Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ­Հայ ­Դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան ը­սած է, որ ա­ռանց ­Հա­յաս­տա­նի հա­մա­ձայ­նու­թեան՝ ան­կա­րե­լի է Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան ­Միու­թեան (Ե.Տ.Մ.) ­Թուր­քիոյ ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը:
Ըստ ա­նոր՝ Ե.Տ.Մ.ին ­Թուր­քիոյ ան­դա­մակ­ցու­թեան հե­ռան­կա­րը ի­րա­տե­սա­կան չէ հե­տե­ւեալ հա­սա­րակ պատ­ճա­ռով.- Ե.Տ.Մ.ին միա­նա­լը կը նշա­նա­կէ յա­տուկ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մաք­սա­յին ո­լոր­տին մէջ: «­Թուր­քիան Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան (Ե.Մ.) մաք­սա­յին միու­թեան ան­դամ է: Ես չեմ կար­ծեր, թէ Ե.Մ. կը հա­մա­ձայ­նի, որ ­Թուր­քիան միա­ժա­մա­նակ ան­դամ ըլ­լայ իր մաք­սա­յին միու­թեան եւ Ե.Տ.Մ.ի։ Իսկ ե­թէ ­Թուր­քիան ո­րո­շէ դուրս ել­լել Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մաք­սա­յին միու­թե­նէն, ա­տի­կա ար­դէն այլ հարց է, որ պէտք է քննար­կո­ւի: ­Հասկ­նա­լի է, որ ա­ռանց ­Հա­յաս­տա­նի հա­մա­ձայ­նու­թեան՝ Ե.Տ.Մ.ին ­Թուր­քիոյ ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը ան­կա­րե­լի է»,- ը­սած է ­Մա­նո­յեան: ­Պա­տաս­խա­նե­լով լրագ­րո­ղին այն հար­ցու­մին, թէ ար­դեօք հա­ւա­նա­կա՞ն է, որ ­Թուր­քիան ­Ռու­սիոյ եւ Ե.Տ.Մ.ին նկատ­մամբ իր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան ուղ­ղու­թիւ­նը փո­խէ, ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան ը­սած է.- «Իր վար­քա­գի­ծով՝ ­Թուր­քիան կը փոր­ձէ ոչ թէ փո­խել ուղ­ղու­թիւ­նը, այլ ա­ւե­լի շատ ճնշում գոր­ծադ­րել Ա­րեւ­մուտ­քի վրայ: ­Դի­տար­կենք, թէ­կուզ ­Չի­նաս­տա­նէն կամ հի­մա ար­դէն նաեւ ­Ռու­սիա­յէն, այդ նոյն սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու գնու­մը.- ՆԱԹՕի մաս­նա­կից եր­կի­րը ­Ռու­սիա­յէն կը գնէ հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան հա­մա­կար­գեր: Ա­սի­կա պար­զա­պէս ճնշում է Ա­րեւ­մուտ­քի վրայ, քա­նի որ այս­պէս մէկ օ­րո­ւան ըն­թաց­քին կա­րե­լի չէ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ուղ­ղու­թիւ­նը փո­խել: Ա­տի­կա մեծ խնդիր­նե­րու առն­չո­ւած է: Այ­սինքն` ­Թուր­քիան չի փո­խեր իր ուղ­ղո­ւա­ծու­թիւ­նը: Իսկ ­Ռու­սիան կը փոր­ձէ օգ­տո­ւիլ ­Թուր­քիոյ տրա­մադ­րո­ւա­ծու­թե­նէն, որ­պէս­զի սեպ խրէ Ա­րեւ­մուտ­քին հետ ա­նոր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ: Այ­սու­հան­դերձ, որ­քան ալ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ ըլ­լան ­Թուր­քիոյ եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մի­ջեւ, ­Թուր­քիան ու ՆԱԹՕն ե­ղած են ու պի­տի ըլ­լան միա­սին»: