Ե­թէ պատ­մա­քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով ա­ռար­կա­յա­կան ու հնա­րա­ւոր է ո­րո­շա­կի տա­րե­թիւ մը ճշդել հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման կռո­ւի դաշտ նե­տո­ւե­լու մար­տա­կան մկրտու­թեան հա­մար, ա­պա ի­րա­ւամբ 4 ­Դեկ­տեմ­բեր 1882ը կրնայ նկա­տո­ւիլ ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան շուրջ մէ­կու­կէս­դա­րեայ ան­շէջ խա­րոյ­կին սկզբնա­կան կայ­ծե­րու բո­ցա­վառ­ման ու մարտու­նակ շղթա­յա­զերծ­ման թո­ւա­կա­նը։
­Հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման եւ յատ­կա­պէս ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պա­կան եր­կուն­քը սկսաւ ­Դեկ­տեմ­բեր 4ի այս օ­րը, 1882 թո­ւա­կա­նին, երբ ­Կար­նոյ մէջ հայ մար­տու­նակ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ըմ­բոս­տա­ցաւ սուլ­թա­նի բռնա­կա­լու­թեան դէմ եւ հա­յոց ա­զա­տա­մար­տի կազ­մա­կեր­պո­ւած պոռթ­կու­մին ա­ռա­ջին հա­տու ազ­դան­շա­նը տո­ւաւ իր մեծ ցոյ­ցով, որ­մէ ներշն­չո­ւած՝ հայ ա­շուղ­ներն ու մեր ժո­ղո­վուր­դը ռազ­մա­գոչ եր­գի վե­րա­ծե­ցին սե­րունդ­ներ ո­գեշն­չող պատ­գա­մը՝

­Ձայ­նը հնչեց Էրզ­րու­մի ­հա­յոց լեռ­նե­րէն,
­Թունդ թունդ ե­լան ­հա­յոց սրտեր զէն­քի շա­չիւ­նէն:

­Կար­նոյ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ան­նա­խըն­թաց այդ ցոյ­ցը վի­ժե­ցաւ, թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը բրտօ­րէն հա­կազ­դե­ցին եւ իր սաղ­մին մէջ իսկ խեղ­դել փոր­ձե­ցին շար­ժու­մը՝ ցու­ցա­րար­նե­րու շար­քե­րէն հա­րիւ­րա­ւոր հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ ձեր­բա­կա­լե­լով, բան­տար­կե­լով եւ, ամ­բողջ տա­րի մը տե­ւած բռնու­թիւն­նե­րով, կա­շա­ռում­նե­րով եւ ա­մէն կար­գի ճնշա­մի­ջոց­նե­րու տակ դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րով, ա­ւե­լի քան յի­սուն «յե­ղա­փո­խա­կան­ներ» տար­բեր աս­տի­ճա­նի բան­տար­կու­թեան ու աք­սո­րի դա­տա­պար­տե­լով։
­Բայց Էրզ­րու­մի հա­յոց լեռ­նե­րէն հնչած ­Ձայ­նը այ­լեւս հնա­րա­ւոր չէր խեղ­դել, ո­րով­հե­տեւ հա­յոց ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի հրա­վարս փե­րին դուրս ե­կած էր ար­դէն զինք ար­գե­լա­փա­կած կա­խար­դա­կան սրո­ւա­կէն։ ­Կար­նոյ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ըմ­բոս­տաց­ման այդ շռնդա­լից ցոյ­ցը պա­տա­հա­կա­նօ­րէն չէր պոռթ­կա­ցած։ ­Ցոյ­ցին ձեռ­նար­կած էր հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան դա­րա­ւոր պայ­քա­րէն ներշն­չո­ւած, հայ ժո­ղո­վուր­դի տա­ռա­պան­քէն ու ա­զա­տա­տենչ ո­գիէն միս ու ոս­կոր կա­պած ­Կար­նոյ «­Պաշտ­պան ­Հայ­րե­նեաց» ա­նու­նով յե­ղա­փո­խա­կան գաղտ­նի կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, որ իր մար­տա­կան կա­ռոյ­ցով ու եր­կա­թեայ կար­գա­պա­հու­թեամբ՝ նա­խա­տի­պը պի­տի դառ­նար, հա­զիւ տաս­նա­մեակ մը ետք, Ք­րիս­տա­փո­րի, ­Զա­ւա­րեա­նի, ­Ռոս­տո­մի եւ ա­նոնց գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րուն ստեղ­ծած ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։
Այդ ա­ռու­մով՝ «Էրզ­րու­մի հա­յոց լեռ­նե­րէն հնչած ձայ­նը» ոչ միայն թափ տո­ւաւ 1885ին Ար­մե­նա­կան եւ 1887ին Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեանց ստեղ­ծու­մին, այ­լեւ իր հա­տու ար­ձա­գան­գը գտաւ ու նոյ­նա­ցաւ 1890ին հիմ­նո­ւած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ՝ իբ­րեւ հա­յոց սե­րունդ­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան պա­քա­րին կա­պող գա­ղա­փա­րա­կան մեծ Ուխտ։ ­Նոյ­նիսկ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծնուն­դը ա­ւե­տող «­Մա­նի­ֆեստ»ը, բա­ռա­ցիօ­րէն, ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ծրագ­րի վե­րա­ծեց ­Կար­նոյ հա­յոց ­Մեծ ­Ցոյ­ցէն ներշն­չո­ւած եր­գին գա­ղա­փա­րա­կան ուղ­ղու­թիւ­նը.-

­Հայ գիւ­ղա­ցին դա­րուց ի վեր սուր զէնք չէր տե­սած,
­Դաշ­տը թո­ղուց, սուր, հրա­ցան բա­հի տեղ ա­ռած:

Քն­քոյշ կեան­քը ծանր է թւում հայ օ­րիոր­դին,
­Զէն­քը ձե­ռին յոր­դո­րում է ­Հա­յոց քա­ջե­րին:

­Հայ տի­կի­նը ստի­պում է ա­մուս­նոյն գնալ,
­Պա­տե­րազ­մի դաշ­տին վրայ վէրք տալ՝ ստա­նալ:

­Հայ ծե­րու­կը ցու­պը ձե­ռին լա­լով խնդրում է,
­Հայ­րե­նի­քի ա­զա­տու­թիւն տես­նել ու մեռ­նիլ:

Ան­միու­թիւն տու­նը քան­դող հա­յոց խեղճ ազ­գին,
Հ­րա­ժա­րե­ցաւ, տե­ղի տո­ւաւ միու­թեան ձայ­նին:

Լ­սեց թուր­քը ու սա­ռե­ցաւ ա­րիւ­նը վա­տին,
­Չէր ե­րա­զել ­Հա­յին տես­նել նա այդ վի­ճա­կին:

Ու­րա­խա­ցաւ ­Մայր ­Հա­յաս­տան, ե­լաւ կանգ­նե­ցաւ,
­Հինգ դա­րե­րի սուգ, տա­ռա­պանք մի քիչ մեղ­մա­ցաւ:

