Ուրբաթ՝ Մայիս 4ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հովուապետական այցով ժամանեց Կրետէ կղզին՝ հանդիսապետելու համար Իրաքլիոյի «Ս. Յովհաննու Կարապետ» հայկական եկեղեցւոյ 350ամեակին նուիրուած տօնակատարութեանց: Վեհափառ Հայրապետին օդանաւակայանին մէջ դիմաւորեցին Կրետէի Իրինէոս Մետրոպոլիտը, Յունաստանի Ա.Գ. փոխ-նախարար Մարկոս Պոլարիս, Կրետէի մարզպետ Սթաւրոս Արնաութաքիս, Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ՝ Արամ Արք. Աթէշեան, Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան, ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան բաձրաստիճան հոգեւորականներ եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ։
Նոյն օրուան երեկոյեան, քաղաքի կեդրոնական հանդիսասրահի մը մէջ, հանդիսապետութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 350ամեակին նուիրուած հայկական ժողովրդական երգի ու պարի համերգ, մասնակցութեամբ Մոսկուայէն «Հայասա» պարային խումբին եւ «Ս. Պայծառակերպութիւն» եկեղեցւոյ երգչախումբին։ Նաեւ՝ կրետական պարային խումբը մը ներկայացացուց յունական աւանդական պարեր։
Հանդիսութեան ընթացքին, յաջորդաբար խօսք առին «Ս. Յովհաննու Կարապետ» եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Անտոնիս Պենարտիս, Իրինէոս Մետրոպոլիտը, Ա.Գ. փոխնախարար Մարկոս Պոլարիս, Կրետէի մարզպետարանի եւ Իրաքլիոյի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները։
Ողջունելով հանդիսութեան մասնակիցներուն` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր ուրախութիւնը յայտնեց «Սուրբ Յովհաննու Կարապետ» եկեղեցւոյ 350ամեակի առիթով Կրետէ կատարած իր հովուապետական այցելութեան համար։
Անդրադառնալով Կրետէի հոգեւոր եւ աշխարհական իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած ջերմ հիւրընկալութեան` Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու բարեկամութիւնը կու գայ դարերու խորքէն, աւելին` երկու հաւատակից ժողովուրդները դարեր շարունակ կողք կողքի ապրած ու յաղթահարած են պատմութեան ընթացքին իրենց բաժին ինկած փորձութիւններն ու տառապանքները, վերապրած են նաեւ ցեղասպանութիւններէ` յանուն հաւատքի հեղելով իրենց արիւնը։ Վեհափառը հաստատեց, որ երկու ազգերու եւ պետութիւններու միջեւ այդ բարեկամութիւնը այսօր եւս կը շարունակէ զօրանալ եւ բարի արդիւնքներ պարգեւել` մաղթելով, որ այս նուիրական հողին վրայ հայ ժողովուրդի զաւակները շարունակեն իրենց կեանքը եւ մշտապէս զօրացնեն երկու ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութիւնն ու բարեկամութիւնը:
Հայրապետական Ս. Պատարագ Կրետէի
«Սուրբ Յովհաննու Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ
Կիրակի՝ 5 Մայիսին, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Պատարագ մատուցեց Իրաքլիոյի Սուրբ «Յովհաննու Կարապետ» հայկական եկեղեցւոյ մէջ:
Առաւօտուն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը դիմաւորեցուեցաւ եկեղեցւոյ առջեւ աւանդական աղ ու հացով եւ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ: Ապա, եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ աղօթք եւ Վեհափառը իր օրհնութիւնը բաշխեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Վեհափառ Հայրապետին կողմէ մատուցուցած Պատարագը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Յունաստանի Ա.Գ. փոխ-նախարար Մարկոս Պոլարիս, Իրինէոս Մետրոպոլիտը, հայ աւետրանական եկեղեցւոյ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Հ.Հ. Յունաստանի մօտ դեսպան Ֆաթէյ Չարչօղլեան, Կրետէի մարզպետարանի եւ Իրաքլիոյի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչներ, Կրէտէի հայկանան համայնքի եւ եկեղեցական խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ ուխտաւորներ՝ Աթէնքէն, Պոլսէն եւ Մոսկուայէն: Իր հայրապետական քարոզին մէջ, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց ներկայ ժողովուրդին:
«Գոհունակութիւն է Մեզ համար անդրադառնալ, որ երեք եւ կէս դարեր շարունակ «Սուրբ Յովհաննու Կարապետ» այս եկեղեցին իր հոգեւոր սպասաւորներով եւ նրանց լծակից աշխարհականներով գովելի ծառայութեամբ հոգեւոր խնամք է մատուցել Կրետէում հաստատուած հայորդիներին, առաջնորդել դէպի Աստուած, զօրացրել հաւատացեալներին, բաշխել Սուրբ Հոգու պարգեւները, ամուր պահել ազգային ինքնութիւնը», — նշեց Վեհափառ Հայրապետը:
Նորին Սրբութիւնը յորդորեց Կրետէի հայկական համայնքի անդամներուն, ամուր հաւատքով եւ անխոնջ նուիրումով շարունակելու իրենց ընթացքը, նախանձախնդիր մնալու մեր սրբազան արժէքներուն եւ ազգային ու եկեղեցական կեանքի հանդէպ նոյն նուիրումով շէնցնել համայնքային իրենց կեանքը: Վեհափառը պատգամեց, որ եկեղեցւոյ հաստատման 350ամեակի յոբելեանը նոր հանգրուան պէտք է նկատել` նորոգելու համար հաւատարմութեան իրենց ուխտը եւ եկեղեցաշէն ու ազգօգուտ իրագործումներով բարեզարդելու ազգային-եկեղեցական անդաստանը:
Պատարագի ընթացքին, ներկայ ժողովուրդը հնարաւորութիւն ունեցաւ համբուրելու «Սուրբ Յովհաննու Կարապետ»ի մասունքակիր խաչը, որ տօնախմբութեան առիթով զետեղուած էր եկեղեցւոյ մէջ։
Արարողութեան աւարտին, յաջորդեց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուած խաչքարի ս. Միւռոնով օծման եւ օրհնութեան կարգը։ Խաչքարը եկեղեցւոյ նուիրուեցաւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ: Նոյն օրը, քաղաքի կեդրոնական հիւրանոցէն ներս, ծխական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Կաթողիկոսին, որու աւարտին Վեհափառը վերստին իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց ներկաներուն:
Նոյն օրուան երեկոյեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի Ա.Գ. փոխ-նախարար Մարկոս Պոլարիսի եւ եկեղեցւոյ 350ամեակի յոբելեանին առիթով Կրետէ ժամանած ուխտաւորներուն հետ։