Գոմոթինիի «Տիմոքրիթիօ» համալսարանի լեզուական, բանասիրական ու մշակոյթի բաժնի տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ «Համազգային»ի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան ու Գոմոթինիի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի գործակցութեամբ, 26 Փետրուարէն 3 Մարտ 2018ին տեղի ունեցաւ «Հայկական Շաբաթ» խորագրով դասախօսութիւններու շարք մը, նուիրուած՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթին։ Բացման հանդիսութիւնը կատարուեցաւ «Րէքս» սրահին մէջ, Երկուշաբթի՝ 26 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 6։30ին։ Ընդառաջելով համալսարանի տնօրէնութեան հրաւէրին՝ ներկայ գտնուեցան Յունաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար պրն. Թերէնս Գուիք, յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան (որ այս հանդիսութեան կը ներկայացնէր նաեւ Հ.Հ. դեսպան պրն. Ֆաթէյ Ջարչօղլեանը), հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան, Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Ստեփան Մատթէոսեան, Միջ-Թաղայինի ատենապետ պրն. Պետրոս Մելքոնեան, քաղաքապետը, արեւելեան Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ ոստիկանապետը, երկու զօրանոցներու զօրավարները, Մետրապոլիտի ներկայացուցիչը, Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած երկու փրոֆեսորներ՝ պրն. Ռոպերթ Ղազարեան եւ տիկ. Լուսինէ Սահակեան, համալսարանի դասախօսներ, աշակերտներ ու ժողովուրդ։
Բացման խօսքը կատարեց փրոֆ. Իաքովոս Աքցօղլու։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու ներկայացուց համալսարանի նախաձեռնած «Հայկական Շաբաթ»ի ծրագիրն ու նպատակը։ Ապա՝ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան փոխ-նախարարը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, պրն. Չոլաքեան, պրն. Մատթէոսեան, համալսարանի տնօրէնը եւ լեզուական բաժանմունքի տնօրէնը։ Պրն. Չոլաքեան փոխանցեց նաեւ Հ.Հ. դեսպանի ողջոյնի խօսքը, ինչպէս նաեւ ընթերցեց Հ.Հ. սփիւռքի նախարար տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի ուղերձը։ Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Գոմոթինիի եկեղեցւոյ երգչախումբը եւ Հայ Մշակութային Միութեան պարախումբերը։ Ներկայացուեցաւ նաեւ Հայաստանի մասին պատմագրական ժապաւէն մը։ Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։ Դասախօսութիւնները տեղի ունեցան համալսարանի սրահին եւ Գոմոթինիի եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ամէն երեկոյ ժանը 6էն սկսեալ։ Հերթաբար դասախօսեցին լեզուաբան տիկ. Լիլիթ Շախզատէյեան, տնտեսագէտ պրն. Սարգիս Տանկազեան, արուեստագէտ պրն. Յովիկ Գասապեան, երաժիշտ պրն. Խրիսթօ Ղալիլէա, Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի փոխ-տնօրէն փրոֆ. Ռոպերթ Ղազարեան, Երեւանի Պետական Համալսարանի թուրքագիտութեան բաժնի փրոֆեսոր Լուսինէ Սահակեան, թարգմանիչ պրն. Սերգօ Աղապատեան, պրն. Յակոբ Ճէլալեան եւ տիկ. Տիանա Միխաիլիտու։ Նիւթերու մեծ մասը ներկայացուեցաւ յունարէն լեզուով, իսկ ոմանք հայերէն ու անգլերէն լեզուներով։
Իւրաքանչիւր դասախօսութենէ ետք տեղի ունեցան հարցազրոյց եւ քննարկում։ Մէկ-շաբաթեայ ծրագիրի ընթացքին՝ Ուրբաթ երեկոյ ցուցադրուեցաւ «The Promise» ժապաւէնը։ Գոմոթինիի օրաթերթերը եւ ռատիոկայանը լայնօրէն անդրադարձան «Հայկական Շաբաթ»ին։
Շաբաթ երեկոյեան՝ «Հայկական Շաբաթ»ը իր աւարտին հասաւ հայկական ճաշերու ներկայացմամբ ու համտեսումով ներկաներուն կողմէ:
ԹՂԹԱԿԻՑ