Պաշ­տօ­նա­կան ­Պա­քուն ա­մե­րի­կեան CNN հե­ռա­տե­սի­լի ըն­կե­րու­թեան հա­ղոր­դա­վար, ա­մե­րի­կա­ցի շէֆ-խո­հա­րար Էն­թը­նի ­Պուր­տէյ­նը Ար­ցախ այ­ցե­լե­լու պատ­ճա­ռով կը նե­րա­ռէ «սեւ ցու­ցակ»ի մէջ: Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ ատր­պէյ­ճա­նա­կան Haqqin.az, այս մա­սին յայտ­նած է Ատրպէյ­ճա­նի Ա.Գ.Ն. խօս­նակ ­Հիք­մէթ ­Հա­ճիեւ:
­Պուր­տէյն վեր­ջերս այ­ցե­լած է ­Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ` իր «Էն­թը­նի ­Պուր­տէյն. ան­ծա­նօթ տե­ղանք­ներ» հե­ռա­տե­սի­լի հա­ղորդ­ման հա­մար ժա­պա­ւէն պատ­րաս­տե­լու մտօք:
­Պուր­տէյն հար­ցազ­րոյց­ներ ու­նե­ցած է Ար­ցա­խի ­Շու­շի քա­ղա­քին մէջ, մաս­նա­ւո­րա­պէս` Ճտր­տու­զի կիր­ճը, ուր ան ճա­շա­կած է ժեն­գեա­լով հաց, շի­լայ, խո­րո­ված, տնա­կան մա­ծուն, թու­թի եւ հո­նի օ­ղի: