Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան
(Ա. մաս)
­
­
Նա­խա­բան

­
Թուր­քիոյ մա­սին վկա­յու­թիւն­ներն ու վկա­յա­կո­չում­նե­րը ա­ւե­լի քան կա­րե­ւոր են մե­զի վե­րա­բե­րող բազ­մա­կող­մա­նի հար­ցե­րը տե­ւա­բար բաց պա­հե­լու հար­կադ­րան­քով, ան­շուշտ երբ պատ­մա­կան կեղ­ծի­քը կապ չ­’ու­նե­նար պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան ու ի­րա­ւուն­քին հետ:
2018ի ­Յու­նի­սին 4 օ­րո­ւան տե­ւո­ղու­թեամբ շրջե­ցայ բռնագ­րա­ւեալ ­Հա­յաս­տա­նի բազ­մա­զան տե­ղա­մա­սեր ու այդ ա­ռի­թով հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ «­Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ա­ւանդ­նե­րու հետ­քե­րով» պատ­մա­բո­վան­դակ խոր­քով գիր­քը, գիր­քին հետ կապ չու­նե­ցող, բայց վե­րի­վա­րոյ գիր­քի նիւ­թե­րուն առն­չո­ւող նպա­տա­կէ­տա­յին եր­կու նմա­նա­սեր յօ­դո­ւա­ծա­շար­քնե­րու հրա­տա­րա­կու­մով ­Պէյ­րու­թի «Ազ­դակ» եւ ­Յու­նաս­տա­նի «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թնե­րուն մէջ, 2018ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին լոյս տե­սած «բա­ցա­ռիկ» թի­ւե­րու բա­րե­պա­տեհ ար­դիւն­քով:
Եր­կու շա­րու­նա­կու­թիւն­նե­րով Ապ­րի­լեան (2019) «բա­ցա­ռի­կի» յօ­դուա­ծա­շարքն ալ կը կցեմ նա­խորդ յօ­դո­ւած­նե­րու նոյ­նան­ման բո­վան­դա­կու­թեամբ յօ­դո­ւա­ծա­շար­քին՝ հարս­տաց­նե­լու մի­տու­մով ­Թուր­քիոյ պատ­մա­գի­տու­թեան ներդ­րու­մը ար­ծար­ծե­լու հա­մար ե­րեւ­ցող ու չե­րեւ­ցող յու­շա­մե­տա­լին դի­մե­րեսն ու դար­ձե­րե­սը՝ կար­ճա­ժամ­կէտ, միջ­նա­ժամ­կէտ ու եր­կա­րա­ժամ­կէտ ա­ռան­ձին հար­թու­թեան վրայ պատ­մա­կան մի­ջամ­տու­թիւն մը կա­տա­րած ըլ­լա­լու ստու­գագրու­մով:
­Ժա­մա­նա­կը կը վա­զէ մեր ե­տե­ւէն պոր­տա­կա­պա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան խճո­ղո­ւած կու­տա­կու­մով, թա­ցը չո­րէն զա­նա­զա­նե­լու դժո­ւա­րա­հա­ճու­թեամբ:
­Ներ­կա­յի խնդիր­նե­րը անհ­րա­ժեշտ չէ որ գնա­հա­տո­ւին ան­ցեա­լի ան­ցո­ղա­կի պայ­ման­նե­րու խո­շո­րա­ցոյ­ցով լիա­կար­ծիք ո­րոն­ման ու ո­րոշ­ման մը յան­գե­լու հա­մար:
­Կը թո­ւի, թէ այդ պատ­ճա­ռով ալ փո­խա­նակ մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը զօ­րաց­նե­լու, ա­մէն օր բան մը կը պակ­սեց­նենք ա­նոր ան­ցու­մա­յին վի­ճա­կին վրայ, հո­սանքն ի վեր, թէ հո­սանքն ի վար, յա­ռաջ­խա­ղաց­քով թէ ետ­դար­ձով, մոռ­նա­լով որ հո­սան­քը մի­՛այն մէկ ու­ղղու­թիւն կրնայ ըն­դու­նիլ, յստա­կաց­նե­լէ ետք մեր ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան դիր­քո­րո­շում­նե­րու պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թեան վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը: Հ­րա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու ճամ­բով պատ­մա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը կ­’արթնց­նեն մար­դոց խիղ­ճե­րը՝ ե­թէ ա­նոնք յա­ջո­ղած են ան­շուշտ ի­րենց մէ­ջէն թօ­թա­փել հին թէ նոր բար­դու­թա­յին նա­խա­պա­շա­րում­նե­րու ստո­րա­կա­յու­թեան շար­ժա­ռիթ­նե­րը: Մ­նա­ցեալ բո­լո­րը՝ կա­պո­ւած են ո­րա­կա­յին ոս­տու­մի նա­խան­ձախնդ­րու­թեան ընտ­րան­քին հետ, որ կը մի­տի բա­րեն­պաստ հող ստեղ­ծել գրա­կա­նու­թեան հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րուն վրայ:

­Լօ­զա­նը կը ճանչ­նայ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու
ի­րա­ւունք­նե­րը

24 ­Յու­նիս 1923ին ­Զո­ւի­ցե­րիոյ ­Լօ­զան քա­ղա­քին մէջ ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ հա­մա­նուն հաշ­տու­թեան դաշ­նա­գի­րը, ո­րու 95ա­մեա­կը նշո­ւե­ցաւ ան­ցեալ տա­րի: «­Հաշ­տա­րար» բնո­րո­շո­ւող այս դաշ­նագ­րին հի­մամբ՝ օ­րին, հա­մայն աշ­խար­հը որ­պէս ան­կախ եր­կիր ճանչ­ցած էր ­Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, ո­րու հե­տե­ւան­քով ալ ­Թուր­քիոյ հո­ղե­րուն վրայ վերջ տրո­ւած էր գո­յու­թիւն ու­նե­ցող աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան առ­կայ պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կին յայ­տա­րա­րը: ­Յա­ւե­լեա­լօ­րէն՝ ­Լօ­զա­նի դաշ­նա­գի­րը միա­ժա­մա­նակ լիար­ժէ­քօ­րէն կը ճանչ­նար ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին վրայ ապրող փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ու ամ­բող­ջա­կա­նօ­րէն իր ի­րա­ւա­րա­րա­կան հսկո­ղու­թեան ու ա­պա­հո­վու­թեան տակ կ­’առ­նէր ա­նոնց պա­մամ­շա­կու­թա­յին-կրթա­կան, ա­ւե­լին՝ ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան ի­րա­ւունք­ներն ու ի­րա­ւա­դա­տա­կան հան­գա­մանք­նե­րուն վճռո­րոշ տար­բե­րակ­ներն ու հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը:
Անց­նող 90 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կա­ռա­վա­րա­պե­տա­կան շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ ­Լօ­զա­նի հան­դէպ քո­ղար­կո­ւած ու կցկտուր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը կ­’ար­տա­բե­րուէր, սա­կայն անց­նող քա­նի մը տա­րի­նե­րուն՝ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ­նե­րէն սկսեալ մին­չեւ յայտ­նի քա­ղա­քա­գէտ­ներ ու պատ­մա­գէտ­ներ՝ տար­բեր, զար­մա­նա­լիօ­րէն հա­կազ­դող, ժխտող, այ­սու­հան­դերձ դաշ­նագ­րին էու­թիւ­նը ա­ղա­ւա­ղող յա­ճա­խա­կի վե­րա­պահ մօ­տե­ցում­ներ կը բա­ցա­յայ­տեն:
­Քա­ղա­քա­կան ան­հա­ւա­սա­րակ­շիռ պոռթ­կա­ցող ե­լոյ­թի մը պա­հուն, 2016ին նա­խա­գահ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րած էր, թէ «ո­մանք կը ջա­նան ­Լօ­զա­նի դաշ­նա­գի­րը մե­զի կլլեց­նել որ­պէս յաղ­թա­նակ»:
­Լօ­զա­նի կա­րե­րը նո­րէն կը քա­կո­ւին եւ նոր ինք­նաբ­նո­րո­շում կը փնտռեն.
ան­շուշտ, թուրք պատ­մա­գէտ­նե­րուն կար­ծի­քը տար­բեր ձե­ւով կը դրսե­ւո­րո­ւի ներ­կա­յիս, քա­նի ա­նոնք հա­մո­զում կը յայտ­նեն, թէ թուրք քա­ղա­քա­գէտ Իս­մէթ Ի­նէօ­նի­ւի ժա­մա­նա­կի ան­զի­ջող դի­մադ­րու­թեան շնոր­հիւ ­Թուր­քիան յաղ­թա­նակ մը տա­րած է Ա­րեւմ­տեան պե­տու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ, քա­նի ­Լօ­զա­նով մէկ­դի շպրտո­ւե­ցաւ թուր­քե­րու ապ­րող ու գե­րե­վա­րած հա­զար տա­րո­ւան գո­յու­թիւ­նը մեր­ժող ­Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րը (Օ­գոս­տոս 10, 1920), ինչ որ այ­լա­պէս կը զօ­րաց­նէր ­Թուր­քիոյ լայ­նա­տա­րած ու ազ­դե­ցիկ գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը եւ թէ թուր­քե­րը ­Լօ­զա­նով ցոյց տո­ւին աշ­խար­հին, որ ո­րե­ւէ զի­ջո­ղու­թիւն պի­տի չը­նեն ի­րենց գե­րիշ­խա­նու­թե­նէն:
Ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րէն մէ­կը սա­կայն, ա՛յն է, որ ­Լօ­զա­նի դաշ­նագ­րի շնոր­հիւ ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին ապ­րող փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պաշ­տօ­նա­կան ու հա­մա­տա­րած ճա­նա­չու­մի ար­ժա­նա­ցան, ո­րոնց կար­գին հա­յե­րը, յոյ­նե­րը, հրեա­նե­րը, ա­սո­րի­նե­րը, քա­նի ա­նոնց օ­րի­նա­ւո­րա­պէս ար­տօ­նո­ւե­ցաւ ու հաս­տա­տո­ւե­ցաւ կրօն­քի, լե­զո­ւի, դպրոց­նե­րու, ո­րու կար­գին՝ հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւան­դու­թեան, մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րու, հայ մա­մուլ ու­նե­նա­լու ճա­նա­չո­ւած ի­րա­ւունք­ներ, ե­ւայլն:
Ե­րէկ, թէ այ­սօր, ­Լօ­զա­նը պատ­մա­կան դար մը հա­շո­ւող ա­նա­ռար­կե­լի փաս­տա­թուղթ մըն է, որ­մէ ի­մա՝ բա­ցար­ձա­կա­պէս կա­րե­լի չէ հրա­ժա­րիլ:
Ա­ռաս­պե­լա­կա­նա­ցու­մը ա­պա­ռաս­պե­լա­կա­նա­ցում կը բե­րէ, իսկ ա­պա­ռաս­պե­լա­կա­նա­ցումն ալ խա­խուտ ա­ռաս­պե­լա­կա­նա­ցում: ­Մեծն ­Թուր­քիոյ ա­ռաս­պե­լը կը փլի:
­Պէտք է քա­լել ժա­մա­նա­կին հետ, հա­մար­ձակ քայ­լե­րով ա­ռանց մտա­հո­գո­ւե­լու, որ ճշմար­տու­թիւ­նը կրնայ վախց­նել մար­դոց մտադ­րու­թիւն­նե­րը:
Ե­կէք սա­կայն, օ­րի­նակ­նե­րով պար­զենք թէ ի՞նչ չա­փով ­Լօ­զա­նի հաշ­տա­րար դաշ­նա­գի­րը յար­գան­քի ու հաշ­տու­թեան ճա­նա­չու­մի կ­’ար­ժա­նա­նայ ­Թուր­քիոյ կող­մէ, որ կը փոր­ձէ իր ժա­մա­նա­կէն բխող պայ­ման­ներ ու կա­նոն­ներ պար­տադ­րել թէ տե­ղա­փո­խել եր­կա­րա­շունչ մար­տա­վա­րու­թեան մը յա­ճա­խա­կա­նու­թեամբ:
­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիար­քա­րա­նը ա­տե­նը մէյ մը հո­վո­ւա­պե­տա­կան ու ներ­դաշ­նա­կօ­րէն դա­սա­ւո­րո­ւած այ­ցե­լու­թիւն­ներ կը կազ­մա­կեր­պէ հա­ւա­տա­տես հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ: Ա­նոնք օ­դա­նա­ւով, թէ ինք­նա­շարժ­նե­րու կազ­մա­կեր­պեալ խմբա­կա­յին թա­փօ­րով կ­’այ­ցե­լեն ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին տե­ղա­կա­յո­ւած՝ լքո­ւած, կի­սա­քանդ ե­կե­ղե­ցի­ներ, վան­քեր, գե­րեզ­ման­ներ եւ մա­տուռ­ներ: Ն­մա­նա­տե­սակ պա­րա­գա­նե­րու հո­գե­ւոր եւ աշ­խար­հիկ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րը կը դի­մա­ւո­րո­ւին տե­ղա­ցի կա­րօ­տա­վառ ազ­գա­յին­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք ընդ­հան­րա­պէս յա­ջոր­դե­լիք այ­ցե­լու­թեան նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րած կ­’ըլ­լան, ի­րենց ա­րե­նա­կից հիւ­րե­րը լա­ւա­գոյն ըն­դու­նե­լու­թեան ար­ժա­նաց­նե­լու հո­գե­հա­րա­զա­տու­թեամբ:
Այս­պէս. Կ. ­Պոլ­սոյ ­պատ­րիար­քա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը, 2018ին օ­դա­նա­ւով այ­ցե­լած է Ս­վաս (­Սե­բաս­տիա) եւ տեղ­ւոյն գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ ­Վար­դա­վա­ռի մե­ռե­լո­ցին հա­մար ընդ­հա­նուր հո­գե­հանգս­տեան կարգ կա­տա­րած է, յի­շա­տա­կե­լով շրջա­նի եր­բեմ­նի հո­գե­ւոր նո­ւի­րեալ ա­ռաջ­նորդ­նե­րը, ա­պա քա­ղա­քի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րէն մէ­կուն տան մէջ պա­տա­րագ, քա­րոզ ու հա­ղոր­դու­թիւն մա­տու­ցո­ւած է, ո­րոնց յա­ջոր­դած է ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղան:
­Սե­բաս­տիոյ ­Կիւ­րիւն գա­ւա­ռի հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րո­գու­թեան ծրա­գիր մը յայ­տա­րա­րո­ւած է վեր­ջերս, ­Թուր­քիոյ շի­նա­րա­րա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու եւ յու­շար­ձան­նե­րու վար­չու­թեան կող­մէ: ­Հոն ծա­նօթ դար­ձած է, թէ այս նպա­տա­կին հա­մար պի­տի յատ­կա­ցո­ւի 4 մի­լիոն լի­րա:
­Խոս­տու­մի ու­ժի վե­րել­քի պեր­ճա­խօ­սու­թիւն…
­Կիւ­րիւն գա­ւա­ռը 20րդ ­դա­րու սկիզ­բը ու­նէր 3000 բնա­կիչ, ո­րոնց­մէ 1500էն ա­ւե­լի, հա­յեր էին. ա­նոնք կը զբա­ղէին ա­ռեւ­տու­րով, երկ­րա­գոր­ծու­թեամբ ու մաս­նա­գի­տա­կան ար­հեստ­նե­րով: ­Գա­ւա­ռա­կին մէջ կար քա­րա­շէն հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի ու դպրոց մը: 1915ին շրջա­նի հայ բնակ­չու­թիւ­նը բռնօ­րէն տա­րագ­րո­ւե­ցաւ ու տե­ղա­հա­նո­ւե­ցաւ իր ծննդա­վայ­րէն ու հար­կադ­րա­բար բռնեց աք­սո­րի եր­կար ու ան­վեր­ջա­նա­լի ճա­նա­պար­հը:
­Թուր­քիա մին­չեւ այ­սօր պարզ նե­րո­ղու­թիւն մը խնդրած չէ:
­Գէշ գայ­լը դուր­սը կը սպա­սէր…

­Հա­յազ­գի քաջ  ե­րես­փո­խան­ներ կը պաշտ­պա­նեն հա­յոց ի­րա­ւունք­նե­րը

­
Լօ­զա­նի մա­սին յա­ճա­խա­կիօ­րէն ­Թուր­քիոյ ազ­գա­ժող­վին մէջ ե­լոյթ­ներ, զա­նա­զան ա­սու­լիս­ներ ու­նե­ցած են՝ ­Թուր­քիոյ քր­տա­մէտ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան հայ ե­րես­փո­խան ­Կա­րօ ­Փայ­լան եւ ­Պոլ­սոյ հա­յազ­գի ե­րես­փո­խա­նա­կան վեր­ջին քո­ւէ­րա­կու­թիւն­նե­րուն չընտրուած ­Սէ­լի­նա ­Տո­ղան, որ սա­կայն ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Մարտ 2019ին տե­ղի ու­նե­ցած ­Թուր­քիոյ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ­Շիշ­լիի շրջա­նէն:
Եր­կու հա­յազ­գի ու քաջ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը յա­ճա­խա­կիօ­րէն կը մատ­նան­շեն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ­Թուր­քիոյ մէջ հա­յա­պատ­կան բռնագ­րա­ւո­ւած կա­լո­ւած­նե­րու, հայ հա­մայն­քի ազ­գա­յին կա­րիք­նե­րու եւ ըստ գնա­հա­տու­մի՝ նմա­նա­տե­սակ ա­ռաջ­նա­կարգ թէ ոչ ա­ռաջ­նա­կարգ բայց կա­րե­ւոր հա­մա­րո­ւող հար­ցե­րու:
­Հա­յազ­գի գոր­ծիչ­ներ, ժա­մա­նա­կէ մը ի­վեր, կը հա­կազ­դեն մի­տում­նա­ւոր ու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու կող­մէ ծրագ­րո­ւած՝ ­Պոլ­սոյ Իշ­խա­նաց կղզի­նե­րու այ­սօ­րո­ւան ազ­գաբ­նակ­չա­կան հին հա­մա­կարգն ու պատ­կե­րը հիմ­նո­վին չա­րա­փո­խե­լու մի­տու­մին, ինչ որ ան­հանգս­տու­թիւն ու մտա­հո­գու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ կղզի­նե­րու ոչ թուրք բնակ­չու­թեան, քա­նի ի­րա­կա­նու­թե­նէն փախ­չիլ չ’ըլ­լար:
Խնդ­րոյ ա­ռար­կայ կղզի­նե­րը ­Թուր­քիոյ ան­ցեա­լի թէ ներ­կա­յի ժա­մա­նա­կա­կից կեան­քին մէջ ու­նէին մշա­կու­թա­յին ու պատ­մա­կան հա­րուստ ու ե­ռուն մթնո­լորտ ու մի­ջա­վայր: Ա­նոնք պա­հան­ջած են, որ կղզի­նե­րը UNESCOի կող­մէ պաշտ­պա­նու­թեան տակ առ­նո­ւին, պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման ցու­ցա­կի խա­փան­ման մի­ջոց­նե­րուն դէմ պաշտ­պա­նո­ւե­լու մտա­հո­գու­թեամբ:
­Կը հա­ւա­տանք, որ պատ­մա­կան յու­շին ար­ժէ­քը հե­տե­ւո­ղա­կան այս­պի­սի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով ալ կը պահ­պա­նո­ւի գա­ղա­փա­րա­կան հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ, ուր խորհր­դա­րա­նա­կան խուն­թա­ներ վե­րա­փո­խո­ւած են նո­րա­զա­տա­կան բիրտ վար­չա­կար­գնե­րու ե­տին քո­ղար­կո­ւող նոյն­քան բռնա­տէր քա­ղա­քա­գէտ­նե­րու խա­ւա­րա­միտ կողմ­նո­րո­շում­նե­րով:
Այս­քա­նը, հասկ­նա­լու հա­մար թէ ի՛նչ կ­’անց­նի կը դառ­նայ հար­ցեր զա­տո­րո­շող ու խտրա­կա­նու­թեամբ թե­լադ­րո­ւած յե­տ-ար­դիա­կան ­Թուր­քիոյ շա­հախն­դիր­նե­րու երկ­րին մէջ:
Այս երկ­րին մէջ հա­յե­րը կորսն­ցու­ցին ի­րենց տո­ւած­նե­րէն շատ ա­ւե­լին…:
­Հա­յուն ժա­մա­նա­կը կանգ ա­ռած է ու­րիշ ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ:

Իզ­մի­րի ոռ­նո­ցը ե­կե­ղեց­ւոյ խո­րա­նէն կ­’ար­ձա­գան­գէ

­
Թուր­քիոյ նեն­գա­միտ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ գո­ղա­ծա­ծու­կօ­րէն գոր­ծադ­րո­ւած 1922ի Իզ­միրի (Զ­միւռ­նիա) ծա­գած հրդե­հէն 97 տա­րի վերջ, ուր հա­յա­պատ­կան թա­ղա­մա­սե­րու բազ­մա­թիւ շէն­քեր, ա­կումբ­ներ, պան­դոկ­ներ, դպրոց­ներ, վա­ճա­ռա­տու­ներ ու ե­կե­ղե­ցի­ներ հրդե­հո­ւած ու ա­ւե­րա­կո­ւած էին, շրջա­նի տեղ­ւոյն «Ս. ­Յով­հան­նէս» մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ան­ցեալ տա­րի ալ ա­րա­րա­րո­ղու­թիւն կա­տա­րո­ւած է, ո­րուն լիար­ժէ­քօ­րէն անդ­րա­դար­ձած է ­Պալ­քա­նեան եւ Ա­րեւմ­տեան Ա­նա­տո­լո­ւի քա­ղաք­նե­րու մա­սին հրա­տա­րակ­չա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կա­տա­րող թրքա­պատ­կան կեդ­րո­նը, նշե­լով որ 19րդ­ եւ 20րդ ­դա­րե­րուն Ա­րե­ւե­լեան ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի այս քա­ղա­քի նա­ւա­հան­գիս­տին շրջա­կայ­քի տա­րած­քը բազ­մազ­գեան մշա­կոյ­թի ու բնակ­չու­թեան կեդ­րոն մը ե­ղած է, ուր կ­’ապ­րէին մեծ թի­ւով յոյ­ներ, հա­յեր, հրեա­ներ, ֆրան­կներ եւ լե­վան­թէն­ներ:
Իզ­մի­բը կը հա­մա­րո­ւէր Ա­րե­ւե­լեան ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի մե­ծադ­ղորդ մայ­րա­քա­ղա­քը:
­Թուր­քե­րը այս քա­ղա­քը ան­հաշտ մո­լուց­քով «կեա­ւուր Իզ­միր» (ան­հա­ւատ) կը կո­չէին, յու­նա­կան ու հայ­կա­կան մե­ծա­մաս­նա­կա­նօ­րէն ազ­դե­ցիկ ու տի­րա­պե­տող քրիս­տո­նեայ տար­րին պատ­ճա­ռով:
«Ս. ­Յով­հան­նէս» ե­կե­ղե­ցին փակ ու կի­սա­փուլ վի­ճա­կի մէջ կը գտնո­ւի, ան­տե­սե­լով ­Լօ­զա­նի դաշ­նագ­րի տարրն ու ո­գին ու մօտ մէկ դա­րո­ւան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին բա­ցար­ձա­կա­պէս ար­գի­լե­լով Պա­տա­րագ թէ ե­կե­ղե­ցա­կան ո­րե­ւէ ծի­սա­կա­տա­րու­թիւն ու ա­րա­րո­ղու­թիւն:
­Խոս­տո­վա­նինք. ­Թուր­քիան բա­ւա­կան եր­կար ճամ­բայ ու­նի կտրե­լիք ժո­ղովրդա­վա­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեան հետ ըն­տե­լա­նա­լու եւ ներ­դաշ­նակ գո­յակ­ցու­թիւն մը հիմ­նա­ւո­րե­լու հա­մո­զու­մով:
Ամ­բողջ ­Թուր­քիան, մէկ ծայ­րէն միւ­սը՝ բռնու­թեամբ ու ա­րեամբ գրա­ւո­ւած տա­րածք մըն է այ­լա­զան ազ­գե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կող­մէ յափշ­տա­կուած հայ­րե­նիք­նե­րով, ո­րոնք ե­րէկ թէ այ­սօր, ստա­ցած են նոր-օս­մա­նա­կան թէ նոր-թրքա­կան ա­նո­ւան պատ­մու­ճան, բնոյթ ու նկա­րա­գիր, որ­քան ալ ան կը մեր­ժէ պատ­մա­կա­նօ­րէն ա­նա­ռար­կե­լի այս ի­րա­կա­նու­թեան ծան­րակ­շիռ պատ­կա­նե­լիու­թեան ու կեն­սագ­րու­թեան հաս­տա­տու­մը:
­Թուր­քիան ե­րէկ թէ այ­սօր կը շա­րու­նա­կէ վտան­գա­ւոր ար­կա­ծախնդ­րու­թեան մը քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կի­րար­կել ի վնաս ու­րոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն:
Բայց քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ ա­մէն ինչ վերջ մը ու­նի, երբ մա­նա­ւանդ կ­’ապ­րինք ի­րար հրմշտկող փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած աշ­խար­հի մը խու­զար­կու նա­յո­ւած­քին տակ:
Վս­տահ ըլ­լանք, թէ պի­տի գայ օ­րը, երբ Էր­տո­ղան այս բո­լո­րը հե­ռո­ւէն պի­տի դի­տէ: Էր­տո­ղա­նին մօտ մո­լե­ռան­դու­թիւ­նը միայն կրօ­նա­կան չէ, այ­լեւ քա­ղա­քա­կան:
­Կա­րե­ւոր է յի­շել ան­ցեա­լը՝ քա­նի ազ­գե­րու շա­րու­նա­կո­ւող բնո­րո­շիչ գոր­ծօն­նե­րը կը ձե­ւա­ւո­րո­ւին հի­նի պատ­մա­կան ան­ժա­ման­ցե­լի յու­շագ­րա­կան տա­րո­ղու­թեան մը են­թա­հո­ղին վրայ:
Իզ­մի՜ռ:
«Ս. ­Յով­հան­նէ՜ս»: Մ­տա­ծում եւ յի­շո­ղու­թիւն:
­Յու­շի ճամ­բոր­դու­թիւ­նը նո­րա­հաս բա­ցա­կա­յու­թիւն մը պի­տի վկա­յա­կո­չէ: Այ­սօր ա­մէն ինչ փո­խո­ւած է Իզ­միրի մէջ. մնա­ցած է միայն հին պատ­մու­թեան մը ար­ձա­գան­գը: ­Նաեւ յու­շին զու­գա­հեռ ոռ­նո­ցը, որ դէմ յան­դի­ման կու­գայ մի­ջան­կեալ պատ­մու­թեան հետ, որ նե­րաշ­խար­հա­յին հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնն ու կա­րօ­տը ան­ցեա­լի ու ներ­կա­յի ան­բա­ժան ու ի­րար ամ­բող­ջաց­նող մղիչ ու­ժի կը վե­րա­ծէ:
­Յա­նուն հո­գե­հա­րա­զատ գա­ղա­փար­նե­րու տե­ւա­կա­նաց­ման:
­Յա­նուն գի­տակ­ցա­կան հայ­րե­նա­սի­րու­թեան յա­ւի­տե­նա­կա­նաց­ման:
­Յա­նուն աշ­խար­հա­տե­սա­կան տես­լա­կան­նե­րու յա­ւեր­ժաց­ման:

­Հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին թրքա­կան գրա­դա­րա­նի կը վե­րա­ծո­ւի

Ան­ցեա­լի հա­յաբ­նակ ­Կե­սա­րիա քա­ղա­քի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին գրա­դա­րա­նի կը վե­րա­ծո­ւի: (Ա­խոռ ըլ­լա­լէն նա­խընտ­րե­լի է): Ա­նոր վե­րա­կանգ­նու­մի ու վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն ձեռ­նար­կած է շրջա­նի քա­ղա­քա­պե­տը: Ե­կե­ղե­ցին բազ­մա­թիւ տա­րի­ներ ծա­ռա­յած է իբ­րեւ շրջա­նի ոս­տի­կա­նա­կան կա­յան, նաեւ մար­զաս­րահ: Ի՜նչ բա­րե­խեղ­ճու­թիւն…
Ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տե­րուն վրայ գո­յու­թիւն ու­նին -որ այժմ ալ կ­’ե­րե­ւին- գե­ղե­ցիկ զար­դա­քան­դակ­ներ, որմ­նան­կար­ներ եւ զա­նա­զան փո­րագ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք ան­ցեա­լի վե­րա­նո­րոգ­չա­կան զա­նա­զան աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ռի­թով սեղմ գա­ճով ծած­կո­ւած էին, իսկ այժմ գա­ճը կա­մաց-կա­մաց կը մաք­րո­ւի ու գրու­թիւն­նե­րը յայտ­նի ու խօ­սուն ան­ցեա­լի վկա­յու­թեան ու շնչա­ւո­րող փաս­տի կը վե­րա­ծո­ւին:
«Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծի­ն»ը գրա­դա­րա­նի վե­րա­ծե­լու հա­մար վե­րա­նո­րոգ­ման ու կա­հա­ւոր­ման նպա­տա­կին՝ կ­’ը­սո­ւի թէ յատ­կա­ցո­ւած է 8 մի­լիոն տո­լար:
­Վե­րա­նո­րոգ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը ան­շուշտ որ քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցի մը վե­րա­կանգ­նե­լու կամ զայն ա­ւե­րու­մէ փրկե­լու բա­րեխղ­ճու­թեան դրդա­պատ­ճառ­նե­րով չի կա­տա­րո­ւիր. ի­րա­կա­նու­թիւ­նը կը հիմ­նո­ւի բո­լո­րո­վին դրդող տար­բեր մղում­նե­րու վրայ:
­Դիա­կին հետ չես խօ­սիր. քե­զի չի պա­տաս­խա­ներ…
­Լօ­զա­նի դաշ­նագ­րի ստո­րագ­րու­մէն մօտ 10 տաս­նա­մեակ յետո՝ թուրք պատ­մա­գէտ­ներ կը փոր­ձեն մեկ­նա­բա­նել տո­ւեալ դաշ­նագ­րին դրա­կան եւ բա­ցա­սա­կան հե­տե­ւանք­նե­րուն ա­ռեղ­ծո­ւա­ծը, հիմ­նո­ւած թուրք ժո­ղո­վուր­դի հան­գու­ցա­յին վա­խե­րու եւ ազ­գայ­նա­մո­լա­կան մո­լե­ռան­դու­թեան ըն­կալ­ման թէ մերժ­ման խուլ ու խլաց­նող ար­ձա­գանգ­նե­րուն վրայ: Այդ խուլ ար­ձա­գանգ­նե­րէն շատ բան ան­ծա­նօթ է ե՛ւ մե­զի ե՛ւ նո­րաբ­նակ թուր­քե­րուն:
­Մեր գիտ­ցա­ծը մեր կար­ծա­ծին միայն կէսն է:
Ուս­տի վե­րա­դարձ դէ­պի ներ­կայ: ­Մէկ ծա­ռը ան­տառ մը չի կրնար ծած­կել: Այս երկ­րի ող­բեր­գա­կան պատ­մու­թիւ­նը կ­’ա­ղա­ղա­կէ ա­ւե­րակ­նե­րու խո­րե­րէն՝ հա­յոց ա­ղա­ւա­ղո­ւած ա­ւան­դու­թիւն­նե­րէն, յափշ­տա­կո­ւած սե­փա­կա­նու­թիւն­նե­րէն, բռնագ­րա­ւո­ւած հայ­րե­նի­քէն, որ թրքա­կան «գա­րու­նը» յան­գե­ցուց ցե­ղաս­պա­նա­կան խա­ւա­րի «ձմրան»:
­Թուր­քիան 21րդ ­դա­րու հա­մա­մարդ­կա­յին ընտ­րանք­նե­րուն մաս կը կազ­մէ՞:
­Պատ­մու­թիւ­նը ­Թուր­քիոյ եր­կար շղթա­յին ա­մէ­նէն տկար օ­ղակն է, որ կը մեր­ժէ ըն­տե­լա­նալ իր նո­ւաս­տա­ցու­ցիչ վախ­ճա­նին:
Ե­թէ մէ­կը կը ձե­ւաց­նէ, թէ բան մը չի յի­շեր, այս չի նշա­նա­կեր որ այդ բա­նը ե­ղած չէ…:

­Չե­խեր եւ ­Զո­ւի­ցե­րիա­ցի­ներ պատ­մա­կան ­Պար­տի­զա­կի մա­սին

­
Պոլ­սոյ Ու­սուց­չաց ­Միու­թիւ­նը պտոյտ մը կազ­մա­կեր­պած է դէ­պի պատ­մա­կան ­Պար­տի­զակ, զոր թուր­քե­րը վե­րա­նո­ւա­նած են ­Պահ­չէ­ճի­քի:
­Հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը ­Պոլ­սէն հան­րա­կառ­քով մօտ ե­րե­քու­կէս ժամ է:
­Պար­տի­զա­կը ան­ցեա­լին ու­նե­ցած է քա­ղա­քակր­թա­կան ու մշա­կու­թա­յին հա­րուստ կեանք ու պատ­մա­կան ան­ցեալ՝ թա­տե­րա­կան կեան­քով, հա­մերգ­նե­րով, օ­րա­թեր­թնե­րով: Ան­մահն ­Կո­մի­տա­սը այս քա­ղա­քին մէջ կազ­մած է «­Մի­նա­սեան» ա­նո­ւամբ քա­ռա­ձայն երգ­չա­խումբ՝ բազ­մաց­նե­լով հայ եր­գի ա­պա­գայ խոստմ­նա­լից ե­րա­ժիշտ­ներ ու խմբա­վար­ներ:
­Պատ­մա­գի­տա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րու հա­մա­ձայն, ­Պար­տի­զա­կը հիմ­նո­ւած է սուլ­թան Մուրատ ­Չոր­րոր­դի հրա­մա­նագ­րով 1625ին, ­Սե­բաս­տիոյ նա­հան­գէն գաղ­թած հա­յե­րու կող­մէ եւ ու­նե­ցած է 17.000 բնա­կիչ եւ զուտ հայ­կա­կան բնակ­չու­թեամբ գիւ­ղեր:
Քա­ղա­քին մէջ համ­բա­ւա­ւոր ե­ղած է հայ բո­ղո­քա­կան­նե­րու կող­մէ հիմ­նադ­րո­ւած Ա­մե­րի­կեան Գո­լէ­ճը եւ ­Վե­նե­տի­կեան հայ կա­թո­ղի­կէ միա­բան­նե­րուն կող­մէ «Մ­խի­թա­րեան» բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նը, ինչ­պէս նաեւ քով-քո­վի հաս­տա­տո­ւած «­Ներ­սէ­սեան» տղա­յոց եւ «­Շու­շա­նեան» աղջ­կանց ա­ռան­ձին վար­ժա­րան­նե­րը, ո­րոնց շրջա­նա­ւարտ­նե­րը փնտռո­ւած ու­սու­ցիչ-դաս­տիա­րակ­ներ ե­ղած են: Ատ­կէ ան­ցած են մտա­ւո­րա­կան-գրող­ներ՝ ինչ­պէս ­Վահ­րամ ­Փա­փա­զեա­նը, Գ­րի­գոր ­Զօհ­րա­պը, Ար­շակ ­Չո­պա­նեա­նը, ­Սիա­ման­թոն, ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նը եւ տա­ղան­դով օժ­տո­ւած մտա­ւո­րա­կան գրող­ներ ու ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ:
­Պար­տի­զա­կին մէջ ծա­ռա­յած է Ե­ղի­շէ Վրդ. ­Դու­րեա­նը: ­Քա­ղա­քի ա­մէ­նէն համ­բա­ւա­ւոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ե­ղած են Ս. ­Յա­կոբ Մծբ­նայ հայ­րա­պե­տի եւ Ս. ­Թա­գա­ւո­րի ա­նո­ւամբ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը:
Ա­ւե­լի ժա­մա­նա­կա­կից վկա­յու­թեան մը հա­մա­ձայն վեր­ջին 6-7 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին 30 չեխ ու զո­ւի­ցե­րիա­ցի ուսա­նող­ներ ի­րենց դաս­տիա­րակ­նե­րով այ­ցե­լած են ­Պար­տի­զակ, շրջա­նի հայ­կա­կան յու­շար­ձան­նե­րուն շուրջ մաս­նա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը կա­տա­րե­լով, հնա­գի­տա­կան վայ­րե­րը լու­սան­կա­րե­լով, ժա­պա­ւէն­ներ նկա­րա­հա­նե­լով եւ ար­խի­ւա­յին բծախն­դիր աշ­խա­տանք մը ամ­բող­ջաց­նե­լէ ետք դա­սա­խօ­սա­կան հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­ներ կազ­մա­կեր­պե­լով ­Չե­խիոյ եւ ­Զո­ւի­ցե­րիոյ Բռ­նո­յի ու ­Մա­սա­րի­կի ա­նո­ւա­նի հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ:
­Հան­գա­մա­նա­լից այս ե­լոյթ­նե­րուն ա­ռի­թով չե­խա­կան «Դ­նես» ազ­դե­ցիկ օ­րա­թեր­թը գրու­թիւն մը հրա­տա­րա­կած է՝ նշե­լով, թէ՝ թուր­քե­րը երկ­րի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէ­ջէն հա­յե­րէն գրու­թիւն­նե­րը կը ջնջեն, ան­ցեա­լի հա­յոց թա­գա­ւոր­նե­րու գե­րեզ­ման­նե­րը կը քան­դեն եւ քա­ղա­քի ու գիւ­ղե­րու մէջ ա­մէն քայ­լա­փո­խիդ այ­սօր իսկ ոս­կոր­նե­րու կը հան­դի­պիս:
­Կը նշեն տա­կա­ւին, թէ Խծ­կո­նէի հայ­կա­կան վան­քա­յին հա­մա­լի­րի 5 ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն այ­սօր միայն մէ­կը կի­սա­կան­գուն է. մնա­ցեալ­նե­րը ա­ւե­րո­ւած են, ինչ­պէս հիմ­նա­յա­տակ ա­ւե­րո­ւած են քա­ղա­քի ազ­գաբ­նակ­չագ­րա­կան՝ ան­ցեա­լի ե­ռուն կեանք հան­դի­սադ­րող ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը:
­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն յե­տոյ՝ ջար­դե­րէն ա­զա­տած ու հոն ապ­րող փոքր թի­ւով հա­յե­րուն շունչն ան­գամ ի­րենց չէր պատ­կա­ներ…
­Կար­ծեմ նոր բան մը չէ, որ կը վկա­յեմ: ­Ժա­մա­նա­կը ետ վե­րա­դարձ­նե­լը ինչ­պէ՞ս կ­’ըլ­լայ:

Ուր­ֆա­յի քրիս­տո­նէա­կան ա­ղօ­թա­վայր­նե­րը
ա­տե­լա­վա­ռու­թեամբ քան­դո­ւած են

Ուր­ֆա­յի (­Շան­լըուր­ֆա) 19րդ ­դա­րու «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» պատ­մա­կան ե­կե­ղե­ցին կա­տա­րեալ ոչն­չաց­ման եզ­րին կը գտնո­ւի:
Ուր­ֆա­յէն հիւ­սիս-ա­րե­ւելք 110 քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնո­ւող կա­ռու­ցո­ւած ­Կար­մու­ճի (թուր­քե­րը ­Գե­մուրշ կամ ­Կէր­մուշ կ­’ա­նո­ւա­նեն) հայ­կա­կան «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղե­ցին փլուզ­ման լուրջ վտան­գի են­թա­կայ է, ե­կե­ղեց­ւոյ սիւ­նե­րուն կից փո­րո­ւած 2 մեթր խո­րու­թեամբ 3 մեծ փո­սե­րու պատ­ճա­ռով:
2013 թո­ւա­կա­նին ե­կե­ղե­ցին իբ­րեւ գոմ գոր­ծա­ծո­ւե­ցաւ: ­Ներ­կա­յիս, ան­շուշտ գանձ գտնե­լու յոյ­սով ու ակն­կա­լու­թեամբ փո­րո­ւած է թուրք գան­ձա­գող­նե­րուն կող­մէ:
Ուր­ֆա­յի մե­ծա­գոյն գիւ­ղը կազ­մող ­Կար­մու­ճի մէջ գոր­ծող «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղե­ցին ե­ղած է 100 ա­շա­կեր­տով դպրոց: Ե­կե­ղեց­ւոյ կից ե­րե­ւան բե­րո­ւած են վան­քա­յին հա­մա­լի­րի մնա­ցորդ­ներ: ­Գիւ­ղին մէջ բնա­կած են 800 հայ ըն­տա­նիք­ներ: ­Գոր­ծած են 2 ե­կե­ղե­ցի­ներ եւս, ինչ­պէս նաեւ Ս. ­Յով­հան­նէս, «Ս. ­Թա­դէոս», «Ս. ­Յա­կոբ» եւ «Ս. ­Մի­նաս» վան­քե­րը:
1881ին ե­կե­ղե­ցին վե­րա­կա­ռու­ցո­ւած է ­Յա­կոբ Ար­տո­ւի­սեա­նի կող­մէ:
­Մին­չեւ 1915 ե­կե­ղե­ցի­նե­րը գոր­ծած են իբ­րեւ քրիս­տո­նէա­կան ա­ղօ­թա­վայ­րներ, իսկ 1915էն ետք ա­ւե­րակ դար­ձած են, երբ մա­նա­ւանդ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մալ գիւ­ղը ամ­բող­ջու­թեամբ յանձ­նած է «­Հա­մի­տի­յէ» ան­կարգ զի­նեալ­նե­րու գուն­դի հրա­մա­նա­տա­րին՝ ­Սիւ­մէր փա­շա­յին, որ ամ­բող­ջա­ցու­ցած ու իր քայ­քա­յիչ կա­տա­րե­լու­թեան հաս­ցու­ցած է քան­դու­մի ու փճա­ցու­մի գոր­ծը, թուր­քը բնո­րո­շող ար­տա­կարգ վան­տա­լիզ­մի նա­խան­ձախն­դիր հա­կա­հայ ա­տե­լա­վա­ռու­թեամբ:
Այս­պի­սի նո­ւաս­տաց­նող ե­րե­ւոյթ­ներ կը զօ­րաց­նեն մեր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, քա­նի ա­նոնք կը հիմ­նո­ւին քրիս­տո­նեայ բնակ­չու­թեան դէմ բա­ցա­սա­կա­նօ­րէն տրա­մադ­րո­ւած հե­ռա­կայ մի­տում­նե­րու վրայ, ո­րոնք օ­րի­նա­կե­լի կար­գա­պա­հու­թեամբ քա­րը քա­րին վրայ չեն թո­ղուր՝ ան­ցեա­լէն ե­կող նոյ­նիսկ յու­շի հետ­քե­րը ան­հե­տաց­նե­լու կան­խամ­տա­ծո­ւած դի­տա­ւո­րու­թեամբ:
­Պատ­մա­գէտ­ներ ու քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծող­ներ բան ու­նի՞ն ը­սե­լիք: Ա­մէն բան դի­ւա­նա­գի­տու­թեամբ չի լու­ծո­ւիր…:

­Պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թեան ար­ժե­ւո­րու­մը

11րդ ­դա­րու հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի մը կա­տա­րեալ աղ­բա­նո­ցի վե­րա­ծո­ւած է ­Թուր­քիոյ ­Պաթ­մա­նի Ե­նի­փը­նար գիւ­ղին մէջ:
­Տեղ­ւոյն բնա­կիչ­նե­րէն շա­տեր կը դժգո­հին՝ ը­սե­լով, թէ ցաւ կը զգան երբ կը տես­նեն, որ ե­կե­ղեց­ւոյ հին կո­թող­նե­րուն սիւ­ներն ու քա­րե­րը ա­խոռ­նե­րու, տու­նե­րու եւ զա­նա­զան այլ շի­նու­թեանց հա­մար կը գոր­ծա­ծուին:
­Մո­լե­ռանդ թուր­քեր՝ ա­ռանց կրօն­քի հան­դէպ նո­ւա­զա­գոյն յար­գան­քի, ե­կե­ղեց­ւոյ քա­րէ սիւ­նե­րով ա­նաս­նա­գո­մեր, ջրա­տար­ներ, թո­նիր­ներ, պաշտ­պա­նա­կան պա­տեր ու ծխնե­լոյզ­ներ կը կա­ռու­ցեն:
­Հայ­կա­կան սրբա­վայ­րի 8 հիմ­նա­ւոր սիւ­նե­րէն 4ը բո­լո­րո­վին քան­դո­ւած են:
­Տեղ­ւոյն գիւ­ղա­ցի­նե­րէն մէ­կը՝ Ա­լի Ու­չար կ­’ը­սէ. «Մեր բո­լո­րիս հա­մար ա­մօթ է գիւ­ղի գա­գա­թի այս պատ­մա­կան կա­ռոյ­ցը նմա­նօ­րի­նակ վի­ճա­կի մատ­նե­լը: ­Կա­րե­ւոր կա­ռոյց­նե­րը որ­պէս ա­նաս­նա­գոմ գոր­ծա­ծե­լը ցոյց կու­տայ, թէ մենք որ­քա­նո՜վ կ­’ար­ժե­ւո­րենք պատ­մու­թիւ­նը»:
11րդ­ եւ 14րդ ­դա­րե­րու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ վան­քե­րու գո­յու­թեան մա­սին կը վկա­յէ ­Պաթ­մա­նի հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ փրոֆ. Ապ­տիւ­լա­սէ­լամ Ու­լու­չամ որ կը ղե­կա­վա­րէ շրջա­նի հնա­գի­տա­կան պե­ղում­նե­րը. «այդ կա­ռոյց­նե­րը պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թիւն են. մենք պար­տա­ւոր ենք պահ­պա­նել ան­ցեա­լէն մե­զի ժա­ռան­գու­թիւն մնա­ցած մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը եւ զա­նոնք պէտք է մեր աչ­քի լոյ­սին պէս պա­հենք. կապ չու­նի թէ այդ կո­թող­նե­րը ո՞ր կրօն­քէն մե­զի ժա­ռան­գու­թիւն մնա­ցած են…»
­Թուր­քիան բռնագ­րա­ւո­ւած տա­րածք­նե­րը իր ժա­ռան­գու­թիւնն ու թա­ղա­մա­սը կը հա­մա­րէ, փոր­ձե­լով գո­ցել պատ­մա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը հսկա­յա­կան պա­րա­պը: Ա­սոր դի­մաց՝ թուրք հնա­գէտ­ներ կը փոր­ձեն հե­ռա­ւո­րու­թիւն­ներ սահ­մա­նել ան­ցեա­լի պատ­մու­թե­նէն եւ կարգ մը պա­րա­գա­նե­րու ալ ­Թուր­քիոյ վար­չա­կար­գի մշա­կու­թա­յին ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու հե­տե­ւո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ռազ­մա­վա­րու­թե­նէն:
Աշ­խար­հագ­րա­կան այս տա­րածք­նե­րը եր­բեք ­Թուր­քիոյ բնա­կան հայ­րե­նիք պի­տի չդառ­նան:
­Թուր­քիան կ­’ը­սէ, թէ փո­խո­ւած է. ա­ւե­լի լաւ, թէ՞ ա­ւե­լի գէշ: ­Դուք դա­տե­ցէք:

­Քան­դո­ւած հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին եւ ­Նաս­րէտ­տին
­Հո­ճա­յի «­Հա­մաշ­խար­հա­յին հիւ­մու­րի գիւ­ղը»

­
Թուր­քիոյ մէջ պատ­մա­կան բնոյթ կրող հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մը կը զու­գա­դի­պի քա­ղա­քա-մշա­կու­թա­յին քովն­տիօ­րէն խառ­նափն­թոր նոյ­նան­ման այլ ե­րե­ւոյթ­նե­րու ալ: ­Տանք խեղ­կա­տակ ու թե­թե­ւա­բա­րոյ օ­րի­նակ մը:
­Գո­նիա­յի Ագ­շէ­հիր շրջա­նի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին պի­տի վե­րա­կան­գո­ւի՝ զու­գա­դի­պա­բար զար­մա­նահ­րաշ ու հա­մաշ­խարհ­նօ­րէն ծա­նօթ ­Նաս­րէտ­տին ­Խո­ճա­յի «­Հա­մաշ­խար­հա­յին հիւ­մը­րի գիւղ», կամ այ­լա­պէս ա­նո­ւա­նո­ւած՝ «Եր­գի­ծա­բան­նե­րու տուն»ի հիմ­նու­մի ու վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան նա­խա­գի­ծի մը ծի­րէն ներս, որ­մէ ետք ալ պի­տի վե­րա­ծո­ւի «թրքա­լոյս» մշա­կու­թա­յին հա­սա­րա­կաց կեդ­րո­նի մը, իսկ քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ քա­հա­նա­յա­տունն ալ պի­տի վե­րա­ծո­ւի հիւ­րա­նո­ցի:
Ա­հա՛ թէ ինչ­պէս պարզ փո­փո­խու­թիւն մը գիւ­ղը քա­ղա­քի կը փո­խա­կեր­պէ:
­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն յե­տոյ, նշեալ ե­կե­ղե­ցին բո­լո­րո­վին լքո­ւած է ու ճա­կա­տագ­րա­կա­նօ­րէն կը քան­դո­ւի:
­Տե­սա՞ք թէ մարդ­կա­յին միտ­քը ինչ­պէ՜ս ա­մէն ինչ կը ղե­կա­վա­րէ:
­Ժա­մա­նա­կին՝ Ագ­շէ­հի­րին մէջ 500 հո­գի­նոց հայ հա­մայնք մը կը գոր­ծէր. ներ­կա­յիս բա­ցար­ձա­կա­պէս հա­յու հետք մնա­ցած չէ:
Ա­հա՛ թէ ինչ­պէս ան­ցեա­լի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բե­ռը կը թօ­թա­փո­ւի:
Ի՜նչ օ­րե­րու հա­սանք ­Նաս­րէտ­տին ­Խո­ճա: ­Հի­մա՝ յե­տա­դարձ հա­յեաց­քով քու ի­մաս­տա­լից ծպտուն ա­ռակ­նե­րէն մէ­կը պի­տի պատ­մէի, բայց նիւ­թին դա­ւադ­րա­կան տե­սու­թեան ծան­րու­թիւ­նը չ­’ար­տօ­ներ, որ շե­ղիմ պատ­մա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րու եւ վկա­յա­կո­չում­նե­րու դի­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րէս:
­Գի­տէ՞ք, մին­չեւ հի­մա ոե­ւէ մէ­կը ­Նաս­րէտ­տին ­Խո­ճան իբ­րեւ լուրջ մար­դու մը դա­տա­պար­տած չէ. բա­րե­բախ­տա­բա՞ր…
Վս­տահ եմ, որ լաւ հիմ­նա­ւո­րում­ներ չկան այս զու­գա­դի­պու­թեան ծրագ­րու­մը հան­գիստ խիղ­ճով ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար, որ­պէս­զի մարդ­կա­յին միտ­քի կա­տա­րե­լու­թիւն­նե­րը լրջա­գոյն վար­կած­նե­րու վե­րա­ծո­ւին մեր ապ­րած ա­ռօ­րեայ ող­բեր­գու­թիւն­նե­րու հե­ռազ­գայ­նու­թիւն­նե­րէն:
Ա­մէն ինչ վստա­հօ­րէն իր յար­մար ժա­մա­նա­կը կ­’ու­զէ:
­Թե­րեւս շատ աղ­մուկ՝ ա­ռանց ո­չին­չի…
­Կարծ­րա­տի­պեր կոտ­րե­լը հան­դուր­ժո­ղա­կան մի­ջա­վայր կը պա­հան­ջէ՝ թոյ­լատ­րե­լի բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րով:
Ե­կէ՛ք, ի­մաս­տով խօ­սակ­ցու­թիւն ը­նենք: Ա­ւե­լի դժո­ւար է խնդալ՝ քան թէ խնդաց­նել, լալ՝ քան թէ լաց­նել…
Խո­ճան իր ան­ձը հա­յե­լիին մէջ կը տես­նէր: Ի­րեն հա­մար մարդ զո­ւար­ճաց­նե­լը հո­գե­բու­ժա­կան մար­զան­քի պէս բան մըն էր, ո­րուն վրայ դրաւ հիւ­մու­րի իր կնի­քը, քա­նի խնդաց­նե­լը զէնք է:
Կ’ե­րե­ւի իր ժա­մա­նա­կէն շատ ա­ւե­լի ա­ռաջ էր, քա­նի սոր­ված ու սոր­վե­ցու­ցած էր խնդալ ու լալ միա­ժա­մա­նակ: