Յուլիս 17ի այս օրը, երկու հարիւր տարի առաջ, Սեւ ծովու ափին, Խրիմի Թէոտոսիա հայաբնակ քաղաքին մէջ, ծնաւ Յովհաննէս անունով հրաշք մանուկ մը, որ կոչուած էր դառնալու Հայկեան Հանճարին աշխարհահռչակ ճառագայթումներէն մէկը՝ իր Այվազովսքի ազգանունով խորհրդանշելով ծովանկարչական արուեստի վարարումը։
Ծանօթ Իվան Այվազովսքի, Յովհաննէս Յայվազեան կամ Օհաննէս Այվազեան անուններով՝ Այվազովսքի ամբողջ յուզաշխարհ մը յաւերժացուց Ծովու խորախորհուրդ պատկերներով՝ ծովային բազմերանգ գոյներով եւ լոյսի ու ստուերի անվերջ խաղերով, ծովու ալիքներուն կատաղութեամբ եւ փոթորկումներուն ցասումով, ծովու անխռով հանդարտութեամբ եւ տիեզերական անխռով իմաստութեամբ։
Արուեստագէտի բոլորանուէր կեանք մը վիճակուեցաւ Հայկեան այս բացառիկ ծնունդին։ Հին յունական գաղթավայր եւ այժմու ուքրայնական աշխոյժ նաւահան-գիստ Թէոտոսիան մեծցաւ եւ աշխարհով մէկ հռչակուեցաւ Այվազովսքիով, որուն անունով 1880ին բացուած պատկերասրահը մինչեւ այսօր դէպի Թէոտոսիա կþուղղէ քայլերը բոլոր անոնց, որոնք Ծովու խորհուրդով հաղորդուելու բուռն սէրն ու անյագ ծարաւն ունին։ Աշխարհի բոլոր մեծ թանգարաններուն եւ պատկերասրահներուն մէջ մնայուն ցուցադրութեան իր ուրոյն անկիւնը ունենալու փառքին արժանացած հայ մեծ ծովանկարիչին գործերը, կարեւոր մասով, ցուցադրուած են իր ծննդավայրի իր անունը կրող այդ պատկերասրահին մէջ եւ այցելուները, որքան աւելի մօտէն շփուին անոր գլուխ-գործոցներուն հետ, այնքան իրենց մէջ կþարմատաւորուի անխառն համարումն ու սքանչացումը Այվազովսքիի ծովանկարչական անկրկնելի մեծութեան նկատմամբ։
Այվազովսքի զաւակն է Գէորգ Այվազեանի, որ եղած է Մոլտաւիա հասած, բայց ի վերջոյ Խրիմ վերադարձած ու Թէոտոսիա հաստատուած հայ առեւտրական մը։ Յովհաննէս Նախնական իր ուսումը ստացած է տեղւոյն հայոց ծխական վարժարանին մէջ՝ մանուկ տարիքէն ցուցաբերելով նկարչական յատուկ սէր եւ շնորհալի ընդունակութիւն։ 1830-1833 յաճախած է Սիմֆերոպոլի ռուսական երկրորդական վարժարանը, իսկ այնուհետեւ՝ 1833-1837, Ս. Փեթերսպուրկի Գեղարուեստի Ակադեմիային մէջ, բարձրագոյն ուսման հետեւած է ռուս հռչակաւոր բնանկարիչ Մ.Ն. Վորոբիովի դասարանին մէջ։
1837ին, իր «Անդորր» անուն նկարին համար, Այվազովսքի արժանացաւ իր կեանքի առաջին պարգեւին՝ Ակադեմիայի բարձրագոյն մրցանակին ոսկէ շքանշանի եւ երկու տարուան համար Խրիմի մէջ նկարչութեամբ պարապելու ուղեգիրի։
Այդպէ՛ս սկսաւ Այվազովսքիի գեղարուեստական վերելքը, որ շարունակական մագլցում մը եղաւ ծովանկարչութեան գագաթն ի վեր։
1840ին, առ ի գնահատանք Այվազովսքիի խրիմեան ստեղծագործական շրջանի իրագործումներուն, Փեթերսպուրկի Ակադեմիան զինք ուղարկեց արտասահման՝ ինքնակատարելագործման հնարաւորութիւններ ընձեռելով երեսնամեայ արուես-տագէտին։ Այվազովսքի եղաւ Իտալիա՝ նաեւ Ս. Ղազար, Սպանիա, Ֆրանսա, Անգլիա եւ Հոլանտա, ամէնուր մօտէն ծանօթանալով ժամանակի եւրոպական մեծ նկարիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս խորանալով նկարչական արուեստի գլուխ-գործոցներու իւրովի ուսումնասիրման մէջ։ Այս շրջանին է, որ Այվազովսքի մասնակցեցաւ, յատկապէս Փարիզի եւ Ամսթերտամի մէջ, նկարչական հեղինակաւոր ցուցահանդէսներու՝ միջազգային մրցանակներու տիրանալով եւ ակադեմական կոչումներու արժանանալով, որոնց մինչեւ մահ արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ, շարունակ վերագնահատման ու նորովի մեծարման փառք կուտակելով իր անունին շուրջ։
1844ին Այվազովսքի վերադարձաւ Ռուսաստան, ստացաւ Ռուսական Գեղարուեստական Ակադեմիայի ակադեմիկոսի կոչում (1887էն՝ պատուաւոր անդամ) եւ նշանակուեցաւ Ծովային Ընդհանուր Շտապի գեղանկարիչ։ 1845ին Այվազովսքի վերջնական բնակութիւն հաստատեց իր ծննդավայրին՝ Թէոտոսիայի մէջ, ուր ոչ միայն շարունակեց իր ստեղծագործական բեղուն աշխատանքը, այլեւ՝ աշխուժօրէն լծուեցաւ ազայինքաղաքական եւ հասարակական աշխոյժ գործունէութեան։
Ձարական Ծովուժի գեղանկարիչի իր հանգամանքով, Այվազովսքի անձամբ մասնակցեցաւ ռուսական զօրքերու մղած պատերազմներուն թուրքերու դէմ եւ մեծ է թիւը այն նկարներուն, որոնք նուիրուած են ռուսեւթուրք ծովային ընդհարումներուն։ Այդ շարքէն յիշատակելի են մանաւանդ 1853-1856ի Խրիմի պատերազմին նուիրուած Այվազովսքիի նկարները, որոնք 1854ին, Սեւաստոպոլի պաշարման օրերուն, առանձին ցուցահանդէսով ներկայացուեցան՝ ուժ եւ կորով ներշնչելով թուրքերու դէմ հերոսաբար պատերազմող զօրքին եւ ժողովուրդին։
1850ականներուն եւ 1860ականներուն, Այվազովսքի շարունակ ճանապարհորդութեան մէջ եղաւ՝ գեղարուեստական իր աշխատանքով։ Եղաւ Ամերիկաներ, Ափրիկէ ու ծայրագոյն Արեւելք, ամէնուր ցուցահանդէսներ տուաւ եւ մրցանակներու տիրացաւ։ Այդ ճամբով է, նաեւ, որ Այվազովսքիի հռչակը եւ գործերը սեփականութիւնը դարձան ամբողջ աշխարհին։
Ընդգծելի է, որ հայ իրականութեան հետ մնայուն եւ յարաճուն կապով յատկանշուեցաւ ու իմաստաւորուեցաւ Այվազովսքիի կեանքը։ 1868ին ան ուղեւորուեցաւ Կովկաս, եղաւ Թիֆլիս ու Պաքու, 1869ին իր գործերուն ցուցահանդէսը տուաւ Թիֆլիսի մէջ եւ, այդպէսով, հիմը դրաւ հայ նկարիչներու անձնական ցուցահանդէսներու աւանդութեան։ Այվազովքսիի աշակերտեցին եւ անոր արուեստին շարունակողները եղան հայ մեծանուն նկարիչներ Վ. Մախոխեան, Մ. Ճիւանեան եւ Մ. մահտեսեան։
Աւելի քան 6000 նկար հաշուող մեծարժէք ժառանգութիւն մը Այվազովսքի կապեց իր անունին։ Գեղարուեստական տաղանդի այդ վարարման արգասիքն են հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին՝ յատկապէս հայկականութեան խորհրդանիշ Արարատին նուիրուած Այվազովսքիի գործերը, որոնց լաւագոյն նմոյշներէն ոմանք մնայուն ցուցադրութեան իրենց փառաւոր տեղը գտած են Երեւանի Ազգային Պատկերասրահին մէջ։ Միայն օրինակներ թուելու կարգով կþարժէ յիշատակել «Հայերի ջարդը Տրապիզոնում 1895 թուին», «Թուրքական նաւերը Մարմարա ծովն են թափում հայերին», «Արարատ լերան հովիտը», «Հայ մարտիկի երդումը», «Հայ ժողովրդի մկրտութիւնը», «Պայրոնի այցը Մխիթարեաններին Ս. Ղազար կղզում» եւ «Խրիմեան Հայրիկը Էջմիածնի շրջակայքում» գործերը, որոնք 19րդ դարու հայ ժողովուրդի կեանքին, ոգորումներուն եւ մաքառումներուն, տառապանքներուն եւ յոյսերուն, վեհութեան եւ անկումին խորագոյն պահերը որսացած եւ յաւերժութեան յանձնած են՝ գեղարուեստական բարձրարժէք նուաճումով։ Այվազովսքի նաեւ գործնապէս իր մասնակցութիւնը բերաւ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած ողբերգական հարուածներու դիմագրաւումին։ Մեծ եղաւ Այվազովսքիի ներդրումը մանաւանդ 1894-1896ի համիտեան կոտորածներու ժամանակ։ Ամբողջ նկարաշար մը ստեղծեց Այվազովսքի, միջազգային ցուցահանդէսներու արժանացուց այդ շարքը եւ ոչ միայն հայկական իրաւունքին ու արդարութեան ձայնը իւրովի ու բարձրագոռ հնչեցուց աշխարհով մէկ, այլեւ՝ այդ գործերու վաճառքէն գոյացած գումարներով օգնութեան ձեռք երկարեց Կովկաս ու Խրիմ ապաստանած հայ գաղթականնեգրուն։
1887ին եւ 1897ին մեծ շուքով տօնակատարուեցան Այվազովսքիի ստեղծագործական կեանքին 50ամեայ ու 60ամեայ յոբելեանները։ Իսկ 1900ի Ապրիլ 19ին, երբ ուղեղի արիւնախրումով վերջ գտաւ հանճարեղ Հայուն անցողիկ կեանքը, ողջ Թէոտոսիան՝ զինուորական մեծ շուքով կատարուած յուղարկաւորութեամբ մը, հայոց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, յաւիտենական փառքի պատուանդանին արժանացուց Յովհաննէս Այվազեանին։
Եւ այսօր, երբ աշխարհի տարբեր ազգերուն պատկանող մարդոց շարքին նաեւ հայոց աչքերը կը կեդրոնանան Այվազովսքիի նկարներուն վրայ, անպայման Ծովու խորհուրդին մէջ անոնք կը տեսնեն եւ կը հմայուին ալեկոծումներովն ու խաղաղութեամբը Հայու Հոգիին, որուն ինքնուրոյն թարգմանը հանդիսացաւ հայոց հպարտութիւնը ջրդեղող Այվազովսքին։
Ծովանկարչական արուեստի հանճարեղ հայ վարպետին նուիրուած յիշատակի այս էջը կþարժէ եզրափակել անոր կեանքէն վերցուած եւ անոր ուղին լաւագոյնս բնութագրող դրուագով մը, որ ոչ միայն պատմականը կþընէ Թուրքիոյ ձեռամբ հայ ժողովուրդի ապրած անմոռանալի ողբերգութեան նուիրուած Այվազովսկիի մեծարժէք կտաւին՝ «Հայ ժողովրդի ջարդը Տրապիզոնում» գործի ծննդոցին, այլեւ կը վկայէ Մեծ Հայուն ազգային խոր ապրումներուն մասին.
«Հայ մեծանուն նկարիչը պարգեւատրուել է նաեւ Թուրքական կառավարութեան կողմից: Մի առաւօտ Այվազովսքին արթնանում է ծանր զգացումով: Մի քանի անգամ սենեակում շրջելուց յետոյ վերցնում է թուրքական շքանշաններն ու մեդալները եւ իր հաւատարիմ շան հետ գնում է դէպի ծովափ: Թեոդոսիայի ողջ բնակչութիւնը հետեւում է այդ մեծ մարդուն: Հասնելով ափ՝ նկարիչը շքանշանները կախում է շան պարանոցից, նաւակ է նստում եւ բաւականին հեռանալով ափից՝ հանում է դրանք շան վրայից եւ նետում անյատակ ծովը: Ստիպում է շանը լողանալ ծովի մաքուր ջրում, որպէսզի հաւատարիմ կենդանին էլ մաքրուի դրանցից: Լուանալով իր ձեռքերը՝ Այվազովսկին վերադառնում է ափ, անցնում ապշահար ամբոխի մէջով, մտնում է իր արուեստանոցը եւ սկսում է նկարել:
«Յաջորդ առաւօտեան նրա արուեստանոցի պատից կախուած էր «Հայ ժողովրդի ջարդը Տրապիզոնում» անմահ կտաւը»…
Յովհաննէս Այվազովսքի (1817-1900)
Յովհաննէս Այվազովսքի (1817-1900). Ծովանկարչութեան հանճարեղ վարպետը Ն.