Նկատի ունենալով Թեսաղոնիկէի մէջ գտնուող մեծ թիւով Հայաստանէն ժամանած մեր հայրենակիցները, Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպանատան եւ Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի Թաղական Խորհուրդին համագործակցութեամբ, ամէն ամսուան առաջին Ուրբաթ օրը, Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսուհի տիկ.  Աննա Խաչատրեան կը ժամանէ Թեսաղոնիկէ, ուր եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւի գրասենեակէն ներս, առաւօտեան ժամը 10։30էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 18։00 կ’ընդունի այն քաղաքացիները, որոնք իրենց անձնագիրներու, լիազօրագիրներու, վկայականներու, տեղեկանքներու, կնիքներու, փաստաթուղթերու եւ այլ թուղթերու հարցեր ունին։
Նշենք, որ սոյն ընդունելութեան ժամանակ, շրջանիս հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանն ու եկեղեցւոյս քարտուղար՝ պրն. Մկրտիչ Առաքելեանը եւս օգտակար կը հանդիսանան, որպէսզի գործը արագ ընթանայ ու  միասնաբար իր աւարտին հասցնեն։
Այս առիթով, մեծապէս կը շնորհաւորենք եւ կը գնահատենք Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպանութիւնն ու Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի անդամները, որոնց համագործակցութեան շնորհիւ տարիներ շարունակ շրջանիս հայրենակիցներուն կը տրուի համապատասխան տեղեկութիւններ, փաստաթուղթեր, եւայլն…։  «ԲՈԼՈՐԻՆ ՎԱՐՁՔԸ ԿԱՏԱՐ»

ԹՂԹԱԿԻՑ