ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Յս­տա­կաց­նենք սկիզ­բէն՝ մեր ը­սե­լիք­նե­րը կ’առն­չո­ւին վար­քագ­ծա­յին ու քա­ղա­քա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րու եւ ոչ թէ զգա­ցա­կան դրսե­ւո­րում­նե­րու։ Օ­րի­նա­կի հա­մար, ա­նի­մաստ բան է ը­սե­լը, որ այ­սինչ ժո­ղո­վուր­դը շատ ռազ­մա­պաշտ է, կամ՝ խա­ղա­ղա­պաշտ։ Այդ­պի­սի բան չկայ։ ­Բայց կա՛ն ռազ­մա­պաշտ, կամ խա­ղա­ղա­մէտ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն վա­րող, այդ­պի­սի վար­քա­գիծ ու­նե­ցող պե­տու­թիւն­ներ, քա­ղա­քա­կան միա­ւոր­ներ։
Օ­րի­նա­կի հա­մար, նա­ցի ­Գեր­մա­նիան ռազ­մա­պաշտ էր. սա­կայն չկար­ծենք, որ իր ո­խե­րիմ թշնա­մի ­Մեծն Բ­րի­տա­նիան խա­ղա­ղա­սի­րու­թե­նէն հա­լու­մաշ վի­ճա­կի մէջ էր. կայս­րու­թիւն մը «խա­ղա­ղա­սէր» չի կրնար ըլ­լալ, չէ՞։ ­Պար­զա­պէս կան պե­տու­թիւն­ներ, ո­րոնք ի­րենց հար­ցե­րու լուծ­ման բա­նա­լին կը տես­նեն ա­ռա­ւե­լա­բար պա­տե­րազ­մի մէջ (օ­րի­նակ­նե­րը դուք այս յօ­դո­ւա­ծագ­րէն ա­ւե­լի գի­տէք), մինչ ու­րիշ­ներ՝ ոչ, ինչ­պէս ­Զո­ւի­ցե­րիան, Աւստ­րիան, ­Չի­լէն։ ­Միայն թէ ­Գա­նա­տա կամ Աւստ­րա­լիա ապ­րող հայ ըն­թեր­ցող­նե­րը թող չշփո­թին, այդ եր­կիր­նե­րը վեր­ջին­նե­րուն շար­քին չեն պատ­կա­նիր… ­Սա՝ ի մի­ջի այ­լոց։
Ատր­պէյ­ճա­նը կը պատ­կա­նի շար­քին այն պե­տու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց քա­ղա­քա­կան վար­քա­գի­ծը բա­ցա­յայ­տօ­րէն ռազ­մա­պաշտ է։ Իսկ ­Հա­յաս­տա­նի վար­քա­գի­ծը հիմ­նո­ւած է ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ու ար­դա­րու­թեան սկզբունք­նե­րուն վրայ. ժո­ղովր­դա­յին լե­զո­ւով՝ «մե­զի հետ մի՛ իյ­նաք»։
Ի­րե­րու այս դրու­թեան մէջ է, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, Ատր­պէյ­ճան ա­նընդ­հատ կը փոր­ձէ «տաք» պա­հել կա­ցու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի հետ իր սահ­ման­նե­րուն վրայ։ ­Հայ­կա­կան բա­նա­կը եր­բեմն զուսպ կը մնայ, իսկ եր­բեմն ալ՝ անհ­րա­ժեշտ պա­տաս­խա­նը կու տայ։
­Վեր­ջի­նը՝ քա­նի մը օր ա­ռաջ էր, ­Յու­լիս 4ին, երբ հայ­կա­կան հրե­տա­նին հա­կա­դար­ձեց ա­զե­րի բա­նա­կին հրթիռ­նե­րու տա­րա­փին։ Այս զի­նուո­րա­կան «հար­ցու­պա­տաս­խան»ին ըն­թաց­քին, ըստ հա­ղոր­դո­ւած լու­րե­րուն, սպան­նո­ւե­ցան նաեւ եր­կու քա­ղա­քա­յին­ներ՝ ատր­պէյ­ճա­նա­կան Ալ­խան­լու սահ­մա­նա­յին գիւ­ղէն։
­Պատ­ճա­ռը յստակ էր։ ­Հայ­կա­կան դիր­քե­րը ռմբա­կո­ծող ատր­պէյ­ճա­նա­կան հրե­տա­նին տե­ղադ­րո­ւած էր նշեալ գիւ­ղին տա­րած­քէն ներս։ Ատրպէյ­ճա­նի զի­նո­ւո­րա­կան հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը իր հրե­տա­նին տե­ղադ­րած էր գիւ­ղին տա­րած­քէն ներս, այն յոյ­սով, որ հայ­կա­կան հա­կա­դար­ձու­մի պա­րա­գա­յին, ի­րենք պի­տի կա­րե­նան հայ­կա­կան կող­մը ամ­բաս­տա­նել «խա­ղաղ բնակ­չու­թեան ռմբա­կո­ծու­մով»։
­Մէկ խօս­քով՝ ատր­պե­ճա­նա­կան զի­նեալ ու­ժե­րը դա­ւադ­րա­բար (փո­ղո­ցի լե­զո­ւով՝ «կնի­կի պէս») կը պա­հուը­տին ի­րենց քա­ղա­քա­յին բնակ­չու­թեան ե­տին ու այն­տե­ղէն կը կրա­կեն հայ­կա­կան դիր­քե­րուն ուղ­ղու­թեամբ՝ շատ լաւ գիտ­նա­լով, որ հայ­կա­կան կող­մը կրա­կին պի­տի պա­տաս­խա­նէ կրա­կով եւ ոչ թէ հայ­կա­կան ծի­րա­նով կամ վար­դե­րով։
­Սա ան­շուշտ ե­րե­խա­յա­կան եւ շա՜տ հին­ցած հնարք է։
­Հայ­կա­կան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը ­Կու­կը­լի քար­տէս­նե­րով եւ տե­սագ­րու­թիւն­նե­րով ա­րա­գօ­րէն բա­ցա­յայ­տեց Ատր­պէյ­ճա­նի այս ե­րե­խա­յա­կան մօ­տե­ցու­մը։ Իսկ հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը ան­ցաւ հա­կա­յար­ձա­կո­ղա­կա­նի՝ Ե.Ա.Հ.Կ.էն ներս իր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­ման ­Կի­րա­կո­սեա­նի մի­ջո­ցով, ­Հինգ­շաբ­թի՝ 6 ­Յու­լի­սին, հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը բա­ցա­յայ­տե­լով քա­ղա­քա­յին­նե­րը իբ­րեւ մարդ­կա­յին վա­հան գոր­ծա­ծե­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան վար­քա­գի­ծը։
­Տա­րօ­րի­նա­կը սա­կայն այն է, որ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող ոչ կա­ռա­վա­րա­կան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը (NGO)՝ «­Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րի մի­ջազ­գա­յին ֆե­դե­րա­ցիա» (ո­րուն հա­յաս­տա­նեան մաս­նա­ճիւ­ղը կը կո­չո­ւի ­Քա­ղա­քա­ցիա­կան ­Հա­սա­րա­կու­թեան Ինս­տի­տուտ եւ մա­սամբ կը տնտե­սա­ւո­րո­ւի Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան կող­մէ, ըստ ի­րենց կայ­քէ­ջին) տնօ­րէն ոմն Ար­տակ ­Կի­րա­կո­սեա­նի ստո­րագ­րու­թեամբ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը հրա­պա­րա­կած է՝ ը­սե­լով, որ «պէտք է վերջ դրո­ւի քա­ղա­քա­ցիա­կան բնա­կա­վայ­րե­րը թի­րա­խա­ւո­րե­լու՝ տա­րի­ներ շա­րու­նակ կի­րա­ռո­ւող հա­կա­մարդ­կա­յին պրակ­տի­կա­յին (գոր­ծա­ռոյ­թին)»։ Ան կը շա­րու­նա­կէ՝ ը­սե­լով, որ հոս ը­նե­լիք ու­նին «ի­րա­ւա­պաշտ­պան­նե­րը, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րից սկսած մին­չեւ շար­քա­յին զի­նո­ւոր­նե­րը»։
Ոչ մէկ բառ կայ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ իր իսկ սե­փա­կան քա­ղա­քա­ցի­նե­րը իբ­րեւ մարդ­կա­յին վա­հան շա­հա­գոր­ծե­լու վար­քա­գի­ծին դէմ։
Այս չի բա­ւեր, տե­սէք մտքի ինչ գո­հար­ներ կը հրամց­նէ մե­զի նոյն կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը. ա­նի­կա «կոչ է ա­նում ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի (Ար­ցա­խի) իշ­խա­նու­թիւն­նե­րին՝ ա­նա­չառ հե­տաքն­նու­թիւն անց­կաց­նե­լու՝ պար­զե­լու կա­տա­րո­ւա­ծի հան­գա­մանք­նե­րը, եւ յան­ցա­կազ­մի ա­պա­ցոյց­նե­րի հի­ման վրայ պատ­ժե­լու բո­լոր մե­ղա­ւոր­նե­րին»։
­Կո­չը ուղ­ղո­ւած չէ մի­ջազ­գա­յին մար­մին­նե­րուն, Ե.Ա.Հ.Կ.ին, որ քննու­թիւն բա­նան ատր­պե­ճա­նա­կան նեն­գամ­տու­թեան շուրջ եւ «պատ­ժեն բո­լոր մե­ղա­ւոր­նե­րին», այլ՝ հայ­կա­կան կող­մին, որ պատ­ժէ… թշնա­միին հրե­տա­նա­յին դիր­քե­րը լռեց­նող հայ սպան ու զի­նո­ւո­րը։
­Խեղ­կա­տա­կու­թեան տա­րո­ղու­թիւ­նը կա­րե­լի է պատ­կե­րաց­նել, չէ՞։
Օ­տար գու­մար­նե­րով ­Հա­յաս­տա­նի մէջ իբ­րեւ թէ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան զարկ տա­լու կո­չո­ւած այս եւ նման կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու իբ­րեւ թէ «խա­ղա­ղա­սի­րա­կան» վե­րոն­շեալ կո­չե­րը յստակ չէ, թէ ճիշդ ո­րո՞ւ կը ծա­ռա­յեն։ ­Մէկ բան յստակ է, որ չեն ծա­ռա­յեր ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան շա­հե­րուն։ Ոչ միայն չեն ծա­ռա­յեր մեր շա­հե­րուն, այ­լեւ նոյ­նիսկ կը հա­կադ­րո­ւին (*)։
Այս յօ­դո­ւա­ծագ­րին կար­ծի­քով՝ վե­րոն­շեա­լին նման հա­կա­պե­տա­կան տե­սա­կէտ­ներ (ա­ւե­լի ճիշդ՝ խռխռոց­ներ) խմբագ­րող ու տա­րա­ծող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը պէտք է կրեն օ­րի­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն։
Իսկ ե­թէ ­Հա­յաս­տա­նի օ­րէնսդ­րու­թիւ­նը թե­րի է այս ի­մաս­տով, Ա.Ժ.ին պար­տա­կա­նու­թիւնն է գո­ցել այդ բա­ցը՝ ի շարս բազ­մա­թիւ նման բա­ցե­րու։
­Վեր­ջին թե­լադ­րանք մըն ալ վե­րոն­շեալ «խա­ղա­ղա­պաշտ» կազ­մա­կեր­պու­թեան տնօ­րէն Ար­տակ ­Կի­րա­կո­սեա­նին՝ ան­ձա՛մբ, կամ ձե­զի հա­մա­խոհ­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թեամբ մը, գա­ցէք շփման գիծ, սահ­ման, ձեր հետ տա­նե­լով այս յայ­տա­րա­րու­թե­նէն օ­րի­նակ մը, ու զայն ան­ձամբ յանձ­նե­ցէք ա­զե­րի Ալ­խան­լու գիւ­ղին հան­դի­պա­կաց խրա­մա­տին մէջ կանգ­նած հայ զի­նո­ւո­րի մը։
­Հը­բը՞…

(*) ­Բաց ­Հա­սա­րա­կու­թիւն կո­չո­ւած մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը (որ կը ղե­կա­վա­րո­ւի հան­րա­ծա­նօթ ­Ճորճ ­Սո­րո­սի կող­մէ), ան­ցեալ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­ւե­լի քան 1,75 մի­լիոն տո­լա­րի տնտե­սա­ւո­րում յատ­կա­ցու­ցած է շարք մը կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու (աղ­բիւ­րը՝ հայ մի­տիա կէտ Էյ. Էմ.)։ Ա­մէն մարդ գի­տէ, թէ ­Ճորճ ­Սո­րո­սը ո՛վ է, ի՛նչ կ’ը­նէ, ի՛նչ ը­րած է (Ուք­րա­նիա, Վ­րաս­տան, ­Հա­յաս­տան, նոյ­նիսկ Մ. ­Նա­հանգ­ներ, ուր 2004ին հսկա­յա­կան գու­մար­ներ ծախ­սեց տա­պա­լե­լու հա­մար ­Ճորճ ­Պուշ կրտսե­րի վե­րընտ­րու­թիւ­նը)։