ՍԻԼՎԻ ՍՐԲՈՒՀԻ ՄԱՐԱԶԵԱՆ

­Ներ­բո­ղա­լից պտոյ­տի մը հո­գե­կան դիւ­թիչ գո­հա­ցու­մին ա­կան­ջա­լուր ըլ­լալ կը հրա­ւի­րեմ ձեզ՝ վա­յե­լե­լով հմայքն ու ար­բե­ցու­մը հայ գրա­կան ճո­խու­թիւն­նե­րուն:
Ա­ռօ­րեայ ու ան­ձանձ­րոյթ հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ կ­՛ըմ­բոշխ­նեմ հա­յոց լե­զո­ւի բա­ռա­րան­նե­րու եւ գրա­կան քու­լիս­նե­րու պեր­ճանքն ու ան­նա­խըն­թաց պա­շա­րը՝ թե­ւա­ծե­լով նիւթ առ նիւթ, մէն մի ա­ռինք­նող գրա­ռում­նե­րու շար­քէն ներս: Շ­նոր­հիւ՝ ինք­նո­րոյն ո­ճի ու ճա­շա­կի տէր վաս­տա­կա­շատ հե­ղի­նա­կի մը, որ քաղցր ու մտեր­միկ շա­րա­հիւ­սու­թեամբ, գե­ղա­հունչ մե­ներ­գու­թեանց նման յօ­րի­նուած հե­տաքրք­րա­կան յօ­դո­ւած­նե­րո­վը՝ վե­րա­ցու­մի կ­՛են­թար­կէ նե­րաշ­խարհս:
­Հո­գե­պա­րար ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն մը ինչ­պէս կը յա­գեց­նէ հո­գե­ւոր ծա­րա­ւը, նոյն­պէս ալ գրա­կան ըն­թեր­ցու­մը կը սնու­ցա­նէ մտքի եւ շուն­չի քաղ­ցը: ­Հե­տե­ւա­բար, ըն­թեռ­նուլ այս գիր­քե­րը կը նշա­նա­կէ մերթ ճախ­րել գրա­կան ար­ժէք­նե­րու կե­նաց ճա­նա­պար­հին սքօ­ղո­ւած նրբանցք­նե­րէն ներս. մերթ ոս­տոս­տել հա­յոց լե­զո­ւի թաք­նո­ւած ու գե­ղա­հիւս բառամ­թեր­քի կե­նաց ծա­ռին ճիւ­ղե­րէն: Շ­ռայ­լօ­րէն ճա­շա­կել հո­գու ա­ռօ­րեայ սնուն­դը՝ «­Հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը»:
Այս փա­ռա­պանծ հե­ղի­նա­կին գրի­չէն հո­սող գիրն ու բա­ռը կը վե­րա­ծո­ւի մեղ­րա­ծոր վտա­կէ մը ժայթ­քող յոր­դա­ռատ մտա­յին մթեր­քի, որ ով­կիա­նո­սի ա­լիք­նե­րու փրփուր­նե­րուն նման կը փայ­փա­յէ ու կը թրթռաց­նէ սրտիս ա­մե­նանր­բեն լա­րե­րը:
Կ­՛ընկ­լու­զիմ քեր­թող­նե­րու ու գրա­գէտ­նե­րու չնաշ­խար­հիկ ապ­րում­նե­րուն պատ­րան­քա­ծին աշ­խար­հին ընդ­մէջ, ուր կա­րե­լի է հան­դի­պիլ ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կի՝ ­Սու­լա­մի­թա­յի կող­քին, բա­րե­ւել ­Դու­րեա­նը Ս­կիւ­տա­րի զա­ռի­վա­րէն ի­ջած պա­հուն, ժա­մա­նա­կը կանգ­նեց­նել ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի պսպղուն հա­յեաց­քին սե­ւե­ռու­մով, երբ ան կ­՛ը­սէ՝ «­Սէ­րը ճեր­մակ ան­հու­նին մէջ կոյր աչք է»:
Ա­կա­նա­տես ըլ­լալ ­Զա­պէլ, Հ­րանդ Ա­սա­տուր ա­մո­լին գե­րա­դաս սի­րոյն, քայլ առ քայլ հե­տե­ւիլ Ե­ղիա ­Տէ­միր­ճի­պա­շեա­նի նե­րաշ­խար­հա­յին անտ­րա­մադ­րու­թեան ու սի­րա­յին ե­լե­ւէջ­նե­րուն, ունկնդ­րել ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի դա­սա­խօ­սու­թիւ­նը Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի սրահ­նե­րէն: Գ­րա­կան ա­սու­լի­սի մը ըն­թաց­քին կրկին ան­գամ մտիկ ը­նել Իգ­նա ­Սա­րըաս­լա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը…

«­Ծիր­կա­թին մըն է սէ­րը, Աստ­ղա­զարդ գի­շեր­նե­րու բա­ցօ­թեայ տար­փանք­նե­րէն ցայ­տած»:
­Մե­լա­մաղ­ձիկ հե­տե­ւիլ ­Ռու­բէն Որ­բե­րեա­նի ան­հե­տա­ցած հետ­քե­րուն՝
«­Կեան­քի նա­ւա­կը հետք չթո­ղուց իր ե­տին,
­Մո­ռա­ցու­մը ա­ռաւ ինձ­մէ ա­մէն բան,
­Հին ե­րազ­ներս ամ­պե­րու պէս կ­՛ան­հե­տին,
­Յի­շա­տակն ալ կ­՛անց­նի եր­գի մը նման»:

­Յան­կարծ սթա­փիլ ­Գէորգ Է­մի­նի բո­ղո­քով՝
«Ա­նար­դար աշ­խարհ,
Այս ի՞նչ կարգ է ,­Տէր,
Որ….աչ­քը թա­ղո­ւի,
Ակ­նո­ցը մնայ,
­Ձեռ­քե­րը թա­ղո­ւեն
­Ձեռ­նո­ցը մնայ,
Ոտ­քե­րը թա­ղո­ւեն,
­Կօ­շի­կը մնայ,
Գ­լու­խը թա­ղո­ւի
Գլ­խար­կը մնայ
Այս ի՞նչ կարգ է, ­Տէր…»

Յե­տոյ՝ մտա­ծել Թ­րեն­ցի, ­Մե­ծա­րեն­ցի,­Կառ­վա­րեն­ցի քեր­թո­ւած­նե­րուն մա­սին…: ­Տա­կա­ռեն­ցը տես­նել Իշ­խա­նաց կղզի­նե­րէն մէ­կուն նա­ւա­հան­գիս­տը կանգ­նած, օ­րո­ւան «­Մար­մա­րա» թեր­թը ձե­ռին, ծխա­մոր­ճը շրթնե­րուն:
Ինտ­րա­յի թախ­ծոտ «­Նո­ճաս­տան»ը, Մն­ձու­րիին հա­մե­մուն­քով լի Արմ­տա­նը այ­ցե­լել, բա­ռամթեր­քի զգլխիչ ճո­խու­թիւ­նը համ­տե­սե­լով:
Սր­տա­ռուչ հան­դի­պում մը ու­նե­նալ ա­չա­զուրկ ­Մար­գա­րին տա­ղան­դա­ւոր դուստ­րը ­Հայ­կա­նուշ (­Թօ­փու­զեան) ­Մառ­քին «Ծ­փանք­ներ կեան­քէս» եւ «­Ծու­լու­թեան պա­հե­րէս» հա­ւա­քա­ծոյ­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն, երբ յան­կարծ «Ո՞ւր կ­՛եր­թայ յոյ­սը» խո­րա­գիր յօ­դո­ւա­ծը աչք կը քթթէ հեգ­նա­լից…
«Ով որ կը յու­սայ, ար­թուն է, կը խի­զա­խէ, կո­րո­վը կ­՛ո­գե­ւո­րէ զին­քը, յոգ­նու­թիւն չի գի­տեր, կ­՛ու­ռի ըլ­լա­լիք­նե­րուն հե­ռան­կա­րով, եւ քա­ջա­ռողջ է: Ա­րե­ւի պէս լու­սա­ւոր է դէմ­քը եւ ժպի­տը կը փայ­լեց­նէ աչ­քե­րը:
«Ա­հա թէ ին­չու ար­դի մարդ­կու­թիւ­նը ա­ռողջ չէ: Իր աչ­քե­րը քու­նով ծրա­րո­ւած են, վասն­զի յոյ­սը չէ բացխ­փեր զա­նոնք:
«Ա­յո՛, մեր զմայ­լե­լի ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րը յու­սա­հատ են, ո­րով­հե­տեւ բա­նի չեն հա­ւա­տար, ո­րով­հե­տեւ սկեպ­տիկ են, ջղա­թոյլ, յոգ­նած, հե­տե­ւա­բար եւ, ան­գոյն»:
­Հե­ռա­ւո՜ր, այլ ա­փե­րէն, Անգ­լիոյ կղզի­նե­րէն փչող զե­փիւ­ռի մը շուն­չով կրկին ու կրկին ան­գամ լսել «Կ­ռունկ»ը ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պե­տի ձայ­նէն, երբ անգ­լիա­ցի ա­մո­լին խնդրան­քը չմեր­ժե­լով՝ դաշ­նա­կին գլու­խը ան­ցաւ եւ թփռտա­ցուց նոյ­նիսկ օ­տա­րազ­գի կնոջ սրտին լա­րե­րը:
­Հո­գու աչ­քե­րով ա­կա­նա­տես ըլ­լալ ­Վա­հան ­Տէ­րեա­նի սի­րա­յին կեան­քի բախ­տախնդ­րու­թիւն­նե­րուն. յափշ­տա­կո­ւիլ այս խառ­նաշ­փոթ ապ­րում­նե­րուն ան­կա­յու­նու­թե­նէն, տպա­ւո­րո­ւիլ խո­րի­մաստ եր­կե­րուն զուսպ պատ­կե­րա­ցու­մէն՝

«Օրհ­նո­ւած էք դուք, սէր, ցնորք ու ցաւ,
Օրհ­նո­ւած էք դուք, եր­կիր, երգ ու կեանք…»:
Ար­բե­ցու­թեամբ ա­կան­ջա­լուր ըլ­լալ ­Չա­րեն­ցի սի­րա­յին գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րուն եւ խո­նար­հու­թեամբ ծուն­կի գալ՝ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն առ­ջեւ՝
«­Բայց աղ­ջի­կը նրան չշո­յեց,
Չ­վերց­րեց ան­գամ նրա վար­դը»:

Վարդ մը, որ նո­ւի­րո­ւած է սի­րու­հիի մը, 1913 թուա­կա­նին եւ զգու­շու­թեամբ պահ­պա­նո­ւած է մին­չեւ 1988, այ­սինքն 75 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին այս գերզ­գա­յուն սի­րու­հիին կող­մէ:
Ե­րո­ւանդ Օ­տեա­նին այ­ցե­լել ­Պոլ­սոյ «­Ժա­մա­նակ» օ­րա­թեր­թի խմբագ­րա­տան եւ թռիչք մը տա­լով դէ­պի Ե­գիպ­տոս՝ ­Գա­հի­րէի «Ա­րեւ» օ­րա­թեր­թի խնբագ­րա­տան աշ­խա­տա­սե­նեակ­նե­րը՝ մտի ու­նե­նա­լով, թէ այս առ­հա­սա­րակ եր­գի­ծա­բանն ու գրա­գէ­տը ե­րեք տա­րո­ւան տա­րագ­րու­թե­նէ վե­րա­դար­ձող աք­սո­րեալ մըն է:
Հ­պար­տու­թեամբ վկա­յել ե­րա­զան­քի մը ի­րա­կա­նաց­ման մա­սին, որն էր ­Րաֆ­ֆիի «­Խենթ» վէ­պին հե­րո­սին՝ ­Վար­դա­նի ե­րա­զան­քը.- «Ա­պա­գայ ու շատ եր­ջա­նիկ ա­զատ, ան­կախ ­Հա­յաս­տան մը», ո­րուն փա՜ռք տի­րոջ տի­րա­ցած ենք:
­Խո­րա­սու­զո­ւած՝ հայ գրա­կան ար­ժէք­նե­րու, գե­րաշ­խար­հիկ նե­րապ­րում­նե­րուն ընդ­մէջ, սրտա­տո­չոր՝ հան­դի­պիլ ե­ղեռ­նա­զոհ բա­նաս­տեղծ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նին, «­Ծեր կռուն­կը» բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ՝

Գե­տա­փին վրայ, կռունկ­նե­րու շար­քին մէջ,
Ան իր գլու­խը ծռեց,
Դ­րաւ կտու­ցը թե­ւին տակ, ու ծեր, խոնջ,
­Նո­ւաղ­կոտ բի­բով սպա­սեց
Իր վեր­ջին սեւ վայր­կեա­նին:
Երբ ըն­կեր­նե­րը ալ մեկ­նիլ ու­զե­ցին,
Ան չկրցաւ ա­նոնց թռիչ­քին միա­նալ:

Ըն­դոստ՝ հե­տապն­դել շքե­ղա­զարդ ի­գա­կան սե­ռի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ մը, Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նին ա­ռըն­թեր. ժպի­տով մը լու­սա­ւո­րո­ւիլ, իր սրամ­տու­թիւն­նե­րէն մին կար­դա­լով՝ «Ան­գամ մը փո­ղո­ցը քա­լե­լու ըն­թաց­քին ո՜վ գի­տէ ուր կը նա­յէր, ինչ կ­՛ը­նէր, որ իր բա­րե­կամ­նե­րէն մէ­կը կը հարց­նէ՝

— Ի՞նչ կը փնտռես Հ­րա­չեայ:
­Գիտ­նա­կա­նը կը պա­տաս­խա­նէ՝
— ­Բա­ռի մը ար­մա­տը կորսն­ցու­ցի, այդ կը փնտռեմ:

Ան­մո­ռա­նա­լի ժա­մադ­րու­թիւն­ներ ե­րե­ւա­կա­յել շռնդա­լից փառ­քի ար­ժա­նի «Գ­րա­կան քա­ռո­տա­նի»ի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ե­րա­խայ­րիք պտուղ­նե­րով լի այ­գիին մէջ:
Եւ այլ շա­հե­կան ու շլմո­րիչ հան­դի­պում­ներ վա­յե­լե­լով՝ ան­ձան­ձիր ճա­շա­կել կաթ­նաղ­բիւր վտակ­նե­րէ հո­սող ջու­րե­րու նման եր­կե­րը, լու­սաղ­բիւր յարդ­գո­ղէ սփռո­ւող բիւ­րե­ղեայ աստ­ղե­րու նման քեր­թո­ւած­նե­րը, քիմքս ու միտքս հմա­յող հա­զա­րու­մէկ բա­նաս­տեղ­ծա­կան հիւ­սո­ւածք­նե­րը…:
­Բո­լոր այս ե­թե­րա­յին ապ­րում­նե­րուն ակն ու աղ­բիւ­րը ե­ղող «Պ­տոյտ»նե­րուն վսե­մա­շուք հե­ղի­նա­կը՝ ­Ռո­պէր ­Հատ­տէ­ճեա­նին պար­տիլ մի հո­գա­չափ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ…:
­Ման գա­լով հա­յոց լե­զո­ւի բա­ռա­րան­նե­րու եւ գրա­կան քու­լիս­նե­րու մտեր­մու­թեան մէջ, ման­կու­թե­նէս ի վեր մտքիս, շուն­չիս եւ նե­րաշ­խար­հիս ներ­քեւ հիմ­նա­ւո­րո­ւած, պաշ­տե­լի մայ­րե­նիիս պեր­ճա­շուք բա­ռա­պա­շա­րը կը թար­մաց­նեմ օ­րէ­ցօր. կը վե­րա­կեն­դա­նաց­նեմ, կ­՛ար­գա­սա­ւո­րեմ, կը շո­յեմ ու կը գգո­ւեմ:
­Դար­ձո­ւածք­նե­րու, ը­սե­լա­ձե­ւե­րու, ա­սու­թիւն­նե­րու, ա­ռած­նե­րու, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու, կեն­սագ­րա­կան դրո­ւագ­նե­րու եւ այլ գրա­կան ճո­խու­թիւն­նե­րու գե­ղա­թոյր բու­րաս­տա­նին, շող­շո­ղուն լուս­նա­պար­տէ­զին մէջ ո­գեզ­մայլ պտոյտ­ներ կ­՛ի­րա­կա­նաց­նեմ:
Այս անս­կիզբ ու ան­վեր­ջա­նա­լի լու­սա­շա­ւիղ գնաց­քէն հմա­յո­ւող մտա­ծու­մի աշ­խարհս ու հո­գե­կան ապ­րում­ներս կը յափշ­տա­կո­ւին, կը տպա­ւո­րուին ու կը հրա­պու­րո­ւին հե­ղի­նա­կին նրբա­ճա­շակ ու հա­մա­հունչ ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ յօ­րի­նո­ւած գրա­ւիչ գրա­ռում­նե­րէն:
Սր­տիս լա­րե­րը այս­քան խո­րե­րէն թրթռաց­նող, շունչս ու միտքս գե­րող ու այս ան­հա­մե­մա­տե­լի գրա­կան հա­մեր­գը հրամց­նող շնոր­հա­շատ անձ­նա­ւո­րու­թիւն, «­Նոր ­Մար­մա­րա» օ­րա­թեր­թի խմբագ­րա­պետ, յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան ու հո­գե­հա­րա­տազ գրչի մշակ ­Ռո­պէր ­Հատ­տէ­ճեա­նին կրկին ու կրկին ան­գամ կը ցան­կամ յայտ­նել ե­րախ­տիքս ու հա­մակ­րանքս:
­Նաեւ վաս­տա­կա­շատ ու­սուց­չու­հի ­Մաք­րու­հի Պ. ­Յա­կո­բեա­նին, յար­գար­ժան Ա­րի եւ Այ­գուն ­Հատ­տէ­ճեան եղ­բայր­նե­րուն, ժրա­ջան ­Նաի­րա ­Սիւզ­մէին եւ այս հո­յա­կապ գիր­քե­րը կեան­քի նո­ւի­րող խմբագ­րա­տան ու ­Մու­րատ օֆ­սէթ տպա­րա­նի աշ­խա­տան­քա­յին կազ­մին:
­Հուսկ յե­տոյ սրտանց կը մաղ­թեմ հե­ղի­նա­կին ու աշ­խա­տա­կից­նե­րուն բա­րօ­րու­թիւն եւ մշտա­տեւ բարձր տրա­մադ­րու­թիւն: ­Յօ­դո­ւած­նե­րուն եւ գիր­քե­րու շար­քին եր­կա­րա­շունչ թար­մա­ցում, Աս­տու­ծոյ երկ­նա­ռաք ու լիա­ռատ օրհ­նան­քին ո­ղո­ղու­մով:
­Հա­զար փառք ու շնոր­հա­կա­լու­թիւն այս մշա­կոյ­թի ծա­ռա­նե­րուն, ո­րոնք կ­՛ո­գե­ւո­րեն մեր հա­յե­ցի ինք­նու­թիւ­նը՝ պաշտ­պա­նե­լով եւ պահ­պա­նե­լով ազ­գա­յին գո­յա­տեւ­ման ու զար­գաց­ման հիմ­նա­քա­րը ե­ղող մեր հա­զա­րա­գանձ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՆ:

­Նո­յեմ­բեր 13, 2017- ­Փա­րիզ