Եր­կու­շաբ­թի՝ 11 ­Դեկ­տեմ­բեր 2017ի ե­րե­կո­յեան, ­Կիպ­րո­սի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ, Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան «­Կի­լի­կեան Իշ­խան»ի շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րեց ­Կիպ­րո­սի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Նի­քոս Ա­նաս­թա­սիա­տե­սը:
­Պար­գե­ւատ­րու­մէն ա­ռաջ հան­դի­պում մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին եւ նա­խա­գա­հին մի­ջեւ` ներ­կա­յու­թեամբ ­Կիպ­րո­սի հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սա­կան փո­խա­նորդ ­Խո­րէն Արք. ­Տող­րա­մա­ճեա­նի, ­Կիպ­րո­սի հա­յոց պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Վարդ­գէս ­Մահ­տե­սեա­նի, ինչ­պէս նաեւ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մաս կազ­մող ազ­գա­յին բա­րե­րար Հ­րայր ­Սար­գի­սեա­նի եւ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան բա­ժան­մուն­քի վա­րիչ ­Պետ­րոս Վրդ. ­Մա­նո­ւէ­լեա­նի:
­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ար­ծար­ծո­ւե­ցան ­Կիպ­րո­սի հա­յու­թեան, ­Լի­բա­նան-­Կիպ­րոս յա­րա­բե­րու­թեանց, հայ եւ կիպ­րա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի այժ­մու կա­ցու­թեան առն­չո­ւած հար­ցեր:
Ա­պա` նա­խա­գահն ու ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին կից գտնո­ւող հան­դի­սաս­րա­հը, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ե­րե­կոյ` ներ­կա­յու­թեամբ ­Կիպ­րո­սի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին, ­Կիպ­րո­սի մէջ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու դես­պան­նե­րու, ե­րես­փո­խան­նե­րու, հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րու եւ ա­ւե­լի քան 500 կիպ­րա­հա­յե­րու:
­Կիպ­րո­սի նա­խա­գա­հը իր ու­նե­ցած ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին յի­շե­ցու­ցած է, որ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը զո­հո­ւած են նոյն թշնա­միին պատ­ճա­ռով` նշե­լով, որ ի­րենք չեն յանձ­նո­ւած, պայ­քա­րած են եւ կը շա­րու­նա­կեն պայ­քա­րիլ, որ­պէս­զի մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէ­զի մէջ գե­րակշ­ռէ մեծ ար­դա­րու­թեան սկզբուն­քը։ «Ա­հա թէ ին­չո՛ւ ­Կիպ­րո­սը ա­ռա­ջին եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րէն էր, որ ճանչ­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, եւ մենք միա­սին դա­տա­պար­տե­ցինք այս յան­ցա­գոր­ծու­թեան մե­ղա­ւոր­նե­րը»,- ը­սած է ան: ­Դի­մե­լով ­Կիպ­րո­սի հայ հա­մայն­քին՝ նա­խա­գա­հը նշած է,- «Իբ­րեւ պե­տու­թիւն՝ մենք միշտ պի­տի հպար­տա­նանք, որ ձեր փոքր հա­մայն­քը իր կա­րո­ղա­կա­նու­թեամբ ար­դիւ­նա­ւէտ կեր­պով կը մաս­նակ­ցի երկ­րի բո­լոր ո­լորտ­նե­րուն` քա­ղա­քա­կան, հա­սա­րա­կա­կան եւ տնտե­սա­կան»: