8 ­Սեպ­տեմ­բե­րին ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած շրջա­նի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րու ե­ռա­կողմ հան­դի­պու­մին, Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կոս, ­Մոս­կո­ւա­յի եւ ­Հա­մայն ­Ռու­սիոյ ­Քի­րիլ ­Պատ­րիարք եւ ­Կով­կա­սի Իս­լամ­նե­րու ­Վար­չու­թեան նա­խա­գահ ­Շէյ­խու­լիս­լամ Ալ­լահ­շու­քիւր ­Փա­շա ­Զա­տէ հան­դէս ե­կած են յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը, ո­րուն մէջ նշո­ւած է.-
«Այ­սօր մենք` ատր­պէյ­ճան­ցի եւ հայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներս կրկին հան­դի­պե­ցանք ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ ­Քի­րիլ ­Պատ­րիար­քի հրա­ւէ­րով` քննար­կե­լու ­Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պի խա­ղաղ լուծ­ման ու­ղի­նե­րը, ա­ռանց ո­րոնց կա­րե­լի չէ հաս­նիլ ­Կով­կա­սի մէջ հաշ­տու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան:
«Մենք յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն կ­՛ըն­ծա­յենք խա­ղա­ղա­րա­րա­կան երկ­խօ­սու­թեան հե­տե­ւո­ղա­կան զար­գաց­ման, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու շա­րու­նա­կու­մին եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րուն, ո­րոնք կ­՛օգ­նեն հաս­նե­լու տագ­նա­պի հա­մա­պար­փակ լուծ­ման:
«­Հա­մո­զո­ւած ենք, որ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը կա­րե­լի է յաղ­թա­հա­րել` յե­նե­լով բա­րի դրաց­նու­թեան սկզբունք­նե­րուն եւ ա­ւան­դա­կան կրօն­նե­րու կող­մէ քա­րո­զո­ւող բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րուն` բա­րու­թեան, մեր­ձա­ւո­րին նկատ­մամբ սի­րոյ, փո­խա­դարձ նե­րո­ղամ­տու­թեան եւ բա­րեգ­թու­թեան վրայ:
­Հայ եւ ազր­պէյ­ճան­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը միշտ պի­տի ապ­րին կողք-կող­քի, այդ պատ­ճա­ռով չկայ այ­լընտ­րանք, քան խա­ղա­ղու­թիւնն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը:
«Բազ­մա­թիւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու առ­ջեւ մենք` մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներս. պար­տա­ւոր ենք փնտռե­լու միա­ցեալ պա­տաս­խան­ներ:
«Կ­՛ա­ղօ­թենք խա­ղա­ղու­թեան պահ­պան­ման եւ տագ­նա­պին հետ առն­չո­ւած բո­լոր մար­դա­սի­րա­կան հար­ցե­րու շու­տա­փոյթ լուծ­ման հա­մար եւ, առ այդ, կը յոր­դո­րենք մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րը:
«­Կոչ կ­՛ուղ­ղենք հա­մա­պա­տաս­խան ան­ձե­րուն` նպաս­տե­լու բո­լոր այն խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րու ա­զատ ար­ձակ­ման, ո­րոնք չեն մաս­նակ­ցած զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ յայտ­նուած են գե­րու­թեան մէջ:
«Իբ­րեւ հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներ` մենք կո­չո­ւած ենք պաշտ­պա­նե­լու ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, մզկիթ­ներն ու այլ սրբա­վայ­րեր: ­Հե­տե­ւա­բար, խիստ կա­րե­ւոր է ա­պա­հո­վել կրօ­նա­կան նշա­նա­կու­թեան յու­շար­ձան­նե­րու ան­ձեռնմ­խե­լիու­թիւնն ու յար­գա­լից վե­րա­բեր­մուն­քը ա­նոնց նկատ­մամբ:
«Մենք` իբ­րեւ հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներ, մեր կող­մէ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն կը յայտ­նենք պաշտ­պա­նե­լու ­Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պի հան­գու­ցա­լուծ­ման ուղ­ղո­ւած խա­ղա­ղա­րա­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը: ­Մենք մեծ յոյ­սեր ու­նինք բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թին առն­չու­թեամբ:
«­Մեր հա­մայնք­նե­րու բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն կ­՛ուղ­ղենք խա­ղա­ղու­թեան, բա­րօ­րու­թեան եւ բա­րի ձեռ­նար­կում­նե­րու մէջ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու բա­րե­մաղ­թանք­նե­ր»:
Ն­շենք, թէ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կոս ե­ռա­կողմ հան­դի­պու­մին ար­տա­սա­նած է խօսք մը, ո­րուն մէջ անդ­րա­դար­ձած է եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման սպա­սում­նե­րուն, ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին տի­րող ի­րա­վի­ճա­կին, Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան ռազ­մա­տենչ կո­չե­րուն եւ Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին` հաս­տա­տե­լով, որ շրջա­նին մէջ խա­ղա­ղու­թիւ­նը այ­լընտ­րանք չու­նի, ինչ­պէս նաեւ ­Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ մի­ջոց­նե­րով լու­ծու­մը այ­լընտ­րանք չու­նի: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ը­սած է նաեւ.- ,Այ­սօր հրա­մա­յա­կան է, որ կամք եւ յանձ­նա­ռու­թիւն դրսե­ւո­րուի` ­Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պի լու­ծու­մը փնտռե­լու մի­միայն բա­նակ­ցա­յին հար­թու­թեան վրայ եւ կա­սեց­նե­լու զի­նա­դա­դա­րի խախտ­ման դրսե­ւո­րում­նե­րը, սահ­ման­նե­րէն հե­ռաց­նե­լու ար­ձա­կա­զէն­նե­րը, դադ­րեց­նե­լու ան­դա­դար գնդա­կո­ծում­նե­րը եւ այ­լեւս պատ­ճառ չդառ­նա­լու զի­նա­դա­դա­րի պայ­ման­նե­րու մէջ ըն­տա­նիք­նե­րու դժբախ­տաց­ման` անվ­տանգ պա­հե­լով մեր զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած զա­ւակ­նե­րու կեան­քը: Իւ­րա­քան­չիւր փամ­փուշտ, որ կ­՛ար­ձա­կո­ւի Աս­տու­ծոյ ա­րա­րա­ծի դէմ, նաեւ Աս­տու­ծոյ դէմ է»: