Ա­ռաջ­նորդ Յու­նաս­տա­նի Հա­յոց Թե­մի Գերշ. Տ. Գե­ղամ Արք. Խա­չե­րեան եւ Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ տոքթ. Ար­թին Վար­դա­նեան, ըն­դա­ռա­ջե­լով Ա­թէն­քի մարզ­պե­տա­րա­նի հրա­ւէ­րին Յու­նաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ազ­գա­յին տօ­նի՝ 25 Մար­տի տա­րե­դար­ձին առ­թիւ, Կի­րա­կի 25 Մարտ 2018ին ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10ին, ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Ա­թէն­քի Յու­նաց Մայր Տա­ճա­րին մէջ Գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան, ա­պա զի­նո­ւո­րա­կան տո­ղանց­քին:
Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւ տո­ղանց­քի ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան Հայրն ու տոքթ. Վար­դա­նեան յա­նուն Յու­նա­հայ գա­ղու­թին շնոր­հա­ւո­րե­ցին ու բա­րե­մաղ­թու­թեան ի­րենց խօս­քե­րը փո­խան­ցե­ցին Ա­թէն­քի եւ հա­մայն Յու­նաս­տա­նի Ար­քե­պիս­կո­պոս Տ.Տ. Իէ­րո­նի­մո­սին, մարզ­պե­տու­հիին ինչ­պէս նաեւ պե­տա­կան, զի­նո­ւո­րա­կան ու ե­կե­ղե­ցա­կան ներ­կայ բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն:

Դի­ւան Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի