«­Քա­ղա­քա­ցիա­կան ­Պայ­մա­նա­գիր» կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար, վեր­ջին օ­րե­րու ժո­ղովր­դա­յին ցոյ­ցե­րու կազ­մա­կեր­պիչ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան Ե­րեք­շաբ­թի՝ 17 Ապ­րի­լին, ­Հան­րա­պե­տու­թիւն հրա­պա­րա­կին վրայ բազ­մա­հա­զար ցու­ցա­րար­նե­րու դի­մաց յայ­տա­րա­րեց, որ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ սկիզբ ա­ռած է ժո­ղովր­դա­յին թաւ­շեայ յե­ղա­փո­խու­թիւն:
­Հան­րա­հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րուն ­Փա­շի­նեան յայ­տա­րա­րեց, որ ցոյ­ցե­րը եւ ցու­ցա­րար­նե­րու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին: ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10ին ցոյ­ցե­րը պի­տի վերսկ­սին Ֆ­րան­սա­յի հրա­պա­րա­կէն եւ օ­րո­ւան վեր­ջա­ւո­րու­թեան դար­ձեալ հան­րա­հա­ւաք տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Հան­րա­պե­տու­թիւն հրա­պա­րա­կի վրայ: ­Փա­շի­նեան հա­մընդ­հա­նուր գոր­ծա­դու­լի կոչ ուղ­ղեց ժո­ղո­վուր­դին: ­Փա­շի­նեան միշտ կը յոր­դո­րէ ցու­ցա­րար­նե­րը խու­սա­փե­լու բռնու­թիւն­նե­րէ եւ գրգռու­թիւն­նե­րէ:
«­Մենք պէտք է կա­թո­ւա­ծա­հար ա­նենք ողջ պե­տա­կան հա­մա­կար­գը: Այն­տեղ, որ­տեղ կը յա­ջո­ղո­ւի ներս մտնել, ներս կը մտնենք, ներ­սում նստա­ցոյց կ­՛ա­նենք: Այն­տեղ, որ­տեղ չի յա­ջո­ղո­ւի ներս մտնել, նստա­ցոյց կ­՛ա­նենք մուտ­քե­րի դի­մաց եւ թոյլ չենք տայ ներս մտնել, դուրս ե­կող­նե­րին էլ միայն մեզ միա­նա­լու պայ­մա­նով կը թող­նենք: Ազ­գա­յին ժո­ղո­վում կա­տա­րո­ւող ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներն այ­լեւս չպէտք է ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նան ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քի վրայ», ա­ւե­լի կա­նուխ, Ֆ­րան­սա­յի հրա­պա­րա­կին վրայ իր ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րած էր ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան: ­Հան­րա­պե­տու­թիւն հրա­պա­րա­կի հա­ւա­քին ըն­թաց­քին ­Փա­շի­նեան յայտ­նեց, որ Ս­փիւռ­քէն կը ստա­նայ զօ­րակ­ցու­թեան յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ դրա­մա­կան նո­ւի­րա­տուու­թիւն­ներ, ո­րոնց շնոր­հիւ գո­յա­ցած է ցոյ­ցե­րու ա­ռա­ջին օ­րե­րու ծախ­սե­րը: ­Փա­շի­նեան ­Հա­յաս­տան հրա­ւի­րեց սփիւռ­քա­հայ զօ­րակ­ցող­նե­րը՝ մաս­նակ­ցե­լու ցոյ­ցե­րուն: Ն­շենք, որ Ե­րեք­շաբ­թի, օ­րո­ւան ըն­թաց­քին, ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը 80 հո­գի բեր­ման են­թար­կեց եւ տա­րաւ ոս­տի­կա­նա­տուն: Ա­նոնց­մէ մէկ մա­սը ա­ւե­լի ուշ ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ: