Շա­բաթ՝ 12 եւ ­Կի­րա­կի՝ 13 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց ­Թե­մի ազ­գա­յին ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վը, նա­խա­գա­հու­թեամբ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նի։ ­Ժո­ղո­վին կը մաս­նակ­ցէին Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը, ­Յու­նաս­տա­նի բո­լոր շրջան­նե­րէն ժա­մա­նած պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը, Ու­սում­նա­կան, Տն­տե­սա­կան եւ ­Կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րու կազ­մե­րը, Ա­թէն­քի, հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Քա­լա­մա­թա­յի շրջան­նե­րու թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ները, Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան եւ «Ա­զատ Օր»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։
Սր­բա­զան հօր ա­ղօթ­քէն եւ ժո­ղո­վին ներ­կա­նե­րու ստու­գու­մէն ետք, ժո­ղո­վը ընտ­րեց իր մնա­յուն դի­ւա­նը՝ ա­տե­նա­պե­տու­թեամբ Ա­րա ­Ման­կո­յեա­նի եւ Ս­տե­փան ­Շեմ­մա­սի, քար­տու­ղա­րու­թեամբ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի եւ ­Հէ­կի Ա­ղա­պա­պեա­նի։
­Ժո­ղո­վի սկիզ­բին, Սր­բա­զան հայ­րը կար­դաց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի նա­մա­կը ուղ­ղո­ւած ժո­ղո­վին, ո­րուն մէջ ­Վե­հա­փա­ռը իր մաղ­թանք­նե­րը կը փո­խան­ցէր ժո­ղո­վի յա­ջո­ղու­թեան հա­մար, ա­պա յա­տուկ թե­լադ­րանք­ներ կը կա­տա­րէր ա­նոր օ­րա­կար­գե­րուն մա­սին, ի մաս­նա­ւո­րի ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վէն բխած թե­մե­րու վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին, իր վար­չա­կան, ժո­ղո­վա­կան, կրթա­կան եւ հո­գե­ւոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ։
­Յա­ջոր­դա­բար, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր խօս­քը ուղ­ղեց ժո­ղո­վին։ Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս յայտ­նեց, որ ժո­ղո­վը կը սկսի ­Թե­մի ա­պա­գա­յին հա­մար մեծ ակն­կա­լու­թեամբ։ Սր­բա­զա­նը շեշ­տեց, որ յու­նա­հա­յոց թե­մը ան­քակ­տե­լի օ­ղա­կը կը կազ­մէ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան թե­մե­րու ընդ­հա­նուր կա­ռոյ­ցին։
Ան թե­լադ­րեց, որ քննար­կում­նե­րը ըլ­լան շի­նիչ եւ ար­դիւ­նա­ւէտ։ ­Ժո­ղո­վէն բխած բա­նա­ձե­ւե­րը եւ ա­ռա­ջարկ­նե­րը պէտք է ու­ղե­ցոյց ըլ­լան յա­ջորդ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։ Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վը եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը ի­րենց ծրա­գիր­նե­րու ծա­ւա­լով, միաս­նա­բար գոր­ծե­լու եւ աշ­խա­տանք­նե­րը յա­ռաջ տա­նե­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան տակ կը գտնո­ւին։ Սր­բա­զան հայ­րը շեշ­տեց Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փա­ռի թե­լադ­րանք­նե­րը թե­մի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման օ­րա­կար­գը ժո­ղո­վի լայն եւ հա­մա­պար­փակ քննու­թեան տակ դնե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։
­Ժո­ղո­վը ան­ցաւ Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի եր­կա­մեայ տե­ղե­կա­գի­րի ըն­թերց­ման, որ­մէ ետք պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը կա­տա­րե­ցին հար­ցում­ներ եւ քննար­կում­ներ։ Սր­բա­զան հօր եւ կրօ­նա­կան դա­սուն կող­մէն տրո­ւե­ցան յա­ւե­լեալ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ։ Այ­նու­հե­տեւ, ըն­թեր­ցո­ւե­ցաւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան տե­ղե­կա­գի­րը, իր բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ներ­կա­յա­ցու­մով, որ կ­՚ընդգր­կէր նաեւ Ու­սում­նա­կան, Տն­տե­սա­կան եւ ­Կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րու կա­տա­րած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։
­Ժո­ղո­վի երկ­րորդ օ­րո­ւան սկիզ­բին, Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը տո­ւաւ լայն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ այն բո­լոր հար­ցում­նե­րուն վրայ, ո­րոնք բխե­ցան ներ­կա­յա­ցո­ւած տե­ղե­կագ­րէն՝ անց­նող եր­կա­մեա­կի գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ։ Օ­րա­կար­գե­րու այդ բաժ­նի ա­ւար­տին, ժո­ղո­վա­կան­նե­րը կա­տա­րե­ցին ըստ էու­թեան քննար­կում եւ ար­ժե­ւո­րե­ցին ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց եր­կա­մեայ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս, մատ­նան­շե­լով ի­րա­գոր­ծո­ւած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը եւ կարգ մը բաց­թո­ղում­նե­րը, ո­րոնց հա­մար ե­ղան կա­րե­ւոր մատ­նան­շում­ներ եւ հա­մա­պա­տաս­խան վեր­լու­ծում­ներ։
Ա­ռա­ջարկ­նե­րու օ­րա­կար­գին անց­նե­լով, ժո­ղո­վա­կան­նե­րը հան­գա­մա­նօ­րէն քննե­ցին գոր­ծու­նէու­թեան զա­նա­զան բա­ժին­նե­րու վեր­լու­ծում­նե­րը, ո­րոնք կ­՚ընդգր­կէին հո­գե­ւոր կեան­քի ա­ռա­ւել ծաղ­կա­ցու­մը, կրթա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս նոր ձե­ւե­րու որ­դեգ­րու­մը, ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման ծրա­գիր­ներ, հայ նոր սե­րուն­դը ներգ­րա­ւե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, ծխա­կան շրջան­նե­րուն մէջ հա­յու­թեան ներգ­րաւ­ման մի­ջոց­նե­րու կի­րառում, կազ­մա­կերպ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րու ծա­ւա­լում, խոր­հուրդ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան կա­նո­նա­ւո­րում, տնտե­սա­կան բա­րե­լաւ­ման գործ­նա­կան ձե­ւեր եւ ընդ­հա­նուր գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջարկ­ներ։
­Ժո­ղո­վը նշեց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սի 25ա­մեայ գա­հա­կա­լու­թեան յո­բե­լեա­նը հան­գա­մա­նօ­րէն կազ­մա­կեր­պե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ ­Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը հաս­տա­տե­ցին, թէ տո­ւեալ նշու­մը պէտք է ու­նե­նայ գա­ղու­թա­յին տա­րո­ղու­թիւն եւ ար­ձա­գանգ։ Ե­ղան զա­նա­զան շի­նիչ ա­ռա­ջարկ­ներ որ­պէս ու­ղե­ցոյց՝ տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց պատ­շաճ կազ­մա­կերպ­ման հա­մար։
­Յա­տուկ օ­րա­կարգ դար­ձաւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին կող­մէ յա­ռաջ ե­կած թե­մե­րու վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման հար­ցը։
Սր­բա­զան հայ­րը լայն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տո­ւաւ Ընդհ. ժո­ղո­վին կող­մէ հաս­տա­տո­ւած հիմ­նա­կան բա­ժին­նե­րուն եւ ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք որ­պէս ու­ղե­ցոյց պի­տի ծա­ռա­յեն վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան հա­մար։ Քն­նո­ւե­ցաւ մար­դու­ժի պատ­րաս­տու­թեան եւ կազ­մա­կերպ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի ներգ­րա­ւու­մը ազ­գա­յին եւ վար­չա­կան ո­լոր­տէն ներս, հա­մայն­քի կա­ռոյց­նե­րու կա­պը ժո­ղո­վուր­դին հետ, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր ներգ­րա­ւո­ւա­ծու­թիւ­նը կազ­մա­կերպ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան հո­վա­նիին տակ։
­Ժո­ղո­վը կա­տա­րեց կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ընտ­րու­թիւն, ո­րուն մաս կը կազ­մեն Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեան, ­Յով­հան­նէս վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան, Հ­րայր Ա. քհնյ. ­Նի­կո­լեան, ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան եւ ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան։
­Յա­ջոր­դա­բար, տե­ղի ու­նե­ցաւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ընտ­րու­թիւն։ Ընտ­րո­ւե­ցան՝
­Զա­պէլ Այ­վա­զեան, ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, ­Նա­զար Ա­ւա­գեան, Ս­տե­փան ­Փա­փա­զեան, ­Վե­րա Պ­լէ­ճեան, ­Սեր­գօ ­Յա­րու­թիւ­նեան, Ա­րամ ­Պէ­քէ­րէ­ճեան, ­Գէորգ ­Պօ­ղո­սեան, Էտ­կար ­Գալս­տեան եւ ­Դա­նիէլ Ա­բի­կեան։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, իր փակ­ման խօս­քին մէջ բարձր գնա­հա­տեց ժո­ղո­վի աշ­խա­տանքնե­րը եւ ա­նոր ար­դիւնք­նե­րը, նշե­լով թէ ժո­ղո­վը ու­նե­ցաւ ար­դիւ­նա­բեր ըն­թացք մը, ուր քննո­ւե­ցան հա­մայն­քը յու­զող հար­ցեր։ Իր վստա­հու­թիւ­նը յայտ­նեց, թէ նո­րըն­տիր մար­մին­նե­րը հա­մա­գոր­ծակ­ցա­բար յա­ռաջ պի­տի տա­նին լայն գոր­ծու­նէու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց բո­լո­րին։
Սր­բա­զան հօր «­Պահ­պա­նիչ»ով եւ «­Կի­լի­կիա» եր­գի մաղ­թեր­գով վերջ գտաւ ­Թե­մա­կան ժո­ղո­վը։