­Հոն կանգ­նե­ցաւ սուրբ դրօ­շակ ա­րիւ­նով ներ­կո­ւած,
Ա­նոր վրայ Ա­զա­տու­թիւն կամ ­Մահ էր գրո­ւած։
Այդ­պէ՛ս. հա­յա­կերտ ­Կա­րին միջ­նա­բերդ քա­ղա­քը հան­դի­սա­ցաւ 19րդ ­դա­րու հա­յոց պատ­մու­թեան բախ­տո­րոշ թռիչք­նե­րու եւ վե­րի­վայ­րում­նե­րու բնօր­րա­նը։ ­Յա­ջոր­դա­բար 1820ա­կան, 1850ա­կան եւ 1870ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն, երբ ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազմ­նե­րով ­Մեծ ­Հայ­քի եւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ա­պա­գան կը վճռո­ւէր, Էրզ­րու­մը կամ ­Կա­րի­նը գլխա­ւոր կռո­ւախն­ձո­րը դար­ձաւ Ա­րե­ւել­քի այդ ա­տե­նի եր­կու հզօր՝ Օս­մա­նեան եւ ­Ցա­րա­կան կայս­րու­թեանց ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան մրցա­պայ­քա­րին։
­Ռու­սա­կան զօր­քին հետ ռազ­մի դաշտ նե­տո­ւած հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րը, քա­նի ու քա­նի՜ ան­գամ, ա­զա­տագ­րե­ցին հայ­կա­կան այս հի­նա­ւուրց օ­ճա­խը թրքա­կան լու­ծէն, հա­զիւ գոր­ծի վե­րա­ծե­ցին ­Կա­րի­նը հա­յօ­րէն շէն­շող մայ­րա­քա­ղաք մը դարձ­նե­լու ի­րենց ա­ռա­ջադ­րան­քը, բայց չկրցան եր­կար վա­յե­լել ի­րենց ա­րեամբ նո­ւա­ճո­ւած յաղ­թա­նա­կին պտու­ղը, ո­րով­հե­տեւ ռու­սը վերս­տին թուր­քին զի­ջե­ցաւ մեր հո­ղը եւ ­Կար­նոյ հա­յու­թիւ­նը դար­ձեալ են­թար­կո­ւե­ցաւ թրքա­կան ջար­դի ու ա­ւե­րու­մի…
­Կա­րի­նը ող­բեր­գա­կան վե­րի­վայ­րու­մի այդ հեր­թա­կան պա­հե­րէն մէ­կը կ­’ապ­րէր 1878ի ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մէն ետք, երբ ­Պեր­լի­նի ­Դաշ­նագ­րով մե­ծա­պե­տա­կան Եւ­րո­պան խօս­քով տէր կանգ­նե­ցաւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րու բա­րե­նո­րոգ­ման հայ­կա­կան պա­հան­ջին։ ­Սուլ­թան Ապ­տիւլ ­Հա­միտ Բ. նոր բազ­մած էր սուլ­թա­նա­կան գա­հին եւ կա­տա­ղի պայ­քար յայ­տա­րա­րած էր հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան շար­ժու­մին դէմ։ Իսկ ­Կար­նոյ մէջ, լու­սա­միտ ու ա­զա­տա­խոհ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու եւ վար­ժա­պետ­նե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ, հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ փա­րած էր զի­նեալ ապս­տամ­բու­թեան գա­ղա­փա­րին։ ­Մեր ժո­ղո­վուր­դը ար­դէն սկսած էր եր­գել եւ սպա­սել այն օ­րո­ւան, երբ ­Կար­նոյ մէջ հա­յոց թա­գա­ւո­րա­կան վե­րա­կանգ­նեալ գա­հին բազ­մած պի­տի տես­նէր… հայ իշ­խան։
Ա­հա՛ այդ ժա­մա­նակ, 1881ի ­Մա­յի­սին, ­Կար­նոյ մէջ հիմ­նո­ւե­ցաւ ­Հայ­կա­կան ­Գաղտ­նի Ըն­կե­րու­թիւ­նը, որ սկզբնա­պէս «Ա­րա­րատ ­Լե­րան Ըն­կե­րու­թիւն — ­Պաշտ­պան ­Հայ­րե­նեաց» ա­նու­նը կը կրէր, որ հե­տա­գա­յին հռչա­կո­ւե­ցաւ իր ա­նո­ւան «­Պաշտ­պան ­Հայ­րե­նեաց» մա­կագ­րով։ ­Խա­չա­տուր ­Կե­րէկ­ցեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ ա­տե­նի ­Կար­նոյ հա­յոց ա­ռաջ­նորդ Օր­մա­նեան Ե­պիս­կո­պո­սի օրհ­նու­թեամբ կեան­քի կո­չո­ւած գաղտ­նի այդ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, ուղ­ղա­կիօ­րէն, ըն­դա­ռա­ջումն էր ­Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վի ա­ւար­տին Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի ար­ձա­կած «Եր­կա­թէ ­Շե­րեփ» ու­նե­նա­լու պատ­գա­մին։ Խ­րի­մեան, որ այդ օ­րե­րուն ­Վա­նի հա­յոց ա­ռաջ­նորդն էր, իր կար­գին սա­տար կանգ­նե­ցաւ «­Պաշտ­պան ­Հայ­րե­նեաց»ի ստեղ­ծու­մին եւ, քսա­նե­րորդ դա­րա­վեր­ջին բա­ցա­յայ­տո­ւած ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րու հա­մա­ձայն, ­Վա­նի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան կազ­մած «­Սեւ ­Խաչ» գաղտ­նի կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ճիւ­ղա­ւո­րում­նե­րէն մէկն էր «­Պաշտ­պան ­Հայ­րե­նեաց»ի։
­Բա­ռին բուն ի­մաս­տով յե­ղա­փո­խա­կան ընդ­յա­տա­կեայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն էր «­Պաշտ­պան ­Հայ­րե­նեաց»ը։ ­Կը յատ­կան­շո­ւէր զի­նո­ւո­րա­կան կա­ռոյ­ցով ու եր­կա­թեայ կար­գա­պա­հու­թեամբ։ Ու­նէր 7ան­դա­մէ բաղ­կա­ցած «­Գե­րա­գոյն ­Խոր­հուրդ» ա­նու­նով ղե­կա­վար մար­մին մը, ո­րուն ան­դամ­նե­րը ի­րա­ւա­սու­թիւն ու­նէին, ան­հա­տա­բար, յե­ղա­փո­խա­կան այս գաղտ­նի ուխ­տին միա­նա­լու եր­դում վերց­նե­լու կա­մա­ւոր հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րէ։
­Նո­րա­գիր իւ­րա­քան­չիւր յե­ղա­փո­խա­կան, իր եր­դու­մով, յանձ­նա­ռու­թեան տակ կը մտնէր իր շուրջ խմբե­լու տա­սը հո­գի­նոց ուխ­տեալ­ներ, ո­րոնք միաս­նա­բար պի­տի կազ­մէին «­Պաշտ­պան ­Հայ­րե­նեաց»ի բջիջ մը՝ հրա­մա­նա­տար ու­նե­նա­լով զի­րենք ան­դա­մագ­րող յե­ղա­փո­խա­կա­նը։
Ծ­րագ­րով՝ զուտ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան գա­ղա­փար­նե­րու հե­տա­մուտ շար­ժում էր «­Պաշտ­պան ­Հայ­րե­նեաց»ը, որ կ­’ա­ռա­ջադ­րէր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը զի­նել եւ պատ­րաս­տել հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ապս­տամ­բու­թեան՝ օս­մա­նեան-սուլ­թա­նա­կան կար­գե­րու տա­պա­լու­մը եւ հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը նպա­տակ ու­նե­նա­լով։
­Կար­նոյ ­Հայ­կա­կան ­Գաղտ­նի Ըն­կե­րու­թիւ­նը կար­ճա­տեւ կեանք ու­նե­ցաւ. թուրք ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը շատ կա­նուխ տե­ղե­կա­ցաւ նո­րաս­տեղծ միու­թեան մա­սին եւ, պատ­րո­ւակ գոր­ծա­ծե­լով 4 ­Դեկ­տեմ­բեր 1882ի մեծ ցոյ­ցը, ընդ­հա­նուր հա­լա­ծան­քի ձեռ­նար­կեց հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն դէմ, շուրջ 300 հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ բան­տե­րը նե­տեց եւ իր սաղ­մին մէջ խեղ­դել փոր­ձեց Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ա­ռա­ջին պոռթ­կու­մին սկզբնա­քայ­լե­րը։
­Կար­նոյ ա­զա­տա­տենչ հա­յու­թեան եւ յատ­կա­պէս ա­նոր մար­տու­նակ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ապս­տամ­բա­կան այդ ա­ռա­ջին շար­ժու­մը ա­նար­ձա­գանգ չմնաց։ ­Հա­կա­ռակ թրքա­կան բան­տե­րուն, յե­ղա­փո­խա­կան եր­գը եւ կայ­ծե­րը սրտէ սիրտ տա­րա­ծո­ւե­ցան ու ոտ­քի հա­նե­ցին հա­յու­թիւ­նը՝ ի ­Հա­յաս­տան, ի հա­րա­ւա­յին ­Կով­կաս ու մին­չեւ Եւ­րո­պա եւ այդ­պէս, ընկր­կու­մի մէջ ան­գամ, ար­ծար­ծե­ցին գա­ղա­փա­րա­կան խա­րոյ­կը հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան հե­տա­գայ մար­տա­կան բո­ցա­վա­ռու­մին, որ մին­չեւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւն եւ հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նում ա­ռաջ­նոր­դեց դա­րա­ւոր գե­րու­թեան տակ հիւ­ծած հայ ժո­ղո­վուր­դին։
Ա­զա­տա­տենչ հա­յու­թեան ­Կար­նոյ մեծ ցոյ­ցէն աս­դին 135 տա­րի­ներ ան­ցած են եւ մին­չեւ այ­սօր՝ ա­մէն ան­գամ, որ ­Հա­յաս­տա­նին ու հայ ժո­ղո­վուր­դին վրայ կը սաստ­կա­նայ ա­նար­դա­րու­թեան ճնշու­մը, եւ ա­մէն ան­գամ որ փորձ կը կա­տա­րո­ւի ոտ­նա­կո­խե­լու հայ­կա­կան ի­րա­ւուն­քը՝ հա­յոց սե­րունդ­նե­րը աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն ձայն կու տան ի­րա­րու.
— «­Ձայ­նը հնչեց Էրզ­րու­մի հա­յոց լեռ­նե­րէն»…
Եւ վերս­տին թունդ-թունդ կ­՛ել­լեն հա­յոց սրտե­րը։