Ուրբաթ՝ 10 Մայիս 2019ի առաւօտեան ժամը 11ին, անուանի բեմադրիչի անուան՝ «Միխալիս Քաքոեանիս հաստատութիւն» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ պարգեւատրում մը, մասնակցութեամբ` մեծ թիւով դպրոցական պատուիրակութիւններու — ամբողջ Յունաստանի տարածքէն, եւ երկրի պետական, կառավարական, քաղաքական եւ մշակութային բնագաւառներէ ներկայացուցիչներու, որոնք իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Աշակերտական Միջազգային Շարժապատկերի Փառատօնի պարգեւատրումներու պաշտօնական ու աւարտական հանդիսութիւնը, որուն կը մասնակցէին իրենց ընդհանուրին մէջ ամբողջ Յունաստանէն ու Կիպրոսէն տարբեր մակարդակի 300 վարժարաններ 65.000 աշակերտներով:
Սոյն փառատօնը կ’իրագործուի Յունաստանի ձայնասփիւռ-հեռատեսիլի ելեկտրոնային հաղորդակցական միջոցներու, անոր համապատասխան յունական նախարարութեան, Աթէնքի մօտ Կիպրոսի Հանրապետութեան դեսպանատան, Յունաստանի պետական հեռատելիլի բաժանմունքի տնօրէնութեան, հիւսիսային Յունաստանի Տրամա եւ Սերէս քաղաքներու շարժապատկերի կարճամեթրաժ փառատօնի տնօրէնութեանց եւ յարակից այլ կառոյցներու:
Փառատօնը կը վայելէր պաշտօնական հովանաւորութիւնը Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահական բաժանմունքի հաղորդակցական գրասենեակի ընդհանուր քարտուղարութեան, Յունաստանի կրօնից ու կրթութեան նախարարութեան, Աթէնքի մէջ Կիպրոսի Տան եւ Կիպրոսի դեսպանատան կրթական բաժանմունքին:
Պարգեւատրումի արարողութեան նուիրուած հանդիսութեան ներկայ եղան կրօնից ու կրթութեան նախարար Գոսթաս Ղաւրօղլու, գաղթականաց քաղաքականութեան նախարար Տիմիթրիս Վիցաս, ելեկտրոնական ու հաղորդակցութեան նախարար Նիքոս Փափաս, «Երեխայի ժպիտ» անպաշտպան անչափահասներու հաստատութեան տնօրէն Անտրէաս Եանոփուլոս, Իսրայէլի ու Կիպրոսի դեսպաններ ու հիւպատոսներ, բեմադրիչներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ, վարժարաններու տնօրէններ ու դաստիարակներ եւ թատրոնը լեցուցած աշակերտական պատուիրակութիւններ՝ նախակրթարան, միջնակարգ եւ լիկիոններ:
***
Օրուան առնչուած անհրաժեշտ թղթակցական բաժինը ամբողջացնելով՝ նշենք, թէ հայկական ներկայութեան պաշտօնական հրաւէրը կը վերաբերէր Նէա Զմիռնիի 7րդ լիկիոնի աշակերտութեան կողմէ պատրաստուած ու նկարահանուած ժապաւէնի ցուցադրութեան, որ կը վերաբերէր 1922ի Փոքր Ասիոյ գաղթականական ահաւոր ալիքի հետեւանքներուն ու մէկ միլիոն յոյն գաղթականութեան հետ, մօտ հարիւր հազար տարագիր հայ գաղկաթանական վերապրած բեկորներու Աթէնքի թիթեղապատ գաղթակայաններէն մէկուն՝ Տուրղութիի անհիւրընկալ պայմաններու մէջ ապաստան գտնելու տխրայիշատակ պատմութեան: Ժապաւէնի տիտղոսն էր՝ «Ο Νέος Κόσμος των Αρμενίων» («Հայերու Նէոս Գոզմոսը (Նոր Աշխարհը)»:
Այս ժապաւէնի մասին առիթ ունեցած ենք մեր թերթի էջերուն մէջ գրելու տարի մը առաջ ու նշելու, թէ լիկիոնի նիւթի ընտրութիւնը կատարուեցաւ հոն աշակերտող հայ աշակերտներու նախաձեռնութեամբ ու պնդումով իրենց տնօրէնութեան դիմումին ու գործի կազմակերպման դասաւորումները ստանձնած Աթէնքի Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէի, որ այս գործը իր ատենին կարգաւորեց գաղութային այլ կառոյցներու՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին, Յունաստանի «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութեան, «Ազատ Օր» օրաթերթին, «Արմենիքա» պարբերաթերթին, Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչին, որոնք իւրաքանչիւրն իր բնագաւառէն ներս համադրուած հարցազրոյցներով, լաւ աշխատանք մը կատարեց՝ աշակերտներու եւ իրենց ուսուցիչներու հսկողութեամբ այս գործը լաւագոյն յաջողութեամբ պսակելու ու հանդիսադրելու համար:
Ահա ա´յս ժապաւէնն է, որ ամբողջ Յունաստանի մէջ՝ իբրեւ լաւագոյն ժապաւէն արժանացաւ դատական 20անդամ կազմի առաջնութեան որոշումին ու գնահատումին:
Պարգեւատրման օրը՝ պաշտօնական հիւրերու ներկայութեան հատուածներ ցուցադրուեցան ու ներկայացուեցան զուտ հայկական ու պատմական բովանդակութեամբ այս ժապաւէնի հատուածներէն ու տեսարաններէն:
Պարգեւատրումը կատարելու հրաւիրուած էր Յունաստանի «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Յովսէփ Պարազեան, որ իր կարգին պարգեւատրումի արարողութենէն ետք խօսեցաւ 20րդ դարու Առաջին Ցեղասպանութեան, Փոքր Ասիոյ Աղէտին, հայ եւ յոյն գաղթականութեան պատմական թղթածրարի հետեւանքներուն եւ Թուրքիոյ ներկայ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան ապառողջ քաղաքականութեան մասին:
Փառատօնին տնօրէնութիւնը, տեղւոյն վրայ խնդրեց մեր ընկերոջմէ, որ կատարէ փառատօնի երկրորդութեան կարգին արժանացած հրէական «Հոլոքոսթ» ժապաւէնի պատուիրակութեան պարգեւատրումն ալ: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Աթէնքի Իսրայէլի դեսպանուհին:
«Ο Νέος Κόσμος των Αρμενίων» ժապաւէնը կարելի է դիտել հետեւեալ հասցէին՝ https://www.youtube.com/watch?v=jFZuDjZaHaI
Թղթակից