Էվա Պէրպէրեան
Ազնաւուրի հետ անցուցած քանի մը ժամերը ինծի համար դարձած են անմոռանալի յուշ, որուն մասին՝ հակառակ երկար տարիներ անցած ըլլալուն, երբեմն-երբեմն կը յիշեմ եւ կ՛անդրադառնամ հիմա , որ մարդ յաճախ չի գիտնար արժէքը այն պահուն, այն առիթին՝ որ կը ստեղծուի իրեն համար։
Ազնաւուրի մահուան առթած ցաւի ու կորուստի զգացումներուն մասին չէ, որ գրի առնուած են այս տողերը, այլ՝ կը վերաբերին Ազնաւուրի հետ, անոր ներկայութեան եւ անոր քով նստած ու հետը զրուցած անմոռանալու պահու մը վերապրումին։ Զրոյց մը՝ որուն մասին գրած եմ օրին, «Ազդակ»ի էջերէն։
****
1977, Պէյրութ, Լիբանան։
Ազնաւուր հրաւիրուած էր Պէյրութ եւ ելոյթ պիտի ունենար պատերազմի հանդարտ օրերուն զուգադիպող Յունիս ամսուն։
Ազնաւուրի ժամանումը եւ ելոյթը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած էին հայ թէ լիբանանցի հանրութեան մօտ։
Ազնաւուրի ժամանման լուրը իմանալէ անմիջապէս ետք, Լիբանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը սքանչելի մտածումը ունեցած էր զինք հրաւիրելու մեր կեդրոնական ակումբներէն «Ա. Երեւանեան» Ժողովրդային Տուն, եւ զինք հիւրասիրելու հայկական ճաշերով։ Ազնաւուր ընդունած էր հրաւէրը եւ ըսած էր, որ «իմ նուագախումբի եւ երգչախումբի անդամները հետս պիտի գան, կ՛ուզեն իրենք ալ հայկական ճաշեր ուտել»։
Շրջանային Վարչութեան քանի մը ներկայացուցիչներուն հետ կը հասնինք իր իջեւանած պանդոկը։
Այս շատ հաճելի եւ անմոռանալի օրուան առաջին պահուն, երբ կը հասնինք իր իջեւանած պանդոկը, կը տեսնենք Ազնաւուրը պանդոկի մուտքին կեցած։ Երբ կը մօտենանք իրեն, «պատրաստ եմ» կ՛ըսէ։ Գիտէ՝ որ եկած ենք զինք տանելու ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթին։
Ճամբու ընթացքին Ազնաւուր անընդհատ կը խօսի եւ հարցումներ կ՛ուղղէ։ «Գիտէ՞ք,- կ՛ըսէ ան,- ոչ մէկ տեղէ ես նման հրաւէր կ՛ընդունիմ։ Բայց երկու տարուան պատերազմէ մը ետք, կ՛ուզեմ ձեր մէջ ըլլալ, թերեւս ներկայութեամբս խանդավառութիւն ստեղծուի»։
Երբ կը հասնինք Ժողովրդային Տուն՝ արդէն մայր դրան սեմէն, աստիճաններուն վրայ եւ պարտէզը հաւաքուած են հիւրերը՝ պետական երեսփոխաններ, միութեանց եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, լուսանկարիչներ մեծ խանդավառութեամբ կը դիմաւորեն մեծանուն երգիչը։
Կ՛ուղղուինք սրահ։ Ըստ երեւոյթին Ազնաւուր չի սիրեր խումբերու հետ կենալ եւ զրուցել։ Անմիջապէս կը նստի եւ կ՛ուզէ գիտնալ, թէ որո՞նք են ներկաները։ Երբ կ՛իմանայ, թէ հոն են հայկական բոլոր միութիւնները ներկայացնող դէմքեր, «ուրախ եմ, երբ այսպէ՛ս միացած կը տեսնեմ,- կ՛ըսէ գոհունակութեամբ,- երբեմն երբ այս երեւոյթի հակառակին ականատես կ՛ըլլամ՝ իրապէս կը ցաւիմ։ Մէկ ազգ ենք ի վերջոյ»։
Ազնաւուրին մօտեցողներ եւ հետը նկարուիլ փափաքողներ շատ կան։ Չի մերժեր։ «Շարուեցէ՛ք, կուգամ»,- կ՛ըսէ եւ քանի մը վայրկեան ետք, խումբի մը կեդրոնը կեցած, պատրաստ է նկարուելու։
Ըստ երեւոյթին անօթեցած է։ Յանկարծ ոտքի կ՛ելլէ եւ արագ քայլերով կ՛ուղղուի դէպի սեղան։ «Եթէ ես չշարժիմ, մարդ շարժելու նպատակ չունի»,- կ՛ըսէ։ Ախորժակով կ՛ուտէ հայկական ճաշատեսակները։
Ճամբու ընթացքին, պահ մը՝ երբ տարուած շուրջը կը դիտէր, կ՛ըսեմ իրեն.-
— Պր. Ազնաւուր, պիտի խնդրէի, որ ճաշէն առաջ կամ ետք կարճ զրոյց մը ունենանք միասին՝ «Ազդակ» օրաթերթին համար։
— Շատ սիրով, պատրաստ եմ,- կ՛ըսէ Ազնաւուր։
— Չէք՞ մոռնար չէ՞…
— Թերեւս դուք մոռնաք, բայց ես՝ ոչ,- կ՛ըսէ ան։
