­Վան նա­հան­գին մէջ հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նոց մը եւս պղծո­ւած է: Ար­դա­րեւ, ­Վա­նի Ար­տա­մէտ (Էտ­րե­միթ) շրջա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հո­գա­բար­ձո­ւին յանձ­նա­րա­րու­թեամբ՝ հա­սա­րա­կա­կան լո­ղա­փին կից գտնո­ւող պատ­մա­կան բլու­րին եւ հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նո­ցին վրայ ար­տաք­նոց եւ հան­դեր­ձա­րան­ներ կա­ռու­ցո­ւած են: ­Լո­ղա­փին բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է ­Յու­լիս 23ին, նա­հան­գա­պե­տա­րա­նի նո­րան­շա­նակ հո­գա­բար­ձո­ւին եւ Ար­տա­մէ­տի հո­գա­բար­ձո­ւին մաս­նակ­ցու­թեամբ:
Թր­քա­կան «­Պիր­կիւն» թեր­թը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ նշո­ւած տա­րած­քը հայ­կա­կան թա­ղա­մաս մըն էր, որ յայտ­նի է իբ­րեւ աշ­խար­հահռ­չակ հայ նկա­րիչ Ար­շիլ ­Կոր­քիի ծննդա­վայ­րը (­Խոր­գոմ): ­Թա­ղա­մա­սին կից գտնո­ւող հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տու­նը այ­սօր ա­նար­գո­ւած է եւ հոն կա­տա­րո­ւած շի­նա­րա­րու­թեանց պատ­ճա­ռով բազ­մա­թիւ մարդ­կա­յին ոս­կոր­ներ դուրս ե­կած են, այս ու այն կողմ շպրտո­ւած:
Ն­շենք, որ 1984ին այդ շրջա­նին մէջ կա­տա­րո­ւած պե­ղում­նե­րէն ի յայտ ե­կած է, թէ այդ բլու­րը մարդ­կու­թեան հա­մար որ­պէս բնա­կա­տե­ղի ծա­ռա­յած է Ք.Ա. 3րդ ­հա­զա­րա­մեա­կէն ի վեր։ ­Պե­ղում­նե­րու ըն­թաց­քին, շրջա­նին մէջ յայտ­նա­բե­րո­ւած էին ու­րար­տա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին պատ­կա­նող հնու­թիւն­ներ եւ մարդ­կա­յին գան­կեր, ո­րոնք կ­՛ա­պա­ցու­ցեն, թէ գան­կի վրայ «պա­տու­հան բա­նալ»ու ա­ռա­ջին վի­րա­հա­տու­թիւն­նե­րը հո՛ն կա­տա­րո­ւած են: