­

Հայ­կա­կան ­Հար­ցը — ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը՝ հա­մա­ձայն
­Վա­տի­կա­նի գաղտ­նի ար­խիւ­նե­րուն (1894-1925)

Դա­սա­խօ­սու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ
Ուր­բաթ՝ 3 ­Մարտ 2017ի ե­րե­կո­յեան
ժա­մը 8ին, հայ կա­թո­ղի­կէ ­Սուրբ
Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ
սրա­հին մէջ — ­Նէոս Գոզ­մոս

­Դա­սա­խօս՝ ­Հայր Georges-Henri Ruyssen SJ
­Թարգ­մա­նեց՝ ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեան

Ի յի­շա­տակ Jean Balianի S. J. (վախ­ճա­նեալ 1915ին)
եւ Pierre Aghadjanianի S.J. (վախ­ճա­նեալ 1916ին)

­Նե­րա­ծա­կան

Բաւ է հա­մա­ցան­ցի մէջ մտնել՝ տես­նե­լու հա­մար, թէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին հսկայ գրա­կա­նու­թիւն մը կայ: Ինչ­պէս կը մէջ­բե­րէ Անտ­րէա ­Ռի­քոր­տի «­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ. եւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ բազ­մակ­րօն հա­մա­կե­ցու­թիւ­նը» ա­նու­նով իր փոր­ձագ­րու­թեան մէջ՝ «Ս. Ա­թո­ռի դիր­քը միշտ ան­փո­փոխ կը մնայ»: Ուս­տի՝ ­Վա­տի­կա­նի աղ­բիւր­նե­րը կը կազ­մեն դեռ չհե­տա­զօ­տո­ւած կա­րե­ւոր վկա­յու­թիւն մը, Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին քրիս­տո­նեա­նե­րու դէմ գոր­ծուած ա­րարք­նե­րուն մա­սին:

­Մենք 2013էն մին­չեւ 2015 հրա­տա­րա­կե­ցինք 7 հա­տոր­ներ «­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը» տիտ­ղո­սով: ­Մեր նպա­տակն է հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը ­Վա­տի­կա­նի ար­խիւ­նե­րուն բո­լոր ա­նոնց կող­մէ, ո­րոնք կը զբա­ղին սոյն բարդ հար­ցով՝ 1915 ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեամբ, այն ինչ հա­յե­րը կը կո­չեն «­Մեծ Ե­ղեռն»: Այս բար­դու­թիւ­նը չի՛ կա­յա­նար միայն պատ­մա­կան-քա­ղա­քա­կան ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու ըմբռ­նու­մին մէջ: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հիմ­նա­հար­ցը խո­չըն­դո­տո­ւած է իր իսկ կող­մէ ստեղ­ծո­ւած յոյ­զե­րէն եւ կիր­քե­րէն: Իր մէկ փոր­ձագ­րու­թեան մէջ, 1990ին, Անտ­րէա ­Ռի­քոր­տի կը յայ­տա­րա­րէ՝ «Ս. Ա­թո­ռի եւ ­Քա­հա­նա­յա­պե­տի դե­րը դեռ չէ կազ­մո­ւած ստոյգ փաս­տե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով»: «Ս. Ա­թո­ռը կը բա­ւա­րա­րո­ւի մին­չեւ այ­սօր հրա­տա­րա­կո­ւած վա­ւե­րագ­րու­թիւն­նե­րով եւ կը սահ­մա­նա­փա­կո­ւի իր կա­րեկ­ցո­ղի դե­րին մէջ: Ս. Ա­թո­ռը կը թե­րա­նայ փաս­տե­րու հա­ւաք­ման մէջ, իր մար­դա­սի­րա­կան դե­րին բաղ­դատ­մամբ, որ մին­չեւ օրս ե­ղած է նշա­նա­կա­լից: Ի՞նչ է ­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ.ի դիր­քը ինչ կը վե­րա­բե­րի քրիս­տո­նեայ եւ միւ­սիւլ­ման տար­րե­րու հա­մա­կե­ցու­թեան տագ­նա­պին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ: Շ­նոր­հիւ «­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը» ա­նու­նով հա­տոր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ. ու ­Պիոս ԺԱ. ­Պա­պե­րու, Ս. Ա­թո­ռի պատ­մա­կան դե­րը վե­րա­նա­յո­ւե­ցաւ, վե­րա­կա­ռու­ցո­ւե­ցաւ եւ հա­մա­հա­ւա­սար դար­ձաւ Ս. Ա­թո­ռի մար­դա­սի­րա­կան ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեանց ի նպաստ քրիս­տո­նեա­նե­րուն՝ ըլ­լա՛յ օս­մա­նա­կան, ըլ­լա՛յ թրքա­կան պե­տու­թիւն­նե­րէն ներս: Այս­պէս, պէտք է քննու­թեան ա­ռար­կայ դառ­նան բա­զում ե­ղե­լու­թիւն­ներ, ինչ­պի­սիք են 1894-96ի ջար­դե­րը, 1909ի Ա­տա­նա­յի ջար­դե­րը՝ դէպ­քեր, ո­րոնք հայ ազ­գը ուժգ­նօ­րէն ցնցե­ցին, 1922ի ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը Ֆ­րան­սա­կան զօր­քե­րու Ա­տա­նա­յէն հե­ռա­ցու­մին հե­տե­ւան­քով, նաեւ 1918ի թրքա­կան յար­ձա­կում­նե­րը լքո­ւած ­Կով­կա­սի մը դէմ Պ­րեստ-­Լի­թովս­կի հաշ­տու­թեան պայ­մա­նագ­րին որ­պէս հե­տե­ւանք, ռու­սա­կան զօր­քե­րու հե­ռա­ցու­մէն յե­տոյ: Ու­շագ­րաւ յի­շար­ժան է նաեւ, որ­պէս ու­սում­նա­սի­րու­թեան նիւթ, որ Ս. Ա­թո­ռը միշտ զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցաւ ա­զատ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի մը ստեղծ­ման ի նպաստ:
Ա. Աշ­խար­հա­մար­տը նշա­նա­ւո­րո­ւած է ա­րեւմտեան ու եւ­րո­պա­կան աշ­խար­հի ներ­կա­յու­թեամբ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս: Ա­ռա­ջին քայ­լը կը կա­տա­րո­ւի կա­թո­ղի­կէ եւ բո­ղո­քա­կան մի­սիո­նար­նե­րով, ո­րոնք բա­րե­գոր­ծա­կան ու կրթա­կան լայն ցանց մը կը ծա­ւա­լեն: ­Կը յա­ջոր­դեն գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը Եւ­րո­պա­կան Ու­ժե­րուն (ֆրան­սա­կան, անգ­լիա­կան, ռու­սա­կան, գեր­մա­նա­կան, ի­տա­լա­կան), ո­րոնց կրօ­նա­կան շա­հե­րը շատ յա­ճախ կը խա­չա­ձե­ւո­ւին աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան շա­հե­րու հետ (եր­կա­թու­ղա­յին ար­տօ­նու­թիւն­ներ եւ այլն):
Ֆ­րան­սան պաշ­տօ­նա­պէս կը պաշտ­պա­նէր կա­թո­ղի­կէ­նե­րու շա­հե­րը, Ուղ­ղա­փառ­նե­րու­նը՝ ­Ռու­սիան, ­Մեծն Բ­րի­տա­նիան, ինչ­պէս նաեւ բո­ղո­քա­կան­նե­րունն ու հրեա­նե­րու­նը՝ Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը: Ինչ կը վե­րա­բե­րի հա­յե­րուն, ի­րենց շա­հե­րը քիչ թէ շատ պաշտ­պա­նո­ւած էին բո­լոր ու­ժե­րէն: ­Յա­ճախ քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը հա­մա­կո­ւած էին եւ­րո­պա­կան ազ­գայ­նա­կան հա­կում­նե­րէ՝ այ­սինքն, Օս­մա­նեան տա­րածք­նե­րու ան­ջա­տու­մով ազ­գա­յին պե­տու­թեան մը ե­րա­զը կը փայ­փա­յեն — թէեւ հել­լէն ուղ­ղա­փառ եւ հայ ա­ռա­քե­լա­կան հա­մայնք­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ ա­րե­ւե­լեան կամ լա­տի­նա­ծէս,կա­թո­ղի­կէ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ նո­ւազ չա­փով հա­մա­կիր էին ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան եւ բռնի ու­ժի կի­րառ­ման:
Այ­լընտ­րան­քա­յին լու­ծու­մը եւ­րո­պա­կան ու­ժե­րու ճնշում­նե­րուն եւ կեդ­րո­նա­խոյս ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան դէմ փոր­ձեց տալ «Ե­րի­տա­սարդ ­Թուր­քեր»ու ազ­գայ­նա­կան շար­ժու­մը, որ յա­ռաջ մղեց փան-թուր­քա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը՝ զօ­րաց­նե­լով այդ­պէս թրքա­կան ինք­նու­թիւ­նը, միա­ժա­մա­նակ ջա­նա­լով վե­րա­կեն­դա­նաց­նել Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը «­Թուր­քիան թուր­քին կը պատ­կա­նի» բնա­բա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ:
Ակն­յայտ է, որ քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նու­թեանց բազ­մազ­գի ներ­կա­յու­թիւ­նը (հա­յեր, ա­սո­րի­ներ, մա­րո­նի­ներ, մել­քիտ­ներ, քաղ­դէա­կան­ներ եւ այլն), ար­գելք էր թրքա­կան ծայ­րա­յեղ դիր­քե­րու ծա­ւալ­ման, քա­նի որ քա­ղա­քա­կան վեր­նա­խա­ւը, ինչ­պէս նաեւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան շրջա­նակ­նե­րու եւ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը Ա­րեւ­մուտ­քի հա­մա­կիր էին:
Այս հա­կա­սու­թիւ­նը, որ­պէս խոր տագ­նապ, բա­ցա­յայ­տո­ւե­ցաւ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րէին: ­Պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն իսկ՝ 1914ին, Ֆ­րան­սան ու դաշ­նա­կից­նե­րը ան­հե­տա­ցան Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թե­նէն: ­Պալ­քա­նեան աշ­խար­հի այս թնճու­կին ա­ռաջ, Ս. Ա­թո­ռը մնաց ա­ռան­ձին կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ շա­հե­րը պաշտ­պա­նե­լու, զրկուած Ֆ­րան­սա­յի, Ի­տա­լիոյ եւ Աւստ­րօ-­Հուն­գա­րիոյ ա­ւան­դա­կան պաշտ­պա­նու­թե­նէն: Եր­կու խօս­քով, Ս. Ա­թո­ռը ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան ծրագ­րու­մէ զուրկ էր աշ­խար­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն, իսկ ի­րեն կը մնար մի­միայն մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ այ­սինքն պաշտ­պա­նու­թիւ­նը քրիս­տո­նեայ տար­րին, հա­լա­ծանք­նե­րու կա­սե­ցու­մը, օգ­նու­թեան ա­ռա­քու­մը, որ­պէս­զի զգա­լի դառ­նայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը ա­րե­ւել­քի տա­րած­քին: Եւ պա­տա­հա­կան չէ, որ 1917ին հիմ­նո­ւե­ցաւ ­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ.ի կող­մէ «Ա­րե­ւե­լեան Ե­կե­ղեց­ւոյ ­Ժո­ղո­վը», որ այ­սօր կը կո­չո­ւի «­Պա­պա­կան Ա­րե­ւե­լեան ­Հիմ­նարկ»:
Ար­խի­ւա­յին վա­ւե­րագ­րե­րուն անց­նե­լէ ա­ռաջ, նշենք թէ տո­ւեալ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին՝ 1915-16 ջար­դե­րու եւ աք­սո­րի հե­տե­ւան­քով զո­հո­ւե­ցան ա­ւե­լի քան 2 մի­լիոն քրիս­տո­նեա­ներ: ­Մե­ծա­մաս­նու­թեամբ հա­յեր, ինչ­պէս նաեւ ա­սո­րի­ներ, քաղ­դէա­ցի­ներ, մա­րո­նի­ներ եւ սու­րիա­ցի­ներ: ­Յի­շենք մա­րո­նի­նե­րու եւ սու­րիա­ցի­նե­րու վեր­նա­խա­ւի հա­լա­ծանք­նե­րը ­Լի­բա­նա­նի եւ ­Սու­րիոյ մէջ. ­Կան­խամտա­ծո­ւած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը, որ նպա­տակ ու­նէր ջար­դե­րու եւ սո­վի-ծա­րա­ւի մի­ջո­ցով ա­սո­րի եւ քաղ­դէա­ցի տար­րը ան­հե­տաց­նել ­Մի­ջա­գետ­քի մէջ: Այս­պէս, ա­րե­ւե­լեան նա­հանգ­նե­րէն քրիս­տո­նեայ տար­րը գրե­թէ ան­հե­տա­ցաւ:
Այս ան­ծայ­րա­ծիր կայս­րու­թեան տա­րած­քին, Ս. Ա­թո­ռը Կ. ­Պոլ­սոյ մէջ ու­նէր ա­ռա­քե­լա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն մը, ա­ռանց դի­ւա­նա­գի­տա­կան հան­գա­ման­քի մը, երկ­րորդ մը ­Սու­րիա-­Լի­բա­նա­նի մէջ եւ եր­րորդ մը ­Մի­ջա­գետ­քի մէջ, ո­րուն ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ռաջ­նոր­դը զո­հո­ւե­ցաւ 1918ին: Ս. Ա­թո­ռը պի­տի փո­խա­րի­նէ Ֆ­րան­սան Աւստ­րօ-­Հուն­գա­րիոյ եւ ­Գեր­մա­նիա­յի հետ եւ այ­սու­հե­տեւ 1917էն պի­տի գոր­ծէ պա­պա­կան նո­ւի­րակ­նե­րու մի­ջո­ցով ­Վիեն­նա­յի եւ ­Միւ­նի­խի մէջ:
Ա­ռա­քե­լա­կան պա­տո­ւի­րակ ­Տոլ­չի, 1915 ­Յու­նուար 31էն սկսեալ, կը գրէր ­Վա­տի­կա­նի քար­տու­ղար կար­դի­նալ ­Կաս­պա­րիի.- «Եւ­րո­պա­յէն բո­լո­րո­վին մե­կու­սա­ցած ենք… կրօ­նա­կան յա­րա­բե­րա­կան ա­զա­տու­թիւն մը կայ Կ. ­Պոլ­սոյ մէջ: ­Գա­ղա­փար չու­նինք, թէ ի՛նչ կը պա­տա­հի կայս­րու­թեան ներք­նա­մա­սին մէջ: ­Տե­ղեակ ենք միայն, թէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը սկսաւ 1915 Ապ­րիլ 24ին: ­Տո­ւեալ թո­ւա­կա­նին «­Մեծ Ե­ղեռ­նեի յի­շա­տա­կու­թիւ­նը կը կա­տա­րո­ւի: այդ օ­րը 300-400 մե­ծա­մաս­նու­թեամբ ա­ռա­քե­լա­կան հա­յեր ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան Կ. ­Պոլ­սոյ մէջ եւ ար­տաք­սո­ւե­ցան/աք­սո­րո­ւե­ցան դէ­պի կայս­րու­թեան ներք­նա­մա­սը» (­Տոլ­չիի 27 Ապ­րիլ 1915ի թո­ւա­կիր զե­կոյ­ցէն):
Այդ թո­ւա­կա­նին օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, պե­տա­կան հա­րո­ւած մը ի­րա­կա­նաց­նե­լով, ձեր­բա­կա­լեց ա­սիա­կան երկ­րա­մա­սին մէջ, նաեւ Կ. ­Պոլ­սոյ մէջ ծա­ռա­յող 400 հայ ազ­գա­յին գոր­ծիչ­ներ՝ քա­ղա­քա­կան դա­ւադ­րու­թեան մե­ղադ­րան­քով, ո­րուն նկա­րա­գի­րը մին­չեւ օրս ան­ծա­նօթ կը մնայ, ե­թէ ազ­գայ­նա­կան նկա­րա­գիր ու­նի, կամ թէ ուղ­ղո­ւած է տի­րող վար­չա­կար­գին դէմ: ­Կա­թո­ղի­կէ հա­յե­րը հա­զիւ 6-7 ան­ձեր էին: ­Հե­տե­ւա­բար, գե­րա­պայ­ծառ ­Տոլ­չի՝ մե­կու­սա­ցո­ւած ըլ­լա­լով՝ յատ­կա­պէս չէ անդ­րա­դար­ձած ջար­դե­րուն, են­թադ­րե­լով 1915 ­Յու­նի­սին, թէ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը փոր­ձեն զսպել ազ­գայ­նա­կան նկա­րա­գիր ու­նե­ցող հայ­կա­կան ապստամ­բու­թիւ­նը:
­Հայ­կա­կան ապս­տամ­բու­թիւ­նը կը պար­զո­ւի ­Վա­նի հայ­կա­կան նա­հան­գին մէջ (վի­լա­յէթ), ուր ռումբ մը կը պայ­թի կա­ռա­վա­րի­չի պա­լա­տին դէմ: ­Նոր կա­ռա­վա­րի­չը ռու­սա­հայ է: Ապս­տամ­բու­թեան ո՛չ միայն լու­րը, այ­լեւ դրօ­շը հա­րե­ւան վի­լա­յէթ­նե­րուն մէջ ալ կը պար­զո­ւի:­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն մէջ կան նաեւ կա­թո­ղի­կէ­ներ: Թր­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը թէեւ շշմած ու մտա­հոգ, ջար­դե­րու հրա­ման կ­՚ար­ձա­կեն հա­յե­րու դէմ: ­Գե­րա­պայ­ծառ ­Տոլ­չի տա­կա­ւին ան­տե­ղեակ է կա­ցու­թեան մա­սին եւ կը խոր­հի, թէ ար­տաք­սում­նե­րը թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց մէկ պարզ հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը կը կազ­մեն հայ­կա­կան ծա­ւա­լող ապստամ­բու­թեան դէմ, ան­գամ ե­թէ սոյն հա­լա­ծանք­նե­րը 1894-96ը յի­շեց­նող ջար­դե­րու պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէին ընդ­դէմ ա­ռա­քե­լա­կան հա­յե­րու: ­Գերպ. ­Տոլ­չի 1915ի ­Յու­նի­սին թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն կը պա­հան­ջէ կա­թո­ղի­կէ հա­յե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը եւ ար­տաք­սում­նե­րու կա­սե­ցու­մը: Իսկ 1915ի ­Յու­լի­սին — երբ ար­դէն սկսած էին հա­լա­ծանք­նե­րը — ­Տոլ­չի նա­մակ մը կ­՚ուղ­ղէ ­Վա­տի­կա­նի քար­տու­ղա­րին, գրե­լով՝
«Ս­տոյգ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րէ կ­՚ի­մա­նանք, որ հա­րիւ­րա­ւոր հա­յեր — ո­րոնց մէջ եւ կա­թո­ղի­կէ­ներ — հա­լա­ծանք­նե­րէն խու­սա­փե­լու հա­մար, միւ­սիւլ­ման կը դառ­նան: Շ­շուկ­ներ կը լսո­ւին ջար­դե­րու մա­սին եւ այս շար­ժու­մը կ­՚ընդգ­ծէ 2 դաշ­նա­կից ու­ժե­րու (Աւստ­րօ-­Հուն­գա­րիոյ եւ ­Գեր­մա­նիոյ) դես­պա­նա­տու­նե­րու ա­պար­դիւն գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը: ­Կը յա­ջոր­դէ զե­կոյց: Իս­կա­պէս, 1915ի ­Յու­լիս 29ի իր զե­կոյ­ցին մէջ, ­Գերպ. ­Տոլ­չի կը հաս­տա­տէ անխ­տիր բո­լոր հա­յե­րու դէմ գոր­ծադ­րո­ւած ջար­դե­րու եւ հա­լա­ծանք­նե­րու ող­բեր­գա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րը: Ս­տոյգ աղ­բիւր­նե­րէն մէ­կը վե­ղա­րա­ւոր վար­դա­պետ (քա­փու­չին) ­Մի­քա­յէլ ­Լիպզ ­Սամ­սու­նէն հե­տե­ւեա­լը կը գրէ.- «Այդ գի­շեր (այ­սինքն՝ 1915ի Ապ­րիլ 23ի) տե­ղի ու­նե­ցան զան­գո­ւա­ծա­յին ձեր­բա­կա­լու­թիւն­ներ: ­Յա­ջորդ օր պա­տե­րու վրայ զե­տե­ղո­ւած հրա­մա­նի մը հա­մա­ձայն, հա­յե­րուն 5 օր պայ­մա­նա­ժամ կը տրո­ւէր, որ կա­մո­վին կա­ռա­վա­րու­թեան տրա­մադ­րու­թեան են­թար­կո­ւին՝ այր ու կին, ծեր ու պա­տա­նի, հի­ւանդ, կա­թո­ղի­կէ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ ու քոյ­րեր — ա­ռանց խտրու­թեան — ու կա­լան­քի տակ պա­հո­ւին ան­ծա­նօթ վայ­րի մը մէջ: ­Թա­ղե­րը զի­նո­ւո­րա­կան շրջա­փակ­ման մէջ էին: ­Յա­ջորդ օր պի­տի սկսէր ար­տաք­սում/աք­սո­րը: ­Ջար­դե­րու մա­սին շշուկ­նե­րուն՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը յան­կար­ծա­կի ե­կած կը հա­կազ­դէ. շո­ւա­րած կի­նե­րը ա­մէ­նէն զօ­րա­ւոր դի­մադ­րու­թիւ­նը կը ցու­ցա­բե­րեն: ­Գերպ. ­Տոլ­չի պի­տի հասկ­նայ, թէ «ին­չո՛ւ կա­րե­լի չէ, որ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու եւ գնա­հա­տում­նե­րու անց­նիմ, այս պատ­ճա­ռով իմ անձ­նա­կան, Ս. Ա­թո­ռի եւ ­Թուր­քիոյ մէջ գոր­ծող դաշ­նա­կից ու­ժե­րու օգ­նու­թիւ­նը կը հայ­ցեմ»: ­Գերպ. ­Տոլ­չի կը ջա­նայ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մօտ մի­ջամ­տել. «Ես ինքս կը փոր­ձեմ ճնշում բա­նեց­նել կա­ռա­վա­րու­թեան վրայ, սա­կայն չա­փա­զանց դժո­ւար է, ո­րով­հե­տեւ ­Մեծ ­Վե­զի­րը եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը ո­րե­ւէ ազ­դե­ցու­թիւն չու­նին նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դին վրայ, վեր­ջինս ծայ­րա­յեղ ազ­գայ­նա­մոլ, բո­լոր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը իր ձեռքն ա­ռած՝ խիստ ուղ­ղու­թիւն­ներ կու­տայ տե­ղա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք պար­տին բո­լոր պա­տո­ւէր­նե­րը գոր­ծադ­րել: ­Նո­րին Վ­սե­մու­թիւ­նը լաւ կ­՚ըմբռ­նէր, թէ ի՛նչ պայ­ման­ներ կը դի­մագ­րա­ւէ Ա­սիոյ միւ­սիւլ­ման բնակ­չու­թիւ­նը: Ք­րիս­տո­նեայ ու­ժե­րը պէտք է մի­ջամ­տեն, բայց կա­րե­լի չէ, քա­նի որ ­Թուր­քիոյ դէմ պա­տե­րազ­մի մէջ են, իսկ ­Դաշ­նա­կից­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ա­պար­դիւն է: ­Բայց ես կը շա­րու­նա­կեմ դի­մել թէ՛ Աւստ­րիոյ, թէ՛ ­Գեր­մա­նիոյ դես­պան­նե­րուն»:
­Հա­տուկ­տոր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րէ եւ կարգ մը վա­ւե­րագ­րե­րէ կրնանք են­թադ­րել, թէ օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ար­տաքս­ման ծրա­գիր մը ու­նի:­Սոյն ծրա­գի­րը մեծ ճշգրտու­թեամբ ու­րիշ վե­ղա­րա­ւոր վար­դա­պե­տի մը կող­մէ նկա­րագ­րո­ւած է՝ 1) ­Սոյն բա­ռը կը նշա­նա­կէ 2 ա­մու­սին­նե­րու բա­ցար­ձակ բա­ժա­նու­մը եւ մայ­րե­րու բա­ժա­նու­մը ի­րենց իսկ զա­ւակ­նե­րէն: 2) ­Թուրք պա­տո­ւի­րակ­նե­րու սպառ­նա­լիք­ներն ու շո­ղո­քոր­թու­թիւն­նե­րը կը մի­տին ստի­պո­ղա­կան ըմ­բոս­տու­թեան մը յա­ռա­ջաց­ման: ­Յա­ջոր­դա­բար ըմ­բոստ­նե­րը կ­՚ու­ղար­կո­ւին դէ­պի միւ­սիւլ­մա­նա­կան շրջան­ներ, ուր­կէ վե­րա­դարձ չկայ: 3) ­Կի­նե­րու բռնա­բա­րու­մը, ո­րոնց­մէ գե­ղեց­կա­գոյն­նե­րը կա­նա­նոց­նե­րը (հա­րէմ­նե­րը) կը վա­ճա­ռո­ւին, կամ յայտ­նի միւ­սիւլ­ման­նե­րու կը տրո­ւին որ­պէս­զի ի­րենց կիր­քե­րը յա­գեց­նեն: 4) ­Պար­մա­նու­հի աղ­ջիկ­նե­րը նախ որ­պէս ա­ղա­խին կը գոր­ծա­ծո­ւին, ա­պա իս­լա­մա­կան կրթու­թիւն կը ստա­նան ու կրօ­նա­փոխ կը դառ­նան: ­Վե­րապ­րող­նե­րը ի­րենց բո­լոր ան­շարժ ու շար­ժուն ու­նե­ցո­ւած­քը կը ստի­պո­ւին լքե­լու եւ երկ­րի ներք­նա­մա­սը ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու դա­ժան «ճան­տար­մա»նե­րու հսկո­ղու­թեամբ: ­Գիւ­ղէ գիւղ, դաշ­տէ դաշտ կը գաղ­թեն՝ միշտ դէ­պի ան­ծա­նօթ նպա­տա­կա­կէտ:
«­Հո­գե­պէս ընկ­ճո­ւած — բնա­կան ցա­ւե­րէն ու բա­ժա­նու­մէն, ի վի­ճա­կի չեն օ­դա­յին դժնդակ պայ­ման­նե­րուն դի­մադ­րել ու զրկանք­նե­րուն դի­մա­նալ, եւ ա՛յս­պէս ճամ­բու կի­սուն ի­րենց հո­գին կ­՚ա­ւան­դեն. ­Դեռ ու­րիշ­ներ ողջ-ողջ կը նա­հա­տա­կո­ւին: ­Նաեւ՝ ­Վա­նի, ­Պիթ­լի­սի ու յա­ջոր­դա­բար ­Մար­տի­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած դե­րով՝ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման լու­րը: ­Մար­տի­նի մէջ զո­հո­ւե­ցան կա­թո­ղի­կէ ե­պիս­կո­պո­սը իր 700 հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րով: ­Վե­րո­յի­շեալ վե­րա­պա­տո­ւե­լիին հա­մա­ձայն՝ Ան­գա­րա­յի 10 տա­րե­կա­նէն վեր բո­լոր այ­րե­րը զո­հո­ւած են: ­Կան այս­պի­սի բա­զում օ­րի­նակ­ներ… Ան­գա­րա հաս­նող ճամ­բուն վրայ լքո­ւած ե­կե­ղե­ցիի մը մէջ զի­նեալ­նե­րու կող­մէ հսկո­ւած շուրջ 200 հայ տա­րա­գիր­ներ խռնո­ւած էին. ա­նոնց մի­ջեւ կա­յին կա­թո­ղի­կէ վար­դա­պետ մը եւ 2 մայ­րա­պետ­ներ: «Կ­՚ամ­բող­ջաց­նենք այս հա­տո­ւա­ծը վե­ղա­րա­ւոր ­Մի­քա­յէլ ­Լիպ­լի մէկ այլ նկա­րագ­րու­թեամբ՝ տի­րող սար­սա­փի ու սպան­դի մա­սին.- Երբ սկսաւ ա­ռա­քե­լա­կան հա­յոց հե­տե­ւո­ղա­կան ջար­դը, ստեղ­ծո­ւե­ցան հսկո­ղու­թեան գօ­տի­ներ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ, որ­պէս­զի փա­կեն ան­գամ լեռ­նանցք­նե­րը: Ոճ­րա­գործ­նե­րու այս ա­ւա­զա­կա­խումբ­նե­րը կազ­մո­ւած էին այս նպա­տա­կին հա­մար ար­ձա­կո­ւած բան­տար­կեալ­նե­րէ: Այս ձե­ւով զո­հո­ւե­ցան հա­զա­րա­ւոր հա­յեր: ­Կի­նե­րը պար­տադ­րա­բար կրօ­նա­փոխ կ­՚ըլ­լա­յին՝ իս­լամ դառ­նա­լով. ի­րո­ղու­թիւն մը, որ­մէ ա­ռա­ւե­լա­բար տա­ռա­պած են Ան­գա­րա­յի հա­յե­րը: Իսկ ­Գո­նիա­յի ան­սահ­ման դաշ­տը ճեղ­քե­լով՝ ի­րենց հո­գի­նե­րը ա­ւան­դած են հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր հա­յեր: ­Քա­լե­լով 40-50 օր ան­դա­դար: Ով որ զօ­րա­ւոր կազմ չու­նէր՝ սո­վի ու ծա­րա­ւի պատ­ճա­ռով մա­հա­ցաւ:
«Ղզ­լի-­Կէօլ — ­Հա­մա­մի մօտ բլրան վրայ 300 մա­նուկ­ներ լքո­ւե­ցան, քա­նի որ ի­րենց ու­ժաս­պառ մայ­րե­րը ա՛լ չէին կա­րող ի­րենց իսկ ձա­գուկ­նե­րը կրե­լու: «­Բո­լորն ալ սո­վա­հար մե­ռան:
«­Պաղ­տա­տի եր­կա­թու­ղիի պաշ­տօ­նեա­նե­րը սար­սա­փա­հար կը յայտ­նէին, թէ շու­նե­րու եւ ագ­ռաւ­նե­րու կեր դար­ձած դիակ­ներ կը գտնէին: Ա­լա­յունտ հա­սան 12.000 հա­յոր­դի­ներ՝ 5 տա­րե­կա­նէ վեր ի­րենց զա­ւակ­նե­րով. Իսկ 5 տա­րե­կա­նէ վար մա­նուկ­նե­րուն Աս­տո­ւած գի­տէ, թէ ի՛նչ պա­տա­հե­ցաւ: Ով որ կա­րո­ղու­թիւն­ներ ու­նէր, եր­կա­թու­ղիով կը ճամ­բոր­դէր, իսկ վա­կոն­նե­րուն մէջ խռնո­ւած էին առ­նո­ւազն 80 մար­դիկ, իսկ բա­ցօ­թեայ վա­կոն­նե­րը օ­դա­յին պայ­ման­նե­րուն էին են­թար­կո­ւած: ­Մայ­րե­րը խե­լա­գար ի­րենց զա­ւակ­նե­րը գե­տե­րու մէջ կը նե­տէին…: Ան­ցած ա­մառ ­Գո­նիա­յի շրջա­նին մէջ հաս­տա­տո­ւած էին 55.000 հա­յեր՝ օ­դա­յին դժնդակ պայ­ման­նե­րու են­թա­կայ վրան­նե­րու տակ: ­Ճան­տար­մա­նե­րը խլած էին ա­նոնց ամ­բողջ ու­նե­ցո­ւած­քը: Ա­նոնց­մէ 12.000ը մե­ռաւ. ի­րենց ոս­կոր­նե­րը մին­չեւ օրս հո­ղէն դուրս ցցո­ւած են: Մ­նա­ցեալ­նե­րը ­Տաւ­րո­սէ ան­դին քշո­ւե­ցան դէ­պի ­Տար­սոն, ­Հա­լէպ, ­Տէր Էլ-­Զօր: ­Քի­չեր հա­սան ի­րենց նպա­տա­կին, քա­նի շա­տե­րը մե­ռան սո­վա­հար, ու­ժաս­պառ :
Աղ­ջիկ­նե­րը վա­ճա­ռո­ւած էին թուրք իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու կամ մե­ծա­հա­րուստ­նե­րու: Իսկ ­Գո­նիա­յի մէջ 6000 մնա­ցած հա­յե­րը, ո­րոնց­մէ 2000ը կա­թո­ղի­կէ էր, այն­քան աղ­քատ են, որ աղ­ջիկ­նե­րը պոռն­կու­թեամբ կը զբա­ղին՝ սո­վէն փրկո­ւե­լու հա­մար:
Ան­գա­րա­յի մէջ բո­լոր ա­ռա­քե­լա­կան այր մար­դիկ մոր­թո­տո­ւե­ցան, իսկ ի­րենց դիակ­նե­րը գետ նե­տուե­ցան: Ուր­ֆա­յի մէջ բռնա­բա­րո­ւե­ցան բո­լոր կի­նե­րը կո­պիտ թուրք զի­նո­ւոր­նե­րու կող­մէ եւ յե­տոյ տան­ջա­հար մե­ռան: Յ­ղի կի­նե­րուն բի­րե­րով զար­կին, մին­չեւ որ ա­րիւն­լո­ւայ մեռ­նին. եր­կու ժա­մո­ւան մէջ հա­ւա­քո­ւե­ցան շուրջ 300 դիակ­ներ: ­Գերպ. ­Տոլ­չի 1915ի Օ­գոս­տոս 20ի թո­ւա­կիր իր զե­կոյ­ցով՝ ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը կը հաս­տա­տէ. «­Սար­սա­փե­լի տե­սա­րան­ներ տե­ղի ու­նե­ցան կայս­րու­թեան ներք­նա­մա­սին մէջ ներ­կայ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ընդ­դէմ հա­յե­րուն: Ո­րոշ շրջան­նե­րու մէջ մոր­թո­ւե­ցան, իսկ այլ վայ­րե­րու մէջ աք­սո­րո­ւե­ցան եւ ճամ­բու եր­կայն­քին մե­ռան սո­վա­հար: ­Մայ­րեր ի­րենց իսկ մա­նուկ­նե­րը ստոյգ մա­հէ փրկե­լու հա­մար վա­ճա­ռած են: Ո­գի ի բռին կ­՚աշ­խա­տիմ, որ վերջ դրո­ւի այս բար­բա­րո­սու­թեան: ­Մա­սամբ ձեռք­բե­րում մը կայ ի նպաստ կա­թո­ղի­կէ հա­յե­րուն:
Իս­կա­պէս ան­խոնջ կեր­պով աշ­խա­տե­ցաւ ­Գերպ. ­Տոլ­չի, որ­պէս­զի դադ­րին ջարդ ու աք­սո­րը: Ա­մէն Եր­կու­շաբ­թի դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու ըն­դու­նե­լու­թեան օ­րը պա­լատ կ­՚այ­ցե­լէր եւ ե­րեք օ­րը ան­գամ մը՝ ­Գեր­մա­նիոյ եւ Աւստ­րիոյ դես­պան­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ­Պուլ­կա­րա­ցի նա­խա­րա­րին, ո­րոնց կը թե­լադ­րէր, որ ին­ծի հետ գոր­ծակ­ցին այս ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւ­նը եւ հա­լա­ծանք­նե­րը դադ­րեց­նե­լու հա­մար: Ար­դէն սկիզ­բէն իսկ փոքր խտրու­թիւն մը կը նշմա­րո­ւէր կա­թո­ղի­կէ եւ ա­ռա­քե­լա­կան հա­յե­րու մի­ջեւ:
Ո­րոշ շրջան­նե­րու մէջ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը հե­տե­ւէին կա­ռա­վա­րու­թեան ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն, իսկ ու­րիշ տե­ղեր՝ շփոթ կը տի­րէ: Իմ ճի­գերս շա­րու­նա­կե­ցի գոր­ծադ­րել ­Սուլ­թա­նի եւ դես­պան­նե­րուն մօտ մին­չեւ որ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հե­ռագ­րով ուղ­ղու­թիւն­ներ տո­ւաւ ի նպաստ կա­թո­ղի­կէ­նե­րուն ու բո­ղո­քա­կան­նե­րուն: ­Տոլ­չիի ջան­քե­րը մա­սամբ ար­դիւ­նա­ւո­րո­ւե­ցան, սա­կայն կա­րե­լի չե­ղաւ ջար­դե­րը կա­սեց­նել, ինչ­պէս ին­քը կը խոս­տո­վա­նի 1915 Օ­գոս­տոս 22ի իր հե­ռագ­րով: ­Հա­կա­ռակ ի­րե­րա­յա­ջորդ իր խոս­տում­նե­րուն ­Գեր­մա­նիոյ ­Դես­պա­նին, կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը չդադ­րե­ցուց հա­յե­րու հա­լա­ծան­քը: ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րա­նը ­Պա­պի մի­ջամ­տու­թիւ­նը կը հայ­ցէ ­Գեր­մա­նիոյ եւ Աւստ­րիոյ դես­պան­նե­րէն: Ի տես կա­ցու­թեան լրջու­թեան, ­Վա­տի­կա­նի ­Քար­տու­ղար կար­դի­նալ ­Կաս­պա­րի 1915ի ­Սեպ­տեմ­բեր 2ին կը հե­ռագ­րէ ­Գերպ. ­Տոլ­չիի. «­Գերպ. ­Տոլ­չի, շա­րու­նա­կե­ցէք պնդել օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան, որ դադ­րեց­նէ հա­յոց դէմ հա­լա­ծան­քը»:
­Այ­սու­հե­տեւ Ս. Ա­թո­ռի մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը ո­րե­ւէ խտրու­թիւն պի­տի չդնեն կա­թո­ղի­կէ, ա­ռա­քե­լա­կան ու բո­ղո­քա­կան հա­յե­րու մի­ջեւ ու միակ նպա­տա­կը պի­տի ըլ­լայ ջար­դե­րու ան­մի­ջա­կան կա­սե­ցու­մը:
­Սա­կայն այն, ինչ որ պի­տի մղէ ­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ.ին, որ ան­մի­ջա­պէս հրա­պա­րա­կաւ մի­ջամ­տէ, Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թեան աբ­բա­հօր՝ Հ. Իգ­նա­տիոս ­Կիւ­րե­ղեա­նի սրտա­ռուչ նոյ­նինքն ­Պա­պին յղո­ւած 1915ի Օ­գոս­տոս 28ի թո­ւա­կիր զե­կոյցն է.-
«­Նո­րին Սր­բու­թիւն, մեր թշո­ւառ հայ­րե­նի­քը տե­սած է ա­հա­ւոր ա­ղէտ­ներ, եր­կար դա­րե­րու ըն­թաց­քին տո­ւած է նա­հա­տակ­ներ եւ են­թար­կո­ւած է անն­կա­րագ­րե­լի ջար­դե­րու, իսկ այ­սօր կը թո­ւի ծայ­րէ ծայր կոր­ծա­նած. մեր հա­յեաց­քը կ­՚ուղ­ղէ ­Ձե­զի, զոր Աս­տո­ւա­ծա­յին նա­խախ­նա­մու­թիւնն ընտ­րեց որ­պէս յա­ջոր­դը Ս. ­Պետ­րո­սին՝ հայ­րա­կան խնամ­քի պատ­կեր եւ երկ­րա­ւոր հե­զու­թեան: ­Ձեր սրբու­թեան մէկ հե­ղի­նա­կա­ւոր խօս­քը եւ մի­ջամ­տու­թիւ­նը բա­ւա­րար պի­տի ըլ­լա­յին, որ դադ­րէր ա­հա­ւոր սպան­դը ան­կա­րող ու բազ­մա­չար­չար ժո­ղո­վուր­դի մը:
«­Մա­յիս 25էն յե­տոյ շարք մը ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու որ­պէս ազ­գիս հե­տե­ւանք՝ հայ ազ­գը կը թշո­ւա­ռա­նայ: ­Մին­չեւ այն օ­րը գի­տէինք ­Կի­լի­կիոյ քա­ղաք­նե­րու եւ գիւ­ղաբ­նակ­չու­թեան աք­սո­րի մա­սին, իսկ Էրզ­րու­մի մա­սին միայն տա­րա­ձայ­նու­թիւն­ներ կա­յին: Այ­սօր վստահ ենք, թէ ­Կի­լի­կիան ամ­բող­ջո­վին պար­պո­ւած է եւ խեղճ բնա­կիչ­նե­րը ու­ղար­կո­ւած են դէ­պի ա­նա­պատ, ­Հա­լէ­պի հա­րա­ւա­կող­մը: ­Մա­յիս 1էն յե­տոյ աք­սո­րի են­թար­կո­ւե­ցաւ ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը՝ Էրզրու­մէն մին­չեւ ­Սամ­սոն, ­Կե­սա­րիա­յէն մին­չեւ ­Տիգ­րա­նա­կերտ եւ Ուր­ֆա, Տ­րա­պի­զո­նէն մին­չեւ ­Սե­բաս­տիա, ­Խար­բերդ, ­Պիթ­լիս եւ ­Վան, ա­ռանց իսկ մա­նուկ­նե­րու կեան­քը խնա­յե­լու: Ով որ վե­րապ­րե­ցաւ՝ քշո­ւե­ցաւ ­Մու­սու­լի, ­Պաղ­տա­տի եւ ­Տէր ­Զօ­րի ա­նա­պատ­նե­րը: Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ծրա­գիրն էր՝ «Ա­ռանց հա­յու ­Հա­յաս­տան»: ­Հայ գաղ­թա­կան­նե­րը պարտ էին 2-3 ա­միս քա­լել, մին­չեւ որ հաս­նին այդ վայ­րե­րը, որ ի­րենց գե­րեզ­մա­նը դար­ձաւ: Ար­դէն տե­ղեակ ենք, որ բո­լոր այդ ճամ­բա­նե­րը եւ Եփ­րա­տի ա­փե­րը դժբախտ հայ աք­սո­րեալ­նե­րու դիակ­նե­րով լե­ցո­ւած են: Իսկ ի­րենց ըն­կեր­նե­րը դա­տա­պար­տո­ւած են ա­նա­պատ­նե­րու մէջ մեռ­նե­լու, քա­նի ո՛չ տուն ու­նին, ո՛չ ալ ապ­րուս­տի ո­րե­ւէ մի­ջոց:
­Սա ծրա­գիր մը կը կազ­մէ ամ­բող­ջա­կան հա­յու­թեան բնաջնջ­ման: Ու­րիշ բան չէ ե­թէ ոչ լուռ ու ա­նա­նուն ծրա­գիր ջար­դի մը: ­Թուր­քիոյ հայ բնակ­չու­թիւ­նը այ­սօր զի­նո­ւո­րա­կան ճամ­բար­նե­րու մէջ կա­լա­նա­ւո­րո­ւած է: ­Վա­նի եւ ­Պիթ­լի­սի շրջա­կայ գիւ­ղե­րու հա­յու­թիւնն ալ մոր­թո­ւե­ցաւ: ­Շա­պին ­Գա­րա­հի­սա­րի հա­յու­թիւնն ալ ջար­դի են­թար­կո­ւած է: ­Մե­զի հաս­նող լու­րե­րը գրե­թէ ան­գոյ են, կամ ալ ան­բա­ւա­րար: ­Հա­յու­թիւ­նը ­Թուր­քիոյ մէջ իր յե­տին օ­րե­րը կ­՚ապ­րի, իսկ մենք իր մա­հը ու­շաց­նել ան­գամ չենք կա­րող: «Ար­տա­սահ­մա­նի հա­յե­րը ե­թէ ի­րենց ապ­րած եր­կիր­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը չզգաս­տաց­նեն, պի­տի մնան հետ­քե­րը միայն 500.000 հո­գի­նոց ժո­ղո­վուր­դի մը, ո­րուն բնաջն­ջու­մը ան­խու­սա­փե­լի է»:
Ցն­ցո­ւած Հ. ­Կիւ­րե­ղեա­նի նկա­րագ­րու­թիւն­նե­րէն, ­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ. ­Պա­պը կը գրէ 1915ի ­Սեպ­տեմ­բեր 10ին ­Մո­համ­մետ ­Ռե­շատ ­Սուլ­թա­նին.-
«­Նո­րին Վ­սե­մու­թիւն
«Այն խոր վիշ­տը, որ կը պատ­ճա­ռէ ա­հա­ւոր պայ­քա­րը, ուր ընդգր­կո­ւած էք Եւ­րո­պա­յի մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու կող­քին, սար­սափ մըն է, որ մեր սիր­տը կը յու­զէ եւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ ապ­րող ազ­գի մը ա­նա­սե­լի ցա­ւի ա­ղա­ղակ­նե­րը կ­՚ար­ձա­գան­գէ:
«­Հայ ազ­գը տե­սած է ար­դէն իր զա­ւակ­նե­րէն շա­տե­րը, որ ու­ղար­կո­ւած են կա­խա­ղան, ինչ­պէս նաեւ բա­զում հո­գե­ւո­րա­կան­ներ ու ե­պիս­կո­պոս­ներ, որ բան­տար­կո­ւած կամ աք­սո­րո­ւած են: Իսկ այժմ կ­՚ի­մա­նանք, որ քա­ղաք­նե­րուն եւ գիւ­ղե­րուն բնակ­չու­թիւն­ներն ամ­բող­ջու­թեամբ ի­րենց տու­նե­րէն կը տե­ղա­հա­նո­ւին ու կը կա­լա­նա­ւո­րո­ւին կեդ­րո­նաց­ման ճամ­բար­նե­րու մէջ, ուր ի­րենց վատ հո­գե­վի­ճա­կէն ան­դին սո­վի չար­չա­րան­քին կ­՚եմ­թար­կո­ւին: ­Կը խոր­հինք, որ այս ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ­՚ու­նե­նան ­Նո­րին Վ­սե­մու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան կամ­քէն ան­կախ, իսկ հա­յե­րու մի­ջեւ կան դա­ւա­ճան­ներ կամ դա­տա­պար­տե­լի տար­րեր, ­Ձեր ար­դա­րա­դա­տու­թեան բարձր զգա­ցու­մը թող տե­ղի տայ եւ ցու­ցա­բե­րէ նե­րո­ղամ­տու­թիւն»:
­Պա­պա­կան նո­ւի­րակ ­Գերպ. ­Տոլ­չիի կող­մէ ­Սուլ­թա­նին յանձ­նո­ւե­լիք նա­մա­կի ունկնդ­րու­թեան ըն­թաց­քին, ­Սուլ­թա­նը յայ­տա­րա­րեց.- «­Թէեւ միշտ խա­ղա­ղա­սէր ե­ղած եմ, ստի­պո­ւե­ցայ այս պայ­քա­րին մաս­նակ­ցիլ ո՛չ թէ նո­ւա­ճո­ղի փա­ռա­սի­րու­թեամբ, այլ որ­պէս­զի կայս­րու­թեանս ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը պաշտ­պա­նեմ ընդ­դէմ իր թշնա­մի­նե­րուն (ակ­նար­կե­լով ռու­սե­րուն)»:
Իր 1915ի ­Նո­յեմ­բեր 10ի թո­ւա­կիր պա­տաս­խա­նին մէջ, ­Սուլ­թա­նը կը նշէ, թէ պե­տու­թեան թշնա­մի­նե­րուն հետ յա­րա­բե­րու­թիւն ու­նե­ցող յե­ղա­փո­խա­կան հա­յե­րուն դէմ ու­րիշ ը­նե­լիք չու­նի, ե­թէ ոչ հայ­կա­կան բնակ­չու­թեան տե­ղա­փո­խու­մը: ­Նաեւ կ­՚ա­ւելց­նէ, թէ կա­րե­լի չէր ա­ռանձ­նաց­նել մի­միայն յե­ղա­փո­խա­կան տար­րե­րը:
­Մինչ այդ, ­Սուլ­թա­նին պա­տաս­խա­նը ար­գելք չդար­ձաւ, որ ­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ. ­Պա­պը անդ­րա­դառ­նայ բազ­մա­չար­չար հա­յու­թեան մա­սին 1915ի ­Դեկ­տեմ­բեր 6ի Nobis Protecto ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ար­տա­սա­նո­ւած իր ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ:
­Վեր­ջին 16 ա­միս­նե­րու պատ­ճա­ռած ա­ւե­րում­նե­րով հան­դերձ՝ սիր­տե­րուն մէջ միշտ վառ կը մնայ խա­ղա­ղու­թեան ցան­կու­թիւ­նը. ­Հա­կա­ռակ որ ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը հար­թե­լու ջան­քե­րը գրե­թէ սպա­ռած են, պա­տե­րազ­մը անգ­թօ­րէն կը շա­րու­նա­կո­ւի եւ ­Հա­յա­սա­տա­նը կա­տա­րեալ փլու­զու­մի եզ­րին հա­սած է: ­Միա­ժա­մա­նակ՝ ­Կար­դի­նալ ­Կաս­պա­րի ­Վա­տի­կա­նի դի­ւա­նա­գի­տա­կան ցան­ցի մի­ջո­ցով կը փոր­ձէ դաշ­նա­կից ու­ժե­րը — ­Գեր­մա­նիա եւ Աւստ­րիա — հա­մո­զել, ինչ­պէս նաեւ ուղ­ղու­թիւն­ներ տա­լով ­Վիեն­նա­յի պա­պա­կան նո­ւի­րակ Ս­քա­փի­նե­լիի եւ ­Պա­ւա­րիոյ նուի­րակ Ֆ­րիւհ­վեր­թի՝ հա­յոց ան­նա­խըն­թաց տա­ռա­պանք­նե­րուն մա­սին ակ­նար­կե­լով.
«­Ծա­նօթ են ­Ձե­զի հա­յոց կրած ա­նա­սե­լի չար­չա­րանք­նե­րը օս­մա­նեան պե­տու­թեան մէջ: ­Հա­զա­րա­ւոր հա­յեր ա­ռաջ­նոր­դո­ւած են կա­խա­ղան, ու­րիշ­ներ դա­ժա­նօ­րէն սպան­նո­ւած են, իսկ միւս­նե­րը ի­րենց տուն-տե­ղը լքած, հա­զա­րու­մէկ չար­չա­րանք­նե­րով փո­խադ­րո­ւած են ա­նա­պատ ու մե­կու­սաց­ման ճամ­բար­ներ, ուր ի­րենց ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը կորսնցնե­լէ յե­տոյ մե­ռած են սո­վի ու ծա­րա­ւի պատ­ճա­ռով: Ա­նոնց մէջ նաեւ՝ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, ան­գամ ե­պիս­կո­պոս­ներ: Ո՛չ մա­նուկ­նե­րուն, ո՛չ ալ կի­նե­րուն հա­մար կա­րեկ­ցու­թիւն կայ, իսկ տա­րի­քոտ­նե­րը են­թա­կայ են ո­րե­ւէ տե­սակ չար­չա­րան­քի ու բռնու­թեան: ­Հարս­տա­հա­րու­թեան զոհ են ո՛չ միայն տու­նե­րը, այ­լեւ՝ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը եւ բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը:
­Կար­դի­նա­լը իր դի­ւա­նա­գի­տա­կան թուղ­թին մէջ կ­՚ար­ձա­նագ­րէ, թէ Աւստ­րօ-­Հուն­գա­րիա եւ ­Գեր­մա­նիա ջար­դե­րը կա­սեց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ չշար­ժին, ՄԵՂՍԱԿԻՑ ՊԻՏԻ ՆԿԱՏՈՒԻՆ:
«­Պա­տո­ւար­ժան ­Տէր, հե­տե­ւա­բար, ­Քա­հա­նա­յա­պե­տի ա­նու­նով ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին ազ­նիւ ու վճռա­կան կեր­պով պի­տի փո­խան­ցէք այն, թէ մարդ­կա­յին օ­րէնք­նե­րը եւ քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը կը պա­հան­ջեն, որ Աւստ­րիա պէտք է ճնշում բա­նեց­նէ օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան վրայ, ան­մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րուն ան­մի­ջա­պէս վերջ տա­լու, քա­նի որ նման ա­րարք­ներ կ­՚ա­րա­տա­ւո­րեն ո՛չ միայն զա­նոնք գոր­ծադ­րող­նե­րը, այ­լեւ ա­նոնց ար­գելք չհան­դի­սա­ցող­նե­րը, թէ­պէտ կա­րո­ղու­թիւնն ու­նին»:
­Սոյն ուղ­ղու­թիւն­նե­րը կրկնո­ւե­ցան 9 եւ 10 ­Նո­յեմ­բեր 1915ի թո­ւա­կիր հե­ռա­գիր­նե­րով: Ուս­տի, ­Գեր­մա­նիա եւ Աւստ­րիա տե­ղեակ էին այն ջար­դե­րուն մա­սին, ո­րոնց են­թար­կո­ւե­ցան հա­յե­րը եւ նո­ւազ կեր­պով ա­սո­րի­ներ, քաղ­դէա­ցի­ներ, լա­տին­ներ, սու­րիա­ցի­ներ: ­Կը մէջ­բե­րեմ վե­ղա­րա­ւոր ­Նոր­պերտ Վրդ. ­Հո­ֆէ­րի երկ­րորդ զե­կոյ­ցէն.- ­Հա­յոց կրած պա­տիժ­նե­րը թրքա­կան մա­սո­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մար որ­պէս պատ­րո­ւակ կը գոր­ծա­ծո­ւին, որ­պէս­զի ա­նար­գել կեր­պով ոե­ւէ քրիս­տո­նեայ տարր բնաջն­ջէ պե­տու­թեան ներք­նա­մա­սին հա­յե­րը եւ բո­լոր դա­ւա­նան­քի քրիս­տո­նեա­նե­րը, բա­ցի կա­թո­ղի­կէ­նե­րէն, հա­լա­ծան­քի են­թա­կայ են: Անդ­րա­դարձ կ­՚ըլ­լայ նաեւ դա­ժան պայ­ման­նե­րուն, ո­րոնք հե­ռո­ւէն նշմա­րե­լի են փտած դիակ­նե­րու եւ կղկղանք­նե­րու գար­շա­հո­տու­թե­նէն: ­Հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր­ներ են ով­քեր փո­խադ­րո­ւե­ցան ­Պո­զան­թիի, Է­րեղ­լիի եւ ­Հա­լէ­պի այդ ճամ­բար­նե­րուն: Այր մար­դիկ ար­դէն մե­ռած են դժնդակ պայ­ման­նե­րէն կամ ալ ջար­դի են են­թար­կո­ւած: ­Հա­լէ­պի մօ­տա­կայ խա­նի մը մէջ ա­կա­նա­տես ե­ղայ հա­րիւ­րա­ւոր կի­ներ կեղ­տո­ղու­թեան մէջ պառ­կած ի­րենց մե­ռած կամ ու­ժաս­պառ մա­նուկ­նե­րը գրկած՝ յե­տին անզ­գա­յու­թեան ու ան­տար­բե­րու­թեան քմայ­քին են­թա­կայ: Իր պա­տաս­խա­նին մէջ ­Վիեն­նա­յի նո­ւի­րա­կը կը նշէ, թէ Աւստ­րօ-­Հուն­գա­րիա շատ քիչ ազ­դո­ւած է ­Թուր­քիոյ մէջ ըն­թա­ցող դէպ­քե­րէն, ա­նոր հա­մար կ­՚ա­ռա­ջար­կէ, որ կոչ ուղ­ղո­ւի ­Գեր­մա­նիոյ ­Վիլ­հէլմ Բ. ­Կայ­սեր:
«Ան­ձամբ ին­ծի կրկին ու կրկին խոս­տում­ներ տրո­ւե­ցան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րէն, խեղճ հա­յե­րու բախ­տին վե­րա­բե­րեալ եւ վստա­հու­թիւ­նը յայտ­նո­ւե­ցաւ, թէ Աւստ­րօ-­Հուն­գա­րիա ա­մէն մի­ջոց կը գոր­ծա­ծէ այդ ցա­ւա­լի դէպ­քե­րու դադ­րեց­ման ուղ­ղու­թեամբ, սա­կայն տի­րող կա­ցու­թեան պատ­ճա­ռով մեր պա­հանջ­նե­րը չենք կրնար գո­հաց­նել լրիւ կեր­պով: Կ­՚ե­րե­ւի, թէ հա­լա­ծանք­ներն ու ջար­դե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին: ­Կար­ծի­քովս ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ պի­տի ըլ­լար ­Գեր­մա­նիոյ մի­ջամ­տու­թիւ­նը, որ ներ­կա­յիս ­Թուր­քիոյ մեծ «տա­նու­տէր»ն­ է: ­Քայ­զեր ­Վիլ­հելմ Բ.ի անձ­նա­պէս մի­ջամ­տու­թիւ­նը թե­րեւս ար­դիւ­նա­ւէտ ըլ­լար՝ յօ­գուտ կա­թո­ղի­կէ­նե­րուն, ա­ւե­լի քան ու­րիշ­նե­րուն ի նպաստ:Գերպ. Ֆ­րիւհ­վերթ 1915ի ­Նո­յեմ­բեր 11ի իր զե­կոյ­ցին մէջ կը ներ­կա­յաց­նէ ­Պեր­լին իր դի­մու­մին ար­դիւնք­նե­րը.- «­Բա­ցա­յայ­տած եմ այն հան­գա­մանք­նե­րը, որ ­Նո­րին ­Պայ­ծա­ռու­թիւ­նը կը մատ­նան­շէ նա­խան­շեալ հե­ռագ­րին մէջ՝ կոչ ուղ­ղե­լով, որ վճռա­կան մի­ջոց­ներ առ­նէ ­Պեր­լի­նի կա­ռա­վա­րու­թեան մօտ, որ­պէս­զի զօ­րա­ւոր ճնշում բա­նեց­նէ ­Թուր­քիոյ վրայ քրիս­տո­նեա­նե­րու դէմ ա­մօ­թա­լի հա­լա­ծանք­նե­րը: Պրն. ­Ֆոն ­Լէօսլ, վե­րա­պահ ըլ­լա­լով քրիս­տո­նեա­նե­րու հա­լա­ծանք­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րու վա­ւե­րա­կա­նու­թեան մա­սին, քա­նի որ գեր­մա­նա­կան թեր­թեր նման լու­րեր չէին ար­ձա­նագ­րած, կը մեր­ժէ այդ ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տիլ ­Պեր­լի­նի կա­ռա­վա­րու­թեան մօտ»:
Այ­սու­հան­դերձ նշենք, թէ 1915ի ­Յու­լիս 4ի թո­ւա­կիր իր մէկ գրու­թեամբ, ­Գեր­մա­նիա պաշ­տօ­նա­պէս բո­ղո­քած էր ջար­դե­րու մա­սին եւ մեր­ժած ո­րե­ւէ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն ջար­դե­րուն վե­րա­բե­րեալ:
­Սոյն դէպ­քե­րուն առ­թիւ, ­Գեր­մա­նիոյ դես­պա­նա­տու­նը կա­ռա­վա­րա­կան հրա­մա­նագ­րով մը կը հաս­տա­տէ, թէ պի­տի շա­րու­նա­կէ բո­ղո­քել, միա­ժա­մա­նակ իր դիր­քը կը ճշդէ սար­սա­փի այս ա­րարք­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­նե­րուն եւ ա­նոնց հե­տե­ւանք­նե­րու մա­սին:
­Կը ստի­պո­ւի օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան յանձ­նել այս կէ­տը, քա­նի որ ­Գեր­մա­նիան որ­պէս ­Թուր­քիոյ բա­րե­կամ ու դաշ­նա­կից, հա­մա­ձայն պի­տի գտնո­ւէր կամ պի­տի քա­ջա­լե­րէր ան­գամ նման բռնա­րարք­ներ:
Ի վեր­ջոյ պի­տի ու­զէինք մենք մեզ հարց տալ, թէ որ­քա՞ն ազ­դե­ցիկ էին ­Պա­պա­կան վա­ւե­րա­գիր­նե­րը եւ Ս. Ա­թո­ռի դի­ւա­նա­գի­տա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը դէպ­քե­րու ըն­թաց­քին վրայ:
­Պե­նե­տիկ­տոս ԺԵ. ­Պա­պը միակ կրօ­նա­պետն էր, որ իր ձայ­նը բարձ­րա­ցուց ջար­դե­րուն դէմ եւ այն­պէս «նշա­նա­կա­լից հրա­պա­րա­կայ­նու­թիւն» տո­ւաւ սոյն նիւ­թին, ­Մեծ Ու­ժե­րու գնա­հա­տան­քին ար­ժա­նա­նա­լով, ինչ­պէս կա­րե­լի է հասկ­նալ Ա­ռա­քե­լա­կան ­Պա­տո­ւի­րակ ­Տոլ­չիի վկա­յու­թիւն­նե­րէն:
Եւ ին­ծի հա­մար, վսե­մա­գոյն իշ­խան, ան­սահ­ման մխի­թա­րու­թիւն է տես­նե­լը, այս տա­րա­բախտ շրջան­նե­րուն եւ դժբախտ հա­յե­րու ջար­դե­րուն ընդ­մէ­ջէն, մեր սի­րե­լի Սր­բա­զան ­Հօր պատ­կե­րը. «­Մե­ծի մը մեծ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը» կը հաս­տա­տէր ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նը՝ կար­դա­լով ­Պա­պի ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը եւ ո­րա­կե­լով զայն ու­ժա­կան:
­Հո­լան­տա-­Պել­ճի­քա­յի դես­պա­նը յայտ­նեց, թէ Աս­տո­ւա­ծա­յին նա­խախ­նա­մու­թիւնն է, որ ընտ­րեց այս ­Պա­պը, եւ­րո­պա­կան տագ­նա­պի այս ող­բեդ­գա­կան պա­հուն»:
­Գեր­մա­նիոյ եւ ­Տա­նի­մար­քա­յի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը բարձր գնա­հա­տե­ցին ­Պա­պա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը եւ ա­ւել­ցու­ցին.- «Սր­բա­զան ­Հայ­րը դի­ւա­նա­գի­տու­թեան տէր է: ­Կա­րե­ւոր դեր մը ու­նի այս պա­տե­րազ­մին մէջ»: Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նը (նախ­կին րաբ­բու­նա­պետ) եւ իր հայ բո­ղո­քա­կան թարգ­մա­նի­չը խան­դա­վա­ռո­ւե­ցան ­Պա­պա­կան նա­մա­կի պա­րու­նա­կու­թե­նէն, որ հա­մընդ­հա­նուր ճա­նաչ­ման ար­ժա­նա­ցած է, քա­նի որ ­Պա­պը կրօ­նա­կան ո­րե­ւէ խտրու­թիւն չ­՚ը­ներ, այլ կ­՚ար­տա­յայ­տո­ւի ամ­բողջ հայ ազ­գին ի նպաստ:
­Գեր­մա­նիոյ եւ Աւստ­րիոյ ուղ­ղո­ւած բո­ղո­քա­գիր­նե­րուն շնոր­հիւ ի յայտ ե­կաւ, թէ վե­րո­յի­շեալ եր­կիր­նե­րը «մի­ջազ­գա­յին տա­րո­ղու­թեամբ» հարց մը ու­նէին ի­րենց դաշ­նա­կից Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ (Ուս­տի՝ ջար­դե­րուն հետ կա­պո­ւած ի­րենց մեղ­սակ­ցու­թեան հար­ցը): ­Կը թո­ւի, թէ ­Պա­պա­կան մի­ջամ­տու­թիւ­նը մա­սամբ դան­դա­ղե­ցու­ցած էր հա­յոց դէմ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը, թէեւ մին­չեւ 1916 շա­րու­նա­կո­ւե­ցան կո­տո­րած­ներն ու հա­լա­ծանք­նե­րը:
Սր­բա­զան ­Հօր ­Սուլ­թա­նին ուղ­ղո­ւած կա­րե­ւոր նա­մա­կին որ­պէս ար­դիւնք՝ հա­յոց վի­ճա­կի բա­րե­լա­ւու­մը կը հաս­տա­տեմ:
Այ­սօր ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը ը­սաւ, թէ հա­լա­ծանք­նե­րու առ­կա­խու­մը հրա­հան­գո­ւած է, ինչ­պէս նաեւ՝ կա­թո­ղի­կէ­նե­րը պի­տի կա­րե­նան ա­զա­տօ­րէն ի­րենց տու­նե­րը վե­րա­դառ­նալ: ­Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դը վա­ւե­րա­ցուց նաեւ Սր­բա­զան ­Հօր տրո­ւած պա­տաս­խա­նը: ­Շեշ­տե­ցի նաեւ ա­ռա­քե­լա­կան ու բո­ղո­քա­կան հա­յե­րուն, թէ ­Պա­պա­կան երկ­նա­ռաք մի­ջամ­տու­թիւ­նը ե­ղած էր ա­ռանց խտրու­թեան, ամ­բողջ հայ ազ­գին ի նպաստ:
­Մենք նպա­տակ չու­նինք վեր­լու­ծե­լու Ս. Ա­թո­ռի այլ մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին ­Սու­րիոյ եւ ­Լի­բա­նա­նի քրիս­տո­նեայ բնակ­չու­թեանց սո­վէն փրկե­լու մի­ջոց­նե­րուն, Պ­րեստ-­Լի­թովս­կի դա­շին­քէն յե­տոյ թուր­քե­րուն կող­մէ գրա­ւո­ւած ­Կով­կա­սի հա­յու­թեան դէմ ուղ­ղո­ւած սպառ­նա­լիք­նե­րուն: Այս ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը 1918ին, ­Մարտ 12 թո­ւա­կիր, ­Սուլ­թա­նին ուղ­ղո­ւած երկ­րորդ նա­մա­կի մը ա­ռի­թը տո­ւին: ­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ. բա­ցի վե­րո­յի­շեալ նա­մա­կէն, 1917ի Օ­գոս­տոս 1ի թո­ւա­կիր հռչա­կա­ւոր խա­ղա­ղու­թեան ի նպաստ նա­մա­կով մը՝ ուղ­ղո­ւած Աշ­խար­հա­մար­տի մաս­նա­կից ղե­կա­վար­նե­րուն՝ կը նա­խա­տե­սէր նաեւ ա­զատ ու ինք­նիշ­խան պե­տու­թեան մը ստեղ­ծու­մը: ­Նոյն պա­հան­ջը կրկնած էր նաեւ Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Ո­ւիլ­սը­նին՝ իր 1918 ­Նո­յեմ­բեր 8 թո­ւա­կիր նա­մա­կով: ­Հարկ է նոյն­պէս մէջ­բե­րել ­Հա­մա­ձայ­նու­թեան Ու­ժե­րուն կա­տա­րո­ւած մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը՝ ­Խա­ղա­ղու­թեան խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րու ըն­թաց­քին, նե­րա­ռեալ ­Լօ­զա­նի 1922-23 ­Խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րուն, ի նպաստ ան­կախ հայ­կա­կան օ­ճա­խի մը:
Ընդգ­ծե­լի է, թէ ­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ. դի­ւա­նա­գի­տա­կան իր գոր­ծու­նէու­թեան զու­գա­հեռ, ծա­ւա­լեց նաեւ մար­դա­սի­րա­կան աշ­խա­տանք ի նպաստ հա­յե­րուն: Ի­րօք, հայ գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցը մե­ծա­գոյն մար­դա­սի­րա­կան հար­ցե­րէն մէկն էր Ա. Աշ­խար­հա­մար­տէն յե­տոյ: ­Բա­ցի ­Կար­միր ­Խա­չէն եւ Near East Reliefէն, ո­րոնք ճիշդ այդ տա­րի­նե­րուն ստեղ­ծո­ւե­ցան կա­րի­քա­ւոր Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րու օգ­նու­թեան ի նպաստ, տա­կա­ւին գո­յու­թիւն չու­նէին զա­նա­զան մի­ջազ­գա­յին մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, ինչ­պի­սիք են՝ Մ.Ա.Կ.ի ­Գաղ­թա­կա­նաց ­Բարձ­րա­գոյն ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վը, Caritasը, Unicefը … Ս. Ա­թո­ռի մար­դա­սի­րա­կան մի­ջամ­տու­թիւ­նը ե­ղաւ կրօ­նա­կան ի­մաս­տով ա­նա­չառ ո­գիով, սպառ­նա­լի­քի տակ գտնուող քրիս­տո­նեա­նե­րուն օգ­նու­թեան ա­ռա­քու­մով, կամ՝ վե­րապ­րող­նե­րու ցան­կե­րուն կազ­մու­թեամբ:
Այդ տա­րի­նե­րու ­Պա­պա­կան մար­դա­սի­րու­թիւ­նը լիա­բուռն կը տրո­ւէր, շնոր­հիւ ­Գերպ. ­Տոլ­չիի, որ շու­տով պի­տի կո­չո­ւի «­Հա­յոց պա­հա­պան հրեշ­տա­կը», նոյն ա­տեն «Les larmes caches» (թա­քուն ար­ցունք­ներ), «­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ.ի մար­դա­սի­րա­կան գործ» հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը հիմ­նո­ւե­ցան, մա­նա­ւանդ ­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ.ի ա­նու­նով որ­բա­նոց­ներ՝ Կ. ­Պոլ­սոյ մէջ (1918, ­Նո­յեմ­բեր 5ին), Ան­գա­րա­յի մէջ եւ այ­լուր, ուր ա­ռանց կրօն­քի խտրու­թեան հայ մա­նուկ­ներ կը պատս­պա­րո­ւէին: Իսկ որ­բե­րու մէկ մա­սը ­Պիոս ԺԱ.ի կող­մէ պա­պա­կան ա­մա­րա­նոց՝ ­Քաս­թել ­Կան­տոլ պի­տի հիւ­րա­սի­րո­ւի:
­Թէեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ու մար­դա­սի­րա­կան ջան­քե­րը յատ­կա­պէս ար­դիւ­նա­ւէտ չե­ղան, հա­յե­րը ե­րախ­տա­պարտ էին ­Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ հան­դէպ: ­Բազ­մա­թիւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան վկա­յու­թիւն­նե­րը, թեր­թե­րու մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած յօ­դո­ւած­նե­րը եւ նա­մակ­նե­րը: Օ­րի­նա­կի հա­մար, ­Փա­րի­զի ­Հայ Ազ­գա­յին ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան նա­խա­գահ ­Պօ­ղոս ­Նու­պար ­Փա­շա 24 ­Մարտ 1919ին կը գրէ.-
«­Կը գի­տակ­ցինք, թէ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ յօ­ժա­րե­ցաւ իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նել ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին հան­դէպ, ա­նոր հա­մար հա­յե­րը կը յի­շեն Սր­բա­զան ­Հօր բա­րե­րար մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը: Ես եւս այս պատ­ճա­ռով ­Գե­րա­պայ­ծառ կ­՚ա­ղօ­թեմ եւ այ­սու կը փա­փա­քիմ, որ Սր­բա­զան ­Հօր ըլ­լա՛յ իմ յար­գանք­նե­րուս հա­ւաս­տի­քը, ըլ­լա՛յ հայ ժո­ղո­վուր­դի ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը փո­խան­ցէք՝ ցու­ցա­բե­րած անգ­նա­հա­տե­լի զօ­րակ­ցու­թեան հայ ազ­գին հա­մար այս վճռո­րոշ օ­րե­րուն»:
­Զա­ւէն ­Տէր-Ե­ղիա­յեան ­Պատ­րիար­քը եւս իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը կը յայտ­նէ 10 Ապ­րիլ 1919ի թո­ւա­կիր նա­մա­կով.-
«Սր­բա­զան ­Հայր, Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին հայ զո­հե­րուն ­Ձեր ըն­ձե­ռած լայ­նա­ծա­ւալ խնամ­քէն եւ ի­րար­մեր­ձու­թե­նէն բա­ցի, աք­սո­րէն մեր վե­րա­դար­ձէն յե­տոյ հա­ճե­ցէք անդ­րա­դառ­նալ հո­գե­լոյս ­Մո­համ­մետ Ե.ին մեր հօ­տի հա­լա­ծանք­նե­րուն մա­սին: Առ­ճա­կա­տու­մի օ­րե­րուն, որ մարդ­կա­յին ցա­ւի աղ­բիւրն էր կար­ծես, քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հը գէթ ­Ձեր Սր­բու­թեան սփո­փանքն ու­նե­ցաւ: Ուս­տի մեծ յու­զու­մով յա­նուն հայ ժո­ղո­վուր­դին մեր հիա­ցումն ու ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը կը յայտ­նենք»:
Այս ա­մէ­նը իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սաւ ­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ.ի պղնձեայ ար­ձա­նի բա­ցու­մով — աշ­խար­հիս մէջ կանգ­նե­ցո­ւած ­Պե­նե­տիկ­տոս ԺԵ.ի այլ հա­զո­ւա­գիւտ կի­սանդ­րի­նե­րու կող­քին — Կ. ­Պոլ­սոյ Ս. ­Հո­գի կա­թո­ղի­կէ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ, 1921ի ­Դեկ­տեմ­բեր 11ին եւ հե­տե­ւեալ ար­ձա­նագ­րու­թեամբ. «­Հա­մաշ­խար­հա­յին ող­բեր­գա­կան պա­հուն ­Մեծ ­Քա­հա­նա­յա­պետ ­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ.ին, ազ­գե­րու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պաշտ­պան:
«Ի նշան ե­րախ­տի­քի՝ Ա­րե­ւելք»:
Ն­շա­նա­կա­լից է, որ սոյն ար­ձա­նը, ­Գերպ. ­Տոլ­չիի նա­խա­ձեռ­նու­թիւնն ըլ­լա­լով հան­դերձ, կանգ­նե­ցաւ ո՛չ կա­թո­ղի­կէ­նե­րու եւ ո՛չ քրիս­տո­նեա­նե­րու դրա­մա­կան լրիւ նպաս­տով:

­Վեր­ջա­բան

Որ­պէս ա­ւար­տա­կան վա­ւե­րա­գիր — ինչ կը վե­րա­բե­րի հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ — կը ներ­կա­յաց­նենք ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­շո­ւեկ­շի­ռը այն­պէս, ինչ­պէս կազ­մեց ­Պօ­ղոս-­Պետ­րոս Գ. ­Թեր­զեան ­Կա­թո­ղի­կէ ­Պատ­րիար­քը (նա­խա­պէս Ա­տա­նա­յի Ե­պիս­կո­պոս) 1918ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին, որ­պէս յար­գան­քի տուրք 1915ի «­Մեծ Ե­ղեռն»ի զոհ բազ­մա­թիւ կա­թո­ղի­կէ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն ու ե­պիս­կո­պոս­նե­րուն:
«Ո՛վ գի­տէ, ի՜նչ սրտաճմ­լիկ ա­ղա­ղակ­ներ բարձ­րա­ցան դէ­պի եր­կինք այդ ան­սահ­ման դաշ­տե­րէն, ո­րոնք ան­ծայ­րա­ծիր գե­րեզ­ման­նե­րու վե­րա­ծո­ւե­ցան հայ զո­հե­րուն հա­մար: Իս­կա­պէս լա­ցինք, երբ ի­մա­ցանք ու­րաց­ման բազ­մա­թիւ դէպ­քե­րու մա­սին, բայց մեզ կը մխի­թա­րէ այն պա­րա­գան, թէ հա­զիւ մեր ե­պիս­կո­պոս­ներն ու քա­հա­նա­նե­րը ի­մա­ցան այդ քա­ջու­թեան մա­սին, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հո­գե­պէս պատ­րաս­տե­ցին նա­հա­տա­կու­թեան:
­Մեղ­քե­րու ընդ­հա­նուր քա­ւու­թիւն տո­ւին, վեր­ջին օ­ծու­մը եւ Ս. ­Հա­ղոր­դու­թիւն բաշ­խե­ցին: ­Նոյն­պէս ի­մա­ցանք, թէ ­Գերպ. Անդ­րէաս ­Չե­լե­պեան, ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի (­Տիար­պե­քի­րի) ե­պիս­կո­պո­սը, փո­սի մը մէջ ողջ-ողջ թա­ղո­ւե­լէ ետք՝ մին­չեւ կուրծ­քը գնդա­կա­հա­րե­ցին»:
­Գերպ. Իգ­նա­տիոս ­Մա­լո­յեան, ­Մար­տի­նի ար­քե­պիս­կո­պո­սը, հա­ցը օրհ­նե­լէ ու բաշ­խե­լէ յե­տոյ, քա­ղա­քէն դուրս սպան­նո­ւե­ցաւ իր քա­հա­նա­նե­րուն հետ միա­սին:
­Գերպ. ­Մի­քա­յէլ ­Խա­չա­տու­րեան, ­Մա­լա­թիոյ ե­պիս­կո­պո­սը, նախ մեր­կա­ցու­ցին եւ յե­տոյ բան­տի խու­ցին մէջ ձեռ­քերն ու ոտ­քե­րը յա­տա­կին քա­մե­ցին: ­Նոյն բախ­տին ար­ժա­նա­ցան նաեւ իր քա­հա­նա­նե­րը:
­Գերպ. Ս­տե­փա­նոս Իս­րա­յէ­լեան, ­Խար­բեր­դի ե­պիս­կո­պո­սը, նա­հան­գա­պե­տի հրա­հան­գով հե­ռա­նա­լէ ետք Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն իր ըն­տա­նի­քին հետ ­Հա­լէպ եր­թա­լու հա­մար, այն խոս­տու­մով որ մեծ պա­տիւ­նե­րով պի­տի վե­րա­դառ­նայ, քա­նի որ ­Կա­ռա­վա­րու­թեան հա­ւա­տա­րիմ էր: ­Մեկ­նու­մի պա­հուն բազ­մա­թիւ մե­ծա­նուն միւ­սիւլ­ման­ներ ի­րեն պա­տիւ­ներ կ­՚ըն­ծա­յէին, երբ ի­րենց տան առ­ջե­ւէն կ­՚անց­նէր: ­Սա­կայն երբ քա­ղա­քէն դուրս դաշ­տա­գե­տին մը հա­սան, ե­պիս­կո­պո­սը անդ­րա­դար­ձաւ լա­րո­ւած դա­ւին մա­սին. ան, ինչ­պէս մեզ տե­ղե­կա­ցու­ցին այդ շրջան­նե­րու միւ­սիւլ­ման­նե­րը այ­նու­հե­տեւ, իր մտե­րիմ­նե­րուն մա­հո­ւան նա­խա­պատ­րաս­տեց եւ երբ յայտ­նեց, թէ պատ­րաստ էին, ի­րենց վրայ կրա­կե­ցին: ­Մու­շի ե­պիս­կո­պոս ­Գերպ. ­Յա­կոբ ­Թո­փու­զեա­նը մաս­նա­տե­ցին իր քա­հա­նա­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հետ միա­սին:
­Կա­րե­լի չէ ը­սել, թէ Ս Ա­թո­ռը ան­մասն մնաց այս ող­բեր­գու­թե­նէն, որ յա­ջոր­դեց Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կազ­մա­լուծ­ման:
­Սա­կայն մե­նաշ­նոր­հեալ դի­տորդ մըն էր այն ե­ղե­րա­կան դէպ­քե­րուն, որ քրիս­տո­նեա­նե­րու ա­ռա­ջին գի­ծը հա­րո­ւա­ծեց՝ յատ­կա­պէս ­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ. եր­կու ան­գամ դի­մեց ­Սուլ­թա­նին, որ կանգ առ­նեն կո­տո­րած­նե­րը: Ան էր, որ ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի մը ստեղծ­ման գա­ղա­փա­րը պաշտ­պա­նեց, նոյ­նինքն Ա­ռա­քե­լա­կան ­Պա­տո­ւի­րակ ­Տոլ­չին էր, որ յանձն ա­ռաւ օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան մօտ՝ քրիս­տո­նեա­նե­րու ա­պա­հո­վու­թիւ­նը ձեռք ձգե­լու: Ս. Ա­թո­ռը չթե­րա­ցաւ ­Գեր­մա­նիոյ եւ Աւստ­րօ-­Հուն­գա­րիոյ եւս դի­մե­լու, որ­պէս­զի քրիս­տո­նեա­նե­րու բա­րե­կամ դաշ­նա­կից­նե­րու կող­քին դա­սո­ւին:
Ի՛նչ­պէս կ­՚ամ­փո­փէ ­Տել ­Ծան­նան՝ «­Վա­ւե­րա­գիր­նե­րը ցոյց կու­տան, թէ ­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ.ի ե­կե­ղե­ցին, ա­նա­չա­ռու­թիւ­նը զու­գա­հե­ռա­բար պա­հե­լով, քա­ղա­քա­կան դի­ւա­նա­գի­տա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն մը ծա­ւա­լեց քրիս­տո­նեա­նե­րու ող­ջա­կիզ­ման ա­ռաջ­քը առ­նե­լու հա­մար Ա­նա­տո­լո­ւի մէջ:
­Պա­պը խնդրին տէր կանգ­նե­ցաւ, ստէպ ան­ձամբ մի­ջամ­տե­լով օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան եւ եւ­րո­պա­կան գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րու­թեանց մօտ: ­Դի­ւա­նա­գի­տու­թիւն եւ տու­ժող բնակ­չու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ էա­կան զօ­րակ­ցու­թիւն: Ա­հա հիմ­նա­կան կէ­տե­րը ու­ղե­գի­ծի մը, որ հաս­տա­տո­ւած է 19րդ ­դա­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան որ­դեգ­րո­ւած ա­ռիւ­ծա­շունչ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը վրայ:
­Յով­հան­նէս-­Պօ­ղոս Բ. ­Պա­պը, ­Հա­յաս­տան կա­տա­րած իր ա­ռա­քե­լա­կան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին 2001 թո­ւա­կա­նի ­Սեպ­տեմ­բե­րին, ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի բար­ձուն­քին գտնո­ւող ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ­Յու­շար­ձա­նի մէջ, անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ռաջ­քը առ­նե­լու ­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ.ի ջան­քե­րուն:
«Լ­սէ՜, ո՛վ ­Տէր, Հ­ռո­մի Ե­պիս­կո­պո­սի ձայ­նին, որ կ­՚ար­ձա­գան­գէ իր նա­խոր­դի՝ ­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ. ­Պա­պի ա­ղեր­սը, երբ 1915ին իր ձայ­նը բարձ­րա­ցուց ի պաշտ­պա­նու­թիւն հայ ազ­գին, ծան­րօ­րէն հա­րո­ւա­ծո­ւած եւ բնաջնջ­ման սե­մին հա­սած: ­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ. ­Պա­պի հան­դէպ ա­ւե­լի թարմ յար­գան­քի տուրք մը տրո­ւե­ցաւ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոս ­Գա­րե­գին Բ.ի կող­մէ, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ո­գե­կո­չում­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած Ս. ­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին 2015ի Ապ­րիլ 12ին, Ս. ­Պետ­րոս տա­ճա­րին մէջ:
«Ս. ­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, որ ձօ­նո­ւած է ­Հա­յոց 100ա­մեայ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­մեղ զո­հե­րուն, Սրբա­զան ­Հայր, կը յի­շա­տա­կենք ­Ձեր նա­խորդ­նե­րէն՝ ­Պե­նե­տիք­տոս ԺԵ. ­Քա­հա­նա­յա­պե­տը, որ իր ­Ձայ­նը բարձ­րա­ցուց բո­ղո­քե­լով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դէմ: Այս տե­սա­կէ­տով ­Վա­տի­կա­նի ­Դի­ւա­նա­տան մէջ ի պահ դրո­ւած ան­տիպ վա­ւե­րագ­րե­րու հրա­պա­րա­կու­մը մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի»: