­տան­քով, հրա­պա­րա­կագ­րա­կան տա­ղան­դով ու գա­ղա­փա­րա­կան վա­րա­կիչ շուն­չով՝ ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեան ոչ միայն տա­րա­գիր հա­յու­թեան կեան­քին մէջ ստեղ­ծեց եւ կեն­սու­նակ պա­հեց հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ինք­նա­հաս­տատ­ման ու ինք­նադր­սե­ւոր­ման ճա­ռա­գայ­թող օ­ճախ մը, այ­լեւ` մօ­տա­ւո­րա­պէս կէս դար յա­ռա­ջա­պահ դրօ­շա­կիր­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցա­կան Մտ­քին ու Ա­ռաջ­նոր­դող ­Խօս­քին։
Ք­սա­նե­րորդ դա­րու 20ա­կան­նե­րու սկիզ­բէն մին­չեւ 60ա­կան­նե­րու ա­ւար­տը, խորհր­դա­յին կար­գե­րու տակ տո­ւայ­տող ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան կողմ­նո­րոշ­ման հիմ­նա­կան բո­լոր հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ, ինչ­պէս նաեւ՝ պատ­մա­կան մեծ նշա­նա­կու­թեամբ վե­րի­վայ­րում­նե­րու գլխա­ւոր բո­լոր փու­լե­րու ըն­թաց­քին, ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեան իր գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ եւ վճռո­րոշ դեր խաղ­ցաւ ­Հայ­կա­կան Ա­րե­ւե­լու­մի հու­նա­ւոր­ման մէջ։
­Խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան դէմ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մղած գա­ղա­փա­րա­կան ան­հաշտ պայ­քա­րը կա­րե­ւոր չա­փով սնա­նե­ցաւ Ռ. ­Դար­բի­նեա­նի մտքե­րով։ ­Նոյն­պէս եւ մարդ­կա­յին դէմ­քով ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա՛ն, նաեւ ա­զա­տա­խո­հա­կա՛ն ըն­կեր­վա­րու­թեան մշակ­ման մէջ՝ մեծ ե­ղաւ ա­նոր ներդ­րու­մը։ ­Բայց մա­նա­ւանդ բազ­մա­կար­ծու­թեան ու տե­սա­կէտ­նե­րու եւ գա­ղա­փար­նե­րու ան­կաշ­կանդ ար­ծարծ­ման նկատ­մամբ ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեա­նի ցու­ցա­բե­րած նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը եւ տա­ծած գուր­գու­րան­քը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ պա­տո­ւան­դան մը ա­պա­հո­վե­ցին հայ քա­ղա­քա­կան մտքի մեծ ե­րախ­տա­ւոր դաշ­նակ­ցա­կան տե­սա­բա­նին ու գա­ղա­փա­րի մար­տի­կին։
­Դաշ­նակ­ցու­թեան երկ­րորդ սե­րուն­դի կրտսեր ան­դամ­նե­րէն է ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Ար­տա­շէս ­Չի­լին­կա­րեան մկրտո­ւած, իսկ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան հնո­ցին մէջ ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեան վե­րա­նուա­նո­ւած գա­ղա­փա­րա­պաշտ այս հա­յոր­դին։ Ծ­նած էր Ա­խալ­քա­լաք, 4 ­Փետ­րո­ւար 1882ին: ­Հայ­կա­կան ­Ջա­ւախ­քի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան եւ հո­գեմ­տա­ւոր ար­ժէք­նե­րով ու ա­ւանդ­նե­րով սնած՝ ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեան պա­տա­նի տա­րի­քէն փա­րե­ցաւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան դա­տին։ ­Հա­զիւ 14 տա­րե­կան էր, երբ ­Ռու­բէն ­Տէր-­Մի­նա­սեա­նի եւ այլ ան­չա­փա­հաս սերն­դա­կից ա­խալ­քա­լաք­ցի­նե­րու հետ՝ ­Րաֆ­ֆիի «­Խենթ»էն ներշն­չո­ւած, յե­ղա­փո­խա­կան խումբ կազ­մե­ցին ու փոր­ձե­ցին Եր­կիր անց­նիլ ու միա­նալ ֆե­տա­յա­կան շարժ­ման։ ­Ռու­սա­կան ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ձեր­բա­կա­լեց զա­նոնք եւ ան­չա­փա­հա­սու­թեան պատ­ճա­ռով ա­զատ ար­ձա­կեց, բայց կար­նե­ցիի իր ար­մատ­նե­րուն կառ­չած ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեան ար­դէն ընտ­րած էր իր գա­ղա­փա­րա­կան ու­ղին։
­Հիմ­նա­կան իր կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ­Թիֆ­լի­սի մէջ։ ­Բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­ցաւ ­Գեր­մա­նիա՝ ­Հայ­տել­պըր­կի եւ ­Միւ­նի­խի հա­մալ­սա­րան­նե­րէն ներս։ Ի­րա­ւա­բան վկա­յո­ւե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա­յի հա­մալ­սա­րա­նէն։ Ան­մի­ջա­պէս վե­րա­դար­ձաւ ­Թիֆ­լիս եւ ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի ու դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծու­նէու­թեան՝ ա­տե­նի հայ մա­մու­լի է­ջե­րէն հան­դէս գա­լով ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեան ստո­րագ­րու­թեամբ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան եւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան յօ­դո­ւած­նե­րով։
1908-1909ին, երբ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը սկսաւ իր մեծ հա­լա­ծան­քը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ եւ, իբ­րեւ դաշ­նակ­ցա­կան յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու, բան­տե­րը նե­տեց ա­տե­նի ա­րե­ւե­լա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան սե­րուց­քը՝ հա­րիւր­նե­րով, ­Ռոս­տո­մի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ՝ ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեան ան­ցաւ ­Պո­լիս, ուր միա­ցաւ նո­րաս­տեղծ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­զա­տա­մարտ»ի խմբագ­րու­թեան։ ­Ռու­բէն ­Զար­դա­րեա­նի, ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի եւ «Ա­զա­տա­մարտ»ի սե­րուն­դը կռա­նած մտա­ւո­րա­կան մեր միւս մե­ծե­րու կող­քին, ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեան նոր թափ տո­ւաւ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան իր ըն­դու­նա­կու­թեանց։
1913ին մեկ­նե­ցաւ ­Գեր­մա­նիա, ուր տա­րի մը մնաց եւ կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցաւ ­Հայ-­Գեր­մա­նա­կան Ըն­կե­րու­թեան ստեղ­ծու­մին մէջ։ Իսկ 1914ին վե­րա­դար­ձաւ Անդր­կով­կաս, ուր նախ ­Թիֆ­լի­սի, ա­պա ­Պա­քո­ւի մէջ՝ մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Հայ Ազ­գա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րու կազ­մու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ ­Պա­քո­ւի ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի քար­տու­ղարն էր, երբ 1918ին ­Ռոս­տո­մի կող­քին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ հայ­կա­կան հե­րո­սա­կան դի­մադ­րու­թեան կազ­մա­կեր­պու­մին՝ ընդ­դէմ իթ­թի­հատ-մու­սա­ւա­թա­կան հա­կա­հայ միա­ցեալ գրոհ­նե­րուն։ ­Պա­քո­ւի ան­կու­մէն ետք ան­ցաւ Ե­րե­ւան։ ­Մաս կազ­մեց ­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րող հայ­կա­կան ի­րե­րա­յա­ջորդ պա­տո­ւի­րա­կու­թեանց։ Իսկ 1920ի աշ­նան մաս կազ­մեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վեր­ջին կա­ռա­վա­րու­թեան՝ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի վար­չա­պե­տու­թեամբ, ստանձ­նե­լով ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նը։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կոր­ծա­նու­մէն ետք, պոլ­շե­ւիկ­նե­րու նո­րա­կազմ ­Յեղ­կո­մը բանտ նե­տեց նաեւ ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեա­նին, որ ­Փետ­րո­ւար 18ի հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ապս­տամ­բու­թեան յաղ­թա­նա­կով ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ, մին­չեւ Ապ­րիլ մնաց Ե­րե­ւան եւ, այ­նու­հե­տեւ, իր կար­գին ­Զան­գե­զու­րի վրա­յով ան­ցաւ ­Պարս­կաս­տան, ուր­կէ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ, վերջ­նա­կա­նա­պէս հոն հաս­տա­տո­ւե­լու եւ նո­ւի­րո­ւե­լու հա­մար ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեան իր փայ­լուն աս­պա­րէ­զին՝ իբ­րեւ «­Հայ­րե­նիք»ի վաս­տա­կա­շատ խմբա­գի­րը։
1922ի Ապ­րի­լին, Հ.Յ.Դ. Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ո­րո­շու­մով՝ ­Դար­բի­նեա­նին յանձ­նո­ւե­ցաւ «­Հայ­րե­նիք»ի խմբագ­րու­թիւ­նը: Խմ­բա­գիր ­Դար­բի­նեա­նի ա­ռա­ջին նո­ւա­ճու­մը ե­ղաւ «­Հայ­րե­նիք Ամ­սա­գիր»ի լոյս ըն­ծա­յու­մը՝ 1922ի ­Նո­յեմ­բե­րին: Ամ­սա­գի­րը ան­մի­ջա­պէս մեծ յա­ջո­ղու­թիւն գտաւ եւ իր բո­վան­դա­կու­թեամբ դար­ձաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ու գրա­կա­նու­թեան, մշա­կոյ­թին ու ա­րո­ւեստ­նե­րուն վե­րա­նո­րոգ­ման՝ ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ մշակ­ման անս­պառ աղ­բիւ­րը:
1933ին, ­Դար­բի­նեա­նի մղու­մով, Հ.Յ.Դ. ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վը ո­րո­շում տո­ւաւ նաեւ անգ­լե­րէն հրա­տա­րա­կու­թիւն մը ու­նե­նա­լու հա­մար: 1934ի ­Մար­տէն սկսեալ լոյս տես­նող «Hairenik Weekly»ն (ներ­կա­յիս՝ «Armenian Weekly») ե­ղաւ Ռ. ­Դար­բի­նեան խմբագ­րին երկ­րորդ կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը: Իսկ ա­ւե­լի ուշ, անգ­լե­րէն քա­րոզ­չու­թեան, վեր­լուծ­ման եւ մտա­ւո­րա­կան զար­գաց­ման հա­մար անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը զգա­ցո­ւե­ցաւ անգ­լե­րէն այլ հրա­տա­րա­կու­թեան մը եւ Ռ.­Դար­բի­նեա­նի օ­րով սկսաւ հրա­տա­րա­կո­ւիլ «Armenian Review» հան­դէ­սը, 1948 ­Յու­նո­ւա­րէն սկսեալ:
­Յատ­կա­պէս «­Հայ­րե­նիք Ամ­սա­գիր»ը հան­դի­սա­ցաւ կո­թո­ղա­կան նո­ւա­ճում մը, ո­րով­հե­տեւ ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեան կրցաւ ի մի բե­րել տա­րագ­րու­թեան մէջ ապ­րող հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ամ­բողջ փա­ղան­գը՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ըն­ձե­ռե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­նուն զա­ւակ­նե­րուն, որ­պէս­զի ստեղ­ծա­գոր­ծեն, միտք զար­գաց­նեն, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ճա­շակ մշա­կեն, հայ քա­ղա­քա­կան մտքի եւ հայ մշա­կոյ­թի պատ­մու­թիւ­նը նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցեն, ի­րենց յու­շե­րը գրեն եւ աշ­խար­հաս­փիւռ հայ կեան­քին վրայ ամ­սա­կան կա­նո­նա­ւո­րու­թեամբ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան եւ քննա­կան լու­սար­ձակ բա­նան։
­Կոս­տան ­Զա­րեան եւ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան, ­Մի­քա­յէլ ­Վա­րան­դեան եւ Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեան, ­Ռու­բէն ­Տէր-­Մի­նա­սեան եւ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան, Ա­լեք­սանդր ­Խա­տի­սեան եւ ­Վազ­գէն ­Շու­շա­նեան, ­Յա­կոբ Օ­շա­կան եւ ­Հա­մաս­տեղ, Յ.Ճ.­Սի­րու­նի եւ Ար­տա­շէս Ա­բե­ղեան կը բա­նան, բայց չեն սպա­ռեր եր­կար շար­քը այն ա­նո­ւա­նի հե­ղի­նակ­նե­րուն, ո­րոնք «­Հայ­րե­նիք Ամ­սա­գիր»ը վե­րա­ծե­ցին հա­յա­պահ­պան­ման եւ հա­յա­կերտ­ման իս­կա­կան դպրո­ցի մը մեր սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։
Իսկ ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեան անձ­նա­պէս հան­դի­սա­ցաւ այն մայր օ­ղա­կը, որ ի­րա­րու ան­քակ­տե­լիօ­րէն կա­պո­ւած ար­ժէք­նե­րու մար­գար­տա­շար շղթա­յի մը վե­րա­ծեց իր ժա­մա­նա­կի հայ մտքի հսկա­նե­րը, հաս­տա­տո­ւած հե­ղի­նա­կու­թիւն ըլ­լա­յին ա­նոնք, թէ նո­րա­յայտ խոստմ­նա­լից ու­ժեր։
1959ին, ­Տիթ­րոյ­թի մէջ նշո­ւե­ցաւ ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեա­նի հան­րա­յին գոր­ծու­նէու­թեան յիս­նա­մեա­կը: ­Յի­սուն տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յու­թիւն, ո­րուն մեծ մա­սը ի գործ դրո­ւե­ցաւ «­Հայ­րե­նիք»ին եւ ա­նոր ընդ­մէ­ջէն՝ հայ մա­մու­լի ծաղկ­ման:
­Դար­բի­նեան ե­ղաւ եւ մնաց շո­ղա­ցող աստղ մը հայ լրագ­րու­թեան երկ­նա­կա­մա­րին:
1963ին, Ռ. ­Դար­բի­նեան սրտի տագ­նապ ու­նե­ցաւ եւ տկա­րա­ցաւ, սա­կայն շա­րու­նա­կեց աշ­խա­տակ­ցիլ օ­րա­թեր­թին եւ վա­րել ամ­սա­թեր­թի խմբագ­րու­թիւ­նը:
­Բայց եր­կար չդի­մա­ցաւ եւ 14 ­Յու­նիս 1968ին տե­րե­ւա­թա­փը հայ կեան­քէն առ­յա­ւէտ տա­րաւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի այս ե­րախ­տա­շատ մշա­կը։
­Հայ քա­ղա­քա­կան մտքի դե­գե­րում­նե­րուն յա­ռա­ջա­պահ գա­ղա­փա­րի մար­տի­կին մա­հո­ւան 49րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեա­նի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան եւ գա­ղա­փա­րա­կան կտա­կին մա­սին ան­մի­ջա­կան պատ­կե­րա­ցում մը փո­խան­ցե­լու հա­մար, կ’ար­ժէ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նել ­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նիի «­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ա­նե­լիք չու­նի» գոր­ծին առ ի պա­տաս­խան ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեա­նի հա­տու մատ­նան­շում­նե­րէն հե­տե­ւեալ խորհր­դա­ծու­թիւ­նը.
«Ան­կա­խու­թիւ­նը,- ինչ­պէս եւ ա­զա­տու­թիւ­նը,- ա­յո՛, ան­սահ­ման ու բա­ցար­ձա­կա­պէս ան­պայ­ման գա­ղա­փար չէ եւ կրնայ ու­նե­նալ նաեւ իր ոչ-ամ­բող­ջա­կան ձե­ւե­րը: ­Բայց յա­մե­նայն դէպս ան ու­նի շատ ո­րոշ եւ շատ հիմ­նա­կան յատ­կա­նիշ­ներ, ա­ռանց ո­րոնց ան­կա­խու­թիւ­նը կը դա­դա­րի ան­կա­խու­թիւն լի­նե­լէ եւ կը դառ­նայ ի­րեն հա­կա­ռակ բան մը, ինչ­պէս եւ ա­զա­տու­թեան գա­ղա­փա­րը:
«Ան­կա­խու­թեան հա­մար, ո՛ր աս­տի­ճա­նի եւ ձե­ւի ալ լի­նի ան, էա­կան է օ­տար ոյ­ժի մը ան­մի­ջա­կան բռնա­կա­լու­թե­նէն զերծ լի­նե­լու պայ­մա­նը՝ գէթ կա­ռա­վա­րե­լու մէջ: Երբ ժո­ղո­վուրդ մը իր բախ­տը տնօ­րի­նե­լու գոր­ծին մէջ ոչ մէկ ի­րա­կան ձայն ու­նի եւ ամ­բող­ջո­վին են­թա­կայ է օ­տար կեդ­րո­նի մը կամ­քին ու քմա­հա­ճոյ­քին, նոյ­նիսկ իր ա­մե­նա­կեն­սա­կան ներ­քին պա­հանջ­նե­րու ար­տա­յայտ­ման եւ գո­հաց­ման մէջ, ի՞նչ խօսք կրնայ լի­նել ան­կա­խու­թեան մա­սին:
«­Ժո­ղո­վուրդ մը կրնայ ներք­նա­պէս ա­զատ չլի­նել, բայց եւ այն­պէս լի­նել ան­կախ, ինչ­պէս են բռնա­պե­տական եւ սա­կա­ւա­պե­տա­կան եր­կիր­նե­րը, ինչ­պէս է, օ­րի­նակ, հէնց նոյն ­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սիան:
«­Բայց ժո­ղո­վուրդ մը կրնայ գրե­թէ բո­լո­րո­վին ա­զատ լի­նել ներք­նա­պէս, բայց ան­կախ չլի­նել, ինչ­պէս է այ­սօր, օ­րի­նակ, Իր­լան­տան:
«­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նը, սա­կայն, ա­սոնց­մէ եւ ոչ մէ­կը կը ներ­կա­յաց­նէ, ոչ իսկ հե­ռա­ւոր չա­փով կամ աս­տի­ճա­նով:
«Եւ ի­րա՛ւ. Ե­րե­ւա­նի մէջ նստած հա­յա­նուն իշ­խա­նու­թիւ­նը չի բղխիր ո՛չ հայ ժո­ղովր­դի, ոչ ալ ա­նոր ոե­ւէ շօ­շա­փե­լի մա­սի կամ­քէն եւ չի յե­նո­ւիր հայ­կա­կան ո­րե­ւէ ոյ­ժի վրայ՝ նոյ­նիսկ իր գո­յու­թիւ­նը կա­րե­նալ պահ­պա­նե­լու հա­մար: ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան աղ­բիւ­րը ­Մոս­կո­ւա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւնն ու ա­նոր բա­նակն են բա­ցար­ձա­կա­պէս»: