«­Գան­ձա­սար» կը հա­ղոր­դէ, որ ­Հինգ­շաբ­թի՝ 8 ­Յու­նիս 2017ին, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ ­Մար­գա­րեա­նի ներ­կա­յու­թեամբ, ­Հա­լէ­պի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջեւ հան­դի­պում մը տե­ղի ու­նե­ցած է: ­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ­Մար­գա­րեան՝ անդ­րա­դառ­նա­լով ­Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի եօ­թը տա­րի­նե­րուն սու­րիա­հա­յու­թեան ծա­ւա­լած աշ­խա­տանք­նե­րուն, ը­սած է.- «­Սու­րիոյ մէջ պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին օ­րե­րէն իսկ, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րոն սու­րիա­հա­յու­թեան շտապ օգ­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի մար­մի­նի (Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.) կազ­մու­թեան նա­խա­ձեռ­նեց: Անց­նող եօ­թը տա­րի­նե­րուն, մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը փոր­ձեց իր բո­լոր ու­ժե­րը լա­րել սու­րիա­հա­յու­թեան օգ­նու­թեան հաս­նե­լու հա­մար: Բ­նա­կան էր, որ դի­մա­նա­լով պա­տե­րազ­մա­կան ծանր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն եւ, ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը, ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կէն պա­տո­ւով դուրս գա­լով՝ սու­րիա­հայ հա­մայն­քը ինքն էր հիմ­նա­կա­նօ­րէն հե­րո­սու­թիւ­նը կա­տա­րո­ղը եւ ա­սի­կա միայն իր պա­տի­ւը չէր, այլ ամ­բողջ հա­յու­թեան պա­տի­ւը: ­Հայ ժո­ղու­վուր­դը ­Սու­րիոյ մէջ յա­ջո­ղե­ցաւ իր կե­ցո­ւած­քով, պա­հո­ւած­քով եւ վե­րա­բեր­մուն­քով օ­րի­նա­կե­լի ու հայ­րե­նա­սէր սու­րիա­ցի քա­ղա­քա­ցիի տի­պա­րը դրսե­ւո­րել: ­Սա ինք­նին մեծ գործ էր:
«­Սու­րիա­հա­յու­թեան խնդի­րը միայն սու­րիա­հա­յու­թեան չի վե­րա­բե­րիր, այլ ամ­բողջ հա­յու­թեան խնդիրն է: Հ.Յ.Դ.ն ­քաջ գի­տակ­ցե­լով հան­դերձ, որ ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը իր գուր­գու­րան­քի ա­ռար­կան պէտք է դառ­նայ, այս պա­րա­գա­յին ա­մէ­նէն ա­ւե­լի գուր­գու­րաց ­Սու­րիոյ մէջ ապ­րող հա­յու­թեան: Այս իսկ պատ­ճա­ռով ­Սու­րիոյ մէջ ապ­րող հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կե­լը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գլխա­ւոր գոր­ծը ե­ղաւ: «­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը օ­րին գի­տակ­ցած էր, որ այս պա­տե­րազ­մը մէկ-եր­կու օ­րո­ւան հարց չէր, այս գի­տակ­ցու­թեամբ ճամ­բայ ե­լանք սու­րիա­հա­յու­թեան օգ­տա­կար դառ­նա­լու հա­մար: ­Սու­րիա­հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան աշ­խա­տան­քին մէջ միայն կազ­մա­կեր­պու­թեան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը ի սպաս չդրո­ւե­ցան, այլ մեր ժո­ղո­վուրդն էր, որ օ­ժան­դա­կեց եւ կը շա­րու­նա­կէ օ­ժան­դա­կել: ­Մենք աշ­խա­տե­ցանք մեր այս գոր­ծե­րուն յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը պա­հել եւ կը շա­րու­նա­կենք նոյն ու­ղիով:
«­Մենք միշտ փոր­ձած ենք մեր կա­րե­լին ը­նել սու­րիա­հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար եւ այ­սօր ալ պի­տի շա­րու­նա­կենք այդ աշ­խա­տանք­նե­րը ուղ­ղել դէ­պի վե­րա­կանգ­նում: «Ինչ­պէս եօ­թը տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ծա­ւա­լած շտա­պի աշ­խա­տանք­նե­րուն ձեր կող­քին ե­ղանք, այն­պէս ալ պի­տի շա­րու­նա­կենք ձեր կող­քին ըլ­լալ, թէեւ նա­խա­պա­տուու­թիւ­նը ­Սու­րիոյ մէջ ապ­րող սու­րիա­հա­յու­թեան է, սա­կայն ան­տար­բեր պի­տի չըլ­լանք նաեւ գաղ­թա­կան դար­ձած սու­րիա­հա­յու­թեան նկատ­մամբ, ո­րոնք դժո­ւար պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով հե­ռա­ցան ­Սու­րիա­յէն: «­Մենք ձեր կող­քին պի­տի ըլ­լանք մին­չեւ վերջ»: Ազ­գա­յին կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տե­ցին Հ­րանդ ­Մար­գա­րեա­նի մօ­տե­ցու­մը, մա­նա­ւանդ պա­տե­րազ­մա­կան ա­մէ­նէն ծանր օ­րե­րուն ­Հա­լէ­պի մէջ սու­րիա­հա­յու­թեան կող­քին գտնո­ւի­լը: