Նախագահութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ ներկայութեամբ թեմիս Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Ստեփան Փափազեանի, ինչպէս նաեւ Ատտիկէի շրջանի հոգեւոր հովիւներուն, Հոգաբարձութեան եւ Թաղային Խորհուրդներու, Տիկնանց Մարմիններու, այլեւ Ատտիկէի երեք եկեղեցիներու ծխային հաւատացեալներու համախումբ ներկայութեան, Երկուշաբթի՝ 25 Դեկտեմբեր 2017ին, Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ Ս. Ստեփանոս Նախավկայ եւ առաջին Սարկաւագի տօնին առիթով։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, օրուան յատուկ հաղորդական իր պատգամին ընդմէջէն, ի միջի այլոց նշեց, թէ սարկաւագութիւնը, որ կը յատկանշուի քրիստոսաւանդ ծառայութեամբ, եկեղեցւոյ բարձրագոյն կարգերու խոնարհագոյն, բայց եւ ամէնէն կարեւոր ու կենսական հիմնաքարն է։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յայտնեց նաեւ, թէ յետ այսորիկ, Ատտիկէի շրջանի մեր ժողովուրդի զաւակները սոյն տօնախմբութեան աւելի հաղորդակից դարձնելու մտադրութեամբ, թեմի Կրօնական Ժողովի որոշումով, Ս. Ստեփանոսի տօնի տարեկան նշումը պիտի կատարուի Ատտիկէի երեք եկեղեցիներու ծխային ժողովուրդի համախումբ մասնակցութեամբ՝ յաջորդաբար Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ  եւ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցիներուն մէջ։
Սրբազան Հայրը հակիրճ բացատրութիւն մըն ալ տուաւ Սարկաւագներու կողմէ յատկապէս՝ Ս. Ստեփանոսի տօնին, սաղաւարտ հագուելու երեւոյթին՝ ըսելով, որ ան կու գայ վանական խորհրդալից աւանդութենէն, յատկապէս Երուսաղէմի, ուր Սարկաւագները պիտի կոչուէին ըլլալ վաղուան Քահանաները։
Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցանեց Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեան, եւ քառաձայն երգեցողութիւնը խմբավարեց Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրայր Աւ. Քհնյ. Նիկոլեան:
Աւարտին, ներկաները հրաւիրուեցան մասնակցելու Սիրոյ Սեղանի հիւրասիրութեան, որ կազմակերպուած էր Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Տիկնանց Մարմնին կողմէ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու կամաւոր եւ սիրայօժար նուիրաբերումներով։