Կի­րա­կի՝ 24 ­Դեկ­տեմ­բեր 2017ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ, նո­ւի­րո­ւած՝ Ս. Ս­տե­փա­նոս ­Նա­խա­սար­կա­ւա­գին եւ Ա­ռա­ջին ­Մար­տի­րո­սին։ Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեան։
­Քա­րո­զի պա­հուն, ե­կե­ղեց­ւոյ սար­կա­ւագ­նե­րը, ու­րա­րա­կիր­ներն ու դպիր­նե­րը, ի­րենց գլուխ­նե­րուն վրայ դնե­լով սա­ղա­ւարտ­ներ, կանգ­նե­ցան խո­րա­նին եր­կու կող­մե­րը։ ­Քա­րո­զի ըն­թաց­քին, ­Հայր ­Սուր­բը խօ­սե­ցաւ Ս. Ս­տե­փա­նո­սի կեան­քին, գոր­ծու­նէու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր քար­կոծ­ման մա­սին եւ ա­պա յայտ­նեց, որ այ­սօր նաեւ բո­լոր սար­կա­ւագ­նե­րուն, ու­րա­րա­կիր­նե­րուն տօնն է։ ­Հայր ­Սուր­բը իւ­րա­քան­չիւր ու­րա­րա­կի­րի յոր­դո­րեց՝ «­Փոր­ձե­ցէք նմա­նիլ Ս. Ս­տե­փա­նո­սի կեան­քին, ճշմար­տու­թիւ­նը քա­րո­զե­ցէք մեր ժո­ղո­վուր­դին, ձեր կեան­քով ու վե­րա­բեր­մուն­քով ե­ղէք խո­նարհ, հեզ եւ ձեր սրտին ու հո­գիին մէջ մշտա­կան կեր­պով Ս. Ս­տե­փա­նոսն է, որ թող շնչէ ու բու­րէ»։
Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, դա­սին մէջ, ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ­Հայր ­Սուր­բին, սար­կա­ւագ­նե­րը, ու­րա­րա­կիր­ներն ու դպիր­նե­րը, միա­բե­րան եր­գե­ցին «Ս­տե­փա­նոս քաղց­րիկ տատ­րակ» տաղն ու «­Կի­լի­կիա» մաղ­թեր­գը։
Ա­պա՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նի ան­դա­մու­հի­նե­րը կազ­մա­կեր­պած էին պատ­շաճ հի­րա­սի­րու­թիւն ի պա­տիւ ա­նոնց ու, մաս­նա­ւո­րա­բար, գա­ղու­թի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեա­նին՝ ­Հայր ­Սուր­բի ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նին ա­ռի­թով։ ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նի ա­նու­նով՝ ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Վեր­գին Ա­ւե­տի­սեան շնոր­հա­ւո­րեց ­Հայր ­Սուր­բի ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան օ­րը եւ յանձ­նեց նշա­նա­կա­լից նո­ւէր մը՝ որ­պէս սի­րոյ գե­րա­գոյն նշան, ինչ­պէս նաեւ բո­լոր ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն շնոր­հա­ւո­րեց ու ա­նոնց եւս յանձ­նեց յու­շա­նո­ւէր­ներ։ ­Պէտք է ը­սել, որ սրա­հը լե­ցուն էր նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րով, ո­րոնք բա­րի մաղ­թանք­ներ ու շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցին ­Հայր ­Սուր­բին, ինչ­պէս նաեւ՝ ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն։
Իր կար­գին, ­Հայր ­Սուր­բը իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց բո­լո­րին անխ­տիր ու յատ­կա­պէս ­Տիկ­նանց ­Մար­մի­նի ան­դա­մու­հի­նե­րուն եւ, որ­պէս շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւի, իւ­րա­քան­չիւր ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւո­րի, ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նոյ ան­դա­մու­հիի եւ այլ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նեց փայ­տեայ գե­ղե­ցիկ խա­չեր եւ իր եղ­բայ­րա­կան բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը կա­տա­րեց ա­նոնց։
­Վարձ­քը կա­տար ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նոյ բո­լոր ան­դա­մու­հի­նե­րուն եւ բիւր շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր սպա­սա­ւոր­նե­րուն։ ­Թող Աս­տուած ա­ւե­լիով վար­ձատ­րէ եւ պար­գե­ւէ ա­ռող­ջու­թիւն, ոյժ, կո­րով եւ փա­փաք­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցում։