­Հինգ­շաբ­թի՝ 14 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, Պ­քեր­քէի (­Լի­բա­նան) մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ քրիս­տո­նեայ եւ իս­լամ հո­գե­ւոր պե­տե­րու հա­մա­գու­մա­րը: ­Հա­մա­գու­մա­րին նպա­տակն էր հա­ւա­քա­կան կե­ցո­ւածք ճշդել Ե­րու­սա­ղէ­մի հար­ցին շուրջ: Ինչ­պէս ծա­նօթ է, վեր­ջերս ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ ­Տա­նըլտ Թ­րամփ պաշ­տօ­նա­պէս Ե­րու­սա­ղէ­մը ճանչ­ցած էր որ­պէս Իս­րա­յէ­լի մայ­րա­քա­ղաք: Ա.Մ.Ն. ­նա­խա­գա­հին այս ո­րո­շու­մը ընդվ­զու­մի հսկայ ա­լիք յա­ռա­ջա­ցուց թէ՛ պա­ղես­տին­ցի ժո­ղո­վուր­դին մէջ եւ թէ իս­լամ ու քրիս­տո­նեայ կրօ­նա­կան, քա­ղա­քա­կան ու պե­տա­կան շրջա­նակ­նե­րէն, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն ու ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հէն ներս:
Այս հար­ցին մա­սին հո­գե­ւոր պե­տե­րը ի­րենց տե­սա­կէտ­նե­րը պար­զե­ցին, ա­պա՝ միա­ցեալ յայ­տա­րա­րու­թեամբ մեր­ժե­ցին ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հին ո­րո­շու­մը, կոչ ուղ­ղե­ցին դա­տա­պար­տե­լու այս կե­ցո­ւած­քը, նկա­տե­ցին Ե­րու­սա­ղէ­մը որ­պէս պա­ղես­տի­նեան պե­տու­թեան մայ­րա­քա­ղաք եւ շեշ­տե­ցին միաս­տո­ւա­ծեան ե­րեք կրօն­նե­րուն սրբա­տե­ղի­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: