ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Ա.Մ.Ն. ընդ­դէմ ­Համ­բիկ ­Սա­սու­նեան։ ­Տա­րօ­րի­նակ կրնայ թո­ւիլ այս խո­րա­գի­րը, սա­կայն ի­րա­կա­նու­թեան կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ, երբ նկա­տի առ­նենք վեր­ջին ա­միս­նե­րուն ­Համ­բի­կի ներ­ման գծով զար­գա­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։
Աշ­խար­հի հզօ­րա­գոյն պե­տու­թեան հզօր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը բա­ցա­յայ­տօ­րէն մի­ջամ­տեց եւ ճնշեց սահ­մա­նադ­րա­կա­նօ­րէն դա­տա­կան ինք­նիշ­խա­նու­թիւն վա­յե­լող ­Քա­լի­ֆոր­նիա նա­հան­գին վրայ, որ­պէս­զի ­Սան ­Քո­ւէն­թի­նի բան­տի ճա­ղե­րուն ե­տին պա­հէ հա­սա­րա­կու­թեան իր պատ­ժա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը կա­տա­րած օ­րի­նա­պահ ու տի­պար բան­տար­կեալ ­Համ­բիկ ­Սա­սու­նեա­նին։
­Համ­բիկ հա­զիւ 19 տա­րե­կան էր, երբ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ, դա­տո­ւե­ցաւ եւ ցկեանս բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ 1982ին ­Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ ­Թուր­քիոյ հիւ­պա­տոս ­Քե­մալ Ա­րի­քա­նի սպա­նու­թեան մե­ղադ­րան­քով։ Ա­մե­րի­կա­ցի այս ե­րի­տա­սարդ քա­ղա­քա­ցին 35 տա­րիէ ի վեր բան­տա­յին կա­լան­քի տակ կը գտնո­ւի։ Այ­սօր ան 54 տա­րի­քը բո­լո­րած հա­սուն մարդ է։
­Կա­լան­քի մե­կու­սա­րան­նե­րուն մէջ հա­սուն տա­րի­քի հա­սած այս ե­րի­տա­սարդ ա­մե­րի­կա­հայն է, որ թի­րախ կը դառ­նայ ­Թուր­քիոյ առ­ջեւ քծնող Ա.Մ.Ն.ի ա­մե­նա­կալ կա­ռա­վա­րու­թեան ա­նար­դար մի­ջամ­տու­թեան։ Թ­րամ­փի վար­չու­թիւ­նը ո­րո­շած էր, ի գին ար­դա­րու­թեան ոտ­նա­կո­խու­մի եւ սահ­մա­նադ­րա­կան ար­գելք­նե­րու շրջանց­ման, հա­մակ­րե­լի դառ­նալ ­Թուր­քիոյ բռնա­կալ՝ Էր­տո­ղա­նին։
­Ներ­ման բազ­միցս մեր­ժում­նե­րէն ետք, ան­ցեալ տա­րո­ւան ­Դեկ­տեմ­բեր 14ին ­Քա­լի­ֆոր­նիա­յի ­Ներ­ման ­Խոր­հուր­դը նոր ունկնդ­րու­թիւն շնոր­հած էր ­Համ­բի­կին։ ­Յետ ունկնդ­րու­թեան, ուր ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան թեր ու դէմ ա­ռար­կու­թիւն­ներ եւ փաս­տար­կում­ներ, ­Ներ­ման ­Խոր­հուր­դը ո­րո­շեց նե­րում շնոր­հել ­Համ­բի­կին։ ­Խոր­հուր­դի հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը շատ պարզ եւ յստակ էին.- ­Կա­լա­նա­ւոր­ման իր 34 տա­րի­նե­րով ­Համ­բիկ իր պատ­ժա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը լիո­վին կա­տա­րած է ­Քա­լի­ֆոր­նիա­յի ժո­ղո­վուր­դին։ Ան կը գի­տակ­ցի եւ կը վշտակ­ցի իր գոր­ծած ա­րար­քին։ Ան շա­րու­նակ ե­ղած է տի­պար, օ­րի­նա­կե­լի եւ օ­րի­նա­պահ բան­տար­կեալ մը։ Ան այ­լեւս ո­րե­ւէ վտանգ չի ներ­կա­յաց­ներ հա­սա­րա­կու­թեան։
Ինչ­պէս կա­լա­նե­լու վճի­ռը, նոյն­պէս եւ ներ­ման ո­րո­շու­մը ան­բա­ժան մասն են ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ քրէա­կան օ­րէնք­նե­րուն եւ ար­դա­րա­դա­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցին։ ­Ներ­ման ­Խոր­հուր­դի այս ո­րո­շու­մը լիո­վին կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ եւ կը յար­գէ այդ օ­րէնք­ներն ու ըն­թա­ցա­կար­գը։ ­Հե­տե­ւա­բար, ­Համ­բի­կին հա­մար խոր­հուր­դին ներ­ման վճի­ռը օ­րի­նա­ւոր էր։ ­Յա­ջորդ եւ վեր­ջին քայ­լը կը պատ­կա­նէր ­Քա­լի­ֆոր­նիա­յի կա­ռա­վա­րիչ ­Ճէ­րի Պ­րաու­նին, որ ըստ քրէա­կան օ­րէն­քի թիւ 3041.2ին՝ պէտք է վա­ւե­րաց­նէր կամ մեր­ժէր ներ­ման վճի­ռը։
Պ­րաու­նի վա­ւե­րա­ցու­մը խու­սա­փե­լի չէր կրնար ըլ­լալ։ ­Նախ՝ ան սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն ու­նէր ­Քա­լի­ֆոր­նիա­յի հա­յու­թեան հետ։ Երկ­րորդ՝ անց­նող ութ տա­րի­նե­րուն բազ­մա­թիւ հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին ան յա­ճա­խա­կիօ­րէն խոս­տա­ցած էր ար­դա­րու­թիւն կա­տա­րել ­Համ­բի­կին ։ Եր­րորդ՝ իբ­րեւ կա­ռա­վա­րիչ ան վա­ւե­րա­ցու­ցած էր ներ­ման ո­րո­շում­նե­րու ա­ւե­լի քան 80 տո­կո­սը։
Ափ­սոս, Պ­րաուն կքե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­յին կա­ռա­վա­րու­թեան ճնշում­նե­րուն դի­մաց։ Ան վե­րա­ծո­ւե­ցաւ կո­րա­քա­մակ կա­ռա­վա­րի­չի մը, որ սա­կար­կու­թեան նժա­րի վրայ դրաւ ­Քա­լի­ֆոր­նիա­յի ար­դա­րա­դա­տու­թեան գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը։ Ան վե­րա­ծեց ինք­զինք գա­ճաճ քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րի մը, որ նա­խա­պէս հսկա­յու­թիւն էր ու ա­խո­յեան՝ ի սպաս ար­դա­րու­թեան։ ­Նե­րու­մը դրժող իր հիմ­նա­ւոր­ման մէջ ան թու­թա­կի նման կրկնեց թրքա­կան ան­հիմն վար­կած­նե­րը։
­Սա­կայն, Պ­րաու­նի այս տխուր պատ­կե­րի ե­տին ող­բեր­գա­կանն ու հա­կաօ­րի­նա­կա­նը վե­րա­պա­հո­ւած են Ա.Մ.Ն.ի դաշ­նակ­ցա­յին կա­ռա­վա­րու­թեան։ ­Քա­լի­ֆոր­նիա­յի ներ­ման վճիռ­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով դաշ­նակ­ցա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ուղ­ղա­կի կեր­պով եւ հրա­պա­րա­կաւ կը մի­ջամ­տէր եւ կը խա­փա­նէր սահ­մա­նադ­րա­կա­նօ­րէն ճշդո­ւած նա­հան­գա­յին ի­րա­ւա­սու­թիւն մը։
­Նա­խա­գահ Թ­րամփ գոր­ծի լծած էր իր վար­չու­թեան պե­տա­կան քար­տու­ղա­րու­թիւ­նը եւ ար­դա­րա­դա­տա­կան բա­ժան­մուն­քը։ Ա.Մ.Ն.ի պե­տա­կան քար­տու­ղար ­Ռէքս ­Թիլ­լըր­սըն եւ Ա.Մ.Ն.ի ընդ­հա­նուր դա­տա­խազ ­Ճէֆ ­Սէ­շընզ բա­նա­ւոր եւ գրա­ւոր մի­ջոց­նե­րով հա­կակ­շիռ կը բա­նեց­նէին ­Քա­լի­ֆոր­նիա նա­հան­գին եւ ա­նոր կա­ռա­վա­րի­չին վրայ։
­Դաշ­նակ­ցա­յին կա­ռա­վա­րու­թեան այս մի­ջամ­տու­թիւ­նը ուղ­ղա­կի ար­հա­մար­հումն է Ա.Մ.Ն.ի սահ­մա­նադ­րու­թեան եւ դաշ­նակ­ցա­յին սկզբունք­նե­րուն։ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան 10րդ ­յա­ւե­լո­ւա­ծը կը տրա­մադ­րէ, թէ Ա.Մ.Ն.ի դաշ­նակ­ցա­յին կա­ռա­վա­րու­թեան կը պատ­կա­նին բո­լոր այն ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք շնոր­հուած են ի­րեն սահ­մա­նադ­րու­թեան ճամ­բով։ Մ­նա­ցեալ բո­լոր ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րը վե­րա­պա­հո­ւած են նա­հանգ­նե­րուն կամ ժո­ղո­վուր­դին։
Ուս­տի՝ ­Քա­լի­ֆոր­նիա­յի օ­րէնք­նե­րուն դէմ կա­տա­րո­ւած թէ՛ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն եւ թէ նե­րում վե­րա­պա­հո­ւած են նա­հան­գին, ոչ թէ դաշ­նակ­ցա­յին կա­ռա­վա­րու­թեան։ ­Համ­բի­կին դա­տա­վա­րու­թիւնն ու նե­րու­մը կը պատ­կա­նէին ու կը պատ­կա­նին ­Քա­լի­ֆոր­նիա նա­հան­գին, ուր այդ հար­ցին մէջ ոչ մէկ գործ կամ ի­րա­ւա­սու­թիւն ու­նի դաշ­նակ­ցա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը։
­Գո­յու­թիւն ու­նի նաեւ ազ­գագ­րա­կան խտրու­թեան հար­ցը։ ­Համ­բի­կի հար­ցով իր մի­ջամ­տու­թեամբ Ա.Մ.Ն.ի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նաեւ կը խախ­տէ ազ­գագ­րա­կան խտրա­կա­նու­թիւ­նը ար­գի­լող սահ­մա­նադ­րա­կան տրա­մադ­րու­թիւ­նը։ Քստմ­նե­լի եւ ահ­ռե­լի ո­ճիր­ներ ու յան­ցանք­ներ գոր­ծած բազ­մա­թիւ բան­տար­կեալ­ներ նե­րու­մի ար­ժա­նա­ցած են՝ ա­ռանց նկա­տի առ­նե­լու ի­րենց ազ­գագ­րա­կան ծա­գու­մը։ ­Համ­բի­կի պա­րա­գա­յին դաշ­նակ­ցա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը մի­ջամ­տէ պարզ այն հի­մամբ, թէ ան հայ ծա­գում ու­նի եւ թուրք մը սպան­նած է։
Այս բո­լո­րը կը կա­տա­րո­ւին կա­ռա­վա­րու­թեան մը կող­մէ, ո­րուն մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ, ո­րուն քթին տակ եւ ո­րուն ա­կա­նա­տե­սու­թեամբ նոյն ­Թուր­քիան, մի քա­նի օր ա­ռաջ, իր դես­պա­նին ու դես­պա­նա­տան գի­տակ­ցու­թեամբ, իր հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին թիկ­նա­պահ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ, վայ­րա­գօ­րէն յար­ձա­կում գոր­ծեց, ծե­ծի են­թար­կեց եւ ա­րիւն­լո­ւայ վի­ճա­կի մատ­նեց ա­մե­րի­կա­ցի խա­ղաղ ցու­ցա­րար­ներ։
Այս բո­լո­րին հա­մար է, որ ­Համ­բի­կին դա­տը պէտք է վե­րա­նո­ւա­նի «Ա.Մ.Ն. ԸՆԴԴԷՄ ՀԱՄԲԻԿ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ»։ Այս դա­տով Ա.Մ.Ն.ի դաշ­նակ­ցա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պար­զա­պէս ճղճիմ­ցաւ։
­Սա­կայն, ­Համ­բիկ մնաց եւ կը մնայ ի­րենց­մէ բարձր եւ հպարտ, եւ միշտ խո­նարհ մար­տիկ մը, որ կը շա­րու­նա­կէ ար­դա­րու­թիւն փնտռել։