Յունիս 28ի այս օրը, 114 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ վախճանեցաւ 19րդ դարու հայոց Ազգային Զարթօնքի ռահվիրաներէն Կարապետ Իւթիւճեան։
Ամբողջ փաղանգի մը արժանաւոր՝ յառաջապա՛հ հրապարակագիրներէն էր այս անխոնջ մտաւորականն ու ազգային գործիչը, որ 19րդ դարու երկրորդ կիսուն, իր «Մասիս» թերթով՝ հայ մտքի եւ գրականութեան պատմակերտ յառաջխաղացքին առջեւ մայրուղի հարթեց։
Տոքթ. Սէրվիչէն, տոքթ. Ռուսինեան, Գրիգոր Օտեան, Գրիգոր Աղաթօն, Կ. Պալեան եւ այլ անուններով հայոց արդի պատմութեան մեծ շրջադարձը հունաւորած այդ փաղանգին մէջ Կարապետ Իւթիւճեան յատկանշուեցաւ իր սկզբունքայնութեամբ, ինքնահաւատարմութեամբ եւ աներեր հետեւողականութեամբ։ Իր գործընկերներուն բնորոշ փայլքի ու փառքի վերիվայրումները չունեցաւ, բայց իր սիրտն ու հոգին, միտքն ու գրիչը միշտ գործի մէջ դրաւ, որպէսզի իր բառերով հայոց «ազգային յառաջդիմութեան» առջեւ լուսաւոր հորիզոններ բանայ՝ «Ազգային յառաջդիմութեան ի սրտէ ցանկացողները պէտք է, որ ամէն բանէ առաջ իրենց ուշադրութիւնը դաստիարակութեան կանոնաւոր դրութիւն մը հաստատելու նուիրեն, առանց որոյ անհնար է չըսենք յառաջդիմութիւն ընել՝ այլ ազգ մը քաղաքակրթել։ Դաստիարակութիւնը տարածելու համար որչափ զոհողութիւն ալ որ ընենք դարձեալ քիչ է, ըստ որում՝ անհուն ասպարէզ մը կայ առջեւնիս, ուր ոչ միայն պէտք եղած նիւթերը կը պակսին, այլ եւ ամէն բան գրեթէ նոր ի նորոյ ստեղծելու է։ Այսպէս իմանալու է նաեւ ազգային ուրիշ պիտոյից համար, բայց բաներ կան, որ կրնան ետ ձգուիլ, իսկ դաստիարակութիւնը չի կրնար ետ ձգուիլ, որովհետեւ քաղաքակրթուիլ ուզող ազգի համար կենաց եւ մահու խնդիր մ’է… այն»։
17 Ապրիլ 1865ին լոյս տեսած «Մասիս»ի խմբագրականէն մէջբերուած Իւթիւճեանի վերեւի պատգամը մինչեւ մեր օրերը կ՛առաջնորդէ հայոց ազգային կեանքը։ Թող պարզունակ չթուին Իւթիւճեանի լեզուն եւ ոճը, մտածողութիւնն ու գործնապաշտութիւնը։
Աշխարհաբարի որդեգրման, մշակման ու զարգացման այդ բախտորոշ ժամանակաշրջանին, Իւթիւճեան պէտք է խօսէր եւ իրապէս կրցաւ հասկնալիօրէն խօսիլ պարզ ժողովուրդին հետ, որուն ամէնօրեայ հայերէնը աղճատուած էր օտարաբանութիւններով (յատկապէս թրքերէնի խեղճութեան ճնշումին տակ)…
Ազգային Սահմանադրութեան հռչակման ու կիրարկման փոթորկայոյզ ժամանակաշրջան էր, ուր հայկական գաւառներէն Պոլիս հաւաքուած ու օսմանեան մայրաքաղաքէն Եւրոպա անցած, ուսանած եւ վերադարձած երիտասարդ հայորդիներ հաւատարմագրուած էին Ազգի քաղաքակրթական Զարթօնքի մեծ պայքարին, որուն ոգին՝ հաւաքական զոհաբերութեանց պատրաստ գտնուելու յորդորներով՝ ընդունելի եւ խթանիչ պէտք է դառնար ժողովրդային լայն խաւերուն համար։
