Ըն­թաց­քի մէջ է Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Պա­տա­նե­կան ­­Միու­թեան 37րդ ­բա­նա­կու­մը, որ տե­ղի կ­‘ու­նե­նայ 23 Օ­գոս­տո­սէն մին­չեւ 2 ­­Սեպ­տեմ­բեր, ­­Քա­բանտ­րի­թիի բա­նա­կա­վայ­րէն ներս։
79 խան­դա­վառ պա­տա­նի­ներ կը մաս­նակ­ցին այս տա­րո­ւան բա­նա­կու­մին։ Ա­նոնց քով՝ սի­րով եւ պար­տա­ճա­նա­չու­թեամբ կը գտնո­ւին՝ 14 վա­րիչ­ներ եւ օգ­նա­կան ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­ներ։
Օ­րը կը սկսի հայ­կա­կան ե­ռա­գոյն, յու­նա­կան ազ­գա­յին եւ ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան դրօ­շակ­նե­րու ա­րա­րո­ղու­թեամբ եւ քայ­լերգ­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ։
Օ­րո­ւան հեր­թա­պա­հը կը բա­ցատ­րէ օ­րո­ւան յայ­տա­գի­րը, ա­պա՝ պա­տա­նի­նե­րը խում­բեր կազ­մած կար­գա­պա­հու­թեամբ կը հե­տե­ւին՝ հայ­կա­կան եւ ազ­գա­յին նիւ­թե­րով ի­րենց խմբա­յին աշ­խա­տանք­նե­րուն։
­­Դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր կը գոր­ծադ­րո­ւի տա­րի­քա­յին խում­բե­րու բա­ժա­նու­մով։ ­­Նիւ­թե­րը կ­’ընդգր­կեն ­­Հայ ­­Դա­տի, ­­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի, Ս­փիւռ­քի հար­ցեր։ ­­Կա­րե­ւոր է շեշ­տել, թէ մեծ ճիգ կը տա­րո­ւի հա­յա­խօ­սու­թեան ա­ռու­մով։
­­Կազ­մո­ւած են յանձ­նա­խում­բեր՝ ե­լեկտ­րո­նա­յին թեր­թի­կի, ձեռ­նար­կի պատ­րաս­տու­թեան, պա­րա­խում­բի, ռա­տիո­ժա­մի, ըն­կե­րա­յին կեան­քե­րու, ձե­ռա­յին աշ­խա­տան­քի եւ եր­գի։ ­­Պա­տա­նի­նե­րը կը հե­տե­ւին այս յանձ­նա­խում­բե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն։
Օ­րո­ւան յայ­տա­գի­րը կ­’ամ­բող­ջա­նայ ե­րե­կո­յեան մար­զան­քով եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քով, ո­րու ըն­թաց­քին տե­ղի կ’ու­նե­նան խմբա­յին խա­ղեր, հայ­կա­կան եր­գեր ու պա­րեր եւ զա­ւեշ­տա­կան ներ­կա­յա­ցում­ներ։
Վս­տա­հու­թեամբ կրնանք ը­սել, թէ ­­Պա­տա­նե­կան ­­Միու­թեան 10օ­րեայ բա­նա­կում­նե­րը ան­մո­ռա­նա­լի կը մնան մեր պա­տա­նի­նե­րու սրտե­րուն մէջ ի­րենց կեան­քին ըն­թաց­քին, ինչ­պէս որ ա­նոնք կը խոս­տո­վա­նին։
Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Պա­տա­նե­կան ­­Միու­թեան բա­նա­կու­մը իր ա­ւար­տին պի­տի հաս­նի հան­դի­սու­թեամբ, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 30 Օ­գոս­տո­սին։ ­­Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին մեր պա­տա­նի­ներ պի­տի փոր­ձեն ի­րենց կա­տա­րում­նե­րով, ներ­կա­յաց­նել ծնող­նե­րուն եւ բո­լոր ներ­կայ հայ­րե­նակ­ցի­նե­րուն ի­րենց ա­ռօ­րեան, ինչ­պէս նաեւ ի­րենց ըն­ձե­ռած գի­տե­լիք­նե­րը բա­նա­կու­մի 10 օ­րո­ւան ըն­թաց­քին։
­­Բո­լորս հան­դի­սու­թեան ներ­կայ ըլ­լա­լով ու տես­նե­լով խան­դա­վառ մթնո­լոր­տը եւ հայ­կա­կան ո­գին, որ կը տի­րէ՝ ա­ռի­թը պի­տի տանք, որ Հ.Յ.Դ. ­­Պա­տա­նե­կան ­­Միու­թեան բա­նա­կու­մը իր յա­ջող ըն­թաց­քը ու­նե­նայ յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն եւս։
­­Բա­նա­կա­վայ­րը իր դռնե­րը պի­տի բա­նայ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6ին։
­­Տես­նենք, թէ ի՞նչ պատ­րաս­տած են մե­զի հա­մար պա­տա­նի­նե­րը։