Մայիս Մէկ էր երէկ եւ արար-աշխարհ ականատես դարձաւ, որ աշխատանքի եւ աշխատաւորի ազատագրութեան գաղափարական վեհ շարժումը, այլեւ՝ ընկերային իրաւատիրութեան եւ արդարութեան համար ազատախոհ մարդկութեան մղած շուրջ 130ամեայ կազմակերպ պայքարը ինչպէ՜ս մատնուած է ֆաշականութեան կրունկին տակ ոտնակոխ ճզմուելու, այլամերժութեան ու մոլեռանդութեան միեւնոյն հոսանքէն թափ առած՝ գաղափարամոլ թէ կրօնամոլ իրերամերժ թեւերու աքցանին մէջ ուժասպառ դառնալու եւ իր վերջին շունչը փչելու օրհասին։
Այս տարուան Մայիս Մէկի Օրը աշխատաւոր մարդկութիւնը դիմաւորեց խոր անդոհանքով, ահաւոր անկումներու վտանգը դիմագրաւելու անձկութեամբ՝ ի տես եւ ի լուր ֆաշականութեան երկու բեւեռներուն ալ յաղթարշաւին… Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ ժողովրդավարութեան քողին տակ երեւան եկած մէկ կողմէ «խալիֆայութեան» եւ միւս կողմէ «խաչակրութեան» վերապրուկներու քանդիչ մոլուցքի բորբոքումին։
Այո՛, էապէս եւ ըստ ամենայնի ֆաշականութենէն կը ներշնչուին մեր օրերուն հաւասարապէս թէ՛ Արեւելքը վարակած կրօնամոլութիւնը, թէ՛ Արեւմուտքը խռոված ցեղապաշտութիւնը։ Իրերամերժ ըլլալով հանդերձ՝ անոնք միաժամանակ ոխերիմ թշնամիներն են երկրագունտը մարդկութեան մեծ ընտանիքին համար ընդհանուր հայրենիք եւ բազմակողմանի զարգացման համերաշխ օրրան դաւանող ժողովրդավարութեան ու ընկերվարութեան գաղափարպաշտ մեծ շարժումին։
Ահա թէ քաղաքական-գաղափարական ինչպիսի՛ ջլատիչ մթնոլորտի մէջ, Մայիս Մէկի երէկուան օրը, ողջ աշխարհի տարածքին — բացառութեամբ հիւսիսային Ամերիկայի – պաշտօնապէս աշխատանքը դադար առաւ եւ բոլոր երկիրներու աշխատաւորութեան հետ՝ համայն մարդկութիւնը նշեց Աշխատանքի ու Աշխատաւորութեան Միջազգային Օրը։
Թէեւ հնադարեան ժամանակներէն մարդկութիւնը տօնած է Մայիս ամսու գալուստը իբրեւ ծաղկումի եւ կենսուրախութեան հեթանոսական տօն, բայց ժամանակակից աշխարհը հիմնովին տարբեր գաղափարական խորքով կը նշէ Մայիս 1ը։
Մայիս Մէկի խորհուրդը շատոնց ուղղակիօրէն կապուած է մարդու աշխատանքի ազատագրութեան մեծ շարժումին եւ աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպանութեան քաղաքական պայքարին հետ։
Շուրջ 130 տարի առաջ սկսաւ Մայիս 1ի ժամանակակից իմաստով նշումը եւ այնքան ալ տօնական տրամադրութիւններով չսկսաւ։ 1890ի Մայիս 1ին, յատկապէս Եւրոպայի տարածքին, աշխատաւորական կազմակերպութիւնները եւ յեղափոխական կուսակցութիւնները (ընկերվարական, անիշխանական թէ ազատախոհական) փողոց իջան եւ ցոյց կատարեցին՝ ութժամայ աշխատանքային օրուան եւ ընդհանրապէս աշխատաւորական կեանքի պայմաններու բարելաւման պահանջով։
Յատկապէս աշխատաւորներու մասնակցութեամբ կատարուած առաջին այդ Մայիս 1ի ցոյցերը այդպէս՝ պատահական կամ ինքնաբուխ չեղան։ Տարի մը առաջ, 1889ի Յուլիսին, Ֆրանսական մեծ Յեղափոխութեան հարիւրամեակին առիթով գումարուած էր Ընկերվար Միջազգայնականի (պատմութեան ծանօթ իբրեւ Երկրորդ Միջազգայնական) հիմնադիր ժողովը, որ հետագայ իր գործունէութեան վերաբերեալ որոշումներու շարքին՝ Մայիս Մէկը հռչակեց իբրեւ աշխատաւորական շարժումներու միջազգային զօրակցութեան Օր։
