­­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը բաց քո­ւէար­կու­թեամբ ­­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ընտ­րեց ­­Սերժ ­­Սարգ­սեա­նը: Ա­նոր օգ­տին քո­ւէար­կե­ցին 77 պատ­գա­մա­ւոր­ներ, դէմ՝ 17: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «Ար­մէնփրէս»ը:
­­Սերժ ­­Սարգ­սեա­նի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րած էին Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի «­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւն» եւ «­­Հայ ­­Յե­ղա­փո­խա­կան ­­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» խմբակ­ցու­թիւն­նե­րը: Ըստ սահ­մա­նադ­րու­թեան՝ ­­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ան­յա­պաղ վար­չա­պետ կը նշա­նա­կէ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին կող­մէ ընտ­րո­ւած թեկ­նա­ծուն:

Առ­նո­ւազն 100 հա­զար­նե­րու կր­­նանք հա­մո­զել ­­Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թել.
Այդ ա­ռու­մով կ­­՛ա­պա­ւի­նիմ նաեւ Հ.Յ.­Դ.ի ա­ջակ­ցու­թեան

­­Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի յա­տուկ նիս­տին Սերժ ­­Սարգ­սեան իր խօսքին մէջ յայ­տա­րա­րեց, թէ յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն ըն­թաց­քին պի­տի հաս­տա­տենք ­­Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման մին­չեւ 2030 թո­ւա­կան ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը, ուր նե­րա­ռո­ւած պի­տի ըլ­լան բազ­մա­թիւ դրոյթ­ներ նաեւ մին­չեւ 2040 թո­ւա­կա­նը մեր անց­նե­լիք ճա­նա­պար­հը:
Ան յայտ­նեց, որ այդ ծրա­գի­րը ներ­կա­յաց­նե­լէ ետք, բո­լո­րին հա­մար հասկ­նա­լի պի­տի ըլ­լայ, որ մին­չեւ 2040 թո­ւա­կա­նը 4 մի­լիոն քա­ղա­քա­ցի ու­նե­նա­լու յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ո՛չ միայն յայ­տա­րա­րու­թիւն էր, այլ ի­րա­տե­սա­կան էր եւ ան­պայ­ման պի­տի ի­րա­կա­նա­ցո­ւի:
«Այդ ա­ռու­մով կ­­՛ա­պա­ւի­նիմ նաեւ Հ.Յ.Դ.ի ա­ջակ­ցու­թեան, որ այդ հար­ցով լա­ւա­գոյն օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը կրնայ ա­պա­հո­վել», ը­սաւ ­­Սարգ­սեան:
«Ան­շուշտ, հասկ­նա­լի է, որ չենք կրնար մի­լիո­նա­ւոր մար­դոց հա­մո­զել ­­Հա­յաս­տան գալ, բայց առ­նո­ւազն 100 հա­զար­նե­րու կրնանք, ո­րով­հե­տեւ բո­լո­րը չեն որ ­­Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թե­լով՝ հա­սած են ի­րենց ե­րա­զան­քի ի­րա­կա­նաց­ման եւ ո­րոշ տնտե­սա­կան պայ­ման­ներ ա­պա­հո­վե­լու պա­րա­գա­յին, ա­նոնք գո­նէ պի­տի սկսին այդ ուղ­ղու­թեամբ մտա­ծե­լու: Իսկ ե­թէ յա­ջո­ղինք խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով լու­ծե­լու նաեւ մեր անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րը, կը կար­ծեմ, որ ներ­գաղ­թը շատ էա­կան պի­տի ըլ­լայ»,- յայ­տա­րա­րեց Սարգ­սեան:
­­Սարգ­սեան յայտ­նեց, որ ինք չի կրնար յայ­տա­րա­րել, որ տե­սա­նե­լի ա­պա­գա­յին մեր եր­կի­րը դրախ­տի պի­տի նմա­նի՝ ա­ւելց­նե­լով, որ ինք պատ­րաստ է ըլ­լա­լու կա­ռա­վա­րու­թեան եւ խորհր­դա­րա­նա­կան մե­ծա­մաս­նու­թեան մի­ջեւ հա­կա­սու­թեան բա­ցառ­ման ե­րաշ­խա­ւո­րը։
«Այ­սօր այս ամ­պիո­նին կանգ­նած է ոչ թէ ան­հատ քա­ղա­քա­կան, պե­տա­կան գոր­ծիչ ­­Սերժ ­­Սարգ­սեա­նը, ոչ հան­րա­պե­տու­թեան եր­րորդ նա­խա­գա­հը, ա­նոնց­մէ ոչ մէ­կը այս­տեղ գործ ու­նի ը­նե­լու»,- ըստ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի յա­տուկ նիս­տին, իր ե­լոյ­թին մէջ ը­սաւ ­­Սարգ­սեան:
«Այ­սօ­րո­ւան քո­ւէար­կու­թեամբ դրո­ւած չէ մէ­կուն կամ միւ­սին հա­ւա­նու­թիւն տա­լու կամ չտա­լու հար­ցը, այ­սօր այս ամ­պիո­նէն ե­լոյթ կ­­՛ու­նե­նայ խորհր­դա­րա­նի քա­ղա­քա­կան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կազ­մող ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գա­հը: Ես այս­տեղ եմ նախ եւ ա­ռաջ իբ­րեւ իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար՝ յօ­գուտ իմ թեկ­նա­ծու­թեան ը­սե­լու, որ ու­նիմ բա­ւա­րար ազ­դե­ցու­թիւն եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ստանձ­նած քա­ղա­քա­կան պա­տաս­խա­նատ­ուու­թեան ծի­րին մէջ ա­պա­հո­վե­լու խորհր­դա­րա­նա­կան մե­ծա­մաս­նու­թիւն կազ­մող քա­ղա­քա­կան ու­ժի ներ­դաշ­նակ աշ­խա­տան­քը իշ­խա­նու­թեան օ­րէնս­դիր եւ գոր­ծա­դիր թե­ւե­րուն մէջ»,- յայ­տա­րա­րեց ­­Սարգ­սեան՝ շա­րու­նա­կե­լով.- «­­Կա­ռա­վար­ման խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գը կը բա­ցա­ռէ հա­կա­սու­թիւ­նը կա­ռա­վա­րու­թեան եւ խորհր­դա­րա­նա­կան մե­ծա­մաս­նու­թեան մի­ջեւ՝ ես պատ­րաստ եմ ըլ­լա­լու այդ­պի­սի հա­կա­սու­թեան բա­ցառ­ման ե­րաշ­խա­ւո­րը»: