Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին, ­Հա­յաս­տա­նի պաս­քեթ­պո­լի պա­տա­նե­կան եր­կու խում­բե­րը, կա­րե­ւոր նո­ւա­ճում­ներ ար­ձա­նագ­րե­լով՝ հան­դի­սա­ցան ա­խո­յեան: Ար­դա­րեւ, տղոց պա­տա­նե­կան հա­ւա­քա­կա­նը, Ան­տո­րա­յի մէջ կա­յա­ցած Եւ­րո­պա­յի պաս­քեթ­պո­լի 16 տա­րե­կա­նէն վար Գ. դա­սա­կար­գի ա­խո­յեա­նու­թեան մէջ ա­ռաջ­նու­թիւ­նը խլեց՝ ա­ւար­տա­կան ճա­կա­տու­մին 88-70 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նե­լով ­Ճիպ­րալ­թա­րի խում­բը: Ն­շենք, որ կի­սա­ւար­տա­կա­նին ­Հա­յաս­տա­նի կազ­մը պար­տու­թեան մատ­նած էր Ատր­պէյ­ճա­նի խում­բը։
­Նաեւ՝ ­Ճիպ­րալ­թա­րի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Եւ­րո­պա­յի Գ. դա­սա­կար­գի աղջ­կանց ա­խո­յեա­նու­թեան տիտ­ղո­սին ար­ժա­նա­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի 16 տա­րե­կա­նէն վար պար­մա­նու­հի­նե­րու խում­բը, որ ա­ւար­տա­կա­նին 63-44 ար­դիւն­քով յաղ­թեց ­Մալ­թա­յին: ­