Միջազգայնականի այդ որոշումն էր, որ ի գործ դրուեցաւ 1890ին։ Իսկ Մայիս 1ին միջազգային աշխատաւորական զօրակցութեան եւ համերաշխութեան իմաստ տալու գաղափարը բխած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ արդէն ծաւալուն բնոյթ ստացած աշխատաւորական պայքարին թիկունք կանգնելու Ընկերվար Միջազգայնականի քաղաքական դիրքորոշումէն։
Արդարեւ, աշխատաւորական շարժումը ակնբախ յառաջխաղացք արձանագրած էր Մ. Նահանգներու մէջ՝ օգտուելով ազատ մտածողութեան եւ քաղաքացիական ազատ գործունէութեան՝ Եւրոպայի համեմատ աւելի ձեռնտու պայմաններէն։ 1886ին, Մայիսի առաջին օրերուն, Մ. Նահանգներու աշխատաւորական եւ գաղթականական կեդրոնացման քաղաքներէն Շիքակոյի մէջ, աշխատաւորները փողոց իջած էին եւ օրերու վրայ շարունակուած ցոյցերու միջոցաւ պահանջած էին, որ օրէնքով նուիրագործուի ութժամեայ աշխատանքային օրուան իրենց պահանջը։ Մայիս 4ին, Շիքակոյի Հէյմարքէթ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցոյցը շատ բազմամարդ եւ բուռն եղած էր՝ ոստիկանութեան հետ առճակատման երթալու իմաստով։
Անորոշ կողմէ ռումբ նետուած էր ցոյցին հսկող ոստիկանութեան վրայ՝ զոհեր խլելով ոստիկաններէն, որոնք անմիջապէս կրակ բացած էին ցուցարարներուն վրայ եւ պատճառ դարձած՝ 8 մեռեալի եւ տասնեակներով վիրաւորներու։
Անշուշտ օրին դատ¬դատավարութիւն տեղի ունեցած էր, բայց դատարանը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էր, ռումբի արձակման բուն պատասխանատուները յայտնաբերելու փոխարէն, ցոյցի կազմակերպիչներուն քաղաքական համոզումներուն քննարկման եւ բացայայտման վրայ, ինչ որ քաղաքականացուց աշխատաւորական շարժման ամբողջ բնոյթը։
Նոյն պատճառով ալ, Մ. Նահանգներու օրուան նախագահը՝ Քլիվլընտ փութաց զօրակցելու ամերիկացի աշխատաւորական միութիւններէն Աշխատանքի Ասպետներ արհեստակցական կազմակերպութեան, որ ի հակազդեցութիւն ընկերվարական համոզումներով Հէյմարքէթի ցուցարարներուն՝ առաջարկեց Սեպտեմբերին տօնել Աշխատանքի Օրը եւ այդպէս ալ, Մ. Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ, մինչեւ այսօր Աշխատանքի Օրը կը տօնուի Սեպտեմբերին։
Եւ այդպէս սկսաւ Մայիս Մէկի միջազգային շարժման կենսագրութիւնը։
Սկզբնապէս սահմանափակուեցաւ ութժամեայ աշխատանքային օրուան, աշխատավարձերու արդար գնահատման եւ աշխատատեղիներու մէջ աւելի յարմար պայմաններու ապահովման պահանջներով։
Բայց որովհետեւ 19րդ դարու վերջին տասնամեակէն սկսած աշխարհով մէկ վարակիչ դարձած էին ազգային եւ ընկերային ազատագրումի յեղափոխական շարժումները, Մայիս Մէկի ոգեկոչումներն ու տօնախմբութիւնները շատ արագ ամէնուր վերածուեցան բողոքի եւ ցոյցի պոռթկումներու՝ իշխանութեանց եւ ժողովրդային խաւերու միջեւ բախումի առիթներու։
Նոյնքան արագութեամբ զուտ աշխատաւորական պահանջներու վրայ գումարուեցան ազգային եւ կրօնական, մշակութային եւ հասարակական ազատագրումի առաջադրանքներ, մինչեւ որ տասնամեակէ տասնամեակ յարաճուն թափ ապահովելով՝ Մայիս Մէկի ելոյթները ընդգրկեցին լայնագոյն հասկացողութեամբ իրաւունքի պաշտպանութեան եւ արդարութեան ամէն կարգի պահանջ։
Մայիս Մէկը այսօր եւս կը պահպանէ, անշո՛ւշտ, շեշտակիօրէն Աշխատանքի եւ Աշխատաւորութեան Միջազգային Օրուան իր նշանակութիւնը։ Այսուհանդերձ՝ ներկայիս Աշխատանքն ու Աշխատաւորութիւնը շատ բան կորսնցուցած են նեղ դասակարգային իրենց սկզբնական իմաստէն եւ արժէքէն։ Ընդհակառակն՝ ցեղային ու սեռային հաւասարութեան, ազգային պաշտպանուածութեան եւ արդարութեան, ժողովրդավարական յարաբերութիւններու եւ հակակշիռներու ընդլայնման, կենսոլորտի անխաթար պահպանման եւ կրօնական ու քաղաքակրթական ինքնուրոյնութեան ազատ զարգացման պահանջները ամբողջ հորիզոնը լայնագոյնս բացած են Մայիս Մէկի իմաստին եւ արժէքին առջեւ։
Մայիս Մէկի գաղափարական խորհուրդին այս աստիճան ընդլայնումը, բնականաբար, շատ բան նուազեցուց անոր էապէս աշխատաւորական պայքարի նշանակութենէն եւ հնչեղութենէն։ Բայց նոյնիսկ մեր օրերուն, աշխարհի որեւէ անկիւնը, մինչեւ անգամ ժողովրդավարականօրէն հաստատաքայլ յառաջդիմած երկիրներու մէջ, երբ աշխատանքն ու աշխատաւորութիւնը իրաւազրկելու քայլեր կþարձանագրուին, Մայիս Մէկը անմիջապէս կը վերագտնէ երբեմնի իր բուռն պայքարի տարողութիւնը՝ աշխատաւորութեան եւ իշխանութեանց միջեւ արիւնալի բախումներու յանգելով։
Իսկ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, 19րդ դարավերջէն սկսեալ, Մայիս Մէկը ոչ միայն հայ գրողներու՝ Վարուժաններու եւ Վարանդեաններու ու անոնց գաղափարական ենթահողը կազմող հայ ազգային¬ազատագրական շարժման ներշնչման աղբիւրը դարձաւ, այլեւ՝ հետեւողականօրէն մղում տուաւ համամարդկային մեծ իտէալներով առաջնորդուելու սկզբունքայնութեան։
Մայիս Մէկը քաղաքականօրէն չարաշահուեցաւ նաեւ հայ քաղաքական մտքի պոլշեւիկեան թեւին կողմէ եւ հայոց նորագոյն պատմութեան էջերուն միշտ սեւով ու մուրով պիտի յիշատակուի 1920ի Մայիս Մէկը, երբ Կարմիր Բանակի հրահրումով՝ հայ պոլշեւիկները Կարսի մէջ Աշխատաւորական Օրուան հանդիսութիւնները փորձեցին ծառայեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ բողոքի շարժումի եւ քաղաքացիական խռովութիւններու ծաւալումին…
Պատմութիւնը վկայ է, որ մեր ժողովուրդը իր ազգային առողջ բնազդով կուլ չգնաց պոլշեւիկեան յորձանքի այլասերման ու դաւանամոլութեան վտանգին։ Ամբողջ եօթանասուն տարուան խորհրդային ամբողջատիրութեան թունաւորումէն ետք անգամ, հայ քաղաքական միտքը կրցաւ իր ազգային ժառանգութեան հարազատ ակունքներով վերականգնիլ։
Եւ ամէն Մայիս Մէկի հետ, մերօրեայ հայութիւնը աշխարհով մէկ կը վերանորոգէ արեւուն տակ իր ազգային եւ ընկերային ազատ ու արդար կեանքը նուաճելու ուխտը։
Վերահաստատ այդ վճռակամութեամբ ալ կը սեւեռինք մերօրեայ միջազգային քաղաքականութեան երկնակամարը մթագնող ֆաշականութեան կուտակած մութ եւ մռայլ ամպերուն՝ մեր կարգին մեր լիիրաւ մասնակցութիւնը բերելու համար աշխատաւոր մարդկութեան քաղաքակրթական յառաջխաղացքի երթը ետ շրջելու մոլեռանդութեան ամէն կարգի եւ գոյնի դրսեւորումներու դիմագրաւումին։
Մայիս Մէկ
Մայիս Մէկ. Աշխատանքի եւ աշխատաւորի ազատագրութեան դատը՝ ֆաշականութեան հակադիր բեւեռներու աքցանին մէջ Ն.