Պէյյրութի «Ա. Երեւանեան» Ժողովրդային Տան սրահն ենք եւ սկսած ենք զրուցել։ Սահող ժամերուն, վայրկեաններուն, նոյնիսկ երկվայրկեաններուն դէմ վազքի մը մէջ է Ազնաւուր։ Կ՛ուզէ ոչ մէկ բան մերժել, պայմանաւ սակայն, որ ամէն բան ընթանայ արագօրէն։ Խօսի՞լ, կը խօսի՝ բայց արագ։ Ճաշե՞լ, կը ճաշէ՝ բայց շուտ…..։ Այդպէ՛ս էր Ազնաւուր՝ շարժում, արագութիւն, վազք… գէթ այդպէ՛ս զինք տեսանք ու ճանչցանք այդ օրը։
— Ճաշկերոյթներու հրաւէրներ միշտ կ՛ընդունի՞ք, կը հարցնեմ։
— Ո՛չ։ Շատ կը ճամբորդեմ. եթէ ընդունիմ նման հրաւէրներ՝ ճաշկերոյթներու ստրուկը կը դառնամ։
— Ինչու՞ այս անգամ ընդունեցիք այս հրաւէրը։
— Որովհետեւ արտակարգ կացութենէ մը նոր դուրս եկած գաղութ էք։Նման հրաւէրներ չեմ մերժեր՝ երբ կը զգամ, թէ ներկայութեամբս կարելի կ՛ըլլայ որոշ խանդավառութիւն վերստեղծել տեղ մը, ուր երկար ատենէ ի վեր մարդիկ բոլորովին տարբեր առօրեայ մը ունեցած են։
— Ուրիշ ո՞ւր չէք մերժած, օրինակ։
— Արժանթին. շրջան մը իրապէս ծանր մթնոլորտի մը մէջ էր այդտեղի ժողովուրդը։ Հրաւիրեցին եւ ես գացի։ Հրաւէրներ կ՛ընդունիմ նաեւ հոն, ուր փոքրաթիւ գաղութ մը կայ եւ իմ պատճառովս այդ գաղութի անդամները քով-քովի կուգան։ Շրջան մը Գանատան այդպէս էր, բայց հիմա՜…։ Հա՛, կը սիրեմ նաեւ ներկայ ըլլալ այն հաւաքոյթներուն, ուր կուսակցական կամ յարանուանական խտրութիւն չկայ։
— Հիմա հոս այդպէս ենք, կ՛ըսեմ։
— Չըսէ՞ք, որ սկսած էք խելացի դառնալ։ Եւ իրապէս ալ ինծի համար կարեւորը հայութիւնն է։ Բոլորս ալ հայ ենք….
1975ին, Ցեղասպանութեան 60ամեակի տարին, Ազնաւուր երգած էր իր նշանաւոր «Անոնք ինկան» երգը, նուիրուած՝ Եղեռնի նահատակներուն, որ ձեւով մը դարձաւ համայն հայութեան երգը։
Ակնարկելով «Անոնք ինկան» երգին՝ կ՛ըսեմ.
— Շատ խօսուեցաւ այդ մասին, նոյնիսկ թուրք լրագրող մը այդ առիթով հանդիպում ունեցաւ ձեր հետ։ Ին՞չ եղաւ ձեր պատասխանը։
— Իրեն բացատրեցի, թէ իմ հարցն է ատիկա։ Բացատրեցի՝ թէ կը պատկանիմ ժողովուրդի մը, որ ցիրուցան եղած է ամբողջ աշխարհի մէջ, ջարդերու պատճառով։ Յամենայն դէպս, թուրք բառը յիշատակուած չէ։ Բայց հարկաւ գիտեն, թէ ի՞նչ է խորքը այդ երգին….
— Պատգա՞մ մըն է այդ երգը։
— Պատգամ փոխանցող երգ մը չէ։ «Անոնք ինկան»ը պատմական դէպք մը կը ներկայացնէ, որովհետեւ եթէ պատգամ մը ըլլար՝ պիտի խօսէի նաեւ յանցագործներու մասին։ Իմ երգս վրէժխնդրութիւն չի պահանջեր եւ ոչ ալ՝ կոչ կ՛ընէ պատերազմի։ Շեշտը դրուած է պատմական դէպքի մը վրայ, որ ցարդ անծանօթ է աշխարհին։ Պատմական դէպք մը՝ որ պէտք է գտնէ իր լուծումը։ Ժամանակն է, որ յանցաւորները ընդունին իրենց սխալը…
— Ի՞նչ տպաւորութիւն կը ձգէ Եղեռնի նուիրուած «Անոնք ինկան» երգը օտար ունկնդիրներուն վրայ։
— Երբ շատ մը տեղեր կ՛երգեմ այս երգը, առաջին անգամ ըլլալով կը լսեն հայ անունը։ Յաճախ չեն գիտեր, թէ հայ ժողովուրդ գոյութիւն ունի։
— Հայերէնով ալ պիտի երգէ՞ք այս երգը։
— Ո’չ, որովհետեւ հայութեան ուղղուած չէ, այլ՝ օտարներուն։ Հայ ժողովուրդը ծանօթ է պատմական այն դէպքին, զոր կը փորձեմ օտարներուն ծանօթացնել։
— Նոյն իմաստով երկրորդ երգ մըն ալ յօրինելու մասին կը մտածէ՞ք։
— Ո՛չ, մէկ հատը բաւարար է։
— Ծանօ՞թ էք հայոց պատմութեան։
— Այո՛, բաւական բան կարդացած եմ այդ մասին։ Բայց պէտք է ըսել, որ ֆրանսերէնով մեր պատմութեան մասին լաւ պատրաստուած գործեր չկան։
— Ի՞նչ են ձեր հետագայ ծրագիրները։
— Երգել, երգել….
Եւ այսպէ՛ս, Ազնաւուր երգե՜ց ու երգե՛ց , աւելի քան 70 տարի…
Ու իր երգով անմահացաւ ու… անմահացո՜ւց։