Ե­րեք­շաբ­թի՝ 6 ­Փետ­րո­ւա­րին, թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք ­Խա­չե­րեան եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը, բաղ­կա­ցած՝ ա­տենա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեա­նէ, ա­տե­նադ­պիր պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեա­նէ եւ ան­դամ պրն. ­Սեր­գօ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նէ, պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն տո­ւին ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րան։ ­Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հու­թեան կող­մէ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս ըն­դու­նո­ւե­ցան խորհր­դա­րա­նի փոխ-նա­խա­գահ պրն. ­Նի­քի­թաս ­Քաք­լա­մա­նի­սի եւ շուրջ տա­սը տար­բեր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու պատ­կա­նող ե­րես­փո­խան­նե­րու կող­մէ։
Իր ըն­դու­նե­լու­թեան խօս­քին մէջ, խորհր­դա­րա­նի փոխ-նա­խա­գա­հը խորհր­դա­րա­նի կող­մէ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց Սր­բա­զան ­Հօր եւ շնոր­հա­ւո­րեց զինք՝ գա­ղու­թի Ա­ռաջ­նոր­դի պաշ­տօ­նին ստանձ­ման առ­թիւ։ Անդ­րա­դար­ձաւ յոյն եւ հայ ժողո­վուրդ­նե­րու դա­րա­ւոր եղ­բայ­րա­կան կա­պե­րուն։ Ար­տա­յայ­տեց յոյն ժո­ղո­վուր­դի եղ­բայ­րա­կան զգա­ցում­նե­րը, յու­նա­հայ գա­ղու­թի եւ ընդ­հան­րա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի հան­դէպ։ Այս զգա­ցում­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թեան ար­դիւնքն էր նաեւ 1996 թո­ւա­կա­նին յու­նա­կան խորհր­դա­րա­նի միա­ձայ­նու­թեամբ օ­րէն­քի քո­ւէար­կու­մով պաշ­տօ­նա­պէս ճա­նա­չու­մը ­Թուր­քիոյ կող­մէ ծրագ­րո­ւած եւ գոր­ծադ­րո­ւած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան։ ­Յայտ­նեց, որ քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ կա­պեր կան գա­ղու­թին հետ, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան միջ-պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը գտնո­ւին բարձր մա­կար­դա­կի վրայ, փո­խա­դարձ գոր­ծակ­ցու­թեան եւ բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թեան մթնո­լոր­տի մէջ, բո­լոր մար­զե­րէն ներս։ ­Փա­կե­լով իր ող­ջոյ­նի խօս­քը՝ պրն. փոխ-նա­խա­գա­հը ան­գամ մը եւս շնոր­հա­ւո­րեց Սր­բա­զան ­Հայ­րը իր պաշ­տօ­նի ստանձ­ման առ­թիւ եւ ա­նոր ներ­կա­յու­թիւ­նը միշտ ըն­դու­նե­լի նկա­տեց յու­նա­կան ի­րա­կա­նու­թե­նէն ներս։
­Խօսք առ­նե­լով՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը նախ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար։ Ու­րա­խու­թեամբ եւ յու­զու­մով ստանձ­նեց թե­մի ա­ռաջ­նոր­դի պաշ­տօ­նը, մա­նա­ւանդ որ ինք տա­րի­նե­րով պաշ­տօ­նա­վա­րած է իբր հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի գա­ղու­թի մէջ, ինք­զինք կը զգայ հա­րա­զատ մթնո­լոր­տի մէջ՝ քա­նի հպարտ է, որ ու­նի յու­նա­կան հպա­տա­կու­թիւն, վկա­յեալ է Ա­րիս­թո­թէ­լիօ հա­մալ­սա­րա­նի աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան ճիւ­ղէն եւ լայն ծա­նօ­թու­թիւն­ներ ու­նի գա­ղու­թէն ներս։ ­Բարձր գո­հու­նա­կու­թիւն կը զգայ՝ գտնո­ւե­լով հան­րա­պե­տու­թեան եւ քա­ղա­քակր­թու­թեան օր­րան ­Յու­նաս­տա­նի մէջ։ ­Յու­նա­հա­յե­րը իբ­րեւ երկ­րի քա­ղա­քա­ցի լրիւ կը կա­տա­րեն ի­րենց քա­ղա­քա­ցիա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ ­Յու­նաս­տան պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին խիստ կա­րե­ւոր եւ եղ­բայ­րա­կան եր­կիր մը ե­ղած է հա­յու­թեան հա­մար։ ­Յու­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ եւ կղե­րա­կան­նե­րու հետ գոր­ծակցւ­թիւ­նը առ­կայ է եւ կը զար­գա­նայ փո­խա­դարձ յար­գան­քի եւ հաս­կա­ցո­ղու­թեան մթնո­լոր­տի մէջ։ Եզ­րա­փա­կե­լով իր խօս­քը՝ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ան­գամ մը եւս յայտ­նեց, որ մենք զմեզ օ­տար չենք զգար ­Յու­նաս­տա­նի մէջ, այլ՝ կը զգանք իբ­րեւ երկ­րին ան­բա­ժա­նե­լի մաս­նի­կը։
­Յա­ջոր­դա­բար խօսք ա­ռին յոյն ե­րես­փո­խան­նե­րը, ո­րոնք դրո­ւա­տի­քով անդ­րա­դար­ձան յու­նա­հա­յու­թեան հաս­ցէին, ի­րենց անձ­նա­կան ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րէն մեկ­նե­լով եւ ընդ­հան­րա­պէս տե­ղեակ ըլ­լա­լով գա­ղու­թի գոր­ծու­նէու­թեան։ ­Յատ­կա­պէս յի­շա­տա­կե­լի է ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ տիկ Է­լէ­նի Ս­թա­մա­թա­քին, որ անձ­նա­կան ծա­նօ­թու­թիւն­ներ ու­նի գա­ղու­թի ազ­գա­յին­նե­րու հետ եւ ներ­կայ գտնուած է «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս վար­ժա­րա­նի հան­դի­սու­թեան եւ ձեռ­նարկ­նե­րու։
Ուղ­ղա­փառ միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ պրն Անտ­րէաս ­Մի­խա­յի­լի­տիս իր խօս­քին մէջ ը­սաւ, որ այ­ցե­լած է Ան­թի­լիաս եւ հիա­ցու­մով անդ­րա­դար­ձաւ Ան­թի­լիա­սի կա­ռոյ­ցին եւ ­Վե­հա­փա­ռի անձ­նա­ւո­րու­թեան մա­սին։
Ա­ւարտին խօսք առ­նե­լով՝ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան բա­ցատ­րեց թե­մի ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի կա­ռոյ­ցը, թէ՝ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դի ընտ­րու­թիւ­նը կը կա­տա­րո­ւի Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան ­Ժո­ղո­վին կող­մէ եւ լա­ւա­գոյն ընտ­րու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ յան­ձին ­Գե­ղամ Ար­քե­պիս­կո­պո­սի, որ յու­նա­կան հպա­տա­կու­թիւն ու­նե­նա­լով՝ ­Յու­նաս­տա­նի եւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի հա­մար յար­մա­րա­գոյն անձ­նա­ւո­րու­թիւն է, տրո­ւած ըլ­լա­լով նաեւ, որ ­Կի­լի­կիոյ ­Միա­բա­նու­թեան լա­ւա­գոյն կղե­րա­կան­նե­րէն է։ Ան ան­գամ մը եւս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց պաշ­տօ­նա­կան ընդ­նու­նե­լու­թեան հա­մար՝ ա­ւելց­նե­լով, որ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը յու­նա­կան ի­րա­կա­նու­թեան հետ բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ լա­ւա­գոյն ձե­ւով կ­՛ըն­թա­նայ։
Այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ, խորհր­դա­րա­նի փոխ-նա­խա­գահ պրն. ­Քաք­լա­մա­նիս խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հու­թեան կող­մէ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին յանձ­նեց ձի­թե­նիի ծա­ռը պատ­կե­րող յու­շա­նո­ւէր մը։