Կի­րա­կի՝ 5 ­­Փետ­րո­ւար 2017ին, ­­Գո­քի­նիոյ հայ սկաուտ­նե­րը միօ­րեայ ար­շաւ մը կա­տա­րե­ցինք դէ­պի Ի­մի­թօ լե­րան «Ա­ռիւ­ծի» քա­րայ­րը։
­­Նախ՝ հա­ւա­քո­ւե­ցանք ա­կումբ։ Ա­կում­բէն ճամ­բայ ե­լանք, որ­պէս­զի հան­րա­յին մի­ջոց­նե­րով հաս­նինք Ա­յիա ­­Փա­րաս­քե­ւի։ Ան­կէ սկսաւ մեր քայ­լար­շա­ւը, ո­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ քա­րայր։
­­Քայ­լար­շա­ւի ժա­մուն կարճ դա­դար մը ը­րինք, նա­խա­ճա­շի հա­մար։ ­­Դա­դա­րէն ետք, շա­րու­նա­կե­ցինք քա­լե­լը։
­­Մեր վա­րիչ ա­ռաջ­նոր­դը իր օ­րա­կար­գի ա­ռա­ջին մա­սը ներ­կա­յա­ցուց։ ­­Հա­սանք քա­րայր։ ­­Հոն վե­րա­քաղ մը ը­րինք բո­լոր մեր գի­տե­լիք­նե­րուն մին­չեւ այդ օ­րը։ Ա­պա ճա­շը պատ­րաս­տե­ցինք եւ ճա­շե­ցինք։ ­­Ճա­շէն ետք խաղ մը խա­ղա­ցինք ու եր­գե­ցինք։
­­Վեր­ջա­ւո­րու­թեան ու­րախ եւ զո­ւարթ վե­րա­դար­ձի ճամ­բան ա­ռինք։

Քոյր ­­Դա­նիա ­­Գու­չու­կեան