Սարգիս Զէյթլեան (1930-1985)

Սարգիս Զէյթլեան (1930-1985). Հայակեդրոն արեւելումի մարտունակ դրօշակիր Դաշնակցականը Ն.

0
1719

28 ­Մար­տի այս օ­րը, 1985ին, ­Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի թո­հու­բո­հին մէջ, դա­ւադ­րա­բար կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­նարգ ա­ռե­ւան­գում-ան­հե­տա­ցու­մը ­Մար­դու, ­Հա­յու եւ ­Դաշ­նակ­ցա­կա­նի ե­զա­կի հա­մադ­րու­մը մարմ­նա­ւո­րող ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեա­նի։
­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան սփիւռ­քեան սե­րուն­դի յառաջապահ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն է ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեան, ո­րուն ա­ռե­ւանգ­ման ու ան­հե­տաց­ման ա­նարգ ո­ճի­րին տա­րե­լի­ցը միշտ կը յի­շենք ու կ­’ո­գե­կո­չենք, որ­պէս­զի ինչ­պէս մե­րօ­րեայ, նոյն­պէս եւ վա­ղո­ւան հա­յոց սե­րունդ­նե­րը միշտ ար­թուն հսկեն եւ եր­բե­ւի­ցէ թոյլ չտան, որ ի­րա­ւա­տէր ու պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թեան ճակ­տին քսո­ւի այ­դօ­րի­նակ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ա­մօ­թի խա­րան։
­Նոյ­նինքն Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, իր 25րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, 1992ին, յա­տուկ յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը վեր կանգ­նե­ցաւ 28 ­Մարտ 1985ի ո­ճի­րին բա­ցած խոր վէր­քէն եւ մեր ժո­ղո­վուր­դին ու հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն յանձ­նեց Ա­ւան­դը Ս. ­Զէյթ­լեա­նի՝ պատ­գա­մե­լով, որ
«Ս. ­Զէյթ­լեա­նը էր եւ կը մնայ մեր ար­ժա­նա­ւոր ըն­կե­րը, որ նա­հա­տա­կո­ւած է Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան վա­րած պայ­քա­րի պատ­նէ­շին վրայ՝ հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան մութ ու­ժե­րու ձեռ­քով (իր ըն­կե­րա­կից՝ Կ. ­Գո­լան­ճեա­նի հետ միա­սին) ա­ռե­ւան­գո­ւե­լով եւ տմար­դի կեր­պով ա­հա­բեկ­ման են­թար­կո­ւե­լով։ ­Պայ­քա­րո­ղի խրոխտ կե­ցո­ւած­քով, դաշ­նակ­ցա­կա­նի գա­ղա­փա­րա­կան սքան­չե­լի տի­պա­րով եւ դաշ­նակ­ցա­կան մտքի դրօ­շա­կի­րի փայ­լուն դի­մա­գի­ծով, ինչ­պէս նաեւ իր գոր­ծով ու օ­րի­նա­կով, Ս. ­Զէյթ­լեան այ­լեւս մաս կը կազ­մէ դաշ­նակ­ցա­կան ան­մահ նա­հա­տակ­նե­րու փա­ղան­գին»։
Այս­պէ՛ս, որ­քան ժա­մա­նա­կը թա­ւա­լի չա­րա­բաս­տիկ այդ թո­ւա­կա­նէն աս­դին, այն­քան հայ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ա­ռաջ­նոր­դի մը տմար­դի ա­ռե­ւանգ­ման եւ մութ պայ­ման­նե­րու մէջ սպա­նու­թեան քայ­լը ինք­նին կը վե­րա­ծո­ւի չսպիա­ցող վէր­քի, իսկ ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեա­նի գա­ղա­փա­րա­կան պայ­ծառ կեր­պա­րը ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի կը լու­սա­ւո­րո­ւի մեր սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ։
