­Յու­լիս 21ի այս օ­րը կը խորհր­դան­շէ ար­դա­րա­հա­տոյց ա­հա­բե­կու­մը հա­յաս­պան իթ­թի­հա­տա­կան ե­ռա­պե­տու­թեան գլխա­ւոր դէմ­քե­րէն՝ դահ­ճա­պետ հռչա­կո­ւած ­Ճե­մալ փա­շա­յի։
95 տա­րի ա­ռաջ, 21 ­Յու­լիս 1922ին, խորհր­դայ­նաց­ման իր սկզբնա­կան փու­լին գտնո­ւող Վ­րաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք ­Թիֆ­լի­սի մէջ, օր¬ցե­րե­կով ա­հա­բե­կո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն ­Ճե­մալ փա­շան։
Ա­հա­բե­կու­մը թէեւ մաս կը կազ­մէր Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին կող­մէ 1919ին հաս­տա­տո­ւած թուրք ջար­դա­րար­նե­րու պատ­ժու­մի «­Նե­մե­սիս» գոր­ծո­ղու­թեան, բայց իր գոր­ծադ­րու­թեան վայ­րով եւ քա­ղա­քա­կան¬կազ­մա­կեր­պա­կան հան­գա­մանք­նե­րով՝ կ­þա­ռանձ­նա­նայ ու կը զա­տո­րո­շո­ւի միւս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն։
­Մինչ ­Թա­լէաթ ու ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ, ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քիր ու ­Ճե­մալ Ազ­մի ա­հա­բե­կո­ւե­ցան եւ­րո­պա­կան մեծ մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու փո­ղոց­նե­րուն վրայ եւ «­Նե­մե­սիս»ի ի­րա­կա­նաց­ման Հ.Յ.Դ. պա­տաս­խա­նա­տու յա­տուկ մար­մի­նի ան­մի­ջա­կան հսկո­ղու­թեամբ ու կար­գադ­րու­թիւն­նե­րով, ան­դին՝ ­Ճե­մալ փա­շա­յի ա­հա­բե­կու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ պոլ­շե­ւի­կեան յեղ­կոմ­նե­րու ա­մէ­նէն մո­լե­գին տի­րա­պե­տու­թեան օ­րե­րուն եւ ազ­գա­մի­ջեան հա­կա­սու­թիւն­նե­րու հրահր­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն կեդ­րոն ­Թիֆ­լի­սի մէջ, ուր 1922 թո­ւա­կա­նին տա­կա­ւին կը գոր­ծէր, ընդ­յա­տակ ան­ցած ըլ­լա­լով հան­դերձ, Հ.Յ.Դ. Վ­րաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն։
Ամ­բողջ տաս­նա­մեակ­ներ, խորհր­դա­հայ պատ­մա­բան­ներն ու քա­րոզ­չա­մի­ջոց­նե­րը եր­կա­թեայ լռու­թիւն պա­հե­ցին ­Ճե­մալ փա­շա­յի ա­հա­բեկ­ման գոր­ծո­ղու­թեան շուրջ։ Իսկ վեր­ջին քա­ռորդ դա­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն աս­դին, նկա­տե­լի է հե­տե­ւո­ղա­կան ճիգ մը՝ ­Ճե­մալ փա­շա­յի ա­հա­բեկ­ման պատ­մու­թիւ­նը մաս­նա­կիօ­րէն վե­րա­կանգ­նե­լու եւ նո­րօ­րեայ կողմ­նա­կալ ո­գիով վե­րար­ժե­ւո­րե­լու… փոր­ձե­լով ­Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն իբր թէ «հե­ռա­ցած» գոր­ծիչ­նե­րու վե­րագ­րե­լու ­Ճե­մա­լի ա­հա­բեկ­ման գոր­ծո­ղու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մը։
­Հի­մա որ ա­զատ ու ան­կախ է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը եւ Ազ­գա­յին Ար­խի­ւը այ­լեւս են­թա­կայ չէ, պէտք չէ՛ ըլ­լայ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան գրաքն­նու­թեան, մեր ժո­ղո­վուր­դը ար­դա­րօ­րէն կը սպա­սէ հայ պատ­մա­բան­նե­րէն, որ լծո­ւին ամ­բող­ջա­կան ճշմար­տու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին ու ան­ցեա­լի հան­գու­ցա­յին պա­հե­րուն ա­նա­չառ վե­րար­ժե­ւո­րու­մին։ Ս­պա­սո­ւա­ծը լրա­ցումն ու պատ­մա­գի­տա­կան ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թեամբ վե­րար­ժե­ւո­րումն է 1918ի Ան­կա­խու­թեան ­Սե­րուն­դին թո­ղած յու­շագ­րա­կան եւ պատ­մագ­րա­կան ժա­ռան­գու­թեան, այլ մա­նա­ւանդ նա­մակ­նե­րու ար­խի­ւին։
­Ճե­մալ փա­շա­յի ա­հա­բեկ­ման վե­րա­բե­րեալ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը ու­նի վկա­յու­թիւ­նը ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի, որ «Մրր­կա­ծին Դ­րօն» ա­նու­նով իր յու­շագ­րու­թեան մէջ պատ­մու­թեան յանձ­նած է հե­տե­ւեալ վկա­յու­թիւ­նը.
«Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան Վ­րաս­տա­նի ­Կենտր. ­Կո­մի­տէի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, 1922 թ. ­Յու­լիս 21ին, ­Թիֆ­լի­սում, օ­րը ցե­րե­կով, ա­հա­բե­կո­ւեց Իթ­թի­հա­տա­կան ե­ռա­պե­տու­թեան վեր­ջին ողջ մնա­ցած ան­դամ, բոլ­շե­ւիկ­նե­րի բա­րե­կամ ու գոր­ծա­կից ­Ջէ­մալ փա­շան։ ­Չե­կան ան­հա­շիւ բան­տար­կու­թիւն­ներ ա­րաւ, բայց չէր հա­մար­ձակ­ւում սուր մի­ջոց­նե­րի դի­մել՝ վա­խե­նա­լով փո­խա­դար­ձու­թիւ­նից։ Դ­րօ ի­րա­ւունք ստա­ցաւ ­Մոս­կո­ւա­յից (ուր կ­՛ապ­րէր աք­սո­րեա­լի կար­գա­վի­ճա­կով ¬ Ն.) եւ շտա­պով մեկ­նեց ­Թիֆ­լիս, ուր բո­լոր յայտ­նի դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րը ձեր­բա­կա­լո­ւած էին։ Դ­րո­յի հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը թէ՛ դաշ­նակ­ցա­կան ըն­կեր­նե­րի եւ թէ բոլ­շե­ւիկ­նե­րի աչ­քին այն­քան բարձր էր, որ նրան յա­ջո­ղո­ւեց եր­կու կող­մի հա­մար ըն­դու­նե­լի պայ­ման­նե­րով բան­տից ա­զատ ար­ձա­կել ­Կենտր. ­Կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րին եւ ձեր­բա­կա­լո­ւած­նե­րի մեծ մա­սին։ Այդ առ­թիւ Վ­րաս­տա­նի ­Կենտր. ­Կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րը եւ Դ­րօ հրա­պա­րա­կե­ցին մի «դեկ­լա­րա­ցիա», ո­րով ճա­նա­չում էին սո­վե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը եւ կոչ էին ա­նում բո­լոր դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րին հե­տե­ւե­լու ի­րենց օ­րի­նա­կին։
«Ար­տա­սահ­մա­նում մեզ, որ ան­հաշտ պայ­քա­րի մէջ էինք սո­վե­տա­կան բռնա­տի­րու­թեան դէմ, ո­րոշ էին այդ «դեկ­լա­րա­ցիա»յի դրդա­պատ­ճառ­նե­րը եւ ի­մաս­տը, բայց եւ այն­պէս ան­թոյ­լատ­րե­լի էինք հա­մա­րում Դ­րո­յի եւ ըն­կեր­նե­րի ըն­թաց­քը։ Ես նոյ­նիսկ ստի­պո­ւած ե­ղայ հրա­պա­րա­կով, մա­մու­լի մի­ջո­ցով, դա­տա­պար­տե­լու «դեկ­լա­րա­ցիա»ն­ եւ զգու­շաց­նել ըն­կեր­նե­րին, որ չընկ­նեն բոլ­շե­ւի­կեան ծու­ղա­կը։ ­Հե­տա­գա­յին մենք ի­մա­ցանք, որ «դեկ­լա­րա­ցիա»ն մ­նա­ցել է սոսկ թուղ­թի վրայ եւ ոչ մի հե­տե­ւանք չէր ու­նե­ցել, բա­ցի այն, որ ­Չե­կան փաստ էր ձեռք բե­րել ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար իր մեղմ վար­մուն­քը դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րի նկատ­մամբ»։
Ե­զա­կի չէ, ոչ ալ իր տե­սա­կին մէջ միակն է Վ­րա­ցեա­նի վկա­յու­թիւ­նը։ 1920ա­կան­նե­րէն սկսեալ մշա­կո­ւած ամ­բողջ գրա­կա­նու­թիւն մը կայ, յու­շագ­րա­կան թէ պատ­մագ­րա­կան, ուր հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն պա­հե­րը լու­սար­ձա­կի տակ առ­նո­ւած են։ Այդ վկա­յու­թիւն­նե­րը ամ­բող­ջաց­նե­լու եւ ա­ռար­կա­յա­կան ար­ժե­ւոր­ման են­թար­կե­լու սպա­սու­մը ու­նինք, այ­սօր, վե­րան­կա­խա­ցեալ մեր երկ­րի պատ­մա­բան­նե­րէն, ազ­գա­յին մեր յի­շո­ղու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու նո­ւի­րա­կան գոր­ծին պաշ­տօ­նա­կո­չո­ւած հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րէն։
­Տա­կա­ւին ամ­բող­ջաց­ման կը սպա­սէ նաեւ ու նոյ­նինքն ­Ճե­մա­լի ա­հա­բեկ­ման գոր­ծո­ղու­թեան ման­րա­մասն պատ­մու­թիւ­նը։ Վ­կա­յու­թիւն­նե­րը կը յի­շա­տա­կեն ա­նուն­նե­րը Ս­տե­փան ­Ծա­ղի­կեա­նի, Ար­տա­շէս ­Գէոր­գեա­նի, ­Պետ­րոս ­Տէր¬­Պօ­ղո­սեա­նի եւ ­Զա­րեհ ­Մե­լիք¬­Շահ­նա­զա­րեա­նի։ Ո՞վ եւ ինչ­պէ՞ս նա­խա­պատ­րաս­տեց, սա­կայն, գոր­ծո­ղու­թիւ­նը եւ ար­խիւ­նե­րը ի՞նչ լրա­ցու­ցիչ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը պա­րու­նա­կեն ա­հա­բե­կիչ­նե­րու քայ­լե­րուն մա­սին։ ­Յու­լիս 21ի տա­րե­դար­ձը ա­ռիթ մըն է՝ շեշ­տե­լու այդ սպա­սումն ու պա­հան­ջը միան­գա­մայն։
­Թէեւ Ս­տե­փան ­Ծա­ղի­կեա­նի ան­ձին եւ գոր­ծին մա­սին կան ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րու վկա­յու­թիւն­ներ, բայց ա­նոր գոր­ծա­կից­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ընդ­հան­րա­պէս ժլատ են տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը եւ ազ­գա­յին մեր պարտքն է շօ­շա­փե­լի դարձ­նել կեր­պարն ու կեն­սագ­րու­թիւ­նը այն հե­րոս­նե­րուն, ո­րոնք օրհ­նա­բեր օր մը, ­Թիֆ­լի­սի կեդ­րո­նա­կան փո­ղոց­նե­րէն մէ­կուն վրայ, պոլ­շե­ւի­կեան բռնա­տի­րու­թեան ա­մէ­նէն բուռն պայ­ման­նե­րուն տակ, ար­դա­րա­գոյն դատ¬դա­տաս­տա­նի են­թար­կե­ցին թուրք ջար­դա­րար­նե­րու ա­ռաջ­նա­յին դէմ­քե­րէն Ահ­մէտ ­Ճե­մա­լը, «ա­րիւ­նար­բու», «մսա­գործ» եւ «դահ­ճա­պետ» մակ­դիր­նե­րուն… ար­ժա­նա­ցած ­Ճե­մալ փա­շան։
Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Ահ­մէտ ­Ճե­մալ՝ ­Ճե­մալ փա­շա ծնած է 1872ի ­Մա­յիս 6ին։ ­Թուրք ա­կա­նա­ւոր պե­տա­կան ու ռազ­մա­կան գոր­ծի­չը ե­ղած է «­Միու­թիւն եւ ­Յա­ռաջ­դի­մու­թիւն» կու­սակ­ցութ­յան պա­րագ­լուխ­նե­րէն եւ Ե­րիտ­թուր­քե­րու ղե­կա­վար «ե­ռեա­կի» (­Թա­լէաթ եւ Էն­վեր փա­շա­նե­րու հետ) ան­դամ։
1914ին նշա­նա­կո­ւած է ծո­վա­յին նա­խա­րար։ ­Հան­դի­սա­ցած է օս­մա­նա­կա­նու­թեան, հա­միս­լա­մու­թեան եւ հա­մաթր­քու­թեան ջա­տա­գով՝ այդ գա­ղա­փար­նե­րուն ի­րա­գոր­ծու­մը կա­պե­լով ­Կայ­սե­րա­կան ­Գեր­մա­նիոյ հետ ­Թուր­քիոյ զի­նակ­ցու­թեան հետ։
Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին ­Ճե­մալ ­Փա­շայ ե­ղաւ­Սու­րիոյ մէջ գոր­ծող թրքա­կան 4րդ ­բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րը։ ­Գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նէն եւ ­Կի­լի­կեան ­Հա­յաս­տա­նէն հա­յե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին տե­ղա­հան­ման ու կո­տո­րա­ծին։ Ա­րեան մէջ խեղ­դեց Ուր­ֆա­յի հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը։ ­Դա­ժա­նօ­րէն Ճն­շեց ա­րաբ­նե­րու ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժում­նե­րը ­Սու­րիոյ, ­Լի­բա­նա­նի եւ ­Պա­ղես­տի­նի մէջ։ ­Թուր­քիոյ պար­տու­թե­նէն (1918) յե­տոյ փա­խուստ տո­ւաւ դէ­պի ­Գեր­մա­նիա՝ Իթ­թի­հա­տի ղե­կա­վա­րու­թեան շար­քին։ ­Քե­մա­լա­կան շարժ­ման ա­ռա­ջին քայ­լե­րու շրջա­նին, ­Ճե­մալ ­Փա­շա ար­դէն վե­րա­դար­ձած էր Անդր­կով­կաս՝ հա­մաթր­քա­կան մե­ծա­պե­տու­թեան ա­նա­ւարտ ե­րա­զը ի­րա­գոր­ծե­լու նպա­տա­կով։
­Թէեւ ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ ­Ռազ­մա­կան Ա­տեա­նը 1919ին, հե­ռա­կայ կար­գով, մա­հո­ւան դա­տա­պար­տած էր ար­դէն ­Ճե­մալ փա­շա­յին, բայց ա­նոր դէմ ար­ձա­կո­ւած մա­հա­պա­տի­ժի դա­տավ­ճի­ռը գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ – ­յա­նուն հայ ժո­ղո­վուր­դին — Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան կեան­քի կո­չած ­Նե­մե­սի­սի կող­մէ։
Իր յու­շե­րուն մէջ ­Ճե­մալ փա­շայ փոր­ձած է ար­դա­րաց­նել հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ իր եւ ըն­կեր­նե­րուն պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը՝ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու «վատ­թա­րա­ցում»ը վե­րագ­րե­լով ­Ռու­սաս­տա­նին։