Ահա այդ դարակազմիկ պայքարին դրօշակիրներէն է 27 Հոկտեմբեր 1823ին Պալաթու (Պոլիս) ծնած «արդուկահար Սիմոն աղայի» որդի Կարապետը, որ հօրենական արհեստին հետեւողութեամբ՝ Իւթիւճեան մկրտուեցաւ։ Պալաթուի եւ Սամաթիոյ թաղային վարժարաններուն մէջ նախնական կրթութիւնը ստացաւ եւ 1839ին ընդունուեցաւ Սկիւտարի Ճեմարանը։ Բախտը ունեցաւ աշակերտելու մեծ դաստիարակ Յովհ. Տէրոյենցի, որ «դասագլուխ» վերադիրին արժանացուց իր փայլուն ուսանողին։ Բայց այլազան պատճառներով Սկիւտարի Ճեմարանը փակուեցաւ տարի մը ետք, 1840ին։ Յաջորդ չորս տարին Իւթիճեան ամբողջապէս նուիրուեցաւ ինքնազարգացման եւ յաջողեցաւ 1844ին միանալ իր ժամանակի ուսուցիչներու փաղանգին. պաշտօնավարեց Պէշիկթաշի, Սկիւտարի եւ Ենի Մահալլէի թաղային վարժարաններուն մէջ։
1848ին Կ. իւթիւճեան իր կարգին քայլերը ուղղեց դէպի Եւրոպա։ Փարիզի մէջ հետեւեցաւ Առեւտրական Բարձրագոյն Վարժարանի դասընթացքներուն, վկայուեցաւ, կարճ ժամանակով գնաց ու մասնագիտութիւնը զարգացուց նաեւ Լոնտոնի մէջ, ուրկէ Պոլիս վերադարձաւ 1851ին։
Եւրոպական միջավայրին մէջ յեղափոխական խմորումներու բուռն ժամանակաշրջանին զուգադիպեցան Իւթիւճեանի համալսարանական ուսման տարիները. աշխատաւորական իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական ազատութիւններու ձեռքբերման համար մղուող պայքարներու, գաղափարական հոսանքներու եւ ընկերային շարժումներու խաչմերուկին կանգնած՝ ուսանող հայորդին սոսկ հոսանքէն տարուած հետեւորդ մը չեղաւ, այլ ընտրեց եւ իւրացուց այն ամէնը, ինչ որ հոգեհարազատ էր իր ազգային ենթահողին ու տեսլականին։
Եւ դարու շունչով ու գիտութեամբ զինուած՝ Պոլիս վերադարձած Իւթիւճեան նետուեցաւ պայքարի դաշտ։
Զուգադիպեցաւ, որ Իւթիւճեանի վերադարձի օրերուն Հայոց Պատրիարքարանը վէճերու մէջ էր իր պաշտօնաթերթ՝ «Հայաստան»ը հրատարակող Տէրոյենցի հետ, որ Իւթիւճեանի նախասիրած ուսուցիչը եղած էր աշակերտական տարիներուն։ Պատրիարքարանը դիմեց Եւրոպայէն նոր վերադարձած «դասագլուխ»ին, որպէսզի ինք ստանձնէ պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը։ Իւթիւճեան համաձայնեցաւ այն պայմանով, որ թերթին անունը փոխէ «Մասիս»ի. այդպէս ալ եղաւ։
Եւ 2 Փետրուար 1852ին լոյս տեսաւ «Մասիս»ի անդրանիկ համարը։
Իւթիւճեանի «Մասիս»ը բառին լիարժէք իմաստով յայտնութիւն մը եղաւ հայ իրականութեան մէջ։ Մեծն Յակոբ Օշականի գնահատականով՝ «Մասիս»ը հայոց բուն երկրին մէջ աշխարհաբարով ստանձնեց, զարգացուց ու կատարելագործեց այն առաքելութիւնը, որուն յառաջապահը եղած էր Մխիթարեաններու «Բազմավէպ»ը Վենետիկի մէջ։ Ոչ միայն հայ ժողովուրդի ազգային հոգեմտաւոր գանձարանը նորովի կեանք ստացաւ Իւթիւճեանի «Մասիս»ի էջերուն, այլեւ հայ միտքն ու գրականութիւնը նորարար շունչով ծաղկում ապրեցան, նորանուն արժէքներու ամբողջ փաղանգ մը աշխատակից դարձնելով իր աւելի քան երեսնամեայ անխափան հրատարակութեան։
Մինչեւ 1884, «Մասիս» անխափան լոյս տեսաւ եւ Կ. Իւթիւճեանի հրապարակագրական մեծակշիռ վաստակին փառքը կազմեց։ 1884էն ետք Իւթիւճեան կարճ ժամանակի մը համար Արփիար Արփիարեանի «Արեւելք»ին միացուց իր թերթը, բայց 1890ականներուն դարձեալ անջատաբար լոյս տեսաւ թերթը, երբեմն իբրեւ օրաթերթ, նաեւ իբրեւ շաբաթաթերթ մինչեւ 1907 թուականը։
Մինչեւ 27 Յունիս 1904ի իր վախճանը, Իւթիւճեան անձամբ հսկեց եւ ղեկավարեց իր թերթին հրատարակութիւնը, որ պոլսահայ մամուլի ամէնէն հեղինակաւոր բեմը մնաց տասնամեակներ շարունակ։
Ինչպէս Մինաս Թէօլէօլեան կը հաստատէ իր «Դար մը Գրականութիւն» գործին մէջ, Իւթիւճեանի ներդրումը անվիճելիօրէն հսկայական եղաւ աշխարհաբար արեւմտահայերէնի յղկման, թրքաբանութիւններէ մաքրազտման, բառային եւ շարահիւսական մշակման ու կանոնակարգման եւ, մանաւանդ, այսօրուան իր կատարելութեան հասցնելու առումով։
Կրնայ չափազանցութիւն նկատուիլ, բայց Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքի բառերով՝ Կարապետ Իւթիւճեան հանդիսացաւ հայերէն «արդի լեզուի հեղինակն ու հայրը»։ Ոչ միայն իր հրապարակումներուն մէջ տեւաբար հետամուտ եղաւ արեւմտահայերէնի բիւրեղացման, այլեւ՝ իբրեւ խմբագիրի շարունակ մղեց իր աշխատակիցները, որպէսզի իրենց նորարար աջակցութիւնը բերեն արեւմտահայ լեզուամտածողութեան հարստացման։
Իբրեւ ստեղծագործ գրողի՝ Կարապետ Իւթիւճեանի անունը փայլուն տեղ չի գրաւեր հայ գրականութեան մէջ. մեծ մասամբ եւրոպական գրականութեան գլուխ-գործոցներու թարգմանութիւններ ու հայացումներ կը մնան իրմէ։ Բայց նոյնիսկ իր թարգմանութիւնները կը վկայեն հայ լեզուի եւ ազգային լեզուամտածողութեան զարգացման ամբողջապէս նուիրուած Իւթիւճեան մեծարժէք հրապարակագիրին արժանաւորութեան մասին։
Այսօր կ’ոգեկոչենք մահուան 114րդ տարելիցը բառին ամբողջական իմաստով Ազգային Դաստիարակի մը, որ նախ մանկավարժութեամբ, ապա եւ տասնամեակներու վրայ երկարած իր անխոնջ հրապարակագրութեամբ՝ առաջնորդեց հայ ժողովուրդը դէպի արդի ժամանակներու ոգիով քաղաքակրթական վերածնունդ ու զարթօնք։
Կարապետ Իւթիւճեան (1823-1904)
Կարապետ Իւթիւճեան (1823-1904). Զարթօնքի Սերունդին մեծավաստակ հրապարակագիրը Ն.