­Բազ­մաշ­նորհ տա­ղան­դով օժ­տո­ւած դաշ­նակ­ցա­կան մարտունակ գոր­ծի­չը հան­դի­սա­ցաւ Ս. ­Զէյթ­լեան, որ 1930ին ծնած էր պատ­մա­կան ­Մու­սա ­Լե­րան Խ­տըր ­Պէկ գիւ­ղը։ ­Մեծ մայ­րը՝ ­Վար­դե­րը 1915ի ­Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տին կռո­ւած հայ հե­րո­սու­հի­նե­րէն էր։ ­Հայ­րը՝ ­Թով­մա­սը, հե­րո­սա­մար­տի շրջա­նին տա­կա­ւին պա­տա­նի, իբ­րեւ սուր­հան­դակ մաս­նակ­ցած էր թրքա­կան յար­ձակ­ման դէմ մղո­ւած մար­տե­րուն, իսկ ե­րեք տա­րի ետք, միա­նա­լով Ֆ­րան­սա­կան բա­նա­կի կող­քին կազ­մո­ւած ­Հայ­կա­կան ­Լե­գէո­նին, մաս­նակ­ցած էր 1918ի Ա­րա­րա­յի յաղ­թա­կան ճա­կա­տա­մար­տին։
­Բա­ռին ի­րաւ եւ հա­րա­զատ ի­մաս­տով մու­սա­լեռ­ցի էր Ս. ­Զէյթ­լեան։ Եւ ու­սումն ու հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւ­նը ո՛ւր որ ալ տա­րին եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ի՛նչ դիր­քի վրայ ալ կանգ­նե­ցու­ցին ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեա­նը՝ ան միշտ գոր­ծեց լեռ­նա­կան հայ գիւ­ղա­ցիին բնո­րոշ պարզ պայ­ծա­ռամ­տու­թեամբ, խրոխտ նկա­րագ­րով եւ անդր­դո­ւե­լի ազ­գայ­նա­կա­նու­թեամբ։
­Կեան­քը չօգ­նեց, որ Ս. ­Զէյթ­լեան հա­մալ­սա­րա­նա­կան բարձ­րա­գոյն ու­սում ստա­նայ։ Ս­տի­պո­ւե­ցաւ բա­ւա­րա­րո­ւիլ Ե­րու­սա­ղէ­մի «­Ժա­ռան­գա­ւո­րաց»ին եւ ­Պէյ­րու­թի «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Ճե­մա­րա­նին ջամ­բած հա­յա­գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թեամբ։ ­Բայց ե՛ւ իր ու­սում­նա­տեն­չու­թեամբ ու ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ, ե՛ւ ­Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի, ­Լե­ւոն ­Շան­թի, ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի, ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի ու ­Կա­րօ ­Սա­սու­նիի տա­րո­ղու­թեամբ մեծ Ու­սու­ցիչ­նե­րու շուն­չով կազ­մա­ւո­րո­ւե­լու իր բախ­տա­ւո­րու­թեամբ, ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեան մտա­ւո­րա­կան նա­խան­ձե­լի պա­շա­րի տի­րա­ցաւ եւ իր ողջ կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րեց հա­յոց պատ­մու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը, հայ քա­ղա­քա­կան մտքի դե­գե­րում­ներն ու հայ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան բազ­մա­կող­մա­նի զար­գա­ցու­մը ու­սում­նա­սի­րե­լու անս­պառ ե­ռան­դով։
Ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան-մշա­կու­թա­յին նման հա­րուստ պա­շա­րով՝ ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեան հա­մար­ձակ քայ­լե­րով իր ու­ղին հար­թեց հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ ­Բա­ցա­ռա­պէս սփիւռ­քի մէջ գոր­ծեց, բայց հայ ժո­ղո­վուր­դի հայ­րե­նա­կան կեան­քի ա­ռօ­րեան, ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան-մշա­կու­թա­յին իր բո­լոր խնդիր­նե­րով, ան­բա­ժան մասն ու կի­զա­կէ­տը դար­ձուց սփիւռ­քա­հա­յու իր կե­ցու­թեան։ ­Միայն ի­րեն չպա­հեց գա­ղա­փա­րա­կան ու հո­գեմ­տա­ւոր այդ ջեր­մե­ռանդ ա­ռօ­րեան, այլ ան­սա­կարկ բաշ­խեց իր մա­մու­լի ըն­թեր­ցող­նե­րուն, իր դպրո­ցա­կան ա­շա­կերտ­նե­րուն, դաշ­նակ­ցա­կան իր ըն­կեր­նե­րուն եւ, լայն ընդգր­կու­մով, աշ­խար­հաս­փիւռ ողջ հա­յու­թեան, ո­րով­հե­տեւ մնա­յուն վե­րելք մը ե­ղաւ իր կեան­քը հան­րա­յին գոր­ծու­նէու­թեան տար­բեր մար­զե­րու մէջ եւ մա­կար­դակ­նե­րու վրայ։
1954ին հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Գա­հի­րէ, Ե­գիպ­տոս, Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Յու­սա­բեր»ի խմբագ­րա­կան կազ­մին միա­նա­լու հա­մար։ ­Մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ ու գոր­ծակ­ցե­ցաւ ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ «­Յու­սա­բեր»ի շուրջ խմբո­ւած հայ մտա­ւո­րա­կան փա­ղան­գին՝ ­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեա­նի եւ ­Բե­նիա­մին ­Թա­շեա­նի տա­րո­ղու­թեամբ խմբա­գիր­նե­րու հետ։ «­Յու­սա­բեր»ի դպրո­ցը հիմ­նա­ւո­րեց ազ­գա­յին մտա­ւո­րա­կա­նի, քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի եւ դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րի նկա­րա­գիրն ու պատ­րաս­տու­թիւ­նը ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեա­նի մէջ։ ­Նոյն տա­րի­նե­րուն նաեւ կրթա­կան մշակ ե­ղաւ ­Գա­հի­րէի Ազ­գա­յին «­Գա­լուս­տեան» վար­ժա­րա­նին մէջ, ուր եւ ծա­նօ­թա­ցաւ ու ա­մուս­նա­ցաւ իր կեան­քի ըն­կե­րոջ՝ ծա­նօթ մտա­ւո­րա­կան ­Սո­նա ­Զէյթ­լեա­նի (­Սի­մո­նեան) հետ։
1958-1959ին, ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նի մա­հէն ետք, ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ «­Յու­սա­բեր»ի խմբա­գիր եւ մնաց այդ պաշ­տօ­նին վրայ մին­չեւ 1962, երբ ըն­տա­նեօք վե­րա­դար­ձաւ ­Լի­բա­նան եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Այն­ճար, ուր ստանձ­նեց Ազ­գա­յին «­Յա­ռաջ» վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը։ ­Թէ՛ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան շուն­չով սե­րունդ հասց­նե­լու, թէ՛ «­Յա­ռաջ»ը ­Գո­լէ­ճի մա­կար­դա­կին բարձ­րաց­նե­լու եւ թէ, ընդ­հան­րա­պէս, Այն­ճա­րի հա­յու­թեան հա­ւա­քա­կան կեանքն ու դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը վե­րաշ­խու­ժաց­նե­լու ա­ռում­նե­րով բեղմ­նա­ւոր ե­ղաւ ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեա­նի գոր­ծու­նէու­թեան այն­ճա­րեան շրջա­նը։
­Հա­մազ­գա­յին լայն ու ընդգր­կուն հո­րի­զո­նի տէր ան­հա­տա­կա­նու­թիւն՝ Ս. ­Զէյթ­լեան քա­նի մը տա­րի ետք ըն­տա­նեօք հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Պէյ­րութ։ ­Կարճ ժա­մա­նա­կով միա­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Լի­բա­նա­նի պաշ­տօ­նա­թերթ «Ազ­դակ»ի խմբագ­րու­թեան, միա­ժա­մա­նակ՝ պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօն վա­րեց «­Հա­մազ­գա­յին»ի մէջ։ ­Շու­տով եղ­բայր­նե­րուն հետ ըն­տա­նե­կան գործ հաս­տա­տե­ցին ա­զատ աս­պա­րէ­զի մէջ, ինչ որ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ըն­ձե­ռեց ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեա­նի, որ­պէս­զի լիա­ժամ նո­ւի­րո­ւի մտա­ւո­րա­կան աշ­խա­տան­քի եւ ազ­գա­յին-կու­սակ­ցա­կան ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թեան։
Ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Լի­բա­նա­նի Կ. ­Կո­մի­տէի ան­դամ, ստանձ­նեց նաեւ Կ.Կ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը եւ, միա­ժա­մա­նակ, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ բժիշկ ­Բաբ­կէն ­Փա­փա­զեա­նի կող­քին խմբա­գիր նշա­նա­կո­ւե­ցաւ 1969ին իր վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թիւ­նը սկսած Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ին, որ լի­բա­նա­նեան մամ­լոյ օ­րէն­քի սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով՝ այդ շրջա­նին լոյս տե­սաւ «Ազ­դակ ­Շա­բաըօ­րեակ-Դ­րօ­շակ» ա­նու­նով։
­Պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան այդ զոյգ մա­կար­դակ­նե­րուն վրայ ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեան ե­ղաւ ճա­ռա­գայ­թող ներ­կա­յու­թիւն։ Իր ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ Հ.Յ.Դ. ­Լի­բա­նա­նի Կ. ­Կո­մի­տէն քա­ղա­քա­կան մեծ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ նո­ւա­ճեց ­Լի­բա­նա­նի պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ փայ­լուն դե­րա­կա­տա­րու­թեան, ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան հիմք ստեղ­ծե­լու, ինչ­պէս նաեւ ­Հայ ­Դա­տի հե­տապնդ­ման ճա­կատ­նե­րուն վրայ։ Իսկ «Դ­րօ­շակ»ի է­ջե­րուն իր հրա­պա­րա­կած խմբագ­րա­կան­ներ­նու ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ընդգր­կուն յօ­դո­ւա­ծա­շար­քե­րը, Ս. ­Կա­լեան եւ Ս. ­Զէյթ­լեան ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րով, հիմ­նա­կան ներդ­րում ու­նե­ցան մեր ժա­մա­նակ­նե­րու հայ ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան եւ դաշ­նակ­ցա­կան ռազ­մա­վա­րու­թեան մշա­կու­մին ու հու­նա­ւո­րու­մին մէջ։
­Տե­սա­կէտ ու­նե­ցող, ու­ղի հար­թող եւ գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քար ա­ռաջ­նոր­դող հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը դար­ձաւ ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեան, որ իբ­րեւ այդ­պի­սին, 1972ին, Հ.Յ.Դ. 20րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ եւ այդ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան վրայ, ան­սա­կարկ նո­ւի­րա­բե­րու­մով, գոր­ծեց եւ պայ­քա­րե­ցաւ մին­չեւ վեր­ջին շունչ՝ մին­չեւ իր դէմ գոր­ծուած ա­ռե­ւան­գու­մի եւ ան­հե­տաց­ման ա­նարգ ո­ճի­րը։
­Բիւ­րո­յա­կան իր գոր­ծու­նէու­թեամբ՝ ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեան ոչ միայն դաշ­նակ­ցա­կան աշ­խար­հաս­փիւռ մա­մու­լին ընդ­հա­նուր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ստանձ­նեց եւ ա­նոր ար­դիա­կա­նաց­ման եւ ու­ժե­ղաց­ման մէջ մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ, այ­լեւ՝ իր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ դրոշ­մը դրաւ Հ.Յ.Դ. Ծ­րագ­րի այժ­մեան վե­րամ­շա­կու­մին ու վե­րա­հաս­տատ­ման մէջ, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման գա­ղա­փա­րա­կան ա­ւանդ­նե­րուն, ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան եւ ըն­կեր­վա­րա­կան-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ա­կունք­նե­րուն ու­րոյն հա­մադ­րու­մը ի­րա­գոր­ծե­լու ա­ռում­նե­րով։ Վճ­ռո­րոշ ե­ղաւ ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեա­նի ներդ­րու­մը նաեւ ու մա­նա­ւանդ սփիւռ­քա­հայ ա­ռօ­րեա­յի ՀԱՅՐԵՆԱՑՄԱՆ մեծ գոր­ծին մէջ։
­Յատ­կա­պէս իր հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեան շնոր­հիւ, սփիւռ­քա­հայ մա­մու­լի ա­ռօ­րեան յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի պար­տադ­րո­ւած խորհր­դա­յին ի­րա­կա­նու­թիւնն ու, հե­ճուկս ու­ծաց­ման եւ ինք­նալ­քու­թեան բո­լոր ճնշում­նե­րուն ու հա­լա­ծանք­նե­րուն, հայ­րե­նի հա­յու­թեան ազ­գա­յին զար­թօն­քի պոռթ­կում­նե­րը ա­ռաջ­նա­հերթ կա­րե­ւո­րու­թեամբ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լու եւ լու­սա­բա­նե­լու՝ հու­նա­ւո­րե­լու հե­տե­ւո­ղա­կան ո­գո­րու­մով։ ­Նոյն 1970ա­կան­նե­րուն, ­Հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քի քա­ղա­քա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան զար­թօն­քի աշ­խու­ժաց­ման հո­սան­քին մէջ, ո­րուն ա­ռա­ջա­տար շար­ժի­չը ե­ղաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեան յա­տուկ դեր ու­նե­ցաւ՝ հայ­րե­նի ե­րի­տա­սարդ գոր­ծիչ­նե­րու եւ ա­զա­տա­խոհ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու հետ կա­պե­րու հաս­տատ­ման եւ սեր­տաց­ման մէջ։
­Տա­կա­ւին այն ժա­մա­նակ­նե­րուն, երբ խորհր­դա­յին լու­ծի տակ՝ հայ­րե­նի հա­յու­թիւ­նը կը գտնո­ւէր ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան իր ձայ­նը լսե­լի դարձ­նե­լու բռնա­տի­րա­կան ար­գել­քի տակ, ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեան յա­ռա­ջա­պահ դրօ­շա­կի­րը ե­ղաւ հայ­րե­նի հա­յու­թեան մէջ ­Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րին ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւա­նը գտնե­լու եւ ամ­րապն­դե­լու գա­ղա­փա­րա­կան ա­րե­ւե­լու­մին։
­Մարտ 28 է դար­ձեալ եւ հա­յոց յի­շո­ղու­թեան պաս­տա­ռին կ­’ու­րո­ւագ­ծո­ւի խրոխտ դէմ­քը ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեա­նի՝ ժա­մա­նա­կի մա­շու­մին դի­մա­ցող եւ թար­մու­թեամբ յորդ իր գա­ղա­փար­ներով ու պատ­գամ­նե­րով։
Ա­հա՛ 1980ին գրո­ւած եւ ա­տե­նին, ինչ­պէս այ­սօր, այժ­մէա­կան հնչե­ղու­թիւն ու­նե­ցող հա­յեւ­թուրք երկ­խօ­սու­թեան յան­կեր­գին վե­րա­բե­րեալ ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեա­նի պատ­գա­մը, որ հա­տո­ւա­ծա­բար առ­նո­ւած է «Դ­րօ­շակ»ի է­ջե­րուն լոյս տե­սած խմբագ­րա­կա­նէն՝ «Երկ­խօ­սու­թիւն… (­Հա­յեւ­թուրք տագ­նա­պի փա­րա­տու­մին ի խնդիր» խո­րագ­րով.
«­Հա­յեւ­թուրք տագ­նա­պի շա­րու­նակ­ման եւ այս եր­կու դրա­ցի ազ­գե­րուն մի­ջեւ ա­մէն երկ­խօ­սու­թեան ու­շաց­ման պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը, իր բո­լոր ե­րես­նե­րով, կ­’իյ­նայ բա­ցա­ռա­բար թուրք քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան ու­սե­րուն։ ­Հան­րա­յայտ ճշմար­տու­թիւն մը, զոր ոչ ոք կրնայ ու­րա­նալ կամ ան­տե­սել եր­բե­ւէ՝ հա­յու­թեան այս կամ այն ձե­ւով ո­րե­ւէ թե­լադ­րանք կամ խորհր­դա­տո­ւու­թիւն ը­նե­լէ ա­ռաջ։
«­Բո­լոր պայ­ման­նե­րու մէջ կեղծ է եւ մա­քուր ա­կունք­նե­րէ չի կրնար բխիլ հա­յեւ­թուրք երկ­խօ­սու­թեան ո­րե­ւէ ա­ռա­ջարկ կամ թե­լադ­րանք, մին­չեւ որ թուրք քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ան­կեղ­ծօ­րէն եւ պաշ­տօ­նա­պէս ա­ռողջ մօ­տե­ցում չցու­ցա­բե­րէ, իբ­րեւ հիմ ու­նե­նա­լով հե­տե­ւեալ հիմ­նա­կան նա­խադ­րեալ­նե­րը.
«Ա.- Ըն­դու­նիլ ­Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը, իբ­րեւ պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագ­րո­ւած ու գոր­ծադ­րո­ւած ազ­գաս­պա­նու­թեան ա­րարք։
«Բ.- ­Ճանչ­նալ հայ ժո­ղո­վուր­դի գո­յու­թեան ի­րա­ւուն­քը, իբ­րեւ ազ­գա­յին եւ քա­ղա­քա­կան ու­րոյն միա­ւոր։
«Գ.- ­Հաս­տա­տել հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ա­զատ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը՝ իր հայ­րե­նի բնօր­րա­նին մէջ, պատ­մա­կան ու ազ­գագ­րա­կան հի­մունք­նե­րով ծա­նօթ հայ­կա­կան հնա­ւանդ այն հո­ղա­մա­սե­րուն վրայ, ո­րոնք բռնագ­րա­ւո­ւած կը մնան այ­սօր թուրք պե­տու­թեան կող­մէ՝ հայ բազ­մու­թեանց բռնի ար­տաք­սու­մէն եւ ­Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ի վեր։
«­Քա­ղա­քա­կան այս շրջա­գի­ծէն դուրս հա­յեւ­թուրք երկ­խօ­սու­թեան ա­մէն փորձ ա­նի­մաստ է եւ դժո­ւար թէ ի նպաստ հա­յու­թեան վեր­ջա­նայ եր­բե­ւէ։ Երկ­խօ­սու­թեան ո­րե­ւէ ա­ռա­ջարկ կամ թե­լադ­րանք չի կրնար լուրջ բնոյթ կրել, ե­թէ զանց կ­’առ­նո­ւին ա­մէ­նէն տար­րա­կան այս նա­խադ­րեալ­նե­րը, քա­ղա­քա­կան տար­րա­կան փոր­ձա­ռու­թեան եւ ազ­գա­յին հա­սու­նու­թեան տէր ոե­ւէ ազ­գի կամ ղե­կա­վա­րու­թեան հա­մար»։
Ինչ­պէս մե­րօ­րեայ, այն­պէս եւ գա­լիք ժա­մա­նակ­նե­րուն «­Հա­յաս­տան ա­մէն բա­նէ վեր» ­Պատ­գա­մին յա­ռա­ջա­մար­տիկն է ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեան։